«ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:53 Second

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Ազգային Առաջնորդարանի «Մեծ ընտանիք» ամառնային ճամբարը, որ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի (Հայաստան) մէջ, զբօսանքի եւ Աստուծոյ հետ մերձեցումի առիթ մըն էր 112 պատանիներուն համար, որոնք Յուլիս 20-27-ին եւ  Յուլիս 27-էն  Օգոստոս 4-ին մասնակցեցան անոր երկու փուլերուն։

Երեխաներուն օրերը հոգեւոր եւ գործնական աշխատանքով անցան, ուր պակաս չէին մարզանքի ու զուարճութեան պահերը։

Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան՝ Սուրբ Ստեփանոս (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) եկեղեցւոյ եկեղեցւոյ պատուակալ հովիւ, որ ճամբարի հիմնադիրն ու մղիչ ուժը եղած է, այս տարի չկրցաւ իր մասնակցութիւնը բերել։ Կեչառիսի վանքէն Արժպ. Տ. Սահակ Քհն. Սահակեանի առաջնորդութեամբ, անձնակազմի քսան անդամները ճամբարի նախկին մասնակիցներ էին, որոնք առնուազն երկու տարի մասնակցած էին անոր։ Անոնք իրեն ժամանակը եւ ուժերը տրամադրեցին, որպէսզի ճամբարի գործունէութիւնը անթերի կերպով ընթանար, ինչպէս եղած էր իրենց իսկ օրերուն։ Արժպ. Տ. Սահակ Քհն. բաժնեկից ու ընկերակից եղաւ երեխաներու հարցումներուն ու խոհերուն։ Ճամբարի նոր մասնակիցներէն շատերը, յատկապէս արցախցիները, առաջին անգամ կը հանդիպէին Աստուծոյ ուսմունքին, ինչ որ առիթը տուաւ բազմաթիւ քննարկումներու, որոնք հաւատքի հունտեր ցանեցին երիտասարդ հոգիներուն մէջ։

Յառաջիկայ տարուան համար, կը ծրագրուի, որ կարելի ըլլայ ընդունիլ առնուազն 150 երեխաներ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles