ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 4-23-ԻՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՆԻՒ ԻՆԿԼԸՆՏԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԾՈՒԽԵՐԸ

0 0
Read Time:29 Second

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Ազգային Առաջնորդարանը հրապարակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի յառաջիկայ Հոկտեմբերին Արեւելեան Թեմ կատարելիք հովուապետական այցելութեան երկրորդ մասի ժամանակացոյցը՝ Նիւ Ինկլընտի եւ Միջին Ամերիկայի ծուխերուն։ Այս տարուան այցելութիւնը պիտի սկսի Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) մէջ, Հոկտեմբեր 4-ին, եւ իր աւարտին պիտի հասնի Հոկտեմբեր 23-ին, Տիթրոյթի (Միշիկըն) մէջ։

«Կը պատրաստուինք շուտով բարի գալուստ մաղթելու Վեհափառ Հայրապետին, որուն ներկայութիւնը միշտ վերաշխուժացման առիթ մը կը հանդիսանայ եւ նոր ուղղութիւն կը յառաջացնէ մեր ծառայութեան մէջ», յայտնեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles