Խմբագրական
Դեկտեմբեր 12, 1940
Եւրոպայի նուաճուած ժողովուրդներու պարենաւորման խնդիրը օր աւուր աւելի սուր վէճի մը առարկայ կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Նախկին նախագահ Հուվըր, ինչպէս յայտնի է, իրեն յատուկ եռանդով կը պաշտպանէ այն միտքը, թէ կարելի չէ եւ պէտք չէ լքել Գերմանիոյ կողմէ նուաճուած ժողովուրդները, որոնք եթէ Ամերիկայէն պարէն չստանան, այս ձմեռ իսկ մեծապէս պիտի տառապին սնունդի պակասէն։ Եւ Հուվըր ոչ միայն ինք անձամբ կ’աշխատի, որպէսզի Միացեալ Նահանգները օր առաջ սննդեղէն ղրկեն սովամահութեան դատապարտուած այդ ժողովուրդներուն, այլ արդէն յաջողած է այդ նպատակի համար ստեղծել ամբողջ կազմակերպութիւն մը՝ այսպէս կոչուած Ազգային Կոմիտէի Եւրոպայի փոքրիկ հինգ դեմոկրասիները (Լեհաստան, Ֆինլանտա, Նորվեկիա, Պելճիքա եւ Հոլանտա) կերակրելու համար։ Ուրիշներ եւս կան, որոնք կ’աշխատին այստեղէն կերակրել Ֆրանսան։
Այս շարժումը, սակայն, որ հետզհետէ աւելի մեծ ծաւալ կը ստանայ, բուռն ընդդիմութեան կը հանդիպի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ամերիկեան հանրային կարծիքը այնքան ալ չազդուիր եղած կոչերէն։ Ամերիկեան թերթերը մեծ մասամբ հակառակ կ’արտայայտուին Հուվըրի առաջադրած ու պաշտպանած ծրագրին։ Եւ, ինչպէս կ’երեւի, նոյնիսկ մասնաւոր կազմակերպութիւններ ալ առաջ կու գան, որոնց նպատակն է ի դերեւ հանել այս շարժումը։
Հարկաւ, եթէ խնդիրը միայն մարդասիրական բնոյթ ունեցող հարց մը ըլլար, ոչ ոք ոեւէ առարկութիւն պիտի չընէր անոր դէմ։ Այս երկրի ժողովուրդը միշտ ալ տոգորուած է եղեր մարդասիրական զգացումներով դէպի բոլոր տառապող ժողովուրդները, միշտ ալ մեծապէս առատաձեռն է եղած անոնց հանդէպ, հետեւաբար այս անգամ եւս, անկասկած, պիտի ուզէր օգնութեան հասնիլ Եւրոպայի անօթի ժողովուրդներուն։
Սակայն, սնունդի պակասէ տառապող Եւրոպայի ժողովորդներուն սնունդ մատակարարելը մարդասիրական հարց ըլլալու հետ մէկտեղ նաեւ քաղաքական եւ նոյնիսկ ռազմական հարց մըն է։
Խնդիրը պարզ է միանգամայն։ Գերմանիոյ նուաճած երկիրները Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ հետ միասին պաշարման ենթարկուած են Անգլիոյ կողմէ։ Պաշարումը կամ պաշարումի միջոցով թշնամիին տնտեսական ծանր զրկանքներու ենթարկումը շատ կարեւոր, թերեւս վճռական զէնք մըն է Անգլիոյ համար պատերազմը շահելու։ Անգլիոյ գլխաւոր առաւելութիւնը պատերազմի մէջ իր հզօր, ծովերու վրայ իշխող եւ թշնամին պաշարելու ընդունակ նաւատորմն է, որուն միջոցով միայն Անգլիա կրնայ յաղթական դուրս գալ պատերազմէն։
Արդ՝ սնունդ ուղղարկել Գերմանիոյ իշխանութեան տակ գտնուող ժողովուրդներուն՝ այժմ՝ կը նշանակէ պատռել օղակը այն պաշարման, որուն ենթարկուած է Գերմանիան Անգլիոյ կողմէ, եւ ուրեմն, զրկել Անգլիան իր ահարկու թշնամին պարտութեան մատնելու թերեւս գլխաւոր զէնքէն։
Այլ եւս բոլորն ալ կը հասկնան, թէ Միացեալ Նահանգները, որքան կենսապէս շահագրգռուած են Անգլիոյ յաղթանակով, բոլորն ալ կը տեսնեն, թէ Միացեալ Նահանգները որքան մեծ զոհողութիւններ պատրաստ են ընելու Անգլիոյ համար, որպէսզի ան յաղթական դուրս գայ ներկայ պատերազմէն։ Այսպիսի պայմաններու մէջ շատ բնական է, որ Ամերիկա չի կրնար առնել ոեւէ քայլ, որ վնասէ Անգլիոյ եւ դժուարացնէ կամ նոյնիսկ անկարելի դարձնէ անոր յաղթանակը։
