Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
11 Դեկտեմբեր 2024
Ծանօթ խօսք է, որ մէկ նկարը երբեմն հազար բառ կ’արժէ:
Նայեցէ՛ք այս սիւնակին ընկերացող եւ… ամերիկեան մամուլէն վերցուած երգիծանկարին. Սուրիոյ վիճակը պատկերող երգիծանքը ժպիտ չի բերեր, այլ աղաղկող ողբերգութիւն մը կը բացայայտէ եւ ցոյց կու տայ, թէ ի՞նչ պէտք է հասկնալ, երբ ոմանք կ’ըսեն, թէ Սուրիոյ ճակատագիրն ու ապագան կը յստականան այս օրերուն: (Եւ մտածել, որ նման մտահոգութիւն կը հնչէ ամերիկեան մամուլի էջերէն…):
Շաբաթ մը չէ բոլորուած նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան վախճանէն ետք, իսկ Սուրիան կը մնայ հազար ու մէկ մեկնաբանութեան ու հակասական նախատեսութիւններու կիզակէտ: Արեւմտեան մամուլը կը պահէ տասնամեակներէ ի վեր Սուրիոյ հանդէպ հետապնդուած ծրագիրներուն ջատագովի իր դիրքորոշումը, թէեւ քննական մօտեցում մը ի յայտ կը բերէ, որ ամերիկեան եւ եւրոպական ակնոցներուն միջեւ տարբերութիւններ կան: Ընդհանրուր հասարակաց գիծը այն է, որ Ասատի հեռացումով, Արեւմուտքը յաջողեցաւ Սուրիան առնել իր ազդեցութեան տակ, վաղը կրնայ ռուսական ուժերը հեռացնել – գոնէ պահանջել – սուրիական ծովափէն, յետոյ աչքերը տարածել դէպի արեւելք(ներ), դէպի Իրաք եւ Իրան, նոյնքան մըն ալ դէպի Կովկաս: Միւս զօրակայանին՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի դիտանկիւնէն, մտավախութիւնները այլապէս արձագանգ են Արեւմուտքի յառաջխաղացքէն բխած քարոզչութեան մթնոլորտին: Իսկ Սուրիոյ «նեղ սահմաններուն» մէջ, ամէն օր եւ ամէն ժամ կը բացայայտուի Սուրիան մասնատելու եւ ազդեցութեան գօտիներու վերածելու արշաւի մը նորագոյն արարները:
Այս ընդհանուր գիծերուն դիմաց (կարելի չէ բոլոր գիծերը ցանկագրել այստեղ), գետնի վրայ դէպքերը կը թաւալին տարբեր, յաճախ ներհակ, եւ զգուշաւոր լաւատեսութիւն աւետող մեկնաբանութիւններ ջրող թափով, մաս մըն ալ կը պահուի քողի տակ: Արեւմուտքի մէջ տարածուած եւ սուրիական որոշ խաւեր վարակած հրճուանքին դիմաց, գետնի վրայ կան դաժան իրականութիւններ, որոնք, ինչպէս նշեցինք, կը պատկերուի յիշեալ երգիծանկարով:
Խորքին մէջ, ի՞նչ տեղի կ’ունենայ գետնի վրայ եւ ինչպէ՞ս կը յստականայ Սուրիոյ (եւ այլոց) հորիզոնը:
Սուրիոյ վախճանեալ իշխանութեան ներկայացուցիչները կ’աշխատին անցնցում իշխանափոխութիւն իրականացնել, եւ ընդդիմադիրներն ալ այդ ուղղութեամբ դրական տրամադրութիւն կը ցուցաբերեն, հակառակ վրիժառութեան բանաւոր եւ գործնական դրսեւորումներու: Եթէ այս բեմին վրայ ընդհանուր ընթացքը որոշ չափով յուսատու կը թուի, այդ նեղ բեմէն անդին, սակայն, իրական գետնի վրայ զարգացումները աւելի՛ քան յոռետեսութիւն կը բերեն (նկատի չունինք քաղաքական-դիւանագիտական կալուածին շատ աւելի լայն տարածքը): Մինչեւ իսկ եթէ ճշմարտութիւն կայ այն վարկածին մէջ, թէ փոխանցման իշխանութիւնը նախանձախնդիր է Սուրիոյ ամբողջութիւնը պահպանելու եւ երկիրը վերականգնելու (տակաւին յայտնի չէ, թէ գործնական ի՞նչ ծրագիր ունի, կամ ո՞վ պիտի արտօնէ նման բան), գոնէ երեք գլխաւոր մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ ընդդէմ այս առաջադրանքին:
ԻՍՐԱՅԷԼ ո՛չ միայն չէ կասեցուցած Սուրիոյ վրայ յարձակումները, այլ նոր քայլեր կ’առնէ 1967-ի պատերազմին իր խլած հողերը ընդարձակելու ուղղութեամբ: Իր ապահովութիւնը պահպանելու «կանխարգելիչ գործողութիւններ»ու պատրուակով, Իսրայէլ գրաւած է Կոլանի բարձունքներուն այն հատուածը, որ անցեալ տասնամեակներուն կը նկատուէր «ոչ-ոքի-հող», աչքերը ուղղած է մինչեւ Դամասկոս տարածուող գօտիներու: Զուգահեռաբար, անոր օդուժը այնպիսի ծաւալի հասցուցած է (իբրեւ թէ) զինուորական կէտերու վրայ իր յարձակումները (3 օրուան մէջ աւելի քան 450 թիրախ), որոնք ցոյց կու տան, թէ (արեւմուտքցիներու օրհնութեամբ) ան վերջնականապէս կը խորտակէ երկրին պաշտպանողական կարողութիւնը. իսկ Սուրիան Իսրայէլի ծաւալապաշտութեան դիմաց կանգնող վերջին պարիսպն էր (անկախ թէ ով էր իշխանութեան ղեկին):
ԹՈՒՐՔԻԱ, իր կարգին, ուղղակի եւ անուղղակի ձեռքերով, նոր տարածքներ կը գրաւէ, արդէն ամերիկեան միջնորդութեամբ պարտադրած է որ քիւրտերը Հալէպի հիւսիսային շրջանին մէջ վար դնեն զէնքերը (նախորդ օրերուն քիւրտերու ջարդի եւ հալածանքի, բռնագաղթի դրուագներ արձանագրուած էին, ու որոշ քիւրտերը վաղը կրնան հիասթափուիլ զիրենք իբրեւ թէ պաշտպանողներէն), իր հովանաւորեալները գրաւեն նա՛եւ Տէր Զօրի շրջանը: Այս բոլորը պարզ ցուցանմուշներ են, որ Ալեքսանտրէթի շրջանը վերջնականապէս կուլ տալէ ետք, համաթուրանականութեան վերականգնումը ինչպիսի՜ հեռանկարներու իրականացման լծուած է դէպի արաբական աշխարհ:
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ կը յոխորտան, որ կը ռմբակոծեն ահաբեկչական խմբաւորումներու հակակշիռին ենթակայ շրջանները, թոյլ պիտի չտան, որ ծայրայեղականներ դարձեալ հակակշիռ հաստատեն սուրիական որոշ շրջաններու մէջ: Անոնք այլապէս լուռ (ի՞նչ լուռ) գործակցութեան մէջ են Սուրիոյ արեւելեան եւ հիւսիսային գօտիներու քարիւղի դաշտերուն հսկիչ կարգուած ուժերուն, մասնաւորաբար քիւրտերու մէկ թեւին հետ: Անոնք վստահաբար չեն ուզեր, որ աշխարհի յիշէ, թէ իրենք ինչպիսի՜ «հերոսութիւններ» արձանագրեցին Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ, ժողովրդավարութիւն տարածեցին հոն եւ այլուր…
Եթէ շարունակենք Սուրիոյ մէջ նորացուած «հնութիւններուն» ցանկագրումը, կրնանք հասնիլ մինչեւ 80-ականներու սկիզբը, երբ սուրիացի «ընդդիմադիրներ», որոնք կը կրէին «իսլամ եղբայրներ» անունը, ուժեղ հարուած ստացան Համայի մէջ: Կ’արժէ՞ արդեօք դէպի ետ ճամբորդութիւնը շարունակել մինչեւ այն տարիներն ու ներքին խլրտումները՝ արաբ-իսրայէլեան բազմահանգրուան պատերազմներու տարիները, երբ գաղթատիրութենէ ձերբազատած Սուրիան – եւ արաբական այլ երկիրներ – հետեւողական կերպով «պատիժի» կ’ենթարկուէին նախկին գաղթատէրերու կողմէ, ուղղակի թէ անուղղակի միջոցներով, սակայն բացայայտօրէն… Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ ձեռքերով: Եւ ահա հասած ենք նորագոյն բեմադրութեան, ողբերգութեա՛ն: Հիմա, արդէն կ’ուրուագծուի այն պատկերը (կամ աւելի՛ կը մթագնի հորիզոնը), յիշեցնելով «բռնատէր Սատտամը եւ բռնատէր Քազզաֆին» իշխանութենէ հեռացնող այն շարժումները (հոն ալ բարի նպատակներ ու տրամադրութիւններ արտայայտուած էին), որոնք այդ երկիրները վերածեցին ծանօթ անկումներու եւ բաժանումներու դաշտերուն: Այլապէս, ժողովրդավարութեան եւ այլ պիտակներու տակ, արաբական աշխարհն ու այլք ենթարկաուած են աւելի՛ ահաւոր գաղթատիրութեան, թէեւ այդ անունը չի գործածուիր, այդ իրականութիւնը ցոյց տուողներուն դէմ քարոզչական ահեղ արշաւներ կը կազմակերպուին:
***
Սուրիոյ իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ աշխարհի վերափոխումն ու քարտէսներուն վերագծումը ինչպիսի՜ ընթացքի մէջ են, թէ որքա՛ն յստակ է Սուրիոյ ապագան, հորիզոնը:
Մեր այս սիւնակի կիզակէտէն անդին, կան անշուշտ Ուքրայինան, Կովկասը՝ Իրանի հիւսիսային գօտին, կամ ասիական եւ ափրիկեան կռուախնձոր գօտիներ: Այս բոլորը ամենալուրջ հրաւէրներ, մարտահրաւէրնե՛ր են նաեւ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի համար, որուն գլխավերեւին կը բազմանան «Դամոկլեան սուր»երը:
Հայրենի հողին վրայ թէ Սփիւռքի տարածքին, այս ընդհանուր պատկերը տեսնողներ կա՞ն, մտահոգուածներ կա՞ն, վտանգները դիմագրաւելու եւ դարձեալ ծանր կորուստներ կանխարգիլերու մասին մտածողներ կա՞ն. այո՛ կա՛ն: Սակայն եթէ իշխանութիւնը պէտք է ըլլայ առաջին գիծին վրայ, դառնայ հայութեան կարողականութիւնն ու ներուժը, բոլո՛ր ձեռքերը համախմբողը, տեսանելի է, որ անիկա, ընդհակառակն, կ’առաջնորդէ յաւելեալ անկումի, նոր անձնատուութիւններու եւ կորուստներու արշաւ մը, լծուած է ամէն օր նոր զբաղում մը, իրականութիւններէն աչքեր ու միտքեր հեռացնող խաղերու, որոնց նորագոյն արարները կը կազմեն… ՔՊ-ականներու «մաքրագործումը»: Սա համազօր է քնաբեր օրօր-ի, մինչդեռ «Զարթի՛ր, լաօ՛»ն բազմաթիւ ահազանգեր հնչեցուցած է եւ նոյն քարոզիչներուն եւ «օրօր»-ողներուն կողմէ ճնշումի ենթարկուած:
Մինչեւ ե՞րբ…
Ահազանգ հնչեցնողները պատրաւոր են ԳՈՐԾԻ անցնիլ: