Դէպքերը Սուրիոյ մէջ նախատեսուածէն շատ աւելի արագ հանգուցալուծուեցան: Այնքան արագ, որ ձգեցին նախապէս համաձայնեցուած ըլլալու տպաւորութիւնը: Նախագահ Պաշշար Ասատ շաբաթ, 7 դեկտեմբերի երեկոյեան հեռացաւ երկրէն, իսկ ընդդիմադիր զինեալները կիրակի վաղ առաւօտուն արդէն կը գտնուէին մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ: Նոյն օրն իսկ, իշխանութեան փոխանցման գոնէ ձեւական օրինականութիւն հաղորդելու միտումով, զինեալ ապստամբները խնդրեցին կառավարութեան անդամներէն շարունակել կատարել իրենց պարտականութիւնները: Երկուշաբթի, 9 դեկտեմբերին անոնք նշանակեցին նաեւ նոր վարչապետը, որ երեքշաբթի օր նախկին կառավարութեան անդամներէն ստանձնեց իշխանութեան փոխանցումը: Նոր կառավարութիւնը, որ ժամանակաւոր իշխանութիւն է, պիտի գործէ մինչեւ 12 մարտ 2025:
Յառաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին կառավարութիւնը պիտի վերամիաւորէ երկիրը, քանդուած տնտեսութիւնը վերականգնէ, սկսի վերաշինել աւերուած գիւղերն ու աւանները եւ մանաւանդ` նոր վարչակարգի մը հիմերը դնէ:
Միլիոնաւոր գաղթականներ պէտք է Սուրիա վերադառնան, բանտերէն ազատուած հազարաւորներ մերուին ընկերութեան, համայնքներու միջեւ գոյացած խրամատները փակուին, նախկին ահաբեկիչները խաղաղ քաղաքացիներու վերածուին, ազգային միասնականութիւն գոյանայ:
Նման ծրագիրի մը գործադրութիւնը բազմաթիւ խութերու պիտի հանդիպի: Իսրայէլ արդէն չհաւատալով նոր իշխանաւորներու, որոնք ցարդ ահաբեկիչներ էին, գործողութիւններու ձեռնարկեց ու քանդեց Սուրիոյ զինական կարողականութեան զգալի մասը: Իսրայէլ գրաւեց նաեւ Կոլանի բարձունքներուն գտնուող սահմանային ապազինուած տարածքը:
Զինեալ ընդդիմադրութիւնը, որ միակամ չէ, Թուրքիոյ օժանդակութեամբ յաջողեցաւ խափանել 54 տարիներէ ի վեր գոյատեւող վարչաձեւը: Միասնականութիւն պիտի յառաջանա՞յ, թէ՞ ապահովական սպասարկութիւններու փաստական լուծարումին հետեւանքով, տեղի պիտի ունենան նախկիններուն հակադարձութեան ու վրէժխնդրութեան գործողութիւններ: Օտարին օժանդակութեամբ վարչաձեւ տապալելը բան մըն է, երկիր կառավարելը բոլորովին ուրիշ բան: Արդեօք Թուրքիա կը յուսայ հովանաւո՞ր դառնալ նոր իշխանութեան եւ առիթէն օգտուելով հաշուեյարդարի՞ ենթարկել Սուրիա ապաստանած քրտական ընդդիմութիւնը: Այսպէս, անպատասխան բազում հարցեր կան, որոնց լուծումը կատարուած փոփոխութեան նմանողութեամբ կրնայ դիւրին չըլլալ:
Բացի Թուրքիայէն, առայժմ ոչ մէկ երկիր ճանաչում շնորհած է նոր վարչաձեւին: Մեկնաբանութիւններ կան, սակայն տիրապետողը առայժմ սպասողական վիճակն է:
Իշխանութեան տիրացողները իսլամական ուժեր են, որոնք ահաբեկչական պժգալի արարքներու հեղինակ դարձան մօտաւոր անցեալին: Տասնեակ մը օրեր առաջ, հազիւ սկսած իրենց վճռական գրոհին, այդ ուժերը խաղաղասիրական ու հանգստացնող նախաձեռնութիւններ ունեցան: Յատկապէս մտահոգ փոքրամասնութիւններուն այցելելով, վստահեցուցին, որ իրենք ոչ մէկ թշնամանք ունին խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ: Ցարդ յարգած են իրենց խոստումը:
Սուրիոյ բոլոր նախկին վարչաձեւերը աշխարհիկ եղած են: Մօտաւոր անցեալի ծայրայեղ իսլամականները պիտի կարենա՞ն, ինչպէս կը խոստանան, աշխարհիկ վարչաձեւ մը հաստատել եւ բազմակրօն ու բազմադաւանական երկրի բոլոր համայնքներուն պահպանել իրենց ինքնուրոյնութիւնը: Անցեալին այդ իրականութիւնը յարաբերական եղած է ու անոր գործադրութիւնը զիջումներ պահանջած: Կէս դար փոքրամասնական համայնքի մը տիրապետութեան տակ ապրած ժողովուրդը արդարօրէն իրաւունք ունի մտահոգուելու:
Պէտք չէ շտապել յոռի եզրակացութիւններ կատարելու: Ո՛չ ալ չհիմնաւորուած լաւատեսութիւն ցուցաբերել: Սուրիոյ ժողովուրդին մէջ անպայման գոյութիւն ունին իսկապէս ժողովրդավար հայեացքներ ունեցող անհատներ, մարդկային իրաւունքներով տոգորուած մտաւորականներ, քաղաքական արդար կարգերու հաւատացողներ, որոնք յառաջիկայ իսկական ու արդար ընտրութեան մը առիթով կրնան ստանձնել երկրին ղեկը: Ակնկալենք ու յուսանք:
Վերջապէս, սուրիահայ փոքր ածուն իրաւունք ունի խաղաղ ու յուսալի պայմաններու մէջ լծուելու ստեղծարար աշխատանքի: Այդ աշխատանքը, նոյնիսկ ամէնէն աննպաստ պայմաններուն մէջ, բնաւ չէ դադրած: Յուսանք, որ շարունակուի անիկա ու պտղաբերող դառնայ: Սուրիահայ համայնքը պէտք է պատրաստուի նոր պայմաններուն համահունչ գործունէութեան նոր միջոցներ գտնելու եւ աննահանջ շարունակելու երթը:
Առայժմ, սպասելն է հարկաւոր: