Ամանորեան Մտորումներ. Սե՞ւ, Թէ՞ Սպիտակ Պատեր

0 0
Read Time:4 Minute, 53 Second

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Արթնցիր ով իմ փառքս
Արթնցէք ով տաւիղ ու քնար
Ես կանուխ պիտի արթննամ»

(Սաղմոս 57:8)

Խըրխըզստանը Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն մէկն է: Ան լեռներով շրջապատուած գեղեցիկ երկիր մըն է, որ մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան համակարգին: 1991 թուականին Խըրխըզստանը ստացաւ իր անկախութիւնը, երբ Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ: Մահմետական երկիր մըն է, որ ունի փոքր թիւով քրիստոնեայ ներկայութիւն, երեւի` 75.000 հոգի: Երկիրը շրջապատող լեռները այդ երկրին կու տան յատուկ գեղեցկութիւն եւ փայլք:

ՊիշքԵք, Խըրխըզստանը, նոյեմբեր 2024:

Առաջին անգամն է, որ կ՛այցելեմ Կեդրոնական Ասիա: Ինծի համար նոր երկիր մըն է, չէի գիտեր` ի՛նչ պէտք էր ակնկալեմ հոնկէ: Պիտի տեսնէի եւ սորվէի այս երկրին իւրայատկութիւնները:

Խորհրդային Միութեան փլուզումով անկախացած այս երկիրը այդքան ալ դիւրին չէ գտած իր ներքաղաքական համերաշխութիւնը: Ունեցած է քանի մը յեղաշրջումներ, երբ ժողովուրդը ընդվզած է ղեկավար համակարգին դէմ, եւ երբ կաշառակերութիւնն ու անարդարութիւնը գլած անցած են ամէն արժեչափ:

Պիշքեքի կեդրոնական մասի` Ալա Թու հրապարակին վրայ, զետեղուած է յուշակոթող մը` նուիրուած բոլոր նահատակներուն, որոնք ըմբոստացած էին տիրող իշխանութիւններուն դէմ` պահանջելով արդարութիւն եւ աւելի բարոյական արժեչափերով պետութիւն: Այս շարունակուող բողոքները` 2002-էն մինչեւ 2010, խլած են բաւական նահատակներ: Նահատակներուն յիշատակը յարգելու համար զետեղուած է այս յուշակոթողը:

Դիտելով այս յուշակոթողը` մտածեցի անոր միտք բանիին մասին: Յուշակոթողը ունէր երկու զօրաւոր գոյներով պատեր` սեւ եւ սպիտակ: Յուշակոթողը, որ նաեւ արուեստի նմուշ մըն է, ունի նաեւ պատգամ մը: Հոս տեսայ, որ մարդիկ կը հրէին սեւ քարերը եւ կը հեռացնեն ճերմակէն` փորձելով անջատել իրարմէ: Սպիտակը` իմա բարին ու արդարը, պիտի հեռանար ու հեռացուէր սեւէն` իմա չարէն, անարդարէն ու մեղքէն: Պայքար եւ մարտնչում, որպէսզի սպիտակ պատը փոխարինէ սեւը:

Արդեօք այս յուշակոթողը միայն Խըրխըզստանի՞ն յատուկ է:

Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք աշխարհի ներկայ իրավիճակին վրայ, պիտի տեսնենք, թէ որքա՛ն շատ է սեւի ու սպիտակի պայքարը: Աշխարհը այսօր խափանուած է սեւին ահաւոր ներկայութեան եւ ճնշումին տակ: Աշխարհը կ՛ուզէ սպիտակը որոնել, որպէսզի մարդկային կեանքերը քիչ մը աւելի խաղաղ ըլլան, արդար ու բարեկեցիկ:

2024-ը եղաւ դժուար տարի մը` տարբեր մակարդակներու վրայ: Պատերազմները տարածուած են աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն մէջ: Անարդարութիւնը դարձած է կեանքի արժեչափ եւ այդ ալ` սանձարձակ առումով: Ատելութիւնը եւ կաշառակերութիւնը սկսած են կրծել մեր ընկերային կեանքի կարգն ու կանոնը: Բարոյական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու անոր սկզբունքներու ոտնահարում` փորձելով նոր կրօնաբարոյական հիմքեր ստեղծել մարդկային մեր կեանքերուն համար: Այս բոլորը լեցուցած են տեղեկատուութեան աշխարհը եւ անոնք զօրաւոր կերպով կը ներթափանցեն մեր կեանքերէն ներս` փորձելով հաշտեցնել այս բոլորը մարդկութեան համար ու անոր հետ` իբրեւ նոր կենցաղ:

Ո՞ւր կերթայ աշխարհը այսօր: Երեւի` Պիշքեքի յուշակոթողի ստեղծած պատկերին հակառա՞կ ուղղութեամբ: Այսօր մարդիկ կը հրեն սպիտակը հեռու եւ աւելիով տեղ կը բանան սեւին` անհետացնելով սպիտակին ստեղծած արդարը, բարին ու ճշմարիտը:

2024 տարին արդէն հասաւ իր աւարտին եւ շուտով ամանորեան եւ Սուրբ Ծնունդի տօնական օրերուն առիթով պիտի ուզենք շնորհաւորել նորը: Նոր տարին: Ու տակաւին` Սուրբ Ծնունդը:

Բայց ո՞ր նորը: Եւ ի՞նչ պարունակով նորը:

Սե՞ւ, թէ՞ սպիտակ նորը: Ո՞ր մէկը պիտի քշենք հեռու:

Դաւիթ թագաւոր Աստուածաշունչի Սաղմոս գիրքին 57-րդ գլխուն մէջ կոչ մը կ՛ընէ «արթննալու»` «Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ փառքս» (Սաղմոս 57:8): Ու տակաւին` ան կոչ մը կ՛ընէ «Արթննալու տաւիղով ու քնարով» (Սաղմոս 57:8): Նուագարաններու կոչը պատկերաւոր է, որպէսզի արթննալը նուագարաններու աղմուկով նաեւ արթնցնէ մարդուն միտքն ու հոգին: Այս արթննալը ունի կարեւոր կիզակէտ մը, որ մարդը պիտի առաջնորդէ պաշտամունքի գիտակցութեան` պաշտամունքը Աստուծոյ եւ Անոր հետ: Դաւիթ կ՛ուզէր արթննալ «կանուխ» (Սաղմոս 57:8), որպէսզի իր օրը սկսէր այդ գիտակցութեամբ:

Կան պատմական տուեալները այս սաղմոսին մասին, որ գրուած էր այն օրերուն, երբ Դաւիթ կը փորձէր փախչիլ Սաւուղ թագաւորէն, որ կ՛ուզէր զինք սպաննել: Այս իմաստով Դաւիթ միշտ ալ վախի, սարսափի ու մտահոգութեան վիճակի մէջ էր: Ան կը փորձէր միշտ պահուըտիլ` խուսափելու համար Սաւուղի սպառնալիքներէն: Եկաւ ժամանակը, երբ Դաւիթ տեսաւ, թէ կարելի չէր այս վիճակին մէջ շարունակել ապրիլ: Կարելի չէր մնալ վախի ու սարսափի մէջ: Ան որոշեց այս իր դժուար կացութիւնը յաղթահարել եւ գիտակցեցաւ, որ ատիկա ընելու համար ինք պէտք էր զգաստանար: Իր կեանքի հիմքը դնէր այն իրականութեան վրայ, որ իրեն պիտի տար ելքը` դուրս գալու իր փապուղիէն: Դաւիթ արթնցաւ գիտակցութեամբ մը, թէ իր կեանքի ճամբուն համար պէտք ունէր պաշտելու զԱստուած, որ պիտի առաջնորդէր զինք դէպի կեանք: Պաշտամունքը Աստուծոյ է, որ տուաւ այս կեանքը Դաւիթին, բայց նաեւ` իւրաքանչիւրիս:

Պաշտամունքը Աստուծոյ մատուցուած յարգանք է եւ աղօթք: Պաշտամունքը իր մէջ ունի խոր սէր եւ երկրպագութիւն: Բայց պաշտամունքը միայն պատարագ, ժամերգութիւն եւ եկեղեցական արարողութիւն չէ: Պաշտամունքը կեանք է, ուր քու կեանքիդ հիմը պիտի դնես Աստուծոյ գիտակցութեան վրայ եւ ընդարձակես զայն կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Պաշտամունքի բառացի նշանակութիւնը նաեւ ուշադրութիւն է, ուր մարդուն միտքն ու հոգին կը կեդրոնանան ոչ միայն Աստուծոյ վրայ, այլ` Անոր միջոցաւ նաեւ այն ճշմարիտին վրայ, որ արդար է, գեղեցիկ եւ ճիշդ, իմա` սպիտակ: Այս նոյն ուշադրութիւնը մարդը եւ հաւաքականութիւնը դուրս կը հանէ իր ճգնաժամէն` մղելով զայն, որ ձգտի բարիին, գեղեցիկին եւ կեանքի մէջ յառաջխաղացք արձանագրէ դէպի հոն, ուր լաւը կը կերտուի:

Եթէ պիտի ուզենք, որ Նոր տարին ըլլայ ՆՈՐ, այս պիտի նշանակէ, որ պարտինք արթննալ: Արթննալ` որպէս անհատ, ընտանիք, հաւաքականութիւն եւ ազգ: Պիտի արթննանք եւ մեր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնենք սպիտակ պատերը շինելով եւ հեռացնելով սեւը մեր կեանքերէն: Այս ընելու համար պարտինք մեր ուշադրութիւնը, իմա` պաշտամունքը, կեդրոնացնել ՀԱՒԱՏՔԻն վրայ, որ Քրիստոսով մեզի կը բերէ ՆՈՐԸ: Այս այն ՆՈՐՆ է, որ Աստուած կը շնորհէ մեզի:

Նորին պաշտամունքը ազգային է` հայկական պրիսմակէն, տակաւին համազգային` ընդհանրական: Ան մեզ պիտի խթանէ, որ տեսնենք բարին եւ կերտենք զայն: Այս բարին, որ վեր է ամէն հաշուարկէ, պիտի մղէ մեզ, որ սիրենք` արդարը, ճշմարիտը, գեղեցիկն ու լաւը: Այս բարին ուժ է, որ կրնայ սեւին պատերը փշրել եւ սպիտակ պատերը հիւսել:

Շնորհաւոր Նոր տարի: Եթէ գալուստը պիտի ըլլայ բարի, այս կը նշանակէ, որ բարին պիտի կերտենք` անհատապէս, հաւաքաբար եւ ազգովին: Կերտելու համար պէտք ունինք մեր ուշադրութիւնը, իմա` պաշտամունքը, բարձրացնել առ Աստուծ, Ան որ կատարեալ է եւ կը շնորհէ բարին: Այս բարին է, որ պիտի կոփէ մեր կեանքերը սպիտակ պատերով:

Մեր կեանքերը` անհատական, հաւաքական եւ ազգային:

Սե՞ւ, թէ՞ սպիտակ պատեր: Պիշքե՞ք, թէ՞ այլուր:

Պատասխանը նոյնն է եւ` ամէն տեղերու համար, եթէ մեր ընտրանքը ՆՈՐը շինելն է:

ՆՈՐը շինելու համար մենք պէտք ունինք Սպիտակ պատերու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles