Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ Հ.Օ.Մ.-Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 32 Second

Շա­բաթ, Փետր­ուար 12-ին, Պոս­թը­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, կա­տար­ուե­ցաւ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հ.Օ.Մ.-ի երի­տա­սար­դա­կան մի­օր­եայ հա­մա­գու­մա­րը:

Քա­ռա­սուն աշա­կերտ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս հա­մա­գու­մա­րին, որ կ՛ընդգր­կէր քա­նի մը դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, զրոյց­ներ, հարց-պա­տաս­խան եւ  կլոր-սե­ղան:

Հա­մա­գու­մա­րին բա­ցու­մը կա­տա­րեց Պենթ­լի հա­մալ­սա­րա­նի Մի­ջազ­գա­յին Ոսում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու դա­սա­խօս դոկտ. Աս­պետ Գո­չիկ­եան, որ կա­րե­ւո­րեց երի­տա­սար­դու­թեան դե­րը Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ:

Թաֆթս հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Քրիս­թի­նա Մա­րան­սի լսա­տե­սո­ղա­կան ար­դի մի­ջոց­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թիւնը, սկսե­լով անոր պատ­մա­կա­նէն: Ներ­կա­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան, Մա­րանսիի տուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, տե­ղե­կա­նա­լով այս պատ­մա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւնը: Դա­սա­խօ­սը շեշ­տեց թէ կարգ մը վան­քեր կը գտնուին ահա­ւոր վի­ճա­կի մէջ եւ կոչ ուղ­ղեց որ մշա­կու­թա­յին մի­ջազ­գա­յին հիմ­նարկ­ներ ամէն գնով պէտք է դի­մեն շտապ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու, որ­պէս­զի այս թան­կա­գին եւ պատ­մու­թիւն կեր­տած կա­ռոյց­նե­րը փուլ չգան:

Ապա, կէ­սօ­րէ ետք կա­տար­ուե­ցաւ զրոյց-դա­սա­խօ­սու­թիւն, նիւթ ու­նե­նա­լով հայ-թուրք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, մաս­նակ­ցու­թեամբ դա­սա­խօս­ներ` Թա­նէր Աք­չա­մի (Քլարք հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ամպի­ո­նի ղե­կա­վար) եւ Սի­մոն Փա­յասլ­եա­նի (Պոս­թը­նի հա­մալ­սա­րա­նի հայ­կա­կան ամպի­ո­նի ղե­կա­վար):

Եր­կու դա­սա­խօս­ներն ալ իրենց մօ­տե­ցում­ներն ու կար­ծիք­նե­րը յայտ­նե­ցին: Այս զե­կու­ցում­նե­րուն յա­ջոր­դեց, բա­ւա­կան եր­կար զրոյց եւ հարց-պա­տաս­խան:

Ապա, երի­տա­սարդ­ներ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան հայ­կա­կան զա­նա­զան հիմ­նարկ­նե­րէ (Հայ Դատ, Հ.Օ.Մ., Ամե­րի­կա­յի Հայ­կա­կան գրա­դա­րան եւ թան­գա­րան, եւայլն) ներս, կարճ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հա­մար, յա­ւել­եալ փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգե­լու եւ աշ­խա­տան­քի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու մա­սին:

Երե­կոյ­եան շրջա­նի «Պիպ­լոս» ճա­շա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ընթ­րիք եւ խրախ­ճանք: Ներ­կա­նե­րը բաժն­ուե­ցան, յի­շա­տա­կե­լի օր մը անց­նե­լէ ետք:

Նշենք թէ 1971-էն ի վեր կը գոր­ծէ, Արեւմտ­եան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Օ.Մ.-ի այս ծրա­գի­րը: Նա­խա­պէս, այս ձեռ­նար­կը կը կա­տար­ուէր ամ­րան, եր­կու-երեք շա­բաթ­նե­րու վրայ եր­կա­րող յայ­տագ­րի մը հի­մամբ: 2010-էն ի վեր, ծրա­գի­րը կը կա­տար­ուի մի­օր­եայ խտաց­եալ դրու­թեամբ եւ հեր­թա­բար զա­նա­զան շրջան­նե­րէ ներս: Անց­եալ տա­րի, սոյն հա­մա­գու­մա­րը կա­տար­ուած էր Նիւ Եոր­քի մէջ: Յա­ռա­ջի­կայ տա­րի, պի­տի կա­տար­ուի Ա.Մ.Ն.-ի կեդ­րո­նա­կան շրջան­նե­րէն մէ­կուն (Տիթ­րոյթ կամ Շի­քա­կօ) մէջ: 18-25 տա­րի­քը բո­լո­րած երի­տա­սարդ­ներ, կրնան մաս­նակ­ցիլ այս ծրագ­րին:

Յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մար այ­ցե­լել www.arseastus.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles