ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ.- ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԻ ԱՐԺԷՔՈՎ ՀԱՏՈՐ ՄԸ

1 0
Read Time:10 Minute, 27 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Յուլիս 2024

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը 2023-ի վերջերուն լոյս ընծայեց երաժիտ-երաժշտագէտ Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեանի ստուար հատորը՝ «Լիբանանահայ երգչախմբային արուեստը. 1920-2020» խորագիրով: Եթէ փորձենք զայն անմիջականօրէն բնութագրել մէկ-երկու բառով, ամենայն ինքնավստահութեամբ զայն պիտի որակենք սփիւռքցի մտաւորականի մը կոթողական, բանասիրական գործը, որ իրաւունք ունի կոչուելու մանր հանրագիտարան:

 

ԸՍՏ ՁԵՒԻ

Հատորը կը բաղկանայ 576 էջէ, պատկերազարդ է,  կան պատմական լուսանկարներ՝ խմբավարներու, մեներգողներու, խումբերու եւ արուեստագէտներու: Կողքը կը զարդարէ հռչակաւոր «Գուսան»-ի մէկ խմբանկարը, ետեւի կողքին կայ երկու գրութիւն. վերը՝ այս հատորին արարման, աշխատանքին մղում տուող գործօններուն մասին ներքին բացատրականէն հատուած մը, վարը՝ նմանապէս հատուած մը՝ հեղինակին կենսագրական գիծերէն, դիմանկարի մը ընկերակցութեամբ: Գեղատիպ եւ խնամուած գործ է, լուսանկարներուն որակը ուղղակի յարաբերական է մամուլէն վերցուած կամ անձնական արխիւներէ վերցուած լուսանկարներու որակին: Օգտագործուած են արուեստագէտ լուսանկարիչներու արխիւները: Հատորը ունի խմբագիր՝ Նորա Բարսեղեան, իսկ գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Գօգօ Հաւանճեան: Բոլորն ալ կատարած են գնահատելի աշխատանք:

Վերջին էջերուն, կայ անուններու ցանկ՝ աւելի քան 20 էջ (549-570): Սա առանձինն նշանակալի արժէք է, որովհետեւ հոն մէկտեղուած են էջերուն տեղ գտած բոլոր անձերը՝ մտաւորական, արուեստագէտ, խմբավար թէ մամուլի աշխատակից-թղթակից (այս մասին նաեւ աւելի ուշ):

Հարուստ է էջատակի բացատրականներով(Foot note), թիւով 378 (այս մասին եւս աւելի ուշ):

 

ՀԵՂԻՆԱԿՆ ՈՒ ՀԱՏՈՐԻՆ ԾՆՆԴՈՑԸ

Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեան ունի ինքնավկայութիւն մը՝ աչքերը բացած է երաժշտասէր ընտանիքի մէջ, հասակ առած՝ երաժիշտներու եւ երաժշտագէտներու շունչով (քոյրն է ծանօթ բանասէր՝ հանգուցեալ Պետրոս Ալահայտոյեանի, իսկ ամուսինը անուանի բժիշկ-փրոֆեսէօր Պօղոս Արթինեանն է, նմանապէս երաժշտութեան մօտիկ մարդ): Ուսումնառութեան իր դարակին մէջ լայն տեղ ունի երաժշտութիւնն ու նուագարանը, եղած է մանկավարժ-դասախօս:

Ներածական իր խօսքին մէջ, կը պատմէ, թէ ինչպէ՞ս ծնած է այս հատորը պատրաստելու գաղափարը եւ քանի՜-քանի փուլ կտրած է: (Արդէն անցանք բովանդակութեան, բայց այս բաժինը կ’արձանագրենք հոս): 1981-82 տարեշրջանին, երբ Հայկազեանի մէջ ուսանող էր ու աւարտաճառի նիւթ կը փնտռէր, իր դասախօսը՝ ծանօթ մտաւորական եւ պատմագէտ Երուանդ Քասունի, նկատի ունենալով իր երաժշտական հետաքրքրութիւնները, յանձնարարած է ուսումնասիրել Լիբանանի մէջ հայկական երգչախումբերու պատմութիւնը (եւ լա՛ւ ըրած է այդ ցուցմունքը տալով): Սա եղած է միայն մեկնակէտը պրպտումներու եւ ուսումնասիրութիւններու երկարաշունչ արշաւի մը: Սկզբնական աշխատանքը յաջորդ տարիներուն, հանգրուան առ հանգրուան (խորհրդաժողովներու մասնակցութիւն, հարցազրոյցներ, հարցախոյզեր եւ այլ) աճ ու տարածք շահած է եւ հասած՝ հանրագիտարանի արժէքով այս հատորին: Հեղինակը բառացիօրէն չէ արձանագրած, սակայն ընթերցողը անոր տողերուն մէջէն կ’անդրադառնայ, որ սա անվերջանալի աշխատանք է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ դար մը առաջ ճամբայ ելած՝ երգչախումբերու դրօշարշաւը վերջ չէ գտած, վստահաբար պիտի շարունակուի, այնքան ատեն, որ վառ է Լիբանանի հայկական մեր օճախը: Ինչպէս կը վկայէ խորագիրը՝ բովանդակութիւնը կը տարածուի մօտաւորապէս 1920-էն 2020:

Նախաբան-բացատրականին մէջ, հեղինակը շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ունի բոլոր այն արուեստագէտներուն, մամուլի ու գրադարանի աշխատակիցներուն, մասնաւորաբար Հայկազեանի նախագահ Տոքթ. Փօլ Հայտոսթեանի, որոնք մասնակցութիւն բերած են ու նպաստած՝ հատորին իրականացման:

Հատորը ձօնուած է հեղինակին քրոջ դստեր՝ Դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանի, երաժիշտ ու բանասէր, որ դժբախտաբար կանխահասօրէն կեանքէն հեռացաւ հատորին պատրաստութեան վերջին շրջանին, կարեւոր ներդրում ունենալէ ետք աշխատանքին:

 

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հատորը կը բացուի Հայկազեան համալսարանին կողմէ բովանդակութիւնը ներկայացնող խօսքով մը, ուր կը նշուի, թէ սա մատենաշարին 51-րդ թիւն է. այլապէս պատկառելի վաստակ:

Սրտի ու արժեւորման խօսք մը ունի ծանօթ խմբավար-երաժիշտ Զաքար Քէշիշեան:

Հեղինակը, ինչպէս նշեցինք, բացատրական մը ունի ընտրած նիւթին՝ Լիբանանի մէջ երգչախումբերու ծննդոցին, մօտաւորապէս դար մը առաջ վառած ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցող խմբավարներուն եւ երգչախումբերուն մասին. լուսարձակի տակ կը բերէ ԵՐԳին տեղն ու դերը՝ Ցեղասպանութենէն փրկուած սերունդին կեանքին մէջ, ապա հակիրճ կերպով կը պատմէ, թէ ինչպիսի՛ խորքով պեղած է մամուլ ու հատորներ, ձեռնարկներու բացատրագրքոյկներ (պռոշիւռ եւ այլ): Այս հակիրճ բացատրականը արդէն կը վկայէ, թէ պեղումները ինչո՛ւ երկարած են աւելի քան չորս տասնամեակի վրայ (թէեւ կը խոստովանի, թէ կեանքի հարկադրանքներ, նաեւ Լիբանանի պատերազմական վիճակի փուլերը դանդաղեցնող ազդակներ եղած են): Բացատրական այս էջերուն, կը յիշատակէ հոյլը նշանաւոր խմբավարներու, որոնք քիչ ետք պիտի առաջնորդեն արուեստագէտներու տողանցքը՝ հատորի երկայնքին:

Կարդալով հատորը, ընթերցողը կը զգայ, թէ ինչպիսի՜ ԱՆ-ԽՆԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔ տարած է հեղինակը (անխնայ բառը՝ իր ամէնէն դրական եւ տարողունակ իմաստով): Իսկ անոր մասին այս սիւնակը արձանագրողս որոշ անճրկումի կը մատնուի, որովհետեւ այնքա՜ն բան կարելի է գրել հատորին մասին եւ… չսպառել:

Արդարե՛ւ, ինչպէ՞ս կարելի է մինչեւ իսկ հպանցիկ ակնարկներով խօսիլ հատորի մը մանրամասնութիւններուն մասին, որ, ինչպէս նշեցինք, կը բովանդակէ դարու մը պատմութիւն: Հետեւաբար, հարկադրուած ենք կանգ առնելու քանի մը արժանիքի վրայ, իբրեւ վկայութիւն՝ աշխատանքին տարողութեան ու արժէքին մասին:

Ա. ՎԱՒԵՐԱԳՐՈՒՄ. Ամէն բանէ առաջ, հատորը վաւերագրական արժէք ունի եւ պատմական գործ է: Հեղինակին պրպտումները զինք տարած են մօտաւորապէս դար մը առաջ, երբ Ցեղասպանութենէն փրկուած ընտանիքներ, Լիբանանի մեր հայկական օճախը կազմաւորելու տարիներուն, եկեղեցի-դպրոց-ակումբ կառուցելու առընթեր, աչքաթող չեն ըրած ԵՐԳԱՐՈՒԵՍՏԸ: Երգը՝ ամէն մարդ կ’երգէ, իսկ երգարուեստը բեմ կը հանուի նա՛եւ երգչախումբերով, դուրս կու գայ դպրոցական եւ եկեղեցական այլապէս սեղմ միջավայրէն (հոս արհամարհական արտայայտութիւն մի՛ տեսնէք դպրաց դասերուն կամ աշակերտական երգչախումբերուն եւ նման՝ «առտնին» երգչախումբերու հասցէին): Եւ ահա, մեր ժողովուրդին նման՝ Ցեղասպանութենէ փրկուած արուեստագէտներ, ուսեալ կամ ինքնուս խմբավարներ, երաժիշտներ եւ երգասէրներ աներեւոյթ մագնիսով մը ի մի կու գան (մագնիսը բոլորովին աներեւոյթ չէ, այլ կը մարմնաւորուի խմբավարներով), սկիզբ կ’առնէ տողանցք մը, որ դրօշարշաւի մը պէս կը շարունակուի ու կը հասնի մեր օրերը:

Յաջորդ արժանիքներուն մասին խօսելէ առաջ, այստեղ կ’ուզենք պահ մը  կանգ առնել վերը մեր գործածած՝ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ եզրին վրայ: Ընթերցողը մտահան պէտք չէ ընէ այս արժանիքը, որովհետեւ այլապէս, ան որոշ տեղ կրնայ ունենալ սխալ տպաւորութիւն մը, երբ հատորի էջերուն, լայն մէջբերումներ պիտի գտնէ ձեռնարկներու մասին մամուլէն կամ այլ աղբիւրներէ քաղուած ընդարձակ վերարտադրութիւններու, մէջբերումներու, տուեալ ձեռնարկի մը մասին մէկէ աւելի արձագանգներու: Կարելի է տարուիլ այն մտածումով, թէ ի՞նչ պէտք կար ա՛յսքան լայն եւ երբեմն ալ զիրար կրկնող մէջբերումներու: Սա վաւերագումին մէկ անբաժան տարրն է եւ ցոյց կու տայ, թէ երգչախումբերն ու անոնց երգահանդէսները ինչպիսի՜ ընկալում ունեցած են օրին, ընթերցողը հաղորդ կը դառնայ գնահատականներու, քննադատութիւններու եւ քննարկումներու, մէկ խօսքով՝ այլապէս մոռացութեան ծոցը գացած անցեալին, որ ապրող էր ու կենսունակ՝ այդ օրերուն: Ափսո՜ս, որ այդ օրերուն արհեստագիտութիւնը չէր ընծայեր այսօրուան հնարաւորութիւնները, երբ կարելի էր անմահացնել երգարուեստի գոհարներ (փոքրաթիւ արձանագրութիւններ բաւարար չեն տարողունակ վկայութիւն ըլլալու):

Վաւերագումը ունի նաեւ «թաքուն» երես մը (ո՛չ բոլորովին թաքուն): Հատորի հասակն ի վեր կ’երեւին խումբերու եւ խմբավարներու այն դժուարութիւնները, որոնք յաղթահարուած են մերթ՝ նիւթական, աշխատանքի վայրի սղութեան եւ այլ պատճառներով, իսկ աւելի մօտիկ անցեալին՝ Լիբանանի պատերազմին ստեղծած «անցարգելներուն» հետեւանքով: Կարգ մը երգչախումբեր, որոշ ժամանակ գործելէ ետք, ստիպողաբար դադրած են, յետոյ, վերականգնած են, ուրիշներ անուանափոխութիւն կրած, բայց երթը շարունակուած է՝ յաղթահարելով բազում մարտահրաւէրներ:

Բ. ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԱՅԻՆ. Ամբողջ դարու մը պատմութիւնը ընդգրկող հատորը անսպառ տեղեկութիւններով եւ ծանօթութիւններով հարուստ է: Էջերուն կը տողանցեն Լիբանանի բեմը ծաղկեցուծած, երկարատեւ կամ կարճ ժամանակով գործած բոլոր խմբավարները, որոնց անուններուն թւումը մեզմէ պիտի խլէ սիւնակներ: Հոն են նաեւ երաժիշտներ, մեներգողներ, նուագողներ, երգահաններ ու յօրինողներ:  Այս իմաստով, հատորը կարելի է նկատել երգչախմբային մէկ դարու կեանքի «Ո՞վ է նա» (Who’s who) տիպի հանրագիտարան մը: Այս տողերը աւելի լաւ հասկնալու համար, արձանագրենք, որ հատորի վերջին էջերուն, կայ տողանցողներու ստուար անուանացանկ մը, աւելի քան 20 էջ (549-570): Անուանացանկը կ’ընդգրկէ ո՛չ միայն երգչախումբերուն խմբավարներնւ ու երաժիշտները, մեներգողները եւ այլն, այլ նաեւ լրագրողներ, մտաւորականներ եւ գիրի ու արուեստի մարդիկ, որոնք կապ ունեցած են երգչախումբերուն հետ ու արձագանգած անոնց նուաճումներուն:

Հատորը հանրագիտարանի արժէք ունի նաեւ այն մօտեցումով, որ ընթերցողը, մասնաւորաբար ապրող սերունդը կ’իմանայ, թէ որո՞նք եղած են Լիբանանի երգչախումբերու առաջին խմբավարները, կը տեսնէ, թէ դար մը առաջ ջահը ինչպէս անցած է ձեռքէ ձեռք, սերունդէ սերունդ, մէկուն սկսած գործը շարունակած է ուրիշ մը՝ այլ վարպետ մը կամ վարպետի մը փայլուն մէկ աշակերտը: Հատորի ամբողջ երկայնքին, ընթերցողը կը զգայ, թէ Մեծն Կոմիտասը, անոր արժանաւոր յաջորդները եւ աւանդապահները ինչպիսի՜ նուիրումով, յաճախ նաեւ հսկայական զոհողութիւններով գուրգուրացած են երգչախումբերուն վրայ:

Գ. ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԳՈՐԾ. Սկսինք խօսելով հատորին ներքին բաժանումներուն եւ աճը ցուցահանող մանրամասնութիւններու մասին:

Հատորը ունի աւելի քան տասը երթաբաժին, մեծ մասը օժտուած՝ ներածականներով: Իրաքանչիւր ենթաբաժինին ճամբով, ընթերցողը կը ծանօթանայ, երգչախումբերու ծննդոցին, նաեւ այն իրականութեան, որ անոնք նախ ունեցած են «յարանուանական» դիմագիծ (աւետարանական, կաթողիկէ եւ առաքելական), անոնց կազմութեան մղիչ ուժերը եղած են նաեւ ազգային երեք կուսակցութեանց մշակութային թեւերը՝ Համազգային, Նոր Սերունդ, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.: Կարգ մը երգչախումբեր առաջնորդուած են անհատ խմբավարներու ջանքերով, մերթ ընթ մերթ գործակցութիւն ստեղծուած է խումբերու եւ խմբավարներու միջեւ:

Յարանուանական երգչախումբերուն սկզբնական գործը եղած է առաւելաբար կրօնաշունչ երգերու տարածումը, սակայն ժողովրդային, ազգային-հայրենասիրականն ու օտար երգահաններու գործերը մի՛շտ ալ ներկայութիւն եղած են յայտագիրներու վրայ, աստիճանաբար տարածք ստանալով:

Հայկական երեք յարանուանութիւններուն նախաձեռնութեամբ ոտքի հանուած երգչախումբերը անհաղորդ չեն եղած իրարու: Մէկէ աւելի խմբավարներ իրենց ներդրումը ունեցած են տարբեր երգչախումբերու պատրաստութեան եւ յաջողութիւններուն մէջ: Իսկ եթէ պիտի խօսինք թիւերով, հատորը ընթերցողին կը ծանօթացնէ շուրջ 25 երգչախումբ, որոնց շարքին՝ մանկական եւ երիտասարդական, որոնց խմբավարութիւնը կատարած են աւելի քան 30 երաժշտագէտներ: Կ’երեւի, թէ իբրեւ մանկական-պատանեկան ծնած երգչախումբ մը տարիքի աճ ունեցած է եւ դարձած՝ երիտասարդական եւ այլ: Հեղինակը այս բոլորին մանրամասն պատմութիւնն է որ կը ներկայացնէ էջերուն, ընդհանրապէս պահպանելով ժամանակագրական կարգը:

Դ. ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ. Այս հատորին մէջ կայ վերահաստատում այն ճշմարտութեան, թէ հայերը ինչպիսի՛ դեր ունեցած են անմիջականօրէն լիբանանեան, ապա նաեւ արաբական աշխարհի մէջ երգչախմբային արուեստի հիմադրութեան ու տարածման, մասնաւորաբար բազմաձայն երգեցողութեան հունաւորման մէջ:

Երգն ու երաժշտութիւնը համամարդկային հարստութիւններ են՝ ըսուած է: Այս խօսքը մարմնաւորուած է հոս, այն իմաստով, որ մեր երգչախումբերուն յայտագիրները ո՛չ միայն բազմալեզու եղած են, այսինքն՝ հոն տեղ գտած են եւրոպական ու արաբական երգեր, այլ այդ խումբերը «յորդած» եւ նաեւ հայկական միջավայրէ անդին, հասած՝ լիբանանցի եւ արաբական աշխարհի երաժշտասէրներուն եւ արժանացած՝ ջերմ գնահատանքի: Հայկական երգչախումբեր, երգահաններ եւ խմբավարներ ռահվիրայի դեր ունեցած են արաբական երգչախմբային արուեստի աշխարհին մէջ, այս առաքելութիւնը կը շարունակուի այսօր, ազգամիջեան գործակցութիւններու ճամբով: Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի մէջ գործող խմբավարներ, տեղափոխութիւններու ճամբով, իրենց առաքելութիւնը տարած են հայկական այլ գաղութներ եւ օտար բեմեր:

Տեղ մը պէտք է արձանագրել նաեւ այն կարեւոր դերը, որ ունեցած են լիբանանահայ երգչախումբեր, երբ տարած են միացեալ գործունէութիւն եւ պանծալի էջեր արձանագրած են ո՛չ միայն հայութեան կեանքին, այլ նաեւ լիբանանեան ու միջազգային որլորտներու մէջ: Յիշատակենք գոնէ մէկ օրինակ: Ցեղասպանութեան 50-ամեակի օրերուն, երբ հայութիւնը կ’ապրէր միասնութեան, վերականգնումի եւ դէպի նոր նուաճումներու սեւեռող փուլ մը, Համազգայինի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի միացեալ երգչախումբ-պարախումբը պատմական նուաճում մը արձանագրեց նախ՝ Պաալպէքի փառատօնին, ապա նաեւ այցելելով Փորթուգալ եւ այլուր: Երգչախումբերու միացեալ ելոյթները այլապէս ունին իրենց աղուոր աւանդութիւնն ու իւրայատուկ պատմութիւնը, մասնաւորապէս ազգային տօներու առիթով: Հատորին մէջ վկայութիւն կայ, որ այս աւանդութիւնը կ’ապրի այսօր:

Այստեղ կ’արժէ կանգ առնել նաեւ այն դերակատարութեան ու գործակցութեան վրայ, որ ստեղծուած է տարբեր գաղութներու եւ Լիբանանի հայութեան միջեւ, իսկ այս ծիրին մէջ, ու մասնաւորապէս Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին՝ Լիբանանի եւ մայր հայրենիքի միջեւ: Բազմաթիւ խմբավարներ հրաւիրուած են Լիբանան, լիբանանահայ երգչախումբերու համար յօրինումներ կատարած են հայրենի երաժիշտներ, իսկ կարգ մը լիբանանցի երգահաններու գործերուն հայ վարպետներու կողմէ մշակումը սքանչացումի տարած է նոյնինքն երգահանները…

Ե. ՓՈԽԱՆ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ. Նման գիտաշխատութիւն՝ ընդհանրապէս օժտուած պէտք է ըլլայ մատենագիտութեամբ մը՝ օգտագործուած աղբիւրներու ցուցակով: Նման բաժին կը բացակայի հատորի էջերէն: Սակայն… չաճապարե՜նք: Այդ բաժինը աւելիով կատարուած է հատորի ամբողջ երկայնքին, էջատակի բացատրականներով, կրկնենք՝ 378 բացատրականով: Անոնք այլազան են. կան բացատրութիւններ, թէ որոշ մէջբերումներ ո՞ր թերթի ո՞ր թիւէն կամ գիրքէն վերցուած են, սակայն նաեւ այդտեղ կան առատ բացատրութիւններ եւ կենսագրական ծանօթութիւններ՝ էջերուն մէջ յիշատակուած արուեստագէտներու (երգահան, երաժիշտ, խմբավար, երգիչ եւ այլ): Այս բաժինը ուշագրաւ մէկ գոյնն է հատորին «Ո՞վ է ան»ի նկարագիրին:

 

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Այս սիւնակը սկսանք՝ հատորը բնութագրելով իբրեւ կոթողական եւ բանասիրական աշխատանք, զայն նաեւ տեղ մը զայն որակեցինք իբրեւ ան-խնայ գործ, որովհետեւ հեղինակը ճիգ չէ խնայած երգչախումբերու մասին հասնելու հոն՝ ուր իբրեւ անհատ կարելի է:

Աւելցնենք, որ այս հատորը յուշարձան մըն է բոլոր այն խմբավարներուն եւ արուեստագէտներուն (սկսելով Յ. Իւվէզեանէն մինչեւ Բ. Կանաչեան, Է. Էլմաճեան, Հ. Պէրպէրեան, Օ. Ասատուրեան, Զարեհ Սրբազան, Մնակեան, Ս. Փանոսեան եւ ուրիշներ), որոնք հիմնած ու վարած են բազում երգչախումբեր եւ պատմութեան անցած, երէցներուն ներարկած են Կոմիտասի եւ այլ հանճարներու արուեստը, մանուկներուն ցոյց տուած են երգարուեստի՝ հոգի հարստացնող աշխարհին հորիզոնները: Հատորը նաեւ պատուոյ շքանշան է բոլոր անոնց, որոնք վառ կը պահեն դար մը առաջ վառած ու բարձր պահուած ջահը:

Վստահ ենք, որ ընթերցողներ մեզի պիտի ձայնակցին ըսելու. շնորհակալութիւն՝ Տիկին Ռուպինա, այս աշխատանքին համար: Ու երեւակայել, որ այս հատորը միայն մէկ՝ լիբանանեան երեսն է Սփիւռքի մէջ ծնած ու ծաղկած մեր երգչախումբերու պատմութեան:

 

(Յ.Գ. Կ’ուզենք արձանագրել նաեւ քանի մը նկատողութիւն՝ իբրեւ յետ-գրութիւն, այսինքն անկախ՝ հատորի արժեւորման մեր փորձէն: Այս բաժինը ո՛չ մէկ ձեւով պէտք է ընկալել իբրեւ արժէքին վնասող տողեր: Խօսքը կը վերաբերի քանի մը «վրիպակներու» (արդեօք կա՞յ անթերի գործ՝ պիտի հարցնէ ընթերցողը), որոնք տպագրական-տողաշարական կամ ձեւաորումի հետ կապ չունին, այլ խմբագրումի կապուած հարցեր են, կարելի էր բազմարժէք այս հատորը զերծ պահել անոնցմէ:

Այսպէս՝ կարգ մը տեղեր կարելի էր խուսափիլ էջերուն եւ տողատակի բացատրութիւններուն մէջ ծանօթութիւններու կրկնութիւններէ: Այլուր, որոշ ծանօթագրում նոյնութեամբ կրկնուած է քանի մը էջ անդին: Ու եթէ, ինչպէս նշեցինք իր տեղը՝ լայն մէջբերումները, կը դիտենք վաւերագրումի ակնոցով ու զանոնք չենք նկատեր էջերը ծանրացնող տողեր, անդին, ընթերցողին ուշադրութենէն չի վրիպիր այլապէս «ծանրացնող» բան. օրինակի համար, երբ կը խօսուի խումբի մը եւ խմբավարի մը իրերայաջորդ ելոյթներուն մասին, եւ իրերայաջորդ պարբերութիւններուն միջեւ այլ խումբի կամ ձեռնարկի մասին ծանօթութիւն չէ մտած, աւելորդ է կրկնել ու կրկնել խումբին ու խմբավարին անունները: Թուականի յիշատակումը բաւարար է կապը եւ հաղորդականութիւնը պահելու համար):

 

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles