«Ոսկէ Ծիրան» 21րդ Շարժապատկերներու Միջազգային Փառատօնը

0 0
Read Time:38 Second

Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, Յուլիս 7-ին մեկնարկը տրուեցաւ 21-րդ «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերներու միջազգային փառատօնը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յուլիս 14:

Փառատօնին կարմիր գորգը փոխարինած էին արուեստագէտ Դաւիթ Քոչունցի ձեւագծման հիման վրայ տեղացի գորգագործ վարպետներու ձեռքերով պատրաստած գորգերը, որոնք նոր շունչ հաղորդած էին հանդիսաւոր արարողութեան։

Բացումը կատարեց գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, որուն նոր ժապաւէնին («Եօթը Քօղեր») ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ։

Ցուցադրուեցան դրուագներ Էկոյեանի ժապաւէններէն, որոնց մէջ նաեւ դեր ստանձնած է իր կողակիցը՝ Արսինէ Խանճեան։

«Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն Կարէն Աւետիսեան յայտնեց, որ փառատօնը ժամանակակից է: «Փառատօնն իր հերթին իր յարաբերութիւններն ունի աւելի մեծ երեւոյթների հետ` յաւիտենականութեան, ժամանակի, ապագայի պատմութեան», ըսաւ ան:

«Ոսկէ Ծիրան» փառատօնը հանրութեան ներկայացուց մրցութային ժապաւէններ աշխարհի զանազան երկիրներէ, ինչպէս նաեւ ժապաւէններ ամէնէն հեղինակաւոր Քաննի, Պերլինի եւ այլ փառատօներէ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles