Երախտագիտութեան Շնորհը («Գոհաբանութեան Օր»-ուան Առթիւ)

0 0
Read Time:3 Minute, 33 Second

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Գոհաբանութեան Օր-ը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն ամենէն ժողովրդական տօներէն մէկն է: Այս տօնին ծագումը ետեւ կ’երթայ 17-րդ դարու առաջին քառորդին երբ անգլիացի խումբ մը մարդիկ խղճի եւ կրօնական ազատութեան ի խնդիր՝ Ամերիկայի արեւելեան ափերը հաստատուեցան: Հաւատքի այս ազատամարտիկները «Պանդուխտ» կոչուեցան, որովհետեւ իրենց բնիկ հայրենիքը ձգելով բոլորովին անծանօթ երկրի մը մէջ իրենց բնակութիւնը կը հաստատէին: Անոնք թիւով միայն 102 հոգի էին երբ 1620-ի Օգոստոս ամսուն Մէյֆլաուր անուն նաւով ճամբայ ելան: Իրենց նաւային ճամբորդութիւնը տեւեց լման 67 օրեր երբեմնի ալեկոծ Ատլանտեան ովկեանոսի մէջ: Եւ վերջապէս հասան Մասէչուսէց նահանգի Փլիմըթ կոչուած փոքր գիւղաքաղաքը:

            Սաստկաշունչ եւ տառապալի ձմեռ մը անցնելէ ետք, Պանդուխտներու 102 թիւին գրեթէ կէսը մահացաւ եւ մնացած անձերը չափազանց տագնապալի օրեր ապրեցան: Բայց ի հեճուկս իրենց դիմակալած դժուարութիւններուն իրենց հաւատքը չկորսնցուցին, այլ այդ դժնդակ պայմաններու մէջ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին գոհաբանական արարողութեամբ մը՝ ստեղծելով նախընթացը ապագայ «Գոհաբանութեան Օր»ուան:

            Շնորհապարտութեան զգացումի այդ արտայայտութիւնը աւելի քան 165 տարի պահելէ ետք աւանդական իր բնոյթը, 1789–ին նուիրագործուեցաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի կողմէ՝ հետզհետէ ծաւալելով նահանգէ նահանգ, ի վերջոյ 1941-ի Դեկտեմբեր ամսուան մէջ ամերիկեան քոնկրէսը վերջնականապէս որոշեց Նոյեմբեր ամսուան չորրորդ հինգշաբթին տօնել «Գոհաբանութեան Օր»-ը որպէս ազգային տօն:

            Պանդխտութեան, զրկանքի եւ տարբեր անձկութիւններու մէջէն անցնող այդ առաջին սերունդը՝ 1621 թուականին իր գոհաբանական արարողութեամբ բան մը կը փոխանցեր յետնորդ սերունդներուն, ինչ որ Պօղոս Առաքեալ դարեր առաջ կը պատգամեր Եփեսացի Եկեղեցիին, «Ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնեցէք Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (Եփես. 5.20):

            Դժբախտաբար, սակայն, շատ մը ամերիկացիներու համար «Գոհաբանութեան Օր»ը ընտանեկան համախումբի եւ կերուխումի օր մըն է: Շատեր մոռցած են եւ կամ չեն գիտեր այս տօնին նշանակութիւնը, պատմական ծագումն ու բարոյական իմաստը:

            Պանդուխտ Հայրերը տառապանքի ու զրկանքի օրերու մէջ իսկ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Աստուծոյ իրենց կեանքին եւ վայելած բազմաթիւ տեսանելի եւ անտեսանելի շնորհքներուն համար: Անոնք Աստուծոյ փառք տուին եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին, որ սաստիկ ձմեռ մը անցնելէ ետք իրենց կեանք շնորհեց  օտար այդ ափերուն մէջ ազատօրէն ապրելու եւ զԱստուած փառաբանելու Իր պարգեւած շնորհներուն համար:

            Երախտագիտութեան զգացումը երկնատուր մեծագոյն շնորհներէն մէկն է: Իսկ ապերախտութիւնը ստորնացուցիչ ահաւոր մեղք մըն է:

            Իրօք, ապերախտութիւնը արմատն է մեղսագործութեան: Ցաւալի երեւոյթ է երբ մարդիկ մոռնան իրենց վայելած պարգեւներն ու բարիքները եւ դառնան երախտամոռ եւ ապերախտ: Ապերախտ մարդիկ հակամիտութիւնը ունին ըլլալու ամբարտաւան եւ ժլատ:

            Դարեր առաջ Մակեդոնացի աշխարհակալ Ֆիլիբ՝ մեծապէս զայրացած իր զինուորներէն մէկուն ապերախտութենէն, անոր ճակտին խարանել տուաւ «Ապերախտ մարդ» բառերը:

            Արդարութիւնը քանի՜, քանի՜ ճակատներու պիտի դրոշմեր այս երկու բառերը, որոնք աստուածատուր շնորհներ վայելած են, եւ կը շարունակեն վայելել, բայց երախտապարտ չեն: Կամ քանի՜, քանի՜ մարդոց ճակատները պէտք է խարանուէին նոյն բառերով, որոնք իրենց ընկեր բարերարներէն նպաստներ ստացած են, բայց ապերախտ են:

            Եբրայեցի մեծ մարգարէն, Եսայի, արդարօրէն իր ապերախտ ազգակիցները կը կշտամբէ երբ Աստուծոյ բեռնով կ’ըսէ.- «Զաւակներ մեծցուցի եւ անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան… եզը իր տէրը կը ճանչնայ եւ էշը իր տիրոջ մսուրը, սակայն Իսրայել զիս չի ճանչնար, իմ ժողովուրդը զիս չ’իմանար» (Ես. 1.3):

            Մտածել, թէ անբան անասունն անգամ իրեն մատուցուած բարիքին համար գիտակից եւ երախտապարտ է, բայց մարդ արարածը իր Երկնաւոր Հօր հանդէպ ապերախտ ըլլայ:

            Պանդուխտ Հայրերը կը յիշեցնեն մեզի, թէ երախտագիտութիւնը կախեալ չէ կեանքի արտաքին պայմաններէն, այլ ան ներքին առողջ հոգեվիճակի մը արգասիքն է: Գոհաբանութիւնն ու շնորհակալութեան զգացումը աղերս չունին մէկու մը ունեցած շօշափելի հարստութեան կամ բարօրութեան հետ:

            Գոհունակ անձը չի նայիր իր չունեցածին եւ աւաղեր իր զրկանքները, այլ կը նայի այն բաներուն որ ունի, որքան ալ քիչ ըլլան անոնք: Իրեն համար ժողովրդական ասացուածքը՝ «հացիկ, ջրիկ, կեանք երջանիկ» մեծ իմաստ ունի:

            Երախտագէտ սրտի մարդը կեանքի համեստ պայմաններուն մէջ իսկ կրնայ հայ երգիչին պէս երգել, «Մի փոքրիկ տուն առուի ափին թագաւորի թախտ է ինծի, մի կտոր հաց թոնրի շրթին իշխանական ճաշ է ինծի»:

            Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ամէն անհատ բազմաթիւ օրհնութիւններ կը վայելէ գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար: Այդ պարգեւներէն շատեր աստուածատուր պարգեւներ են, իսկ ոմանք մարդոց կողմէ տրուած: Ամէն մարդ հաւասարապէս կը վայելէ օդը, ջուրը, արեւը, բնութիւնն ու անոր գեղեցկութիւնները, որոնք երկնատուր շնորհներ են: Կեանքը իր ամբողջութեամբ Աստուծոյ պարգեւն է:

            Բաց աստի, ամէն օր բազմաթիւ օրհնութիւններ, բարիքներ եւ շնորհներ կը վայելենք ֆիզիքական, մտաւոր եւ հոգեւոր մարզերու մէջ, որոնք այլ մարդոց բերած նպաստն են մեզի եւ մեր նմաններուն: Այս ամենուն համար երախտապարտ ըլլալու ենք:

            Սակայն, երախտագիտական զգացումը բաւական չէ, կարեւոր է մեր գնահատանքը, շնորհակալութիւնը արտայայտենք:Չ’արտայայտուած գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը անիմաստ կը դառնայ մեր շրջապատին: Բարեհաճ իղձեր, զգացումներ եւ խորհուրդներ օգուտ չունին: Զգացումներ եւ մտածումներ  իմաստալի կը դառնան երբ կը վերածուին արտայայտութիւններու եւ հուսկ գործնական տեսանելի եւ շօշափելի արարքներու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles