Իւրայատուկ է Մասաչուսէցի Ռաքփորթ քաղաքի հռչակաւոր «Շալին Լիու» սրահը, ուր ներկայ ունկնդիրը, կատարուող հանդիսութեան կամ համերգին կողքին, նաեւ կ՛ըմբոշխնէ Ատլանտեան ծովափը։ Շատ աւելի իւրայատուկ եւ եզակի էր Կիրակի, Նոյեմբեր 3-ին նեորկայացուած համոյթը։
Արդարեւ, գաղութէն ներս հանրայայտ դաշնակահար Մարինա Մարգարեան ներկայացուց իր յօրինումները, մասնակցութեամբ այլ ծանօթ երաժիշտներու։
Օրուան հանդիսավարն էր Ժոսլին Մալխասեան, որ հմտօրէն կատարեց իր պարտականութիւնը, շարունակ տեղին մեկնաբանութիւններ կատարելով։ Կազմակերպող յանձնախումբին անունով, խօսք առաւ Մարալ Տէր Թորոսեանը, որ շեշտեց, թէ նմանօրինակ ձեռնարկներ առիթ կ՛ընծայեն, որ կարելի ըլլայ, թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ նիւթապէս օժանդակել Արցախի համար պատերազմած եւ վիրաւորուած զինուորներուն։
Գրեթէ 90 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող այս նուագահանդէսին, Մարինա Մարգարեան նուագեց իր ստեղծագործութիւնները, որոնք տարբեր երանգներով ներգրաւեցին հանդիսատեսները։
Մերթ հանդարտ, խոր ու տխուր եւ մերթ արագ կշռոյթներով գործեր մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին։
Մարգարեան «Թարանթելա»-ով տուաւ մեկնարկը, որուն յաջորդեց «Մութ Գիշեր»-ը, ընկերակցութեամբ Ասատուր Պալճեանի (պարիթոն)։ Մարգարեան եւ Պալճեան երգեցին ու նուագեցին, նաեւ Երեւանի մասին երկու երգեր, որոնցմէ մէկը՝ բանաստեղծ Աւիկ Տերենցի կը պատկանէր։ Տպաւորիչ եւ յուզիչ էր նաեւ վերջերս մահացած հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ եւ յատկապէս գրադարանագէտ Ժիրայր Դանիէլեանի մէկ գործին՝ «Գիտեմ սիրելիս» ներկայացումը։
Իսկապէս «թախծոտ» էր «Նոսթալժիա» գործը, որ նուագեց Մարինայի եղբայրը՝ Գեղամ Մարգարեան։
Յատուկ Երեւանէն ժամանած Յասմիկ Յարութիւնեան (սոփրանօ) հմայեց ներկաները գեղգեղելով քանի մը գործեր, որոնց կարգին «Արծաթեայ աստղեր», «Օրհնեալ Մայր» եւ «Մայրիկ»։ Այս վերջինը մասնակցութեամբ փոքրիկն Քարինա Քարեանի։
Նոյնքան տպաւորիչ էին Արմենուհի Յովակիմեանի (ջութակ) եւ Սոֆի Փօլի (թաւջութակ) հետ ներկայացուած գործերը, որոնց կարգին՝ «Անսահման սէր», «Երջանիկ» եւ ․․․ «Արցախ»։
Աւարտին, օրուան արուեստագէտները միասնաբար բեմ բարձրացան եւ կրկին երգեցին ու նուագեցին Մարգարեանի «Իմ Երեւան»-ը։
Կազմակերպող յանձնախումբին անունով, Մարալ Տէր Թորոսեան ներկաներուն տեղեկացուց, թէ կարելի եղած է յառաջացնել քսան հազար տոլարի շուրջ գումար մը, որ ձեռամբ պիտի յանձնուի հաշմանդամ զինուորներու։
Հուսկ, բեմ բարձրացաւ Պելմոնթի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Ղազար ծ. վարդապետ Պետրոսեան, որ Արհիապատիւ Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց արուեստագէտները։ Իր կարգին, վարդապետ Պետրոսեան, ընկերակցութեամբ Մարինա Մարգարեանի, անակնկալի բերաւ ներկաները, տպաւորիչ կերպով, երգելով Ալեքսէյ Հեքիմեանի հանրածանօթ «Բարի Արագիլ»-ը։
Ներկայ Մը