Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ շտապ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ Ճափոնը հարուածած երկրաշարժէն ետք, Հ.Օ.Մ.-ը կապ հաստատած է արտերկրի մէջ Ճափոնի ներկայացուցիչներուն հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք բնական աղէտի պատճառած զոհերուն համար, պատրաստակամութիւն յայտնած է, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, օժանդակութեան ձեռք երկարելու, արդէն կէս միլիոնի սահմաններուն հասնող ան օթեւան քաղաքացիներուն: Իր կոչին մէջ, Հ.Օ.Մ.-ը կ’երակացնէ.- ‘’’Ձեր նուիրատուութիւններուն համար կրնաք դիմել ձեր երկրին մէջ գործող Հայ Օգնութեան Միութեան վարչութեան կամ ձեր նուիրատուութիւնը կատարել ուղղակի, այցելելով ՀՕՄ-ի կայքէջը (www.ars1910.org) եւ սեղմելով Ճափոնի Օժանդակութեան ՀՕՄ-ի Ֆոնտին վերաբերող մասին վրայ’’:
Հայաստան 25 հոգիէ բաղկացած շտապ օգնութեան խումբ մը ուղղարկած է Թոքիօ, օգտակար հանդիսանալու համար երկրէն ներս շարունակուող գործողութիւններուն:
Երկրաշարժն ու վիթխարի ալիքներով ‘’’ցունամի’’ն երեւակայած էր ճափոնցի հանրածանօթ բեմադրիչ Աքիրա Քիւրոսաուա (1910-1998) իր պատրաստած վերջին ժապաւէններէն` »Dreams«ին մէջ, որ իսկական երազներէ ներշնչուած գործ մըն է: Սակայն, անցեալ շաբթուան սահմռկեցուցիչ տեսարանները կը գերազանցէին Քիւրոսաուայի երեւակայածը: Ան նոյնիսկ չէր երեւակայած թէ բնութիւնը այնքան մը զայրանար, որ իր հրէշային ալիքներով նոյնիսկ տեղափոխէ կղզեակներ: