ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
4 Դեկտեմբեր 2024
haroutchekijian.wordpress.com
Երեք յաջորդական թիւերով՝ 28-30 նոյեմբեր 2024, «Յուսաբեր»-ը «Առաւօտ» օրաթերթէն (1) արտատպեց Քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, ՀՀ Ազգային ժողովի 2006-էն 2008 նախկին նախագահ Տիգրան Թորոսեանի 20 նոյեմբեր 2024-ի երկարաշունչ յօդուածը՝ «Արցախ. ի՞նչ անել», Արցախի պետականութեան եւ ինքնորոշման գործընթացի վերականգնման կարելիութիւններուն մասին: Ան 1 Յունուար 2013-ին Անգլերէնով հրատարակած է 15 էջ յօդուած մը՝ «Անհակակշռելի հակամարտութիւններու լուծման համար. Լեռնային Ղարաբաղ եւ Քոսովօ», To the Resolution of Intractable Conflicts: Nagorno-Karabakh and Kosovo:
«Յուսաբեր»-էն քաղելով նախաբանն ու եզրակացութիւնը պիտի փորձեմ պատասխաններ գտնել «Արցախի մասին «Ազդակ»-ի 71-րդ առցանց լսարանին առիթով` արմատական հարցումներ, որոնց մասին չի խօսուիր, կամ գոհացուցիչ պատասխաններ չկան» (2) յօդուածիս հինգ հարցումներուն՝ արեւմտահայերէն:
Հեղինակը՝ Գարեգին Նժդեհէն այս մէջբերումը նշած է – .«Հսկայական փոփոխութիւններ առաջ եկան, ուշագրաւ երեւոյթներ։ Եւ հանրածանօթ իրողութիւն է, որ այս դէպքերը զարգացան բոլորովին հակառակ մեր տրամադրութիւններին՝ արտաքին իրողութիւնների թելադրութեամբ։ Մենք անզօր եղանք ուղղութիւն տալ դրանց։ Այս նշանակում է, որ ներքուստ մենք պատրաստ չէինք դէպքերի իմաստը հասկանալուն, դրանք մեր քաղաքական ձգտումներին համընթաց դարձնելուն»։
«Նախաբան
«Իբրեւ վերնագիր ընտրուած յաւերժական հարցը այսօր յաճախ կը հնչէ հայաստանեան հասարակութեան մէջ՝ թէ՛ Արցախի, թէ՛ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան աղէտալի իրավիճակներու եւ անորոշ ապագայի կապակցութեամբ։ Պատասխանները յաճախ ծայրայեղ դիրքորոշումներ կ՚արտայայտեն՝ զուրկ իրավիճակը փոխելու գործադրելի նշանակութիւնէն։ Հետեւաբար, այդ հարցին քննարկումը ո՛չ միայն այժմէական է, այլեւ ունի կենսական նշանակութիւն ինչպէ՛ս Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն, այնպէ՛ս ալ հայութեան գոյապայքարի տեսակէտէն։
«Արցախի մէջ 2023 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի գործադրած ցեղային զտումներուն եւ ցեղասպանութեան ակնյայտ դրսեւորումներ ունեցած ռազմական նախայարձակումէն շուրջ մէկ տարի ետք՝ 3 եւ 7 Սեպտեմբեր 2024-ին, երկու ձեռնարկներ տեղի ունեցան՝ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հիմնախնդիրը իրաւական եւ քաղաքական հարթութիւններում» համաժողովը եւ «Դէպի կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն» զրոյց-քննարկումը, որոնք նպատակ ունէին պարզելու տեղի ունեցած աղէտալի իրադարձութիւններուն պատճառներն ու հնարաւոր զարգացումներու ուղղութիւնները։
«Այդտեղ ներկայացուած՝ տողերուս հեղինակին երկու զեկուցումները՝ «Արցախի անկախութեան քաղաքագիտական նախադրեալները եւ հեռանկարները» եւ «Արցախի պետականութեան եւ ինքնորոշման գործընթացի վերականգնման հիմքերն ու միջոցները», կառուցուած էին նոյն գաղափարական հիմքին վրայ եւ նուիրուած էին նոյն խնդրին երկու բաղադրիչներուն գիտական հետազօտութեան։ Այս յօդուածս կ՚ամփոփէ այդ զեկուցումներուն ներկայացուած հետազօտութիւնները, եւ կը հիմնաւորէ առաջադրուած հիմնական գաղափարները՝ գիտական միջոցով, եւ ցոյց կու տայ արցախահայութեան՝ Արցախ վերադարձի, պետականութեան ու ինքնորոշման (անկախութեան) գործընթացի վերականգնումի հնարաւորութիւնները, որոնք կրնան իրական հիմք ծառայել կատարուած սխալներու բացայայտումին եւ ռազմավարական մօտեցումներու արմատական վերանայումի միջոցով։
«Եզրակացութիւն
«Արցախ վերադարձի, անկախութեան ու ինքնորոշման գործընթացի վերականգնման դժուարութիւններուն եւ հնարաւորութիւններուն վերլուծումը կը յանգեցնէ հետեւեալ եզրակացութիւններուն.
- 2020-էն 2023. Արցախի դէմ կատարուած է մանրամասն ծրագրուած, պետականօրէն մշակուած ու իրականացուած լայնածաւալ ռազմական նախայարձակում։ Այդ ընթացքին Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կոպտօրէն խախտած են միջազգային օրէնքը՝ իբրեւ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններ, կիրարկած են արգիլուած զինատեսակներ, պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կատարած են, որոնց հետեւանքով գրաւած են Արցախի զգալի մասը:
«Ապա Դեկտեմբեր 2022-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2023, ամբողջապէս շրջափակած Արցախը՝ փակելով արտաքին աշխարհին (Հայաստանի Հանրապետութեան) կապող միակ ճամբան (Լաչինի միջանցքը) եւ խափանելով բնակչութեան սնունդի, դեղորայքի, առողջապահական եւ այլ ծառայութիւններ ապահովելու հնարաւորութիւնները, ի վերջոյ, ֆիզիքական բնաջնջումի սպառնալիքով գործադրած են ցեղային զտումներ եւ ցեղասպանութիւն Արցախի բոլոր բնակչութեան հանդէպ՝ ամբողջութեամբ դուրս մղելով զանոնք իրենց բնօրրանէն:
«Գերեվարելով երկրին ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, սպաննելով քաղաքացիական բնակչութենէն՝ կիներ, ծերեր եւ երեխաներ։ Հոկտեմբեր 2023-էն սկսեալ, Ատրպէյճանը պետական բարբարոսութիւն կը կիրարկէ. կ՚ոչնչացնէ յուշարձաններ, կը պղծէ ծիսական շինութիւններ, կ՚ոչնչացնէ գիւղեր, պետական հաստատութիւններու նստավայրեր եւ այլն՝ ոչնչացնելով տարածաշրջանի հայկականութիւնը հաւաստող փաստերը։ Այս գործողութիւնները պետականօրէն ծրագրուած եւ իրականացուած ցեղասպան քաղաքականութեան դրսեւորումներ են։
«2. Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերլուծումը ցոյց կու տայ, որ արդէն տեղի ունեցած է տրամաբանութեան արմատական փոփոխութիւն, երբ 1990-ականներուն առաջարկուող բանակցային փաստաթուղթի տարբերակներու տրամաբանութիւնը՝ Արցախը Ադրբեջանի կազմին մէջ պահելու գաղափարը, 2000-ականներու սկիզբը փոխարինուեցաւ Արցախի ինքնորոշման տրամաբանութեան հիման վրայ մշակուած նախագիծին՝ Մատրիտեան սկզբունքներուն։ Այդ տրամաբանութեան առաջին փոփոխութեան ժամանակահատուածին համեմատութիւնը այժմու փուլին հետ կը վկայէ, որ թէեւ կան որոշ տարբերութիւններ, սակայն հայեցակարգային առումով յստակ է ընդհանրութիւնը։
«3. Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն գործունէութիւնը 2018-ի հակասահմանադրական իշխանափոխութենէն ի վեր ոչ միայն տապալած է բանակցային գործընթացը, այլեւ պատրուակ ծառայած է 2020-ի ատրրպէյճանաթրքական ռազմական նախայարձակումին, հիմնովին խաթարած է կարգաւորման գործընթացը՝ որուն հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող Ալմա Աթայի հռչակագիրը խնդիրներու լուծման հիմք ընդունելով, ստեղծած է Արցախի ինքնորոշման գործընթացի վերականգնումին ամենալուրջ խոչընդոտը։
«4. Արցախի քաղաքական համակարգը ունէր նոյն խնդիրներն ու թերութիւնները, որ յատուկ էր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական համակարգին։ Եւ երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 2018-ին տեղի ունեցաւ հակասահմանադրական իշխանափոխութիւն, եւ անոր հետեւանքով ձեւաւորուած իշխանութիւնը սկսաւ Արցախը զոհաբերել ցնորամիտ ապազգային գաղափարներու, Արցախի քաղաքական համակարգը չունեցաւ այն ներուժը, որ կը բաւարարէր մերժելու Հայաստանի իշխանութիւններուն ընտրած ուղին եւ տնօրինելու ինքնորոշման՝ սեփական ճակատագիրը որոշելու իրենց իրաւունքը։
«Հետեւաբար, Արցախի խնդիրը միջազգային օրակարգ վերադարձնելու եւ իրական կարգաւորման հասնելու հարցին յաջողութեան համար, անհրաժեշտ է Արցախի քաղաքական համակարգին արմատական վերակառուցումը՝ հաստատութենականացումը եւ այդ գործընթացին առաջնային դերակատարութեան ստանձնումը՝ հետագային, Հայաստանի մէջ համապատասխան իշխանութիւններու ձեւաւորումէն ետք, ակնկալելով լիակատար աջակցութիւն։
«5. Բարդ եւ բարձրակարգ մասնագիտական աշխատանքի հիման վրայ, կարելի է ապահովել Արցախի ժողովուրդին վերադարձն ու պետականութեան եւ ինքնորոշման գործընթացին վերականգնումը՝ երկու բաղադրիչ ու երկու փուլ, բազմագործօն ծրագիրի իրականացումով։ Կապակցուած երկու՝ ներքին եւ արտաքին բաղադրիչները պէտք է ապահովեն բոլոր հնարաւորութիւններուն զօրաշարժը եւ արդիւնաւէտ օգտագործումը ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ խնդիրները լուծելու համար։ Ծրագիրին երկու փուլ բնոյթը պայմանաւորուած է այն պատճառով, որ ան կ՚ենթադրէ երկու բարդ խնդիրներու լուծում՝ առաջին փուլին Արցախի ժողովուրդին բնօրրան վերադարձը եւ երկրորդ փուլին՝ ինքնորոշման գործընթացին վերականգնումն ու Արցախի վերջնական քաղաքական կարգավիճակին՝ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ անկախութիւն։
«Այդ ծրագիրին գործադրութեան գլխաւոր դերակատարութիւնը պէտք է ստանձնեն Արցախի իշխանութիւնները՝ միաժամանակ իրականացնելով Արցախի քաղաքական համակարգին հաստատութենականացումը։ Հայաստանի մէջ սահմանադրական կարգի վերականգնումը հնարաւորութիւն կու տայ զգալիօրէն աջակցելու ծրագրին իրականացումին։
«6. Արցախի հիմնախնդիրի նկատմամբ միջազգային հանրութեան կեցուածքին կտրուկ փոփոխութիւնը, կախեալ է հիմնախնդրին նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վարմունքէն։ Այնպէս, ինչպէս 1990-ականներուն
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանափոխութենէն (Լեւոն Տէր Պետրոսեան*) ետք յաջողեցաւ արմատապէս փոխել իրավիճակը, նոյնը հնարաւոր է նաեւ այսօր, եթէ իշխանութեան գայ համապատասխան կարողութիւններ, սկզբունքներ եւ արժէքներ ունեցող քաղաքական ուժ։ Աղէտի հասած վայրիվերումներէն ետք թէեւ աւելի բարդ կ՚ըլլայ, սակայն ոչ անհնարին»։ Վերջ:
Առաջին հարցումիս՝ «1. Ինչո՞ւ 1994-ին իբրեւ յաղթական կողմ, Հայաստանն ու Արցախը անձնատուր եղած՝ պարտուած Ատրպէյճանին անձնատուութեան դաշինք՝ «կապիտուլացիա» չպարտադրեցին հայկական կողմին պայմաններով, գլխաւորը՝ Արցախի անկախութեան ճանաչումը», – պատասխանը Թորոսեանին յօդուածին մէջ չգտնուիր: Սակայն, ակնարկութիւն կայ, որ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Արցախը կը պատկերացնէր Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
Երկրորդ հարցումիս՝ « 2. Ի՞նչ եղաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ ԼՂԻՄ» կարգավիճակին», – երկու անգամ նշուած է ԼՂԻՄ-ը. «Սահմանել Արցախի ժողովուրդի վերադարձը հայրենի բնօրրան՝ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներով՝ միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայմամբ ԼՂԻՄ-ի սահմաններով եւ ինքնորոշման գործընթացի վերականգնումը։ Նման նպատակի իրագործումը ոմանց կարելի է շատ յաւակնոտ թուիլ, կամ՝ անգամ անիրագործելի։ Սակայն պէտք չէ մոռանալ, որ այն, որ յաջողեցանք հասնիլ Արցախի հարցին 2018-էն առաջ, շատերուն ոչ պակաս անիրագործելի կը թուէր» … «Այդ կը նշանակէ, որ կը պահանջուի տեւական ու բարդ աշխատանք՝ ապահովելու համար ՄԱԿ-ի լիակատար միջամտութիւնը՝ ԼՂԻՄ-ի սահմաններուն միջազգային լիազօրութիւններ ու պարտականութիւններ ունեցող խաղաղապահ առաքելութեան տեղադրումին եւ ժամանակաւոր միջազգային կառավարման հաստատման»։
Այլ խօսքով առայժմ՝ ԼՂԻՄ-ի համա՛ր է որ աշխատանք պէտք է տարուի:
Երրորդ հարցումիս՝ «3. Բոլոր այս «ճանաչումները» տեղական կամ միջազգային ի՞նչ օրէնքի կը հետեւին: Ինչո՞ւ Փաշինեանին հրապարակաւ արտասանած «Արցախը Հայաստան է եւ Վերջ»-ը չընդունուիր, սակայն նոյն անձին «Արցախը Ատրպէյճանի մաս է»-ն կ՚ընդունուի…
Պատասխանը հետեւեալին մէջ է. «Երկրորդ կտրուկ շրջադարձը սկսաւ Հայաստանի մէջ 2018-ին տեղի ունեցած հակասահմանադրական իշխանափոխութեամբ, երբ նոր իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ կարգաւորման գործընթացը ոչ թէ կը շարունակեն, այլ կը սկսին իրենց զեռօ կէտէն։ Մինսքի խումբի համանախագահները կը ներկայացնեն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 5 մշտական անդամները, այսինքն՝ 5 ամենէն ազդեցիկ երկրներէն երեքը՝ ԱՄՆ-ը, Ռուսիան ու Ֆրանսան։
«Նման երկիրներուն 25 տարուայ աշխատանքը՝ այդ յայտարարութեամբ մէկ կողմ նետելը, ոչ միայն արկածախնդիր ու ամբարտաւան քայլ էր, այլեւ խիստ վտանգաւոր, քանի որ լրջօրէն կը խաթարէր կարգաւորման գործընթացը։ Տգիտութիւնը, սուտը, կեղծիքն ու փաստերու եւ փաստաթուղթերու նենգափոխումը տապալեցին բանակցային գործընթացը ու 2020-ի եւ 2023-ի ատրպէյճանաթրքական ռազմական յարձակումներուն առիթ դարձան, որ աղետալի հետեւանքներ ունեցաւ երկու հայկական պետութիւններուն համար՝ Արցախի ժողովուրդը ֆիզիքական ոչնչացման սպառնալիքով ենթարկուեցաւ ցեղային զտումի ու ցեղասպանութեան, իսկ Հայաստանի աւելի քան 200 քառ. քմ. տարածքը գրաւեցին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը։
«… Հայաստանի իշխանութիւնները այդ խնդիրը լուծուած կը համարեն՝ առանց որեւէ իրաւասութիւն ունենալու, յայտարարելով Արցախը Ատրպէյճանի մաս, սակայն պարբերաբար տարբեր միջազգային կառոյցներ կը յայտարարեն արցախցիներու վերադարձի իրաւունքին եւ գործադրութեան անհրաժեշտութեան մասին, ու թէեւ Ատրպէյճանը ամեն ջանք կը գործադրէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը լուծարելու համար, սակայն ո՛չ ԵԱՀԿ-ը, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կը համաձայնին:
Հինգերորդ՝ «Ինչո՞ւ Ա.-էն Զ. Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի եւ խորհրդային օրէնքի վրայ հիմնուած Այս օրինաւոր քայլերուն եւ որոշումներուն մասին չխօսուիր եւ չճանչցուիր», – «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը մաս կազմած է 2000-ականներու սկիզբի բանակցութիւններուն, մինչեւ Յունիս 2021: Արցախի ինքնորոշման տրամաբանութեան հիման վրայ մշակուած նախագիծն է՝ Մատրիտեան սկզբունքները, որ ստորագրած են բոլոր կողմերը»։
- «Ինչո՞ւ Հայաստանը չճանչցաւ Արցախի հանրապետութիւնը», – Այս հարցումին ալ պատասխան չգտայ յօդուածին մէջ:
Առաջին եւ վերջին հարցումներուն՝ 1994-ի յաղթանակին եւ թշնամիին անձնատուր ըլլալուն առթիւ անբացատրելիօրէն տրամաբանական քայլը չառնելով՝ Արցախի ճանաչում եւ կցում Հայաստանին՝ ոսկիէ առիթը կորսնցուցինք:
Դժբախտաբար «Խորհրդային ժամանակաշրջանի «պատմաբաններու» մտածողութիւնը եւ պարտուողական բարդոյթը կը շարունակուի ցայսօր, Տրդատ Ա.-ի յաղթանակը նսեմացնելով»: Երեւանի Պետական Համալսարանի 2012-ին տպուած պատմութեան գիրքի մը մասին արդարօրէն կը բողոքէ՝ համալսարանական, ապահովական, դատական եւ պետական, զանազան պաշտօններ վարած՝ բնագէտ Վալերի Պօղոսեան (1944-ի ծնունդ), որ «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ չորս յօդուածներով կ՛անդրադառնայ Հայոց Պատմութեան ընդհանրապէս եւ անկէ դասեր քաղելու կարեւորութեան, մասնաւորապէս Տրդատ Ա. թագաւորին զինուորական հզօրութեան եւ նոյնքան հզօր դիւանագիտութեան վերաբերող (3):
Կը յանձնարարեմ կարդալ «Տրդատ Ա-ի դասերը» (4), 8 Օգոստոս 2019-ի եւ 27 Փետրուար 2020-ի (5) յօդուածները եւ դիտել զրոյցը (6), որոնք այժմէական եւ մնայուն կարեւոր նշանակութիւն ունին: Ազգային դաստիարակութեան եւ ափսո՜ս քաղաքական վերլուծումի եւ Արցախի յաղթանակը լիիրաւ խաղաղութեան վերածելու ուղղութիւն տուող:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին
- https://www.aravot.am/2024/11/20/1455551/
- https://www.aztagdaily.com/archives/633066
- https://www.aztagdaily.com/archives/476522
- https://www.aravot.am/2019/08/09/1059333/
- https://www.aravot.am/2020/02/27/1096482/
- https://www.youtube.com/watch?v=VP0Ec_0pv9E