Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Լուսատու ջահ մը շիջեցաւ 24 Նոյեմբեր 2024-ին Նիւ Ճըրզի Փարամըս քաղաքին մէջ, երբ խաղաղութեամբ իր հոգին աւանդեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախկին Գործադիր Տնօրէն՝ հարիւրամեայ Էնտի Թորիկեանը:
Էնտի Թորիկեան ծնած էր Նիւ Եորք քաղաքի Պրոնքս թաղամասին մէջ Ապրիլ 24, 1924-ին համեստ ընտանեկան յարկէ մը ներս: Իր համալսարանական ուսումը ստացած էր Նիւ Եորք համալսարանի մէջ արժանանալով Պսակաւոր Գիտութեան տիտղոս Մեքենական Ճարտարագիտութեան ճիւղին մէջ:
Համաշխարհային Բ. Պատերազմի տարիներուն ծառայած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բանակին մէջ որպէս ռազմական օդանաւորդ: Պատերազմէն ետք, սկսած էր իր անձնական ընկերութիւնը Rical Associates անունով:
1963-ին ամուսնացած էր Րօզ Մումճեանի հետ եւ Աստուած օրհնած էր իրենց ընտանեկան բոյնը երեք զաւակներով՝ Քեթրին, Տրու եւ Քրիսթին անուններով, որոնք ներկայիս բարձր ուսման տիրացած արհեստավարժ (Professional) եւ ընկերութեան պատուաոբեր անձեր են:
Իր գործին առընթեր, Էնտի Թորիկեան իր մասնակցութիւնը բերաւ հանրային- հասարարական գործունէութեանց: Շնորհիւ իր անձնուէր, հաղորդական եւ ծառայասէր նկարագրին, ան իր ծառայութիւնը մատուցանեց տասնեակ մը հայ եւ օտար հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, ինչպէս Հայ Երիցական Եկեղեցւոյ, Հիւսիսային Հայ Աւետարանական Միութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, Հայկազեան Համալսարանի, Մերտինեան Վարժարանի, Էմըրսըն Ծերանոցի, եւ այլ կազմակերպութիւններու:
Էնտի Թորիկեանի գլխաւոր ծառայութիւնը եղաւ Ամերիկային Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան: 1960-ական թուականներու սկիզբէն մինչեւ 2010 թուականը ան գրեթէ Ամերիկային Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ամէն յանձնախումբի ծառայելէ ետք, վարչական պատասխանատու դեր խաղցաւ որպէս Գանձապահ, Նախագահ եւ Գործադիր Տնօրէն: Այդ պաշտօններու վրայ գտնուած ընթացքին դրսեւորեց ղեկավարի բարձր յատկանիշ եւ ձեռնհասութիւն:
Դարձեալ, շնորհիւ իր նախաձեռնութիւններուն, Աւետարանչականը մեծցաւ, բարգաւաճեցաւ եւ դարձաւ մեծ կարելիութեանց բարերար կազմակերպութիւնը:
Էնտի Թորիկեան նախախնամութեան կողմէ հարուստ տուեալներով եւ շնորհներով օժտուած անձ մըն էր: Իր անձին եւ կեանքին մաս կը կազմէին հետեւեալ յատկանիշներն ու բարեմասնութիւնները.-
Առաջին, Էնտի Թորիկեան օժտուած էր գեղեցիկ ֆիզիքական, իմացական եւ հոգեւոր շնորհներով: Ֆիզիքապէս պարթեւ հասակով, վայելչագեղ եւ յարգանք պարտադրող անձնաւորութիւն մըն էր: Նոյնիսկ իր յառաջացած տարիքին երիտասարդական աւիւն եւ եռանդ ունէր: Ապրիլ 20, 2024-ին երբ իր 100-րդ տարեդարձը կը տօնէին, ան երբեք ցոյց չէր տար որ հարիւր տարիներու բեռը կրող մարդ մըն էր: Ան կարծէս երբեք չծերացաւ, այլ միշտ մնաց երիտասարդական կորովով եւ աշխուժութեամբ:
Իր ամէն գործին մէջ բիւրեղացած կը տեսնուէր նկարագրի տէր մարդը: Ան կարծես պողպատ ու միանգամայն թաւիշ էր, երբեմն Հայաստանի ժայրերուն նման կարծր էր, բայց յաճախ Արարատեան դաշտի առաւօտեան մշուշին պէս մեղմ:
Երկրորդ, Էնտի Թորիկեան օժտուած էր վարչական բացառիկ կարողութիւններով: Ան արտակարգ կարողութիւն ունէր ծրագրելու, կազմակերպելու եւ ի գործ դնելու զանազան գործունէութիւններ հեզասահ յաջորդականութեամբ: Ան նաեւ օժտուած էր գրելու եւ խօսելու սքանչելի շնորհներով:
Երրորդ, Էնտի Թորիկեան զորեղ հաղորդական բնաւորութիւն ունեցող ղեկավար մըն էր: Ան ունէր նկարագրի գիծ մը, որ զինք շուտով մտերիմ կը դարձնէր նոր ծանօթացողին: Ան ժպիտով կը դիմաւորէր ոեւէ նոր բարեկամ, եւ քանի մը վայրկեան զրոյցէ ետք, կը ստեղծէր այնպիսի կապ մը, որ կարծեք թէ երկար տարիներ բարեկամ էր նորեկին հետ եւ այդ բարեկամութիւնը կը տեւէր երկար եւ կը մնար անխախտ:
Չորրորդ, Էնտի Թորիկեան աշխատասէր եւ ծառայասէր անձ մըն էր: Կեանքի տարբեր ասպարէզներու մէջ, ան միշտ եղաւ եւ մնաց պարտաճանաչ գործող, կեանքով լեցուն եւ վարակիչ լաւատեսութեամբ համակուած բարեհամբոյր մարդը: Աւետարանչականի պաշտօնավարութեան շրջանին, Էնտի 33 անգամ այցելեց Հայաստան եւ առանձնաշնորհում ունեցաւ բարեկամական կապեր հաստատելու Հայաստանի նախագահներու, վարչապետներուն եւ ականաւոր անձնաւորութիւններու հետ: Շուրջ կէս դարու իր բեղմնաւոր աշվատանքով եւ ծառայութիւններով, ան իմաստաւորեց իր կեանքը որպէս վաւերական ազգային-հասարական գործիչ:
Հիգերորդ, Էնտի Թորիկեան ընտիր նկարագրի տէր քրիստոնեայ առաջնորդ մըն էր: Ան աստուածավախ, ուղղամիտ, հաւատքի տէր, անձնուրաց եւ բարեպաշտ մարդ մըն էր: Հանրային կեանքի մէջ գործօն մարդիկ առ հասարակ հակառակորդներ եւ թշնամիներ կունենան: Որչափ որ գիտեմ, Էնտին թշնամի չունէր եւ չունեցաւ իր կեանքին մէջ: Շնորհիւ իր անյիշաչար, վեհանձն եւ անշահախնդիր նկարագրին՝ ան սիրուած ու յարգուած մէկն էր:
Հազուագիւտ երեւոյթ է, յատկապէս մեր իրականութեան մէջ, տեսնել մէկը որ համակրանքն ու պատկառանքը շահած ըլլայ բոլոր հատուածներուն: Ամէն ոք գնահատանքի իր խօսքը ունի արտայայտելու նման ղեկավարի մը, որ սէր ու հոգածութիւն ցուցաբերած է իւրաքանչիւր միութենական անհատի, մեծին ու փոքրին, տարեցին ու վեթերանին: Էնտին այդ սակաւաթիւ անձերէն մէկն էր:
Էնտի Թորիկեան անուն մըն է, որ ընդհանրապէս ամբողջ հայութեան, եւ մասնաւորապէս ամերիկահայութեան, սրտին մէջ պիտի մնայ արձանագրուած սիրոյ եւ հիացման խառն զգացումներով պարարուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: Օրհնեալ ըլլայ յիշատակը Էնտի Թորիկեանին: