ՄԻԱԿԱՆԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

1 0
Read Time:3 Minute, 0 Second


«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Այն պահուն, երբ Միջին Արեւելքի կաթսան ահաւոր եռք կ’ապրի, մէկ կողմէ՝ Կազայի մօտաւորապէս մէկ տարուան պատերազմին հետեւանքով, միւս կողմէ՝ Իսրայէլ-Լիբանան ճակատին վրայ բախումներու եւ հռթիռներու փոխանակման սաստկացումով ու ցամաքային թափանցումով, իսկ զուգահեռ գիծի մը վրայ, Իսրայէլ-Իրան ուղղակի ճակատումներու բացումով եւ Ուքրայինայի անաւարտ պատերազմով, ահաւասիկ այս վտանգաւոր զարգացումներուն ստեղծած մտահոգութիւններուն «լուսանցքին» վրայ, Հոկտեմբերի առաջին օրերուն, Պաքուի մէջ նախատեսուած՝ կենսոլորտի պաշտպանութեան նուիրուած ու Մ․Ա․Կ․-ի կազմակերպած խամաճիկ եւ ընդվզեցուցիչ COP29 ժողովէն շաբաթներ առաջ, Ատրպէյճանի դատական ատեանը հաստատեց, որ Արցախի բանտարկուած ղեկավարներուն հասցէին նոր ամբաստանութիւններ կան։ Անոնց կալանաւորման տարեդարձի նուէ՞ր մը արդեօք…
Ամիս մը առաջ, պատանդները մեղադրուած էին, թէ՝ ապօրինի զինեալ խմբաւորումներ կազմաւորած ու մարզած են եւ ահաբեկչութիւն կատարած։ Իսկ ամիս մը ետք, ահա դարձեալ շինծու մեղադրանք մը, թէ բանտարկուած ղեկավարները… պատմամշակութային յուշարձաններ ոչնչացուցած են։
Այս լուրը իմացողը, առանց շունչ առնելու՝ անմիջապէս պիտի ըսէր․ «Տե՛ս, թէ ո՞վ է խօսողը»:
Այո՛, Look who’s talking! Շէյքփիրեան լեզուով աւելի հարազատ կը հնչէ այս կարճ ու կտրուկ հակազդեցութիւնը։
Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ – Ղազանչեցոց – եկեղեցին մզկիթի վերածուած է։ Այդ գեղեցիկ սրբատեղիէն ոչ շատ հեռու, իր իւրայատուկ կառոյցով Կանաչ Ժամ կամ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին ոչնչացուած է։ Դադի վանքը աղուանական կը հռչակուի…
Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին հիմնայատակ եղած եւ անոր տեղը մզկիթ կը կառուցուի:
Հատրութի եւ այլ շրջաններու մէջ, հաստատ փաստերը ցոյց կու տան, թէ բազմաթիւ եկեղեցիներ, մատուռներ, խաչքարեր, յուշարձաններ եւ նոյնիսկ գերեզմաններ ո՛չ միայն քանդուած են, այլ հիմնայատակ եղած են ու ջնջուած՝ երկրի երեսէն են։ Կը սրբուին հերոս նահատակները ոգեկոչող կառոյցներ:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ Գանձասարի, Ամարասի եւ այլ սրբատեղիներու ճակատագիրը։
Ափսո՛ս, ափսո՛ս եւ հազար ափսո՛ս։
Դեռ կայ աւելին, շաբաթներ առաջ, արցախահայութեան կոթողական կառոյցն ալ՝ «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» կամ «Տատիկ-Պապիկ» դիմափոխման եւ փաստացի սրբապղծման ենթարկուեցաւ։
Ուրեմն այս բոլոր պատմամշակութային յուշարձանները ոչնչացնողները, փոխանակ միջազգային դատարան ներկայանալու, կ՛ամբաստանեն բանտարկուած Արցախի ութ ղեկավարները` նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանն ու նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, իբրեւ մշակութային կոթողներ քանդողներ…: Դատավարութիւն ալ պիտի ըլլայ միականի, ԱՆ-արդար դատարանի մը մէջ: Եթէ դարձեալ դիմենք Շէյքսփիրի լեզուին, զայն պիտի կոչենք «ագեվազի դատարան» (kangaroo court), ու կը նշանակէ ագեվազի նման ցատկել ճշմարտութիւններու եւ այսպէս կոչուած՝ ամբաստանեալներու իրաւունքներուն վրայէն:
Ձեւական է ամէն բան, եւ այդ ալ՝ ինչպէ՜ս։ Միակողմանի դատավարութիւն մը պիտի ըլլայ, ուր ոչ մէկ միջազգային չափանիշ ի զօրու պիտի ըլլայ։
Անտառի օրէնքներն է, որ կը կիրակուին։
Որքա՜ն բոպիկցած ու խեղճացած ենք։ Մեր «ազգընտիր վարչապետ»-ը, Մ․Ա․Կ․-ի բեմահարթակէն ո՛չ մէկ խօսք արտասանեց մեր գերիներուն, պատանդներուն, Արցախի եւ Հայաստանի գրաւեալ շրջաններուն մասին։ ԱՐՑԱԽ բառն իսկ չգործածեց։ Նշաձողը այնքա՛ն մը իջեցուցած է, որ… գետնին տակ անցած է, ա՛լ գոյութիւն չունի։ Դժբախտաբար, նոյնն էր պատկերը այդ բեմահարթակին վրայ, Երեւանի մէջ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած համաշխարհային հայկական գագաթաժողովին, ուր ամէն երկրորդական եւ գերերազային հարցերու մասին խօսուեցաւ, բացի ԱՐՑԱԽ-էն։
Ըստ երեւոյթին, իր իսկ բնութագրած՝ «Տնային Խօսակցութիւններ»-ուն հետ երբեք կապ չունին ԱՐՑԱԽՆ ՈՒ ԱՆՏՈՒՆ ԱՐՑԱԽՑԻՆ։
Պաքուի մէջ, աղաղակող կերպով եւ ամէնայն կոպիտ ձեւով՝ ափ աշքարա խախտած են մարդու իրաւունքները։ Այդպէ՛ս կը վկայեն նաեւ միջազգային շրջանակներ: Թուրքիոյ «գորշ գալեր»-ն ալ հոս-հոն կը յիշեցնեն իրենց ներկայութիւնը, իսկ Երեւանի վարիչները ուրիշ կողմ կը նային, հոն՝ ուր իրենց ցոյց կը տրուի Պաքուէն, Անգարայէն ու անոնց հովանաւորներէն:
Ո՛չ ոք արդարութիւն եւ հաշիւ կը պահանջէ Ատրպէյճանէն:
․․․Եւ այս բոլորը, Պաքուի մէջ կայանալիք COP29-ի սեմին, երբ Հայաստանի շրջակայ գօտին ալ կը գտնուի Միջին Արեւելքը եռքի հասցուցած կաթսային դրացնութեան մէջ։ Դաժան իրականութիւններ՝ որոնք մեր ժողովուրդը, ամբողջ ազգը կը դնեն հայրենիքի շահերուն պաշտպան իշխանութիւն մը երկրի ղեկին նստեցնելու հրամայականին դիմաց:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles