ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԸ, ԻՐ «ՍՓԻՒՌՔ»-Ն ՈՒ ՏՊԱՐԱՆ «ՍԵՒԱՆ»-Ը, ԻՐ ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔԸ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ ՄԱՏԵՆԱԳԻՐՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 8 Second

Վեհանոյշ Թեքեան
Օգոստոս, 2024

է՜, դուք չէք գիտեր Սիմոն Սիմոնեանի տպարան «Սեւան»-ին բոյրը-մոյրը։ Կապարի հոտ, ֆէլէֆիլի հոտ, սուրճ, օղի, սօտա, քրտինք, քուշէ թուղթ, խաւաքարտ, արաբական անուշեղէն, բարակ հաց եւ զաաթարով քախքէ, աշխարհի չորս ծայրերէն, ներառեալ Հաաստանէն, հասած գրողներ, մտաւորականներ, նամակներ, ձեռագիրներ. տպարանին հազարաւոր գիրքերը որ ապակիին ետեւէն կը դիտեն, տպուող անթիւ գիրքերը մութ ու լոյս սրահին մէջ։ Սթալինէն նոր յուշ մը, Սասունի լեռներուն բոյրը, դիմացի սրճարաններու առջեւ ծալապատիկ նստած դատարկապորտներու նարկիլէն , փողոցն ի վեր հոսած մէզը, Ում Քալսումի երգերու շոգին։

Հազիւ տպարան մտած՝ կը շնչես նոր նուիրուած սնտուկ մը խնձորը, Հայաստան տպուած գիրքերու թուղթին հոտը, գրաշարին թանին հոտը, մէյ մըն ալ տաճիկին քեպապը, Քնէյֆէ Պժպնիին ժպիտը, հետը զօրաւոր հէլ-ով սուրճը։ Ես ա՛յս տպարանին հոտը կարօտցայ: Այլապէս՝ գիրքերուն նազիկ հոտը մեղմ է։ Գիրք ըսուածը ծանր է։ Սփիւռքի մէջ Հրատարակչատուն ըսուածը երկիր մըն է:

Սիմոն Սիմոնեանը — ամենէն առաջ, որպէսզի չնեղուի անդենականէն՝ յայտնեմ թէ Սասունցի՛ էր ։Ծնած էր Սասուն, 110 տարի առաջ։ Սասունցիներու հանդէպ յատուկ ջերմութիւն մը իր մօտ ծաւալ ու խտութիւն կը ստանար։ Աննման էր իբրեւ մարդ, նուիրեալ՝ իր ազնուագոյն կնոջ Մարիին (նոյնպէս Սասունցի» ու հինգ զաւակներուն – Յովիկ, Վարդան, Մարալ, Տարօն, Սասուն:

Իր բարեկամութիւնը ցկեանս էր։ Մատենագէտ էր, դաստիարակ , գրող, քաջարի ու անշահախնդիր խմբագիր։ Ափսոս որ իր բարձրարժեք գործերը- պատմուածք, վէպ, թատրերգութիւն, երգիծագրութիւն, արժանի ուշադրութեան չարժանացան։ Անխոնջ հրատարակիչ բառարաններու, Հայաստանի մէջ արգիլուած գիրքերը լոյս աշխարհ բերող, Սփիւռքի դասագիրքերու հեղինակ։ «Համապատկեր Արեւելահայ Գրականութեան» հսկայակազմ, ութհարիւր էջանոց հատորը իրագործեց. կը դասաւանդուէր երկրորդական վարժարաններու մէջ։ Ամէն շաբաթ նոր ծրագիր, անհրաժեշտ ու երկար ժամանակ պահանջող։ Նոյն պահուն կրնար քանի մը գործ ընել,- թերթը սրբագրած պահուն կարեւոր հեռաձայնի մը պատասխանել , գործաւոր Ահմէտին հրահանգ տալ եւ անկոչ այցելողներու համար առանց յետաձգելու սուրճ ապսպրել։

Սրտաբաց էր, հիւրամեծար, այնքան աղուոր կը պատմէր։ Դիմացինին ուշադրութիւնը լարել գիտէր։ Երգիծանքի մեծ հիւրընկալ էր։ Անկեղծ, վստահութիւն ներշնչող։ Իր բարկութեան մէջ անգամ տեսակ մը ժպիտ կար։ Շաբաթ կէսօրէ ետքերը քաղաքին մտաւորականներէն ոմանք կը հաւաքուէին իր գրասենեակը։ Սիմոնեանը ի՞նչ կ՚ընէր – կա՛մ շարուած էջերը աչքէ կ՚անցնէր, կա՛մ ալ ցուցամատը թափահարելով ճշմարտութիւններ կը յայտնէր։ Խիզախ խմբագիրն էր համասփիւռ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի։ Միա՛կ անկուսակցական թերթն է իմս, կ՚ըսէր, հաշուետու եմ ոչ ոքի։ Թերթին շուրջ հաւաքուած էին անոնք – նաեւ Լիբանանէն դուրս – որոնք քիչ թէ շատ իրեն պէս էին։ Անշուշտ յարգանք չէր զլանար կուսակցական ոչ-մոլեռանդ գրողներու։ Սակայն ճշմարտութեան, ազատ մտածողութեան կեանքը «Սփիւռք»ի մէջ ամէն նկատողութենէ վեր էր։

Իր երազանքն էր ներկայացնել Արեւմտահայ գրականութիւնը, հարի՛ւր հատորներով։ Նաեւ աւարտել այն վէպը որ «մեռնելէս ետք պէտք է հրատարակուի։» Երբ Ինչո՞ւ հարցնէինք, խորհրդաւոր կը ժպտէր։

Մեզի՝ երիտասարդ գրողներուս («սկսնակ գրող»ը փակաւ մեզի չորս տարի) անհունօրէն գուրգուրացող, ոգեւորող, երկու ամիսը անգամ մը Սփիւռքի ամբողջ թիւ մը մեզի յատկացնող, զգուշաւորութիւն թելադրողներուն դիմադարձող խմբագրապետն էր։ Խօսուն ժպիտն ու հիւմըրը անպակաս, խանդավառ ու սրամիտ, աշխատանքի ռահվիրայ, պաշտպան փաստաբան հալածեալներու, մէկ խօսքով ամբողջական նուիրեալը հայութեան։ Արի ու բարի եւ գործունեայ։ Մեծն ու Բարձրը մատուցանող։

Սերունդներ հասցուցած, տասնվեց դարերու վրայ երկարող հայ գրականութեան ոգին հաւատքով ու խանդով փոխանցած առաքեալ։ Իւրաքանչիւր Սփիւռք-Գարունականի հանդէպ – Վարդի Դանիէլեան, Մարկօ Ճեմճեմեան,Պօղոս Քիւփէլեան, Յակոբ Չոլաքեան, Վեհանոյշ Թեքեան, Խոսրով Ասոյեան եւ Երուանդ Գոչունեան ( վերջին երկուքը յաւիտենութեան անցան, առանց մեզի հարցնելու), Սիմոնեան գորով ու քաջալերանք կը տածէր, անոր համալսարանական կրթութեան համար կը միջամտէր առ որ անկ է. այսինքն Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժնի վարիչ Վահրամ Մավեանին օձիքը չէր ձգեր։

Ուշ անդրադարձանք թէ երջանիկ էինք, պաշտպանուած էինք զինք որպէս գրական հայր ունենալնուս։ Ինծի համար՝ հիանալի, գրեթէ կատարելապաշտ մօրմէ՛ս ետք, Սիմոն Սիմոնեանն է որ սրտանց գնահատեց ու ճամբայ բացաւ, միշտ հետեւեցաւ ստեղծագործութիւններուս։
Հասաւ քովս իր տիկնոջ հետ, հոս Նիւ Ճըրզի, երբ ընտանեկան դժբախտութեան մէջ էի։ Գորովագին հայեացքով գրկեց զաւակներս։ Հասաւ նաեւ միւս Գարունականներուն. գօտեպնդեց։ Մեր տարտերը ի՛րը ըրաւ։ Ազնիւ, իմաստուն ու յարակայ։ Ուր որ գնաց՝ ինծի նամակ ղրկեց։ Օր մըն ալ այլեւս չգրե՜ց։

Յիշողութեանս մէջ այնքա՜ն կենդանի է։ Երախտագիտութիւն ու յարգանք իր աստուածատուր յետ-մահու կեանքին։ Իր անմահութեա՛ն։

Սասուն աշխարհն ալ գիտէ։ Ան ալ կը սգայ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles