Այլազան

ԿԱՐՍԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ ՊԻՏԻ ՔԱՆԴՈՒԻ

Անգարա. »Անատոլու«, »Միլիէթ«. – Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կոչին ընդառաջելով, Կարսի քաղաքապետարանը որոշեց քանդել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բարեկամութեան նուիրուած յուշարձանը: Արդէն իսկ շաբաթներէ ի վեր շշուկներ կային թէ այդպիսի որոշում մը պիտի գործադրուի: Որոշումը վաւերացուեցաւ Փետրուար 1ին: Արդարեւ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն 11ը, որոնք իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ են« ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն ութը անդամներ, յուշարձանը քանդելու որոշումին ի նպաստ քուէարկած են: Իսկ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն չորս անդամներ, սոյն որոշումին դէմ քուէարկեցին:

Վարչապետը յայտնած էր թէ յուշարձանը անյարմար դիրքի վրայ կառուցուած է եւ գործին ընդմէջէն ներկայցուած գաղափարն ալ խոտոր է:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button