ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Նոյեմբերի 23-ին, Ռոնըլտ Ռէյկընի անուան նախագահական գրադարան-թանգարանին մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբի շրջանային եւ նահանգային ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի համակարգին կից գործող շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, քննարկեցին յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւններն ու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները՝ 2024-ի ընտրութիւններէն ետք։
Մասնաւորապէս ուշադրութեան առարկայ էին Սպիտակ տան վարչակազմի եւ քոնկրէսականներու հետ աշխատանքի առաջնահերթ ուղղութիւնները, յատկապէս այն ներկայացուցիչներու հետ, ովքեր ընտրութիւններու ընթացքին վայելած էին Հայ Դատի սատարումը։ Նշենք, թէ այդ թեկնածուներու շուրջ իննիսուն տոկոսը ընտրապայքարը աւարտած է յաջողութեամբ։
Խորհրդաժողովի բացման խօսքին մէջ, Հայ Դատի յանձնախմբի նախագահ Ռաֆֆի Համբարեան մասնաւորապէս շեշտեց. «Մենք հաւաքուած ենք՝ որպէս հայ ազգի երկրորդ բանակ, յենուելով մեր հաւաքական ուժերուն եւ ռազմավարական պատկերացումներուն վրայ, որպէսզի ընթանանք դէպի այն դժուարին մարտահրաւէրներն ու իրագործելի հնարաւորութիւնները, որոնք կը տեսնենք Ուաշինկթընի մէջ։ Հայ Դատի ղեկավարները Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին մէջ կը ներկայացնեն մեր ամենալաւերը: Անոնք ունին համարձակ տեսլական, խոր նուիրուածութիւն, քաղաքական փիլիսոփայութիւն եւ իրական աշխարհի քաղաքական հմտութիւններ, որոնք կարեւոր են Ուաշինկթընի մէջ, որոշումներ կայացնողներու վրայ ազդելու համար: Այն փաստը, որ Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավարներուն բոլոր յիսուն նահանգներու մէջ կ՛աջակցին հզօր համայնքային կառոյցներ, անոնց աւելի ուժեղ կը դարձնեն»։
Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի կողմէ ներկայացուեցաւ կազմակերպութեան ռազմավարական առաջնահերթութիւնները գալիք վարչակազմի եւ Քոնկրէսի յաջորդ նստաշրջանի համար: Անոնք կը ներառեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ վերսկսած հակահայկական բռնութիւններու զսպումը, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացումը, ապօրինի կալանաւորուած հայ ռազմագերիներու եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակումը, հայ փախստականներուն մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը, Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցների կիրառումը եւ Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտման ցեղասպանական գործողութիւններու համար Ալիեւի վարչակարգին պատասխանատուութեան ենթարկումը։ Մասնաւորապէս, կարեւորուեցաւ «Ազատութեան աջակցութիւն» որոշուած օրէնքի 907-րդ յօդուածի կիրարկման ապահովումը, Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութեան բացառումը, ազերի պատերազմական յանցագործներու նկատմամբ համաշխարհային պատժամիջոցներու կիրառումը, Ատրպէյճանի կողմէն իրագործուած պատերազմական յանցագործութիւնների ամերիկեան հետաքննութիւնը, Հայաստանին տրամադրուող մարդասիրական բնոյթի օժանդակութեան բարձրացումը, Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ահաւոր կացութեան վերաբերեալ ամերիկեան պատշաճ արձագանգի ապահովումը եւ այլն։
Հայ Դատի համակարգին մէջ գործող՝ Հայկական իրաւական կեդրոնի ներկայացուցիչները իրենց զեկոյցներում հանգամանօրէն ներկայացուցին անվտանգ եւ արժանապատիւ կերպով արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրացման ուղղութեամբ անհրաժեշտ աշխատանքները։
Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ հայկական շահերու պաշտպանութեան գործընթացին մէջ, զանգուածային լրատուութեան արդի գործիքներու լայն կիրառման վերաբերող հարցեր։
Հրապարակային զեկոյցներերէն ետք, խորհրդաժողովի աշխատանքները շարունակուեցան ժմբային դրութեամբ եւ փակ ձեւաչափով՝ յանձնախումբի գործունէութեան ռազմավարական ուղեգծի ամբողջացման համար։