Կիրակի, Նոյեմբեր 24-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան աւանդական տօնախմբութիւնը, որ նուիրուած էր բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի ծառայութեան 40ամեակին Թեմէս ներս։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաւօտուն Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Սուրբ Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւնը Terrace on the Park համալիրին մէջ։ Թեմի տարբեր շրջաններէն ժամանած եկեղեցականներ, համայնքային ղեկավարներ եւ ծխականներ, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզի համայնքներուն կողքին, եկած էին իրենց երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը յայտնելու բարեջան Առաջնորդին երկարամեայ վաստակին ու ծառայութեան համար։
Յայտագրի ընթացքին Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը ընթերցեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, եւ Կրօնական Ժողովի փոխ-ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, խօսք առին ի գնահատում Սրբազան Հօր ծառայութեան։ Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ այս առթիւ պատրաստուած յատուկ տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը, իսկ աւարտին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութեան ու գնահատանքի սրտի խօսքը արտասանեց։ Մանրամասնութիւնները՝ Յաջորդիւ։