Եւ, սակայն, հակառակ ատոր, ամերիկեան ժողովուրդին մէջ կայ փոքրամասնութիւն մը, որ յամառօրէն կ’ուզէ ընել այդպիսի քայլ մը Եւրոպայի սովահար ժողովուրդներուն օգնութեան հասնելով։ Ոմանք, անշուշտ, կը ղեկավարուին մաքուր մարդասիրական զգացումներով։ Ոմանք ներքնապէս կը համակրին Գերմանիոյ եւ կ’ուզեն օգնել անոր անուղղակի կերպով։ Ոմանք ալ տարբեր կարծիք ունին այդ քայլի քաղաքական հետեւանքներու մասին։
Հետաքրքրական է, որ այս շարժումը առաջնորդող Հուվըրը, իբր նախապայման, պէտք կը տեսնէ, ի միջի այլոց, դնելու նաեւ հետեւեալ երկու կարեւոր պահանջները.-
Առաջին՝ որ Գերմանիա վերադարձնէ այն սննդեղէնը, զոր բռնագրաւած է իր նուաճած երկիրներէն։
Երկրորդ՝ որ Գերմանիա բաւարար երաշխիք տայ թէ ձեռք չպիտի տայ այն սննդեղէնին, զոր Ամերիկա պիտի ղրկէ իր նուաճած ժողովուրդներուն։
Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ Գերմանիա ոեւէ ատեն չպիտի ուզէ կատարել այս պահանջներէն առաջինը։ Գալով երկրորդին՝ ան եթէ խոստում իսկ տայ զայն կատարելու, այդ չպիտի բաւէ վերացնելու այն հիմնական առարկութիւնը, թէ սնունդ ղրկելով Եւրոպայի ընկճուած ժողովուրդներուն՝ Ամերիկա անուղղակի կերպով վնասած կ’ըլլայ Անգլիոյ եւ օգնած կ’ըլլայ Գերմանիոյ։
Աւելորդ է ըսել, թէ Գերմանիոյ կողմէ նուաճուած երկիրներու տարագիր կառավարութիւնները, որոնք Անգլիոյ կողքին կը կռուին իրենց երկիրներու ազատութեան համար, ծանր երկընտրանքի մը առջեւ կը գտնուին։ Անոնք պէտք է որոշեն թէ՝ ի՞նչ կը նախընտրեն իրենց տառապող ժողովուրդներուն համար – նախ, ապահովել անոնց ազատութի՞ւնը թէ, նախ, սնունդ տալ անոնց։
Առայժմ անոնցմէ մէկը միայն՝ «Ազատ Ֆրանսան» ներկայացնող զօր. տը Կօլի կառավարութիւնն է, որ Ամերիկայի մէջ եղող իր ներկայացուցչի՝ Ժաք տը Սիյէսի միջոցով անվերապահօրէն հակառակ կ’արտայայտուի Հուվըրի օգնութեան ծրագրին՝ անոր իրագործման մէջ այժմ տեսնելով Ֆրանսայի իսկ ազատագրութեան վնասող քայլ մը։
Եթէ միւս տարագիր կառավարութիւններն եւս նոյն իմաստով արտայայտուին, ինչ որ շատ հաւանական է, այն ատեն ոչ Անգլիա եւ ոչ ալ Ամերիկա խղճի խայթ պիտի զգան վճռականապէս ընդդիմանալով սննդեղէն Եւրոպա ղրկելու ծրագրին։ Եւ այդ՝ այն տրամաբանական պատճառաբանութեամբ, որ Եւրոպայի նուաճուած եւ անօթի ժողովուրդները կերակրելու պարտականութիւնը կ’իյնայ զանոնք նուաճող Գերմանիոյ վրայ եւ որ այդ ժողովուրդներուն սննդեղէն ղրկելով այժմ աւելի երկարաձգուած եւ ամրացուած կ’ըլլայ անոնց ներկայ գերութիւնը։
Սակայն, կայ նկատողութեան արժանի պարագայ մը, որ կրնայ հարկադրել թէ՛ տարագիր կառավարութիւնները եւ թէ՛ Լոնտոնը եւ Ուաշինկթընը աւելի դրական վերաբերում ցոյց տալու դէպի Եւրոպայի տառապող ժողովուրդներուն այժմ սնունդ ղրկելու խնդիրը։
Այդ՝ այն է, թէ արդեօք քաղաքական տեսակէտով որքա՞ն խելացի բան մըն է սովամահութեան մատնել Գերմանիոյ նուաճած ազգերը, ինչ որ բոլորովին պիտի խորտակէ անոնց դիմադրական կորովը եւ մղէ զանոնք դառնալու Գերմանիոյ կամաւոր գերիները։ Մինչդեռ եթէ անոնք բաւարար սնունդ ստանան, ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլ եւ հոգեպէս աւելի պիտի կազդուրուին եւ, ուրեմն ի վիճակի պիտի ըլլան աւելի գլխացաւանք պատճառելու զիրենք նուաճած Գերմանիոյ։
Եթէ քաղաքական այս պատճառաբանութիւնը համոզիչ չըլլայ, կը թուի թէ միայն մարդասիրական մղումները բաւական պիտի չըլլան ստիպելու Ուաշինկթընը, որ սնունդ ղրկէ Եւրոպա։
Այս տողերը գրուած էին, երբ հեռագիրը Ուաշինկթընէն հաղորդեց, թէ Անգլիոյ կառավարութիւնը իր դեսպան Լորտ Էոթեանի միջոցով յայտարարած է, որ չի կրնար նուաճուած ժողովուրդներուն, քանի որ ատիկա պիտի երկարաձգէ միայն անոնց գերութիւնն ու տառապանքը գերման լուծի տակ։