Անդրադարձ.- «Սասունցի Դաւիթ» Հայկական Հրասայլային Զօրաբաժինը Բ. Աշխարհամարտին Սփիւռքահայութեան Դրամահաւաքով Իրականացած Էր Եւ Յաղթանակներ Ապահոված

1 0
Read Time:11 Minute, 12 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

8 Օգոստոս 2024

haroutchekijian.wordpress.com

 

Երբ համայնավար հակակրօն վարչակարգը կը փորձէր Հայոց եկեղեցին հիմնովին վերացնել, նոյնիսկ ֆիզիքապէս քանդելով եկեղեցիներ, ինչպէս՝ Երեւանի Ս. Գէորգ մայր եկեղեցին քանդած է 1939-ին, 1930-էն 1932, եւ 1938-էն 1945 տարիներուն, Խորէն Ա. Կաթողիկոս Մուրատբէկեանի պետական գործակալներու կողմէ դաժան սպաննութենէն ետք, Էջմիածինի մէջ Կաթողիկոս չկար: 16-22 յունիս 1945-ին Էջմիածինի մէջ ազգային-եկեղեցական ժողով կը գումարուի, ուր Կաթողիկոս կ՚ընտրուի Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չորեքճեանը:

          Ինչպէ՞ս կարելի եղաւ այս… Ստալինը «կաշառելով»:

          Նախքան Կաթողիկոս ընտրուիլը՝ իբրեւ տեղապահ, ան կարեւոր դիւանագիտական գործ կատարած էր, որ օգնեց թէ՛ Խորհրդային Միութեան, թէ՛ Հայաստանին, եւ թէ՛ ալ Էջմիածինի հետագայ ճակատագրին: Համաշխարհային Բ. պատերազմի ամենաբարդ շրջանին ան դրամահաւաք կը կազմակերպէ, հայկական հրասայլային շարասիւներ ստեղծելու համար (1):

Գէորգ Զ. Կաթողիկոս Չորեքճեան:

«Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային շարասիւնէն մաս մը, զրահաշտարակին միւս կողմը ռուսերէն գրուած է «Դաւիթ Սասունցի», «Давид Сасунский»

 

Տեղապահը հեռագիրով կը դիմէ Ստալինին. «Կ՚աղօթեմ Ամենաբարձրեալին սովետական յաղթանակին համար. այլեւ կարմիր բանակի առաւել զօրացման ու թշնամիին վախճանական ջախջախումը արագացնելու նպատակով՝ Էջմիածինը Սասունցի Դաւիթի անուամբ հրասայլային շարասիւն կառուցելու հիմնադրամին կը նուիրաբերէ թանկարժէք իրեր՝ աւելի քան 800 հազար ռուբլի արժողութեամբ եւ հազար անգլիական սթերլին ու յիսուն հազար ռուբլի գումար։ Առ այդ, կը խնդրեմ ձեր տնօրինութիւնը՝ ՍՍՌՄ պետական դրամատան մէջ, այս նպատակով յատուկ հաշիւ բանալու։

«Միաժամանակ, կոնդակով կը դիմեմ աշխարհի բոլոր հաւատացեալ հայերուն, որ իրենց խնայողութիւններով մասնակցին Սասունցի Դաւիթի անունով հրասայլային շարասիւնի կազմութեան։ Կատարելապէս հաւատացած եմ, որ` թէ՛ տեղական, եւ թէ՛ արտասահմանի հայութիւնը կ՚արձագանքէ մեր հովուական կոչին, ինչպէս արձագանքեց պատերազմի սկիզբին մեր կոնդակին` կազմակերպելով բոլոր հայ գաղութներուն մէջ կարմիր բանակին եւ տուժած բնակչութեան օգնելու կոմիտէներ, որոնք հանգանակեցին եւ ուղարկեցին աւելի քան 65 հազար տոլար ու այժմ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը»:

Ստալին, չէր կրնար մերժել, հարկադրաբար՝ կը պատասխանէ. «Կը խնդրեմ` իմ ողջոյնը եւ Կարմիր Բանակի շնորհակալութիւնը յայտնել հաւատացեալ հայերուն ու Էջմիածնի կաթողիկոսարանի հոգեւորականութեանը, որ միջոցներ ներդրած է «Սասունցի Դաւիթի» անուան հրասայլային շարասիւնը կառուցելու համար: ՍՍՌՄ պետական դրամատան մէջ յատուկ հաշիւ բանալու ցուցմունք տրուած է։ Ստալին»…

Յունիս 1944-ին «Սասունցի Դաւիթ»-էն ականազերծող հրասայլ մը Պելառուսիոյ Տըվինա գետը կ՚անցնի
Հիւանդապահուհի Զօյա Կրեզլովա, յուլիս 1944-ին կը խնամէ թիւ 40 հրասայլի հրամանատար Ստեփանը:

 

Հակառակ տիրող հակադաշնակցական գռեհիկ քարոզչութեան ու սաստիկ պայքարին, 1967-ին՝ Երեւանի մէջ հրատարակուած է Տիգրան Դրամփեանի «Ֆրանսահայ կոմունիստները դիմադրութեան տարիներին» գիրքը (2), որուն էջ 92-ին մէջ, կը վկայակոչէ Սիմոն Վրացեանի կողմէ Խորհրդային Հայաստանի վերաբերեալ ՀՅԴ դիրքորոշումը՝ Բ. Աշխարհամարտին. «Ժամանակը եւ, մանաւանդ, պատերազմը արմատական փոփոխութիւն առաջ բերին մեր ազգային կացութեան մէջ։ Պատերազմը ինքը արդէն վճռական ազդակ էր։ Խորհրդային Միութեան վրայ Հիթլերի յարձակումով, Հայաստանը կ՚ենթարկուէր վտանգի։ Դաշնակցութիւնը չէր կարող անտարբեր մնալ հայրենիքի պաշտպանութեան հարցին հանդէպ եւ առաջին իսկ օրէն վճռեց ու յայտարարեց, որ կը դադրեցնէ պայքարը Խորհրդային իշխանութեան դէմ, իր բոլոր ուժերը կը տրամադրէ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին։ Ասիկա եւս անհերքելի փաստ է։ Արտասահմանի բոլոր երկիրներուն մէջ դաշնակցականները ձեռք ձեռքի միւս բոլոր հոսանքներու պատկանող մարդոց հետ մասնակցեցան բոլոր այն ձեռնարկներուն, որոնց նպատակն էր Հայաստանի պաշտպանութեան եւ զօրացման աջակցութեան»:

Դրամահաւաքին կը մասնակցին՝ Արժանթին, Յորդանան, Եգիպտոս՝ 14 հազար կինէ, Եթովպիա, Իրան՝ 4 միլիոն ռիալ, Իրաք, Լիբանան՝ 185 հազար լ.ո., Կիպրոս, Միացեալ Նահանգներ՝ $115 հազար Սուրիա՝ 276 հազար ս.ո., Քանատա՝ $37 հազար, Քուպա, Ֆրանսա եւ այլն, շարունակուելով, մինչեւ 1944, ընդհանուր գումարը կը հասնի $927 հազար տոլարի (3), (4): Յունուար 1943-ին առաջին 21 արդիական Թի-34-85 (T-34-85) 85 միլիմեթր թնդանօթով հրասայլերը կ՚ապահովուին, ապա, հաւաքուած նոր գումարով, 1944-ին՝ 22 հրասայլ եւս կ՚ապահովուի: Մէկ հրասայլին գինն էր 130-էն 164 հազար ռուբլի: Տեսանիւթը այստեղ (5): Կարելի չեղաւ իմանալ, որ ին՞չ դրութեամբ է, որ խորհրդային հանրապետութիւն մը բանակին զինագործարանէն իր դրամով հրասայլ կը գնէ եւ զօրագունդ կը կազմէ…

«Սասունցի Դաւիթ»-ի մարտական գործունէութիւնը՝ ամփոփ (6):

«Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային 119-րդ գումարտակը բաղկացած էր 5-7 հազար, գլխաւորաբար հայ մարտիկներէ, իբրեւ մարտավարական tactical attack յարձակող զօրամաս: Նախ 1943-ին կը մասնակցի Մերձպալթեան երկրորդ ռազմաճակատին: Մարտ 1944-ին կը նշանակուի 2-րդ ուքրանական ռազմաճակատին եւ կ՚ուղարկուի Տնիեսթըր։ 1944-ի սկիզբին օժտուած էր նաեւ KV տիպի ծանր հրասայլերով եւ գունդը կը նշանակուի 27-րդ խորհրդային բանակին՝ մասնակցելու Մոլտովայի Ճասի-Քիշնեւի առաջին յարձակումին ու կը մասնակցի Փերվոմայսքի եւ Լաշիի (Ռումանիա) գրաւումին:

Այնուհետեւ կրկին կ՚ուղարկուի հիւսիս՝ Առաջին Մերձպալթեան ռազմաճակատ՝ զօրավար Յովհաննէս Բաղրամեանի հրամանատարութեան տակ: «Բագրատիոն» գործողութեան ծիրին մէջ, գունդը գերմանական ուժերուն դէմ մարտերով կը մասնակցի Վիթեպսքի եւ Փօլոթսքի ազատագրումին: Խորհրդային 5-րդ բանակին հետ կը ճեղքէ եւ կը գրաւէ գերմանական ամրացուած դիրքերը։

119-րդ գումարտակի հրամանատար՝ փոխ գնդապետ Անաթոլի Վոյնովսկին կը նշէր, որ 10 օրուայ մէջ ««Սասունցի Դաւիթ» գունդը 200 քմ. յառաջացած է, ազատագրելով հարիւրաւոր բնակավայրեր, ոչնչացնելով թշնամիին 16 հրասայլ, 20 թնդանօթ, 60 գնդացիր եւ 210 զանազան զրահակառքեր իրենց զօրքերով եւ բեռներով ու աւելի քան 2700 զինուոր եւ սպայ»:

Մերձպալթեան շտապի տեղեկագիրը կը նշէ, որ «Սասունցի Դաւիթ»-ի անձնակազմը Պիելառուսիոյ Փօլոթսք քաղաքի ազատագրումին կ՚ոչնչացնէ թշնամիին 19 թնդանօթ, 29 գնդացիր, 13 ականանետ, 2 նռնականետ, 14 դիրք՝ փայտահողային կրակակէտ եւ աւելի քան 450 զինուոր, ու կը պայթեցնէ 70 հակահրասայլային ական»: Վիթեպսքէն մինչեւ Պալթիք ծով, իրենց ճամբուն վրայ կ՚ոչնչացնէ 3000 գերմանացի զինուոր եւ սպայ, 20 հրասայլ, 105 թնդանօթ, 72 ականանետ, 188 գնդացիր, 74 փայտահողային կրակակէտ 16 ինքնաշարժ, 3 պահեստ, եւ կը պայթեցնէ 250 հակահրասայլային ական: Իբրեւ աւար, կը գրաւէ 3 հրասայլ, 47 թնդանօթ ու ականանետ եւ 30 գնդացիր, ու գերի կ՚առնէ 120 զինուոր ու սպայ»:

Սասունցի Դաւիթ» շարասիւնը 23 յուլիս 1944-ին կ՚արժանանայ «Կարմիր դրօշ» շքանշանին, «Կարմիր բանակի պահակ» եւ «Կարմիր աստղ» շքանշաններուն՝ 1945-ին, լիուլի կատարելով փոքրիկ Հայաստանի եւ սփիւռքահայերու նեցուկով հսկայական յաղթանակներ:

Բնածին արիութեամբ, անվախ ու խիզախ, հնարամիտ հայը, ռազմարուեստի հազարամեակներու հարուստ անցեալով՝ մի՛շտ հերոսներ կը ծնի: Մնալով Բ. Աշխարհամարտի ծիրին մէջ, պիտի նշեմ երեք հերոսներ եւս, որոնք Խորհրդային Միութեան յաղթանակին շատ մեծ ու բացառիկ նպաստ բերած են: Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչում ստացած են 106 հայ մարտիկներ, որոնց 17–ը Արցախ ծնած են։ Կրկնակի հերոս դարձած են երկու հայեր` մարշալ Բաղրամեանը եւ օդաչու՝ փոխգնդապետ Նելսոն Ստեփանեանը։ Նոյնպէս՝ արցախցիներ։

Շուշի ծնած, Նելսոն Ստեփանեան
Զօրավար Սարգիս Մարտիրոսեան
Մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեան

 

  1. Շուշի ծնած, փոխգնդապետ Նելսոն Գէորգի Ստեփանեան՝ ռազմական օդաչու 1913-1944: Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոս (երկու անգամ հերոսութեան արժանացած)։ Իր Իլ-12 օդանաւով կատարած է 239 մարտական թռիչք, անձամբ եւ ջոկատի կազմով խորտակած է թշնամիի 53 նաւ (անձամբ՝ 13), ոչնչացուցած է 80 հրասայլ, 600 ինքնաշարժ, օդային մարտով՝ 27 օդանաւ, որոնց երկուքը Ju-88, լաւագոյն գերմանական հալածիչներն էին, 25 տարբեր տեսակի օդանաւեր իրենց օդակայաններուն մէջ, 105 թնդանօթ, 130 գնդացիրային դիրք եւ 5000 զինուոր։

Գերմանացիներուն ահ ու սարսափն էր ան: Երբ օդ բարձրանար, գերմանացիները յատուկ տագնապի կը մատնուէին եւ հաղորդագրութիւն կը տարածէին թէ՝ Նելսոնն է յարձակողը. «Achtung, Achtung, am Himmel ist Stepanian»,

«Ուշադի՛ր, ուշադի՛ր, երկինքին Ստեփանեանն է»: Անոր կերպարը միշտ նոյնացուած է հերոսութեան, խիզախութեան ու անձնազոհութեան հետ: Իրականութեան մէջ հայ հերոսը քնարական նկարագիր ունէր, իսկական հայ էր ու խոր մտածող: «Եթէ թշնամիին վրայ կը յարձակիս անվախ ու յանդգնութեամբ, կը նշանակէ, որ յաղթանակը քուկդ է», ըսած է ան:

14 դեկտեմբեր 1944-ին Ստեփանեանի հրամանատարութեամբ ջոկատը երբ կ՚ուղղուէր  Լիեպայայի նաւահանգստի ռմբակոծումին, յարձակման կ՚ենթարկուի 30 գերմանական կործանիչներու կողմէ։ Ան չի նահանջեր եւ գրոհով ճամբայ կը բանայ իր ընկերներուն համար, որոնք ապահով կը վերադառնան։ Գերմանական երկու ռմբակոծիչ կը կործանէ, բայց իր վառելանիւթի շտեմարանը կը բռնկի։ Կրակի ու ծուխի մէջ ան իր բոցավառող օդանաւով կ՚ուղղուի դէպի թշնամիին նաւախումբը ու կը նահատակուի (7), (8):

  1. Արցախի Մադրաս գիւղին մէջ ծնած զօրավար Սարգիս Սողոմոնի Մարտիրոսեան 1900-1984: Մասնակցած է Մոսկուայի եւ Սթալինկրատի պաշտպանութեան, ապա Քիեւի ազատագրումին, 6 նոյեմբեր 1943-ին նշանակուած է Քիեւի կայազօրի առաջին պետ: Մարտ-ապրիլ 1944-ին Մարտիրոսեանի բանակը ազատագրած է 400 բնակավայր: Ապրիլ 1944-ին 73-րդ Հրաձգային բանակի (50-րդ Բանակ, առաջին ուքրանական ռազմաճակատ) հրամանատար կը նշանակուի: 27 յուլիս 1944-ին նշանակալից մարտական գործողութիւններու հմուտ ղեկավարման համար, Ամերիկայի նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթ Մարտիրոսեանին շնորհած է Պատուոյ Լեգէոների «առաջին աստիճանի քոմանտոր խաչ» կոչում, ստացած է նաեւ Չեխ եւ Լեհ շքանշաններ (9), (10):

21 յունուար 1945-ին ճեղքելով թշնամիին պաշտպանութիւնը, անոր բանակը ազատագրած է լեհական Խմելնիկ , Վէլյուն եւ Վրոցլաւ քաղաքները, ոչնչացուցած է աւելի քան 20 հազար թշնամի զինուոր եւ սպայ, 83 հրասայլ, 21 օդանաւ եւ մեծաքանակ այլ զրահամեքենաներ: 9 մայիս 1945-ին իր բանակը կը մտնէ ազատագրուած Փրակա: Մարտական առաջադրանքները օրինակելիօրէն կատարելու, հրաձգային բանակի հմուտ ղեկավարման համար զօրավար-մայոր Ս. Մարտիրոսեանին 29 մայիս 1945-ին կը շնորհուի Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչում, պարգեւատրուած է Լենինի շքանշանով եւ «Ոսկէ աստղ» մետալով: Քիեւի մէջ իր անունով փողոց կար, որ սակայն 2022-ին, Ռուսիոյ հետ պատերազմին պատճառով անունը կը փոխեն:

  1. Արցախի Չարդախլու գաւառին մէջ ծնած, Խորհրդային Միութեան պաշտպանութեան փոխ նախարար՝ մարշալ Յովհաննէս Քրիստափորի Բաղրամեան 1897-1982: Զինուորական ծառայութիւնը սկսած է ցարական բանակին մէջ եւ մասնակցած Թուրքիոյ դէմ Կովկասի եւ Պարսկաստանի մարտերուն: Իբրեւ դաշնակցական մարտիկ, զօրավար Անդրանիկի գունդին մէջ ծառայած է (11), (12):

1918-ին երբ անոր ջոկատը կանգ առած էր Սարիղամիշի Խորասան գիւղին մօտ, ուր Էրզրումէն եկած էր զօրավար Անդրանիկը՝ 15 հազար հայ գաղթականներով, առաւօտեան իր մօտ կը կանչէ Բաղրամեանին եւ կ՚ապտակէ. «Կոռնեդ (ծուռ) Վանօ (Իվանի՝ Յովհաննէսի փաղաքշական անունը), քու այս երեսուն զինուորներդ իմ յոյսն են, բայց ինծի լուր տուին, որ անոնց մէկ մասը չուզեր կռուիլ։ Սա մեր հայրենիքն է, կարեւոր չէ, թէ ովքեր են ղեկավարները»։ Այդ ժամանակ ըսի ըսաւները շատ էին, թէ՝ «թող հիմա ալ աղաներուն տղաները կռուին, հերիք է՝ մենք ինչքան կռուեցանք»։ Այդ ապտակը կը սթափեցնէ Բաղրամեանը, որ ըսած է, թէ՝ այդ ապտակին շնորհիւ ինքը մարշալ դարձաւ: Մասնակցած է Սարդարապատի հերոսամարտին, իբրեւ դասակի հրամանատար:

Անոր զինուորական հարուստ կենսագրութիւնը զանց կ՚առնեմ, եւ կը նշեմ մի՛այն հերոսի կոչումներուն գործունէութիւնը: Բաղրամեանի բանակները 1944-ին (ներառեալ «Սասունցի Դաւիթ» զօրամասը) ազատագրեցին Պիելոռուսիոյ Փոլոցք շրջանը, ոչնչացնելով գերմանական երրորդ Փանզըր բանակը, ճեղքեցին եւ հասան Պալթիկ ծով: Այս ռազմական սխրագործութեան համար 7 յուլիս 1944-ին Բաղրամյան կ՚արժանանայ իր առաջին Սովետական Միութեան հերոսի կոչումին։     Լաթվիոյ մէջ պաշարելով եւ ոչնչացնելով 38 հետեւակ եւ զրահապատ գերմանական զօրամասեր, կը հասնին Ռիկայի ծոց։ Բաղրամեանի «Առաջին Պալթեան Ճակատը», ապա կը գրաւէ Գերմանիոյ Քոնիկզպըրկ քաղաքը, այժմու Քալինինկրատը եւ 9 մայիս 1945-ին թշնամին անձնատուր կ՛ըլլայ Բաղրամեանին, որ հսկայական աւար կը գրաւէ. 158 օդանաւ, 18 հազար զրահամեքենաներ, 500 հրասայլեր եւ ահագին ռազմամթերք: 30 յուլիս 1944-ին ան արժանանացած էր իր երկրորդ հերոսի կոչումին: Ռուսիոյ շնորհելով 223 քառակուսի քիլոմեթր գրաւուած նոր տարածք եւ նաւահանգիստ Պալթիք ծովու ափին:

Եզրակացութիւն

Այս յօդուածաշարքին նպատակն է յիշել եւ յիշեցնել հայ եւ ռուս զինուորական անհամար ու բացառիկ գործակցութիւնը, փոքրիկ Հայաստանին եւ նո՛յնիսկ սփիւռքին նիւթական օժանդակութեամբ իրականացած ճակատագրական ու վճռական յաղթանակները: Ա. մասին մէջ տեսանք հայկական Թամանեան զօրքին 900-է աւելի բնակավայրեր, 30 քաղաքներ, Խրիմն ու այլ շրջաններ ազատագրելը եւ մանաւա՛նդ, առաջինը՝ թշնամիին մայրաքաղաքը մտնողն ու գլխաւոր զօրակայանը՝ Համպոլթ Հայնը, անձնատուր ընողը եւ գրաւողը:

Հայաստանի այժմու հակահայ իշխանութիւնը ամէն ինչ ըրաւ եւ կ՛ընէ, որ իր դաշնակիցը` Ռուսիան եւ միւս բնական դաշնակից Իրանը խրտչեցնէ, որպէսզի «Արեւմուտքին» հակահայ ու հակառուս ծրագիրը յաջողեցնէ: Ռուսական հովանիէն հեռանալու քայլերուն առիթով հարց տրուեցաւ, թէ՝ հայ եւ ռուս յարաբերութիւնները կարգաւորելը եւ հեզասահ բարեկամութիւն պահելը որո՞ւն գործն է, աւելի մեծի՞ն, թէ՞ պզտիկին… Թէեւ պատասխանը երկուստեք է, սակայն այժմու կացութիւնը մեծին՝ ռուսին դիւանագիտական եւ յարաբերական աշխատանքի ձախողութեան հետեւանքն է, քանի որ իրե՛նք են բո՛ւն հիմնական եւ բացարձակ որոշիչ ու կարող երկրորդ կողմը:

Ուրեմն ինչո՞ւ է այս խաբուսիկ ու ոչ հարազատ թուող երէց ու հզօր ռուս գործընկերոջ ապերախտ վարմունքը, այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-էն ի վեր, որուն առաջքը հաւանաբար կրնար առնել… Հարց տրուեցաւ նաեւ, որ անամօթաբար՝ 32 տարի է, չգտնուեցաւ ռուս պատասխանատու մը, կամ պատմաբան մը, որ յայտարարէ, որ 1918-էն առաջ Ատրպէյճան գոյութիւն ունեցած չէ եւ Արցախն ու Նախիջեւանը երբե՛ք Ատրպէյճանի մաս չեն կազմած: Տակաւին առիթ ունին այս իրողութիւնը հաստատելու:

Ռուսիոյ այս վերաբերմունքին միա՛կ տրամաբանական վարկածը՝ Ուքրանիոյ պատերազմին զուգահեռ, ՕԹԱՆ-ի մղումով Թուրքիոյ հետ երկրորդ ճակատ բանալէ, պատերազմէ խուսափիլն էր (է): Փաստօրէն, Ռուսիոյ հետ պատերազմի մը առաջին կայծը տուաւ Թուրքիան, 24 նոյեմբեր 2015-ին երբ Սուրիոյ օդային տարածքէն վար առաւ Սուխոյ Su-24 տիպի ռուսական հալածիչը: «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անձամբ հրամայեց վար առնել ռուսական հալածիչը», գրեց Փրաւտա «Erdogan personally ordered to shoot down Russian Su-24»: Ռուսիան Թուրքիոյ դէմ մի՛այն տնտեսական պատիժներով բաւականացաւ:

Երկրորդ մարտահրաւէրը տեղի ունեցաւ 19 դեկտեմբեր 2016-ին, երբ թուրք ապահովութեան ուժերու անդամ Մեվլութ Ալթունթաշը, Անգարայի մէջ, գոռալով՝ ամպիոնին վրայ ատրճանակով սպաննեց Ռուսիոյ գլխաւոր դեսպան՝ Անտրէյ Քարլովը: Երրորդը՝ 9 նոյեմբեր 2020-ին Նախիջեւանէն, ուր թրքական ուժեր կեդրոնացած էին, վար առին ռուսական Mil Mi-24 ուղղաթիռը: Եւ վերջինը՝ Արցախի մէջ, 20 սեպտեմբեր 2023-ին ազերի ռմբակոծումէն զոհուեցան 5 ռուս խաղաղապահներ: Ռուսիան հակադարձելու փոխարէն աւելի սերտ յարաբերութիւն մշակեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ: Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք, մեծ փոփոխութիւններ կ՚ակնկալուին, որուն պատրաստ պէտք է ըլլանք:

Արդար ըլլալու համար, սակայն, կը մոռցուի, որ նախագահ Փութին 44-օրեայ պատերազմին չորրորդ օրը, երբ կորուստները նուազագոյնն էին, զինադադար դասաւորեց, որ սակայն թշնամիին ծառայող Փաշինեանը մերժեց:

Քաղաքական հասունութիւնը եւ դիւանագիտական հմտութիւնը, մանաւանդ ազգային պատմական փորձառութիւնը կը պահանջեն, որ Հայաստանը բարեկամական յարաբերութիւն մշակէ բոլորի՛ն հետ անխտիր՝ պաշտպանուելու համար ցեղասպանութիւն կատարած եւ մեր հողերը խլած երկու յաւիտեան թշնամի դրացիներէն, արեւմուտքը՝ Թուրքիայէն եւ արեւելքը՝ Ազրպէյճանէն: Այս է իրականութիւնը: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը մի՛այն հակաթուրք եւ հակաազերի պէտք է ըլլան՝ մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներուն վերատիրանալը

 

 

  1. https://168.am/2024/05/19/2045985.html
  2. «Ֆրանսահայ կոմունիստները դիմադրութեան տարիներին», Տիգրան Դրամփեան, «Միտք» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1967, էջ 92:
  3. https://allinnet.info/history/tank-regiment-sasuntsi-davit/
  4. https://www.nevingtonwarmuseum.com/sassuntsi-davit-tank-regiment82038203.htm
  5. https://youtu.be/dubsE4Y5i6Y տեսանիւթ:
  6. http://arar.sci.am/Content/333561/121-133.pdf
  7. http://www.hayzinvor.am/103083.html
  8. https://arm.sputniknews.ru/20180314/armenia-nelson-stepanyan-10895959.html
  9. http://www.historyofarmenia-am.armin.am/am/Encyclopedia_of_armenian_history_Martirosyan_Sargis
  10. https://en.wikipedia.org/wiki/Sarkis_Martirosyan
  11. https://en.wikipedia.org/wiki/Ivan_Bagramyan
  12. http://www.hayzinvor.am/51323.html

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles