Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Ֆիլատելֆիոյ մէջ մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին, տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ․ Վրդ. Թինքճեան։ Քարոզին, Սրբազան Հայրը անդրադառնալով օրուան Աւետարանի ընթերցումին մէջ Քրիստոսի խօսքին, թէ «ան որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, եւ ան որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ», կեդրոնացաւ խոնարհութեան առաքինութեան մասին։
Եզրակացնելով իր խօսքը, ան հրաւիրեց հաւատացեալները, որպէսզի Քրիստոսաշաւիղ ճամբով ապրինք՝ խոնարհելով Աստուծոյ կամքին առջեւ, միաժամանակ խոնարհ ըլլանք Աստուծոյ զաւակներուն հանդէպ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի տօնին, ինչպէս եւ կիրակնօրեայ վարժարանին կողմէ կազմակերպուած Սուրբ Ծննդեան հանդէսին։