Յարութ Սասունեան
Շատ մեծ սխալ մը կայ, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մնայուն կերպով զիջումներ կը կատարէ Ատրպէյճանին, մինչդեռ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինէն կը պաշտպանէ Հայաստանի շահերը: Հեգնականօրէն, օտարերկրեայ դեսպանը աւելի հայամէտ է, քան՝ ինքնին Հայաստանի վարչապետը:
Երբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկնեց իր սուտը գոյութիւն չունեցող «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի մասին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխարէն, Փաշինեան անամօթաբար նոյնացուց կեղծ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ն ու «Արեւմտեան Հայաստան»-ի համար հայ ժողովուրդին պատմական պահանջատիրութիւնը: Ֆրանսայի դեսպանն էր, որ 24 նոյեմբեր 2024-ին «Էքս»-ի ընկերային ցանցին մէջ պատասխանեց Ալիեւին. «Միակն ու անկրկնելին․ Արեւմտեան Ատրպէյճանը Իրանի 31 նահանգներէն մէկն է, որուն մայրաքաղաքն ու մեծագոյն քաղաքը Ուրմիան է», գրեց ան՝ մէջբերումներ ընելով «Ուիքիփետիա»-էն: Ան գրառումին կցեց Իրանի քարտէսը, որ ցոյց կու տայ Իրանի մէջ Արեւմտեան Ատրպէյճան նահանգին գտնուած վայրը: Գրառումը դիտուած է աւելի քան 93.000 անգամ` 114 մեկնաբանութիւններով եւ 1100 հաւանութիւններով: «Նեմեսիս Մելքոնեան» կեղծ անունով հայ մը «Էքս»-ի վրայ գովեց Ֆրանսայի դեսպանը ու գրեց. «Կրնա՞ս մեր յաջորդ վարչապետը դառնալ. ներկայինը բնիկ թուրք է»: Իրանցի մը պատասխանեց. «Իբրեւ իրանցի»` աւելցնելով «OK» ձեռքի նշանը: Ըստ որոշ հայ մեկնաբաններու. ասիկա ապտակ էր Ալիեւին, բայց նաեւ նախատինք՝ Փաշինեանին:
Նոյն օրը Ֆրանսայի դեսպանը զետեղեց նաեւ Երեւանի նշանաւոր Կապոյտ մզկիթի լուսանկարը եւ գրեց. «Հայաստանի պարսկական ժառանգութեան խորհրդանիշ Երեւանի Կապոյտ մզկիթի պարտէզներուն մէջ»: Այս գրառումը դիտուած է 43.000 անգամ` 46 մեկնաբանութիւններով եւ 660 հաւանումներով: Մինչ Ատրպէյճանցի մեկնաբանները կեղծ վերագրումներ կատարեցին, որ Կապոյտ մզկիթը Ատրպէյճանական ծագում ունի, բազմաթիւ ուրիշներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆրանսայի դեսպանին՝ այս պատմական պարսկական աղօթավայրը լուսարձակի տակ բերելուն համար: Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի դեսպանին` «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրելով. «Կապոյտ մզկիթը, որ իրանեան արուեստի խորհրդանիշն է, վերջին երեք տասնամեակին կրկին աշխուժացած է՝ իբրեւ Հայաստանի մէջ բնակող իսլամներու աղօթատեղի, հաւաքավայր եւ զբօսաշրջային հետաքրքրական կառոյց: Մեծ հաճոյք է, որ պահպանուած է անոր դարաւոր պարսկական արձանագրութիւնները: Ո՞վ կրնայ կարդալ զանոնք…»: Դեսպանութիւնը ապա աւելցուց պարսկական գեղագրութեան քանի մը պատկերներ, որոնք յայտնաբերուած են մզկիթի պատերուն վրայ:
Մորտեխա Քետարը՝ Ատրպէյճանի պնակալէզ իսրայէլացի մը, քննարկման մէջ միջամուխ ըլլալով, 5 դեկտեմբեր 2024-ին յօդուած մը գրեց «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին մէջ՝ «Ֆրանսայի դեսպանը վրդովմունք կը յառաջացնէ Հայաստանի մէջ պարսկական գերիշխանութեան աջակցութեան գծով» խորագիրով: Ասիկա ոչինչ, բացի զուտ Ատրպէյճանամէտ քարոզչութիւն:
Քետար կը գրէ. «Ատրպէյճանցիները վրդոված են ընկերային ցանցերուն վրայ կատարուած այս գրառումներէն, որովհետեւ Երեւանի Կապոյտ մզկիթը կառուցած են Ատրպէյճանցիները, եւ մզկիթը «պարսկական» ներկայացնելու փորձը ցոյց կու տայ շրջանին մէջ Ֆրանսայի աջակցութիւնը պարսկական գաղութատիրութեան։ Աւելի՛ն. Ատրպէյճանցիները զայրացած են Արեւմտեան Ատրպէյճանը իբրեւ Իրանի մաս ներկայացնելու ֆրանսացի դիւանագէտին փորձէն»: Եթէ Ատրպէյճանցիները վրդոված էին Ֆրանսայի դեսպանին գրածէն, ատիկա Քետարին խառնուելիքը չէ, բացի եթէ ան ակնկալութիւն ունի շահ ապահովելու՝ կամաւորաբար հանդէս գալով իբրեւ Ատրպէյճանի քարոզիչ:
Քետար յայտարարեց, որ հայերը Կապոյտ մզկիթը կը բնութագրեն իբրեւ պարսկական` «Իրենց երկրէն (Հայաստանէն) ատրպէյճանական ժառանգութեան ամէն հետք ջնջելու համար»: Քետարը կ՛անտեսէ այն փաստը, որ ատրպէյճանցիները աւերած են հազարաւոր հայկական պատմական յուշարձաններ եւ եկեղեցիներ՝ Արցախի եւ Ատրպէյճանի մէջ: Աւելի նախատալից յայտարարութիւն ընելով` Քետար կը գրէ, որ պարսիկները «Օգտագործած են հայկական ապաօրինականացման այս գործողութիւնները` Հարաւային Կովկասի մէջ իրենց գաղութատիրական ազդեցութիւնը ընդարձակելու համար»:
Սաստկացնելով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վրայ յարձակումներու թափը` Էլնուր Էնուէրօղլուն Azernews կայքին վրայ գրած է, որ Ֆրանսայի դեսպանին գրառումները՝ «Կը բացայայտեն Տըքոթիրնիի պատմութենէն տգիտութիւնը»: Էլնուր նոյնիսկ չէր կարողացած ճիշդ գրել դեսպանին մականունը:
Բնականաբար Ֆրանսայի դեսպանը չէր կրնար անպատասխան ձգել նման անհեթեթութիւնները Քետարին, որուն մանկական փաստարկները խայտառակեցին «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը: Դեսպանը պատասխանեց. «Իսկապէ՞ս, պարո՛ն Քետար: Երեւանի Կապոյտ մզկիթը կառուցուած է պարսկական տիրապետութեան տակ` պարսկական բնորոշ ոճով: Մի՞թէ հռոմէական ջրատարը հռոմէական կոչելը աջակցութի՞ւն է գաղութատիրութեան»:
Թէեւ պատճառ չկար, որ Գերմանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Նասիմի Աղայեւը քիթը մտցնէր այս հարցին մէջ, սակայն իր ողջ կեանքին ընթացքին ըլլալով ճշմարտութեան կեղծարար` սկսեալ Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս եղած օրերէն, կը գրէ. «Ատրպէյճանական գեղեցիկ Կապոյտ մզկիթը Երեւանի մէջ: Կառուցուած է 1766 թուականին Ատրպէյճանի կառավարիչ Իրաւանի [Երեւանի] խանութեան Հուսէյն Ալի Խանի կողմէ: Հայաստանի մէջ պահպանուած միակ մզկիթը, մնացած բոլորը (առնուազն 269-ը) ոչնչացուած են: Ցաւօք, Հայաստան կը շարունակէ ժխտել Կապոյտ մզկիթին ատրպէյճանական ինքնութիւնը»: Մերի Հոքինս օգտատէրը «Էքս»-ի իր էջին վրայ իրաւացիօրէն պատասխանած է Նասիմիին. «Նկատի ունիս պարսկական մզկի՞թը, ստախօ՛ս խիար»:
Նասիմին, ըստ երեւոյթին, մոռցած է, որ մինչեւ 1918 թուական Ատրպէյճանի նման երկիր գոյութիւն չունէր: Նոյնիսկ այդ ժամանակ Ազգերու լիկայի ընդհանուր քարտուղարը մերժած էր Ատրպէյճանի դիմումը` ճանչցուելու իբրեւ պետութիւն` 1920-ին պաշտօնական յուշագիրին մէջ գրելով. «Այս տարածքը, որ կը գրաւէ 40 հազար քառակուսի մղոն մակերես, կարծես թէ նախապէս երբեք պետութիւն չէ եղած, բայց միշտ ներառուած է աւելի մեծ խումբերու մէջ` մոնկոլական կամ պարսկական, իսկ 1813 թուականէն` Ռուսական կայսրութեան մէջ: Ատրպէյճան անուանումը, որ ընտրուած է նոր հանրապետութեան համար, նաեւ դրացի պարսկական նահանգի անուանումն է»: Հարցը փակուած է։
Ալիեւ իր մոլեռանդութեամբ կարծես չի հասկնար, որ կեղծիքի վրայ հիմնուած իր մնայուն յարձակումները Ֆրանսայի վրայ, լաւ աւարտ չեն խոստանար Ատրպէյճանի համար: Ֆրանսան գէրտիրութիւն է, իսկ Ատրպէյճանը`պանանային հանրապետութիւն, որ նոյնիսկ պանան ալ չունի, եւ կը կառավարուի անարժէք բռնապետի մը կողմէ․․.