0
0
Read Time:18 Second
ԵՐԵՒԱՆ․- Յունուար 4-ին, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Ազգային հերոսի կոչում ստացած զօրավար Տիրան Խաչատրեան ձերբակալուեցաւ՝ նոյն պատերազմին վերաբերող գործով:
Ան բանտարկուած է Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի Աւան նստավայրին մէջ։
Տիրան Խաչատրեանի դէմ առաջադրուած մեղադրանքը (ռազմական դրութեան ժամանակ զինուորական պաշտօնական անփութութիւն), զոր ան չ՛ընդունիր, կը վերաբերի 44-օրեայ պատերազմի որոշ հանգամանքներու եւ որոշումներու: