Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
8 Յուլիս 2024
Զարմանալի չէ, որ քաղաքական աշխարհի ուշադրութիւնն ու մեկնաբանութիւններու հեղեղը վերջին շաբաթներուն կեդրոնացած են Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ու արդիւնքներուն վրայ, մանաւանդ որ Ֆրանսայի պարագային, անակնկալը ցատկեց սպասելիէն յառաջ, աջակողմեան զինակցութիւնը չկրցաւ ունենալ մեծամասնութիւն, մինչդեռ Անգլիոյ մէջ, ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութեան յաղթանակը ստոյգ կը նկատուէր նախօրօք:
Փորձենք պահ մը աչքէ հեռու պահել այն «մեծ խաղերն ու խաղացողները», որոնք իսկապէս վճռորոշ դերակատարութիւն կ’ունենան – երբեմն ալ կը ձախողին – նման տարողութեամբ ընտրութիւններու քուլիսներուն մէջ, եւ կեդրոնանանք բեմի յառաջամասին խաղցուող ժողովրդավարութեան խաղին վրայ, երկիրներու մէջ՝ ուր ժողովրդավարութիւնը ունի իր պատմութիւնը, եւ ուր մարդիկ կրնան աւելի՛ ինքնավստահ կերպով յայտարարել, թէ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» են (թէեւ հոն յաճախ մարդոց կը տրուի ժողովրդավարութեան կիրարկման պատրանքը): Մեր փորձը, այս նեղ սիւնակներուն մէջ բնականաբար շատ հպանցիկ ու մասնակի, յառաջ պիտի տանինք երկու երկիրներուն առարկայական վիճակներուն մասին բաղդատականներով, պիտի անդրադառնանք նաեւ որոշ իրականութիւններու, որոնք լայն մեկնաբանութիւններ չեն գտներ մամուլի աշխարհին մէջ, որովհետեւ մամուլի իսկական տէրերը կը նախընտրեն որոշ իրականութիւններ պահել լուսարձակէ հեռու, որովհետեւ այդպէս կը թելադրէ իրենց շահը:
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՊԱՐԱԳԱՆ
Մեծն Բրիտանիոյ ընտրութիւններուն մեկնարկն ու վախճանը համեմատաբար աւելի յստակ ընթացք ունեցաւ, որովհետեւ իշխանութեան վրայ եղող Պահպանողական կուսակցութիւնը շատո՜նց կը վազէր անկումէ անկում եւ նահանջէ նահանջ, իսկ գլխաւոր մրցակիցը մէկ էր՝ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը: Կան նաեւ այլ կուսակցութիւններ:
Պահպանողականներու անկումին դրդապատճառներուն մասին տեսակէտները ծիածան չեն կազմեր, այլ ըստ բաւականին իրերանման են: Թւումի կարգով արձանագրենք մէկ քանին: Իշխող կուսակցութիւնը ունեցաւ անհաճոյ եւ վնասարար մէկէ աւելի ղեկավարներ՝ վարչապետներ, որոնք բերին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական պատուհասներ: Չերթանք մինչեւ Կորտընի եւ Մէյի օրերը, երբ պահպանողականները ունեցան աւելի նպաստաւոր օրեր: Վերջին վարչապետը՝ Ռուշտի Սունաք, որ հնդկական ծագում ունի եւ կը պատկանի հարուստներու դասուն, հռչակուած է իբրեւ ժողովուրդի տարտերուն անհաղորդ մարդ, երեւցող յատկանիշներէն մէկն է ակռաները ցուցադրել: Նախորդներէն՝ Պորիս Ճոնսընն ալ ա՛յլապէս շահեցաւ նոյն հռչակը, երբ համաճարակի սկզբնական շրջանին մնաց անտարբեր (եւ ասկէ՝ Թրամփին անոր նմանութիւնը, քիչ մըն ալ խառն ի խուռն՝ յիմար մը պատկերող մազերը): Առիթով մը մինչեւ իսկ ըսած է, թէ «թող մահացողներուն մարմինները դիզուին…»: Յաջորդը՝ Լիզ Թրաս (նուազ քան 2 ամիս վարչապետ) յիշատակելի բան չըրաւ:
Իրերայաջորդ այս վարչապետներուն գլխաւոր յանցանքներուն շարքին կը յիշատակուին՝ իրենց երկիրներէն բռնագաղթողներու դէպի անգլիական կղզիներ հոսքը պահանջուած ձեւով չդիմագրաւելը, կամ կիսկատար միջոցառումները: Տնտեսութիւնը նահանջ արձանագրեց, սղութեան ալիքը ճնչեց մարդոց օրապահիկի կոկորդին: Գործադուլեր իրարու յաջորդեցին, մերթ ընթ մերթ անշարժացնելով օդակայաններն ու շոգեկառքի ցանցերը:
Նուազ կը խօսուի մէկ քանի այլ ազդակներու մասին: Օրինակ, Բրիտանիոյ ելքը՝ Եւրոպական միութենէն: Գործընթացը սկսաւ 2016-ին, հեռացումը ամբողջացաւ 2020-ին: Սա պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ «Պրեքզիթ» անունով: Այդ պատմական քայլէն՝ այսինքն եւրոպական շուկայէն հեռանալէն ետք, Բրիտանիոյ տնտեսութիւնը որոշ նահանջներ արձանագրեց, ապրուստի սղութիւնը ծանրացաւ: Եւրոպական ընտանիքէն հեռացումով (եւ այս կէտին մասին է որ շատ չի խօսուիր), բրիտանացիք շեշտակիօրէն բռնուեցան Միացեալ Նահանգներու ճիրաններուն մէջ (միակը չեն. Գերմանիան ալ ունի իր նմանօրինակ պատմութիւնը՝ յատկապէս ռուսական կազատար խողովակներու ականահարումէն ասդին…): Ստեղծուեցաւ Եւրոպայի ուղղութեամբ որոշ կարօտաբաղձութիւն, թէեւ աշխատաւորականները դրօշի չեն վերածած վերադարձի ընտրանքը: Բրիտանացիք մի՛շտ ալ «վերէն» կը դիտեն եւրոպական երկիրները եւ կը յաւակնին անկախ ըլլալ (ամերիկացիներէն կախուծութիւնը… կախուածութիւն չէ): Կայ գլխագիր ուրիշ ազդակ մը, որ կը կոչուի… Ուքրանիա: Բրիտանացիք եւս միլիառաւոր տոլարի նպաստ կը նետեն Ուքրանիոյ վառարանին մէջ, թէեւ չեն մրցիր Միացեալ Նահանգներու ու Գերմանիոյ հետ. սակայն ժողովուրդը կը զգայ, կը տեսնէ (կարծուածին չափ ապուշ չէ), որ սեփական երկրի տնտեսական եւ ընկերային վիճակներու բարելաւումէն աւելի՝ գումարներ կը մսխուին աւերիչ եւ մահասփիւռ պատերազմի մը մէջ, առաւելաբար հարստացնելով զէնքի-պատերազմի ճարտարարուեստի գանձանակները (նոյնը՝ այլ երկիրներու մէջ): Ղեկավարներու մակարդակին վրայ, անշուշտ կայ դարաւոր՝ «ամէն բան ընդդէմ Ռուսիոյ» նշանաբանը (նոյնը՝ նաեւ այլ շրջաններու մէջ, ինչպէս Կովկաս՝ Հայաստան ու Վրաստան…), որ հասարակաց է ախոյեան երկու կուսակցութեանց համար:
Աշխատաւորականները հրապարակ եկած էին «փոփոխութիւն պիտի բերենք» նշանաբանով, եւ անոնց գտած համակրանքը ցուցանիշ էր որ ժողովուրդը կ’ուզէ հաւատալ, թէ փոփոխութիւն կարելի է: Հարց է թէ ո՞վ թոյլ պիտի տայ, որ անոնք փոփոխութիւն բերեն: Նման յանկերգ վերջին տասնամեակներուն «նորաձեւութիւն» է, Օպաման ալ այս նշանաբանով եկաւ ու յետոյ…: Իսկ եթէ վաղը յաղթականները չկատարեն իրենց խոստումը, հրապարակ պիտի նետեն հազար ու մէկ պատճառաբանութիւն (սակայն պիտի չկրկնեն այնպիսի բաներ, որոնք Հայաստանի այժմու իշխանութեան կողմէ ամէն օր կը հրամցուի ժողովուրդին, յաճախ… սուտերու տարածումով: Աշխատաւորականներն ու իրենց մրցակիցները գոնէ այդքանը գիտեն, որ իրենք դաւաճանական ընթացք չեն ունեցած իրենց հայրենիքին նկատմամբ, իսկ թէ ի՜նչ աւերներ կը գործեն հոս-հոն՝ ընտրական սակարանին մէջ ծանր չի կշռեր…):
Աշխատաւորականներուն ձեռք բերած առաւելութիւնը կը նկատուի փառաւոր յաղթանակ: Թիւեր շատ բան կը բացատրեն: Անոնք ձեռք բերած են յստակ առաւելութիւն, շահած՝ 441 աթոռ (նախորդ խորհրդարանին մէջ միայն 209), իսկ Պահպանողական կուսակցութիւնը ունի 121 աթոռ (լուծարուածին մէջ՝ 365): Այսինքն, յաղթականը շատ աւելի աթոռ ունի, քան անցեալ շաբաթ իշխանութեան վրայ եղողը: Ըստ վիճակագրութիւններու, սա աննախընթաց իրագործում է 1832-էն ի վեր:
Ուսանելի կէտ մը. Աշխատաւորականները, ընտրութեանց արդիւնքին հրապարակումէն անմիջապէս ետք, ստանձնեցին երկրին ղեկը եւ հրապարակ եկան կառավարական կազմով մը: Սա կը նշանակէ, որ անոնք չսպասեցին՝ տեսնելու թէ արդեօք պիտի շահի՞ն ընտրութիւնները: Անգլիոյ (ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու) մէջ կայ աւանդութիւն մը. իշխանութեան մրցակից կուսակցութիւն(ներ)ը կ’ունենայ «շուք-կառավարութիւն» (ստուերային կառավարութիւն) կոչուած կազմ մը, ուր իւրաքանչիւր նախարարութեան համապատասխան մասնագէտ մը նկատի կ’առնուի, եւ երբ ընտրական յաղթանակ մը կ’ապահովուի, կառավարական կազմը արդէն պատրաստ կ’ըլլայ յանձն առնելու երկրին ղեկը: Սա կարեւոր նուաճում մըն է իսկական ժողովրդավարութիւն կիրարկիող երկիրներու մէջ, մաս կը կազմէ երկրի ղեկավարման խաղին: Իշխանաւորը չի յայտարարեր, թէ երկրին մէջ միայն մէկ կառավարութիւն կայ, բիրտ հալածանքի կամ բանտարկութեան չ’ենթարկեր ընդդիմադիրներ, որովհետեւ գիտէ, որ ինք ալ նո՛յն խաղը պիտի խաղայն յաջորդ փուլին:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽԱՌՆԻՃԱՂԱՆՃԸ
Եթէ Բրիտանիոյ մէջ իշխանափոխութիւնը ընթացաւ աւելի հեզասահ, նոյնը չեղաւ Ֆրանսայի մէջ, ուր արկածախնդրութիւնը աւելի ազդու գործօն դարձած է վերջին տարիներուն:
Ինչպէս Բրիտանիոյ, նոյնպէս ալ Ֆրանսայի մէջ ընտրութիւնները տեղի ունեցան արտակարգ ընթացքով: Հոն, անմիջական դեր ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն արդիւնքը (նշեցինք, որ բրիտանացիք դուրս են այս ընտանիքէն): Վերջին տարիներուն, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ երկիրներուն մէջ, աջակողմեան, մինչեւ իսկ ծայրայեղական աջերու շարժումներն ու կուսակցութիւնները յառաջընթաց կ’արձանագրեն. Գերմանիոյ մէջ մինչեւ իսկ նացիական քամիները սաստկացած են:
Եւրոպական դաշտի ընտրութիւններուն, ֆրանսական կալուածին մէջ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեցին Մարին Լը Փէնի աջակողմեան կուսակցութիւնն ու անոր շուրջ խմբուած միաւորները: Նախագահ Մաքրոնի համար սա ուղղակի ահազանգ մըն էր, որովհետեւ Մարին Լը Փէն կը նկատուի նախագահութեան թեկնածու (յաջորդ ընտրութիւնները՝ 2027-ին), վերջին ընտրութիւններուն ան կորսնցուցած էր մրցավազքը, սակայն իր հօր՝ Ժան-Մարի Լը Փէնի օրերուն սկիզբ առած՝ քայլ առ քայլ յառաջացումը անոր կուսակցութիւնը դարձուցած է նկատառելի ուժ: Այս մրցակցութեան մէջ աջի-ձախի գաղափարական հակադրութիւն չի փնտռուիր, այլ բանակռիւը «ընթացիկ հարցերու» շուրջ են, խոստումներն ալ կը թաւալին նման ծիրերու վրայ: (Նոյնը՝ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ, մինչդեռ հակադրութիւնները ըստ էութեան շատ աւելի քաղաքական էին 30-40 կամ աւելի տարի առաջ):
Մաքրոն, եւրոպական ընտրութիւններուն արդիւնքին լոյսին տակ, հարկադրուեցաւ երթալու արտակարգ ընտրութիւններու, լուծարքի ենթարկելով խորհրդարանը: Անոր այս քայլին մէջ, որոշ մեկնաբաններ տեսան աճպարարական ու բախտախնդիր արկածախնդրութեան ճիգ մը, եւ ահա ի յայտ կու գայ, որ այդ նախատեսութիւնները որոշ չափով ճիշդ դուրս եկած են: Քիչեր կը յիշեն, որ Մաքրոն իշխանութեան հասաւ՝ հաւասարապէս ինքզինք հեռու հռչակելով աջէն ու ձախէն, որոնք այդ օրերուն ըստ բաւականին հող կորսնցուցած էին (պատճառնրը ունին իրենց պատմութիւնը):
Ընտրութիւններու առաջին հանգրուանին, եւ ո՛չ պատահաբար, մեծ առաւելութիւն ապահովեցն աջերը, եւ գրեթէ վստահ էին, որ պիտի շահին երկրորդ հանգրուանին ալ, իրենց ղեկավարը պիտի հասցնեն վարչապետի պաշտօնին, պատմական պարտութեան մատնելով անմիջականօրէն՝ նախագահն ու իր կողքին կանգնողները:
«Տան հաշիւը շուկայի մէջ չքալեց»: Աջին շահած այդ առաւելութիւնը ահազանգի մատնեց Ֆրանսան, գոնէ աջերուն հակադրուած բոլոր ուժերը, անոնք ըլլան իշխանական (ծանօթ՝ կեդրոնի ուժեր անունով, ստեղծուած՝ Մաքրոնի կողմէ, նախագահութեան առաջին ընտրապայքարի նախօրեակին) թէ ձախ ընդդիմադիրներ (Մաքրոն աջերուն չափ ալ ձախերուն դէմ պայքարած է իր իշխանութեան առաջին օրերէն սկսեալ, լուսանցքայնացուցած է այնպիսի կուսակցութիւններ, որոնք մասնակից եղած են Ֆրանսայի նորագոյն պատմութեան կերտումին եւ նուաճումներուն, զանոնք ժողովուրդին ներկայացուցած է իբրեւ ժամանակավրէպ… հիներ):
Եւ ահա, իշխանականներուն եւ ձախ ընդդիմադիրներուն միջեւ ստեղծուեցաւ ոչ- պաշտօնական բայց յստակ զինակցութիւն մը: Այս խմբաւորումներէն՝ բազմաթիւ թեկնածուներ (աւելի քան 200) քաշուեցան ընտապայքարէն, որպէսզի աջերուն դէմ դնելու ելած կուսակցութիւնները յաջողութեան հասնին: Եւ անոնք հասան: Հոս ալ թիւերը բաւական պերճախօս են: Ձախ Դաշինքը (Ընկերվարական, Կենսոլորտի պաշտպաններ, ծայրայեղ ձախ եւ համայնավարներ) ապահովեցին ընդամէնը 577 աթոռներէն՝ 182-ը եւ դարձան նոր խորհրդարանի մեծագոյն պլոքը: Ուշագրաւ է, որ այս համախմբումը նորածին է. կազմուեցաւ կանխահաս ընտրութիւններու Մաքրոնի որոշումէն անմիջապէս ետք, եւ ահա կը շահի մեծամասնութիւնը: Քաղաքական հրա՞շք, թէ գիտակից ժողովուրդի ընտրութիւն: Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Մաքրոնի շուրջ խմբուածները, 168 աթոռով (առաջին հանգրուանին գրաւած էին երրորդ տեղը), իսկ Լը Փէնի դաշինքը ունի միայն 143 աթոռ: Նոր խորհրդարանին մաս կը կազմեն ընդամէնը 6 դաշինքներ եւ խմբակներ (որեւէ մէկը խորհրդարան չի մտներ… օրէնքի ուժով, ինչպէս պատահեցաւ Հայաստանի մէջ, վերջին ընտրութիւններուն):
Ստեղծուած է իսկական խառնաշփոթ վիճակ, մէկէ աւելի պատճառներով: Նախ, չկայ մէկ ուժ, որ ապահոված ըլլայ բացարձակ մեծամասնութիւն (289 աթոռ) եւ կարենայ առանձինն կազմել նոր կառավարութիւնը: Ու եթէ Անգլիոյ մէջ դեռ մօտիկ անցեալին (արտաքին աշխարհին մէջ) քիչ ծանօթ Քիր Սթարմըր մը եւ իր նոր կառավարութեան անդամները մէկ օրէն միւսը ճանաչողութիւն գտան եւ ողջունուեցան աշխարհին կողմէ, Փարիզի մէջ կայ յստակ դանդաղում: Վարչապետ Կապրիէլ Աթալ, համաձայն ընդունուած կարգերուն, ընտրութեանց արդիւնքին հրապարակումէն ետք յայտարարեց իր հրաժարականը եւ Երկուշաբթի, 8 Յուլիսի առաւօտուն զայն ներկայացուց Մաքրոնի, սակայն նախագահը չընդունեց հրաժարականը եւ զայն առայժմ կը պահէ պաշտօնի վրայ: Այնպէս կ’երեւի, որ սակարկութիւնները կրնան տեւել քանի մը օր, իսկ Ֆրանսա կը գտնուի… Ողիմպիական խաղերու նախօրեակին:
Խառնիճաղանճին պատճառներէն մէկը այն չէ, որ աջերը խռովութիւններու դիմած են արդիւնքներու հրապարակումէն ետք եւ եղածը կը նկատեն ժամանակաւոր պարտութիւն, իրենց աչքը սեւեռած կը պահեն նախագահական աթոռին, յաւակնութիւններ կը պահեն յաջորդ ընտրութեանց: Հիմնական հարցը՝ կառավարական նոր տարազի մը շուրջ համաձայնութեան բացակայութիւնն է:
Յստակ է, որ Մաքրոն պիտի չուզէ «օտար» վարչապետ մը ունենալ իր կողքին, սակայն նոյնքան յստակ է, որ Լը Փէնի հետ կառավարական ընկերակցութիւն մը չ’ուզեր կազմել: Յիշենք, որ Ֆրանսայի մէջ կոճատ «ամուսնութիւններ» նորութիւն չեն. 1981-ին, մեծ առաւելութեամբ նախագահական աթոռը շահած՝ընկերավարական Ֆրանսուա Միթերան մը, քանի մը տարի ետք ահաւոր նահանջ կրեց եւ ստիպուեցաւ իր աջակողմեան Ժաք Շիրաքի վարչապետութեամբ կազմել համախոհական կառավարութիւն, քաղաքական կեանքին մէջ ներակրելով համապատասխան եզր մը՝ «քոապիթասիոն» (համակեցութիւն): Նման ոչ աւանդական գործակցութիւններ տեղի ունեցան աւելի ուշ (նոյնը՝ այլ երկիրներու մէջ):
Եթէ Մաքրոն-Լը Փէն «համակեցութիւն» մը աներեւեակայելի եւ անկարելի կը թուի հիմա, միւս ընտրանքը պիտի ըլլայ Մաքրոն-ձախակողմեաններ գործակցութիւն մը: Սակայն հորիզոնը այդքան ալ պարզ չէ. երէկ անուղղակիօրէն դաշնակցած եւ աջերը նահանջի մատնած երկու խմբակներուն մէջ կան ներքին տարակարծութիւններ եւ հակադրութիւններ (չմտնենք այն մեկնաբանութիւններուն մէջ, թէ նման ընթացք որո՞ւն ի շահ պիտի ըլլայ): Օրինակի համար, Մաքրոնի կողքին կանգնողներ նոյնքան մերժողական կեցուածք կը ցուցաբերեն ծայրայեղ ձախ խմբակին հանդէպ, որքան՝ Լը Փէնի: Եւ ահա հոս է որ կը ստեղծուի դժուար լուծելի հանելուկ մը, որ չի նմանիր Մեծն Աղեքսանդրի «Գորդեան հանգոյց»ին:
Ինչ ուղղութեամբ ալ որ երթան խոհանոցային սակարկութիւնները, Մաքրոն կրած է ծանր հարուած: Նման նահանջի համար, ան նախ եւ առաջ պէտք է մեղքը փնտռէ իր մէջ: Անոր իշխանութեան օրով, Ֆրանսայի տնտեսութիւնն ու ընկերային վիճակը նահանջներ արձանագրեցին, որովհետեւ շա՜տ խոստումներ մնացին անիրականանալի: Ծանօթ է, որ Ֆրանսայի մէջ ալ տարիներէ ի վեր բողոքի եւ գործադուլերու ալիքներ կը յաջորդեն իրարու եւ կը ճնշուին իշխանութեան կողմէ: Հոն ալ ապրուստի սղութիւնը դարձած է ճնշող, նոր որդեգրուած որոշ օրէնքներ՝ անբաղձալի: Կայ անշուշտ… Ուքրանիան, որուն կ’երթան հսկայական օժանդակութիւններ, որոնք այլապէս կրնային տրամադրուիլ ժողովուրդին վիճակի բարելաւման: Կայ մանաւանդ բռնագաղթեալ ներգաղթողներու հսկայական ալիքը, որ մեծ փոփոխութեան ենթարկած է Ֆրանսայի մարդագրական պատկերը (նոյնը՝ նաեւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ): Կատակի համար կ’ըսուի, որ եւրոպական երկիրներու մարդագրական պատկերի փոփոխութեան մէկ հայելին… ֆութպոլի խումբերն են, ո՛չ միայն ակումբային, այլ նաեւ ազգային խումբերը: (Հիմա Հայաստանի մէջ ոմանք թաքուն նախանձով կը հետեւին այս ընթացքին, շահու յոյսով կը սպասեն… մեծաթիւ ազերիներու ներխուժման):
Վերոյիշեալ ու առաւելաբար ներքին մարտահրաւէրներու կողքին, Մաքրոն եւ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը կը դիմագրաւեն նոյնքան լուրջ մրցակցական տագնապ մը. Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, աջերը առաւելութիւն ձեռք բերած են, սա կը նշանակէ, որ աջերու հակադրուած կառավարութիւն մը իր դիմաց պիտի ունենայ անբաղձալի եւրոպական խորհդրարան մը: Արտաքին ազդակներու մասին խօսելով, Ֆրանսայի մասին ալ կրնանք ըսել այն՝ ինչ որ նշեցին Բրիտանիոյ պարագային. ամերիկեան ճիրաններու ներգործութիւնը. Ֆրանսայի պարագային, սա աւելի՛ խայթող ազդակ է, որովհետեւ եթէ ուքրանական տագնապին ուղղութեամբ, Մաքրոն մինչեւ իսկ յառաջ կ’անցնի Ուաշինկթընէն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է զինուոր ղրկելու Ուքրանիա (շահելով Ռուսիոյ անվերապահ… հակակրանքը), անդին, կան ամերիկեան տնտեսական գերակշռութիւնը, տնտեսական այլ կախուածութիւններու յաւելումը, միջազգային ոլորտին մէջ ինքզինք քիչ մը աւելի անկախ եւ ազդեցիկ դարձնելու յաւակնութիւնները (Ֆրանսայի փրկարար Շարլ Տը Կօլ ժամանակին Ֆրանսան դուրս բերաւ ՆԱԹՕ-ի զինուորական թեւէն, յետոյ, օր մըն ալ ստիպուեցաւ հրաժարիլ եւ իբրեւ վարկաբեկուած նախկին հերոս մեկեցաւ աշխարհէն…):
Ինչ ընթացք ալ որ ունենան բացայատ կամ քողարկեալ սակարկութիւնները, ընտրութիւններու արդիւնքը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ ֆրանսացիք պատրաստ չեն իրենց ճակատագիրը վստահելու Աջին: Կարգ մը մեկնաբաններ կ’ըսեն, որ ֆրանսացի ժողովուրդը յստակ պատգամ մը ուղղած է ընտրեալներուն. ԳՈՐԾԱԿՑԵՑԷՔ, որովհետեւ գիտէ, որ երկրին դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մինչեւ իսկ կենսոլաորտի եւ նման «երկրորդական» բայց ոչ արհամարհելի տագնապներու լուծումը մէկ մարդու, մէկ կուսակցութեան կամ մէկ դաշինքի գործը չէ:
…Արդեօք նման պատգամ Հայաստանի մէջ տեղ կը գտնէ՞ այս օրերուն, երբ հազար ու մէկ կարծիք կը հնչէ իշխանափոխութեան հրամայականին մասին: Անշուշտ կան մեր տեսադաշտը դէպի այլ տարածքներ հասցնելու հրամայականն ալ. կան ամերիկեան ընտրութիւնները, կայ Իրանի նախագահական ընտրութիւնը, կան միջին արեւելեան հին-նոր զարգացումներ, կան արեւելեան եւ արեւմտեան հին-նոր դաշնակցութիւններ, նոր ձեւաորումներ եւ այլն, որոնց հանդէպ հայրենի իշխանութիւնները կը խաղան ինքնամեկուսացումի եւ թշնամիներ աւելցնելու խաղը, առանց արհամարհելու ներքին պառակտումին խորացումը: