ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 23, 1993
Համայնավար բռնատիրութեան ու պատմաշինութեան ¥բառը Վրացեանինն է¤ եօթանասուն տարիներու ծախսած նիւթաբարոյական հսկայական միջոցները չկրցան հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութենէն ջնջել անկախութեան գաղափարը, որ կեանքի վերածուած էր 1918¬ի Մայիսի 28¬ին։ Խորհրդային բռնատիրութիւնը չկրցաւ կոտրել Մայիսի 28¬ի աւանդներուն վերստին տիրութիւն ընելու, զանոնք վերահաստատելու համաժողովրդական կամքը։
Երկու տարի առաջ, 1991¬ի Սեպտեմբեր 21¬ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն, իր արդիւնքով, վերի հաստատումին ամենէն ցայտուն փաստն է։ Հետեւաբար, Սեպտեմբեր 21¬ի հանրաքուէն, իր գրեթէ միաձայն «ԱՅՈ»¬ով, հայ ժողովուրդի նուաճած քաղաքական յաղթանակի խորհրդանիշներէն մէկն է, որովհետեւ վերահաստատումն է այն մի՛ւս յաղթանակին, արիւնով ձեռք բերուած, որուն շնորհիւ ձեւ ու կերպարանք առաւ Հայոց Պետութիւնը, Հայուն յաւերժական հայրենիքին մէջ, 1918¬ին։
Այսպէս, Սեպտեմբեր 21¬ին կը վերահաստատուէր պատմական արդարութիւն մը։ Ի պատիւ Հայաստանի ներկայ Գերագոյն Խորհուրդին պէտք է հաստատել, որ ան կրցաւ ըմբռնել պատմական նշանակութիւնը Մայիսի 28¬ին, զայն Անկախութեան Օր հռչակելով։ Նոյն Գերագոյն Խորհուրդը, իր քննարկումներու ընթացքին Սեպտեմբերի 21¬ը նկատի առած էր իբրեւ Հանրապետութեան Օր, առանց սակայն քուէարկութեամբ մը վերջնական ու պատշաճ հանգամանք մը տալու այդ օրուան։ Ճիշդ է, Գ. Խորհուրդի որոշումին շնորհիւ փարատած է արուեստական շփոթը, թէ ո՛րն է մեր անկախութեան օրը. այսուհանդերձ, կը խորհինք, որ «արձակուրդի օր» բացատրութիւնը չի տար այն պատշաճ հնչեղութիւնը, զոր կը ներկայացնէ Սեպտեմբերի 21¬ը։
Այսուհանդերձ, վերջին տարիներուն, մեր ժողովուրդը փաստը տուաւ, որ գիտէ շարժիլ օրուան հրամայականի առաջադրանքներով։ Այսինքն, եթէ պատմութեան տրամաբանութիւնը կը թելադրէ քուէատուփերուն դիմել, ներկա՛յ է մեր ժողովուրդը։ Իսկ եթէ նոյն տրամաբանութիւնը կը թելադրէ արեան գնով պաշտպանուիլ, մեր ներկայ փաստն ալ կու տայ Արցախի մէջ։ Ի հեճուկս բոլոր տեսակի բռնատիրութիւններու։