Պարտաւոր Ենք Բարձրանալ

0 0
Read Time:11 Minute, 21 Second

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Պատմութիւնը վկա՛յ, որ կայսրութիւններ անգամ փուլ եկած են ոչ՛ թէ թշնամի յորդաներու հարուածներուն եւ յարձակումներուն դիմաց ընկրկելով, այլ` դասալքութեամբ, անմիաբանութեամբ, սեփական յանցագործութեամբ եւ ժողովուրդին ստրկամտութեան առաջնորդելով ու ազգի եւ պետութեան ըմբռնողութենէն պարպուելով, ինչպէս նաեւ` արդար իրաւունքներէ զիջելով: Պարիսպները ներսէն փուլ եկած են, երբ թշնամին նախօրoք երկար ժամանակ անկարող մնացած է զանոնք քանդելու ու ներս թափանցելու:

Այսօր հայ կեանքին մէջ ազգային արժէքներու դէմ կազմակերպուած ու անոպայ պայքար յայտարարուած է: Հայու ինքնութեան հաւատամքն է, որ հարուած կը ստանայ, հայ մարդու երազն է, որ կը գունաթափուի, սերունդներու կրթութեան ու կազմաւորման սրբազան առաքելութիւնը կ՛այլափոխուի, մեր ժողովուրդի ազգային նկարագիրին հիմնական բաղադրիչը` Հայ եկեղեցին կը թիրախաւորուի ու կը վարկաբեկուի, Հայոց պատմութիւնն է, որ կը խեղաթիւրուի, եւ հայութեան պահանջատիրական ոգին է, որ կը ջլատուի: Եթէ այս իրողութիւնները ունին իրենց սարսափազդու հետեւանքները, ստեղծուած կացութեան դիմաց ցուցաբերուած կրաւորականութիւնը, իր կարգին, համահաւասար մեղսակցութիւն է: Այս բոլորը վերածուած են ազգային ողբերգութեան, որուն հետեւանքներէն անմասն չէ ոեւէ հայ անհատ` իշխանամէտ կամ իշխանութեանց հակադրուած:

Դժբախտաբար էովին չենք անդրադառնար, որ դարերու ընթացքին կերտուած ազգային մշակոյթը, հայրենի հողով ու ջուրով եւ կամ անոնց կարօտով սնանած գրականութիւնը սկսած են անհաղորդ ու անհարազատ դառնալ մեր ներկայ իրականութեան, որովհետեւ երազն ու տեսլականը, հայապատկան պատմական հողերու իրաւատէր ներկայանալու ազգային ապրումն ու նկարագիրը, հայութեան նուիրական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար դարբնուած անձնուրաց պայքարի ոգին, մեր ազգային արժեհամակարգէն դուրս բերելու յստակ ճիգ կայ եւ այդ ճիգը արդիւնաւորելու` իշխանապետական գործընթաց: «Քէլէ, լաօ, քէլէ երթանք մըր երկիր»-ը, «Պիտի հասնինք սրբազան լեռ կատարիդ»-ը, «Երթամ ննջել յիմ Կիլիկիա»-ն, «Գինի լից»-ը, «Կամաւորի երգ»-ը եւ մասամբ նորին, իմաստազրկելու ու հնամաշ ներկայացնելու փորձ կը կատարուի, մեր ազգը յատկանշող ու անոր ինքնուրոյն նկարագիր տուող խորհրդանիշները երգիծանքի ու խծբծանքի կ՛ենթարկուին: Եւ աւելի՛ն. այս բոլոր բաղադրիչները անշուշտ պատանեկան տարիքի զգացական ու զեղումնային հայրենասիրութեան բնորոշումներով կ՛արժեւորուին:

Տակաւին, ի՞նչ ըսել իրական առասպելներ ու դիւցազնական պատմութիւն կերտած եւ իրերայաջորդ սերունդներու ներշնչման աղբիւր հանդիսացած հայ ազգի ընտրեալներու հանդէպ ծաղրի ու անտեսումի օրէ օր արմատացող երեւոյթներուն մասին, երբ հերոսի հասկացողութիւնը նաեւ կ՛աղաւաղուի ու, ի՜նչ հեգնա՛նք, քաղաքացիական իր տարրական պարտականութիւնը կատարող քաղաքացին, որ պետութեան տուրք կը վճարէ, իշխանութիւններու կողմէ կը հռչակուի հերոս:

Այս ծիրին մէջ պէտք է անդրադառնալ նաեւ այն հանգամանքին, որ հայ քաղաքական մտքին համար այսօրուան իրականացուող գործընթացներէն ոմանք, խորքային առումով, նաեւ սոսկ հակադաշնակցական պայքարի արտայայտութիւն չեն, ոչ ալ` լոկ քաղաքական ընդդիմութեան հանդէպ հալածանք ու հաշուեհարդար: Թաքնուած հիմնական վտանգը հայութեան արժէքային համակարգի դէմ քանդումի արշաւանքն է: Ահաւասիկ այս է օրհասականը եւ ոչ թէ բոլոր ժամանակներուն փորձուած ու այլեւս հնամաշ դարձած հակադաշնակցական պայքարի ձախողած հիւանդագին մոլուցքը, որ կուսակցութեան տարիքին համահաւասար կեանք ունի: Այս եղելոյթը արդէն շատոնց յստակ համոզումի առանցք է դաշնակցական անհատին համար եւ ոչ մէկ ձեւով ազդեցութիւն ունի անոր տարերքին մէջ:

Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ այս ճշմարտութիւնը եւ հարցերը «դաշնակցականացնելու» կամ «հակադաշնակցականացնելու», ինչպէս նաեւ «հին ու նոր»-ի, «բարիի ու չարի» մակերեսային պարունակին մէջ որդեգրելու ու ներկայացնելու իշխանութիւններու լարած քարոզչական թակարդը դուրս շպրտել մեր իրականութենէն: Ճիշդ է, որ Ազգային ժողովի ամպիոնէն ՔՊ-ական պատգամաւորներ ու կառավարական դէմքեր շատ յաճախ նոյնիսկ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն Դաշնակցութեան 135-ամեայ երթը ու անոր անցած ժողովրդանուէր ուղին, այսուհանդերձ, այդ բոլորն անգամ միջոց են, որպէսզի ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղեն իրենց պարտուողական, միակողմանիօրէն զիջողական եւ համակերպումի գործընթացէն:

Արդեօ՞ք երնէկ պէտք է տալ այն օրերուն, երբ Դաշնակցութեան եւ համայնավարութեան միջեւ կ՛ընթանար գաղափարական պայքար: Երնէ՞կ տալ այն օրերուն, երբ նոյնիսկ համայնավար վարչակարգը Դաշնակցութիւնը կ՛որակէր Հայաստանի ու հայութեան թիւ մէկ թշնամի: Ընդունինք կամ ո՛չ, ակնյայտ պատմական փաստ է, որ գաղափարական այդ պայքարը հարստացուց ազգային արեւելումն ու արմատացուց քաղաքական միտքն ու մտածողութիւնը հայրենի հողին վրայ` ժողովուրդի մէջ վառ պահելով սթափումի տենդը: Այդ պայքարի ընթացքին սփիւռքը աւելի կազմակերպուեցաւ, ու անոր քաղաքական գործօնը աւելի շեշտակի դարձաւ, եւ հայութեան արդար իրաւունքներու ձեռբերման պայքարը իր հարազատ հունը գտաւ:

Ո՞ւր ենք այսօ՛ր: Քայլարշաւը պարզապէս վերածուած է, հեծելարշաւի, դէմքերու «թրաշուիլը» եւ սափրուիլը փոփոխութեան ու նոր դիմագիծով ներկայանալու սին պատգամի, պետական այրերու խոհանոցային աշխատանքի ցուցադրութիւնը` քաղաքակրթութեան նոր չափորոշիչի, ընկերային ուրախ մթնոլորտով կենցաղային ու ապրելակերպային նոր հայու ստեղծումը` «Նոր Հայաստանի» քաղաքացիի պատրաստութեան, ցեղասպանին ու թշնամիին հետ` ծնկած ու գլխիկոր, երկխօսութիւնը` հայրենիքի ու հայութեան անվտանգութիւնն ու երկրի տնտեսական զարգացումը երաշխաւորելու սնափառ գաղափարախօսութեան, Արարատը Արագածով փոխարինելու անբացատրելի ու ամօթալի հնարքը` գործնական հայրենասիրութեամբ, «Արցախը Հայաստա՛ն է եւ վե՛րջ» պոռոտախօս բացագանչութիւնը` Արցախի յանձնուողական համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, կառավարութեան նիստերու թատերականօրէն բեմականացումը, ինչպէս նաեւ` մարդուժի եւ պատասխանատու պաշտօններու վերադասաւորումները` ժողովրդավարութեան ու պետականաշինութեան, ինչպէս նաեւ` համակարգային փոփոխութեան նոր ու շինծու նմուշի: Եւ այս բոլորը ամրագրելու համար այլեւս զարմանք պէտք չէ պատճառէ մեզի, երբ անոնց հեղինակը Ազգային ժողովի ամպիոնէն, արար աշխարհին դիմաց, կը համարձակի Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի լուծարման իր համոզումը բացատրել, որպէսզի վերջնականապէս հրաժարի Արցախէն ու ամբողջական Հայաստանի իտէալէն եւ պարտաճանաչօրէն գործադրած ըլլայ էրտողանի եւ Ալիեւի հայակործան ու հայաստանակործան պահանջները: Վերջերս Արեւմտեան Հայաստանի սահմանումը նաեւ իշխանութիւններուն սկսած է խիստ անհանգստութիւն պատճառել: Ցեղասպանուած ժողովուրդի մը մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու հաշուոյն ի՞նչ վիրաւորանք է այս մտայնութեան արտաբերումը հայ կեանքին մէջ: Արդեօ՞ք Ծիծեռնակաբերդն ալ վաղը պիտի դառնայ ճնշիչ ներկայութիւն ու ստանայ անկանխատեսելի որակում: Վերջը` ի՞նչ…

Այս մթնոլորտին մէջ ու արհեստագիտութեան զէնքերը նաեւ օգտագործելով, ընդդիմութեան որեւէ կեցուածք ի յառաջագունէ մերժելի դարձնելու ու զայն «Նոր Հայաստանի» շահերուն, ժողովուրդի բարօրութեան, երկրի զարգացման ու յառաջընթացին հակադրելով` պիտակաւորումներու լայն շղթայ մը կը կազմուի: Ամէն ինչ այդ աքցանին մէջ առնելով ` իրողութիւնները կերպարանափոխելու հսկայական ճիգ կը ներդրուի:

Ստեղծուած այս կացութեան դիմաց, ժամանակակից արհեստագիտութիւնը, որ այսօր կը կիրարկուի պետութիւններու ռազմական մարտավարութեանց ու գործողութիւններուն մէջ եւ անշուշտ իրենց մեծապետական ու կայսերական նպատակներու իրագործման համար, մեր պարագային իր տարրական մասնաբաժինով տակաւին կարելի չէ եղած ընկալել, երբ շատ լաւ կը գիտակցինք, որ հայու հանճարեղ միտքը եւ կարողութիւնը ոչինչով կը զիջին այլ ազգերու եւ ժողովուրդներու կարողականութենէն: Պարզապէս մենք մխրճուած ենք ինքնամաշումի ոլորապտոյտի մը մէջ, եւ շատ յաճախ արհեստագիտութեան թափթփուկներ են, որ դժբախտաբար կ՛օգտագործուին մեր միջավայրին մէջ, եւ այդ մէկն ալ` միշտ ներքին ամրութիւնը եւ դիմադրողականութեան խորտակելու առումով եւ ո՛չ թէ մեր ազգի ու հայրենիքի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար:

Միջազգային ընտանիքի մօտեցումը նաեւ մեր երկրի ու պետականութեան հանդէպ վիրաւորական է, ու յար եւ նման` խեղճացած ու անգործութեան եւ անկարողութեան մատնուած մարդու հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքին: Բնականաբար այս իրավիճակը կը խոցէ մեր արժանապատուութիւնը, բայց դժբախտաբար չի շարժեր մեր խիղճը: Ափսո՜ս, անմխիթար իրավիճակի ու արագընթաց նահանջի գիտակցական ըմբռնողութիւնը հարկ եղած տարողութեամբ տեսանելի չէ մեր կեանքին մէջ:

Եկէք` ընդունինք, որ ընդդիմութիւնը որեւէ պետութեան համար եւ որեւէ փուլի անհրաժեշտութիւն է: Այլընտրանքային ուղղութիւններու ներկայացումը եւ իշխանութեանց հանդէպ կատարուած քննադատութիւնն ու անոնց դէմ նաե՛ւ այլակարծութեան հանրային կարծիքի ձեւաւորումը քաղաքական կեանքի մէջ աշխուժութեան եւ զգաստութեան հիմնական գործօններ են: Համահայկական հիմնախնդիրներու վերաբերեալ` մանաւա՛նդ ազգային ընդդիմութեան առկայութիւնը չարիքը կրնայ նուազեցնել ու յաւելեալ կորուստներու առաջքը առնել: «Ո՞վ ըսաւը» պէտք է դառնայ կարեւորը, եւ ո՛չ` «ի՞նչ ըսաւը»: Այս է, որ կը սպասուի պետութեան ղեկը ստանձնած ոեւէ անհատէ` հարցերը դիտարկելու իր մօտեցումներուն մէջ, եթէ անշուշտ օժտուած է ազգային ու պետական արժանավայել հմտութեամբ:

Միւս կողմէ` հարկ է նկատի ունենալ այն հանգամանքը, որ ընդդիմութիւնը, իր կարգին, մեկնելով ընդհանուր անհրաժեշտութիւններէ` իր տարազումը ու մարտավարութիւնը մի՛շտ վերանորոգելու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուի: Ընդդիմութիւնը պետական կառոյց չէ, որ ամէն անգամ, երբ գործունէութիւն մը դադրեցնէ եւ նոր ոճ մը որդեգրէ, զայն պէտք է պիտակաւորել ձախողութեամբ: Ընդդիմութիւնը շարժում է, եւ այդ շարժումը կրնայ ունենալ մարտավարական եւ գործելաոճային յարափոփոխ ընթացք եւ, ի պահաջել հարկին, ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու պատրաստակամութիւն եւ կամք: Ան նոյնիսկ վերանորոգումի, վերաթարմացման եւ ինքնասրբագրութեան կամք ու ինքնավստահութիւն պէտք է դրսեւորէ: Ընդդիմութիւնը չի գնահատուիր սոսկ ցոյցերու մասնակիցներու թիւով, ոչ ալ` դէպքերու հակազդեցութեան տարողութեամբ, այլ` իր դաւանած ազգային անշեղ նպատակներով, որոնց իրականացման համար բազմատեսակ գործադաշտեր կան: Այս դիտանկիւնէն մեկնած` ընկալելի պիտի դառնայ ընդդիմութեան համար եւ իր իսկ նպատակներուն հասնելու արդիւնաւէտ ու հեռատես ուղիի որդեգրումին համար իր հասցէին հնչած առողջ քննադատութիւնները: Իր որդեգրած նպատակնեներէն հրաժարումը միա՛յն ընդդիմութեան մը ձախողութիւն կը համարուի եւ ո՛չ ուրիշ բան:

Իշխանափոխութիւնը, իր կարգին, իշխանութիւններու կողմէ կը թարգմանուի ու կը ներկայացուի հիներու վերադարձով, կամ անոնց հրէշային ասպատակութեամբ` «Ուշադի՛ր, հասէ՛ք, գայլը եկաւ» հեքիաթի հարազատ վերարտաբերութեամբ, երբ այլեւս «հովիւի» հերթական սուտերը սկսած են բացայայտ դառնալ ու հեքիաթի անհեթեթութիւնը` ծիծաղելի ու անըմբռնելի: Ընդդիմութեան հաշուոյն հնչած քարոզչական գնահատումները պէտք է նկատի ունենալ իշխանական խաղի ու իշխանութեան ինքնաարտադրումի տարբերակ եւ ոչ` առարկայական լուրջ գնահատում:

Վերջապէս, իրերու այս սահմռկեցնող կացութեան մէջ արդարօրէն իրաւունք ունինք հարց տալու, որ արդեօք մտաւորականութիւնը ըսելիք չունի՞ եւ իր գրիչը յանձնած է անգրագէտներու եւ ինքնակոչ պատմաբաններո՞ւ, որոնք զայն չարաչար կը շահագործեն եւ կեղծ ու մեր ազգային էութեան անյարիր պատմութեան նոր հոլովոյթ մը կը փորձեն պարտադրել:

Մտաւորականութիւնը անզգալաբար իր զէնքերը զիջած է ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած դիմակաւոր գրոհայիններու եւ մեծաւ մասամբ օտարանուն «լայքականներու»: Այդ դիմակահանդէսի հեղինակները կը փորձեն օր ու գիշեր ներկայ կացութեան պահպանումին համար իշխանամէտ հանրային կարծիք ձեւաւորել եւ ապազգայնական ուղեգիծ շեփորահարել: Անոնք կը փորձեն նաեւ ատելութիւնը, ոխը եւ ներքին թշնամանքը աւելի խորացնել` անգիտակցաբար յագուրդ տալով Հայաստանը առանց հայու կամ հայը առանց Հայաստանի երազը փայփայող թշնամիներուն ծաւալապաշտական ու փանթուրանական ախորժակներուն:

Եւ որքա՜ն հարազատ կը հնչեն այսօր Պարոյր Սեւակի այս տողերը`

«Պարն աւարտուել ու խաղն արդէն վերջանում է: Հանեցէ՛ք ձեր դիմակները:
Իմ վիճակը ձեր փոխարէն լրջանում է, որովհետեւ ինձ է տրուած, դժբախտաբար,
Յիշեցնելու ձեզ վերստին ու վերջապէս, որ ուշացած արթնացումը
Կը նմանի մի պայթիւնի՜, որից յետոյ, լռութիւնն ու փոշին պիտի գօտեմարտեն
Չգոյութեան գահի համար…»

Նման խառնիճաղանճ եւ ապատեղեկատուութիւն ստեղծող վարքագիծին դիմաց, հակազդեցութեանց մէջ հարկ է մնալ զգաստ եւ գաղափարներու ու բառերու կշռոյթը պահել իր հարազատ պատուանդանին վրայ ու այդ ճամբով չվարանիլ տալու հատու եւ յստակ պատասխան: Այո՛, հրամցուած նման անմակարդակ եւ անընդունելի մթնոլորտի մէջ այս չափանիշի որդեգրումը դժուար է եւ յանձնառութիւն կ՛ենթադրէ, սակայն ճշմարտութեան պարզաբանումը եւ զայն պայծառութեամբ ու յստկատեսութեամբ փոխանցելը անհրաժեշտ են ժողովուրդի մէջ դիպաշարները հարազատօրէն ըմբռնելու տրամաբանութիւնը վեր բարձրացնելու այդ հայրենավնաս ժխորէն եւ վարկաբեկիչ կացութենէն:

Պէտք է ըլլալ անկեղծ եւ ընդունիլ, որ սփիւռքը այսօր հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն նկատմամբ եւ, աւելի՛ն, համահայկայան հրատապ օրակարգերու վերաբերեալ հարկ եղած աշխուժութիւնը չի ցուցաբերէր, եւ կարծէք իշխանութիւններու ուզածն ալ այս է: Շատ յաճախ ֆէյսպուքեան մակարդակի վրայ, գրառումներու սեղմ պարունակին մէջ կը սահմանափակուի անոր հետաքրքրութեան ոլորտը, ինչ որ անբաւարար է թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ ընդդիմութեան տեսակէտներուն իրազեկ դառնալու համար: Սփիւռքի այս թեման անշուշտ հայ քաղաքական մտքին համար կարեւոր օրակարգ է, եւ անոր քննարկումը կը կարօտի փակագիծները լայն բանալու համարձակութիւն, անկեղծութիւն եւ իրապաշտ մօտեցումի ցուցաբերում, երբ մանաւանդ նկատի ունենանք սփիւռքի հայութեան համրանքն ու անոր հսկայական ներուժը եւ այս բոլորի դիմաց` իշխանութիւններու կողմէ «ներկայ Հայաստան` իր ներկայ սահմաններով» իբրեւ վախճանական հայրենիք ներկայացնելու ու իրաւականացնելու հասկացողութեանց վտանգաւոր ըմբռնողութիւնը:

Սփիւռքի վերասահմանումը, անոր քաղաքական գործօնի բիւրեղացումը, ինքնաճանաչողութիւնը, վերջապէս` հայրենիքի հանդէպ իր պարտաւորութիւններու եւ քաղաքական ու այլ գործընթացներու ընդհանուր հոլովոյթին մէջ անոր լիիրաւ մասնակցութիւնը եւ դիտորդական կարգավիճակէն դուրս գալը հրամայական անհրաժեշտութիւններ են: Ժամանակն է, որ այլեւս սփիւռքը շնորհուած խաբուսիկ ու խորհրդանշական «պատուոյ» պաշտօններէն, ժամանակակորուստ խորհրդաժողովներու մասնակցութենէն, շքանշաններու ակնկալումէն անդին` տեսնէ իր մասնակցութեան արժեչափերը եւ կշիռը ու ըստ այնմ ինք ճշդէ իր ռազմավարութիւնը: Հայրենիքի իղձերուն եւ տագնապներուն հետ միախառնուիլը եւ անոր նկատմամբ յանձնառութեան դրսեւորումը կենսական են, սփիւռքահայուն համար: Հայրենիքը զբօսաշրջութեան վայր չէ միայն, ուր այցելելով ու անոր գեղատեսիլ վայրերուն եւ մայրաքաղաքի կեդրոնական հրապարակներու շքեղութեամբ հմայուելով ու հպարտանալով` մեր հայրենասիրութեամբ շոյուած զգանք ու բաւարարութիւն գտնենք:

Անշուշտ այս բոլորի կողքին պէտք է ընդունիլ, որ սփիւռքի կեանքի տարբեր բնագաւառներու կազմակերպումն ու սփիւռքահայութեան կարողականութեան առաւելագոյն ներդրումը հայ կեանքին մէջ անցեալի ընկալուած մեթոտաբանութեամբ եւ հասկացողութեամբ կարելի չէ առաջ տանիլ: Սփիւռքը նոր անկիւնադարձ մը կատարելու պատմական պահու մը ստեղծման պարտաւորութեան տակ կը գտնուին եւ այդ մէկը կը կարօտի նախապաշարումներէ, ներքին գոյութենական վախի զգացումէ (նաեւ` իր թապու դարձած ու տակաւ կծկուող պատիանէն) դուրս գալու եւ բախելու այսօրուան չոր, բայց իրապաշտ իրականութեան:

Պահն է ազգովին բարձրանալու վեր: Այո՛, առաջին հերթին` մեր գրականութիւնն ու պատմութիւնը վերադարձնելու իր պատուանդանին, մեր ներկայի խօսոյթը դարձնելու էապէս ազգային ու գաղափարական, քաղաքականութիւնը դուրս բերելու ներկայիս իրեն պարտադրուած սպառողական ու շուկայական ապրանքատեսակի իր այսօրուան ստացած վարկանիշէն ու ներքին ապառողջ իր վիճակէն, եւ այս բոլորը` մեր մէջքը շտկելու ու նաեւ մեր մէջ վերագտնելու հայատրոփ կեանք ստեղծելու ներքին ուժ:

Աշխարհաքաղաքական գործընթացները` ծաւալապաշտական մեծապետական եւ կայսերական նկրտումները, Հայաստանը վերածած են բախումներու բարդ ու բազմաթիւ հանգոյցներով խաչմերուկի: Այս ճակատագրորոշ փուլը շրջանացնելու համար ազգային քաղաքականութեան, առողջ մարտավարութեան եւ դիւանագիտութեան ու հայրենիքի անվտանգութիւնը երաշխաւորող համակարգին վերակառուցման հրամայական անհրաժեշտութիւններու դիմաց կը գտնուինք: Այս բոլորի իրականացման համար նախապայման է անշուշտ հայ մարդու հայադրոշմ, զգաստ եւ յատկապէս հայրենանուէր կերտուածքն ու աշխատանքը եւ, ի պահանջել հարկին, պայքարի ներքին ամէնօրեայ ապրումը: Արտաքին եւ ներքին հողմերուն դիմաց պէտք է հայ անհատը նախ ինք իր մէջ աճեցնէ դիմադրողականութիւն ու անընկճելի ոգի: Այս հանգամանքը նախապայման է գէթ սկսելու համար պարտութեան անիւը հակառակ կողմ դարձնելու եւ վերափոխման յոյսը տեսնելու համար:

Պահն է հայ անհատին մէջ ազգային անխոցելի արժանապատուութեան բիւրեղացման, հայը հայէն օտարացնելու եւ պառակտումի թունաւոր ախտավարակ իրականութենէն ձերբազատման եւ ծով համբերութեամբ ու վճռակամութեամբ առաջնորդուելու` յաղթանակի յոյսը անխորտակ պահած: Մենք ազգովին հաշիւ ունինք տալիք հերոսածին մայրերուն, Արցախի ժողովուրդին եւ մեր ներկայ պատմութեան դիմաց: Կտրուինք ընդհանուր ժխորէն եւ պատկերացնենք, որ տակաւին երէկ հինգ հազար մատղաշ երիտասարդներ զոհասեղանին վրայ դրուած են, հազարաւորներ դարձած են հաշմանդամ ու անկարող, եւ հայրենիքի հսկայական տարածքներ կորսնցուցած ենք ու այս բոլոր աննախընթաց դժբախտութանց ու աղէտին դիմաց, բաց աչքերով տեսնենք մեր պետութեան եւ ժողովուրդին պարզած անմխիթար իրավիճակը: Ասկէ աւելի ծանր, խայտառակ ու վարկաբեկուած ի՛նչ կացութիւն կրնանք պատկերացնել, որ այլեւս ԶԳԱՍՏԱՆԱՆՔ: Վարչակարգերը, իշխանութիւնները եւ նոյնի՛սկ ժողովուրդը պատմութեան դատաստանին դիմաց ուշ կամ կանուխ իրենց գնահատականը կը ստանան, բայց այս պարագային, այդ օրուան սպասելը բաւական ուշ պիտի ըլլայ, երբ կը գտնուինք Հայոց պատմութեան ամենաթէժ ու ճակատագրորոշ փուլին դէմ յանդիման` լինել կամ չլինելու վտանգաւոր ու օրհասական կացութեան մէջ:

Մեր լինելութիւնը փրկելու համար պարտաւոր ենք բարձրանալու վեր այս տիղմէն, որուն մէջ սկսած է մխրճուիլ ազգը ամբողջ: Ե՛ւ «հին» ե՛ւ «նոր», նաեւ «իրական Հայաստան», հասկացողութիւններ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ հայ կեանքին մէջ: Փոխարէնը, կա՛յ յաւերժական հայրենիքի` դարերէն եկող ու դէպի նոր ժամանակներ ընթացող բացարձակ, վաւերական ու անփոխարինելի ճշմարտութիւն, որուն շուրջ պէտք է համախմբել ազգը ամբողջ: Հայաստանի սահմաններու անսասանութիւնը, անվտանգութիւնը եւ բռնազաւթուած տարածքներու վերադարձը պէտք է կազմեն այդ համախմբումի համահայկական հարթակը: Մնացեալ տեսութիւնները մեր իրականութեան մէջ չեն կրնար տեղ ունենալ:

Աշխատանքի եւ պայքարի դաշտը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է տագնապող ու արարող հայ անհատի հոգեկերտուածքին մէջ: Այս պատմական ու անհերքելի փաստը դարերու ընթացքին ինքզինք կենսաւորած է, եւ հայութիւնը յաջողած է մեծ թէ փոքր, նոյնիսկ մահացու ու բնաջնջումի հարուածներէն ետք վերականգնումի ու վերապրումի հարազատ ուղին գտնել:

Բարձրանանք վեր ու վերակերտենք մենք զմեզ ու ապա` ամէն բան: Վստահաբար կրնա՛նք: Պատրաւոր ենք վերակերտելու: Ուրիշ ճշմարիտ հայկական ու ազգային ճանապարհ չունինք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles