Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
«Համբերութիւն պէտք է ունենալ մինչեւ վերջ, որպէս զի ամբողջական եւ կատարեալ ըլլաք, եւ ձեզի որեւէ բան չպակսի»: Յակոբոս 1:3
Մարգարիտները գեղեցիկ եւ թանկարժէք զարդարանքներ են ի վաղուց յետէ: Յիսուս իր առակներէն մէկուն մէջ երկինքի թագաւորութիւնը նմանցուց վաճառականի մը, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ: Երբ շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնէ՝ կ’երթայ, իր ամբողջ ունեցածը կը ծախէ եւ կը գնէ այդ մարգարիտը (Մատթէոս 13 : 46):
Բայց բոլոր մարգարիտները նոյնը չեն: Կա՛ն իրական մարգարիտներ. Կան նաեւ կեղծ մարգարիտներ: Իրական եւ բնական մարգարիտները յարաբերաբար հազուագիւտ են եւ թանկարժէք: Կեղծ մարգարիտները շինծու են – ապակիներէ շինուած իրեր են, որոնք թէեւ արտաքնապէս բնական մարգարիտներու տեսքը ունին, բայց կեղծ են:
Բնական եւ իրական մարգարիտները ծովերու եւ ովկիանոսներու բնակիչ ոստրէներէ կու գան մեզի: Երբ աւազահատիկ մը ոստրէին փափուկ միսին մէջ կը մտնէ եւ հոն տեղաւորուի, մարմինին այդ մասին բջիջները մսեղէն փոքր տոպրակ մը կը շինեն: Ոստրէն իր մէջէն հիւթ մը կ’արտադրէ եւ կը ծածկէ աւազահատիկը եւ օրեր, շաբաթներ եւ ամիսներ՝ խաւ առ խաւ կը պատէ զայն, մինչեւ երջանիկ այն օրը երբ կազմուի բնութեան այդ հրաշալիքը որ կը կոչուի մարգարիտ:
Ըստ ծովախոյզ գիտուններուն, երբ աւազահատիկը մտնէ ոստրէին մարմինին մէջ՝ ոստրէն կրնայ երկու բաներէն մէկը ընել – կամ թոյլ կու տայ որ այդ աւազահատիկը խոցէ եւ շարունակ վիրաւորէ զինք, եւ կամ ալ համբերութեամբ եւ տոկալով պատէ զայն իր մարմինէն արձակած հիւթովը եւ տակաւ առ տակաւ շինէ ապագայ մարգարիտը:
Ոստրէն ալ, բնութեան հաղորդած այլ առակներուն նման, դաս մը կը սորվեցնէ մեզի: Երբ կեանքի այլեւայլ փորձառութիւններ կը ցցուին մեր առջեւ, ոստրէին համակ էութիւնը խոցող աւազահատիկներու պէս, այն ատեն այդ փորձառութիւնները կամ պիտի դառնան մեզ կործանող բաներ եւ կամ անոնք պիտի դառնան մեզի համար մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարումովը պիտի կարենանք ստեղծել կեանքի գեղեցիկ մարգարիտները:
Բազմաթիւ օրինակներ կարելի է յիշել պատմութենէն, ուր մարդիկ իրենց մարտահրաւէր եղող «աւազահատիկը» վերածեր են «Մարգարիտ»-ի: Յիշենք անոնցմէ միայն օրինակ մը.- .«18-րդ դարու կիսուն անգլիացի պատմագէտ Էտուըրտ Կիպընի առջեւ առիթով մը մարտահրաւէր մը դրուեցաւ: Հարց եղաւ թէ ինչպէ՛ս Հռովմէական հզօր կայսրութեան պէս պետութիւն մը փլուզեցաւ եւ կործանեցաւ: Այս հարցը «աւազահատիկ»ի մը նման մարտահրաւէր մը եղաւ Կիպընզին համար: Քսան տարի շարունակ ան մեծ համբերութեամբ, տոկալով եւ յարատեւութեամբ մտաւորա-կան այդ «աւազահատիկը» վերածեց պատմական գեղեցիկ մարգարիտի մը՝ «Տկարացումն ու Անկումը Հռովմէական Կայսրութեան» վերտառութեամբ դասական եւ կոթողական գործին:
Բնութեան եւ պատմութեան մեզի ընծայած առակներուն ու մեր Ս. Գիրքի հատուածի լոյսին ներքեւ՝ մեր ուշադրութեան առարկայ կը դառնան հետեւեալ խորհրդածելի երկու դասերը.-
Առաջին, կեանքի կարեւորագոյն նուաճումները ընդհանրապէս ժամանակի կը կարօտին: Զանոնք ձեռք ձգելը դիւրին չէ յաճախ:
Օրինակի համար, մեր պարտէզներու մէջ տատասկն ու անպէտ խոտերը շուտով կը բուսնին ու կը մեծնան, բայց գեղեցիկ ու հոտաւէտ ծաղիկներ մեծցնելը ժամանակի եւ խնամքի կը կարօտին: Շուկայի պատրաստ ճաշերը քանի մը վայրկեանի մէջ կարելի է պատրաստել եւ սեղան դնել, բայց տան համադամ ճաշերու պատրաստութիւնը ժամանակի կը կարօտի:
Այսպէս նաեւ, կեանքի այլազան մարզերու մէջ կարգ մը նուաճումներ կան յաջողութիւններ ձեռք ձգելու համար անհրաժեշտ է ժամանակ տալ, համբերել, տոկալ եւ յարատեւել:
Զոր օրինակ, համալսարանական ուսումն ու դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ արհեստավարժ մարդոց նուաճումները ինքնաբերաբար եւ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ձեռք չեն ձգուիր: Անոնք ժամանակի կը կարօտին, երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքի, համբերութեան եւ զոհողութեան:
Կամ, նկատի առնենք ընտիր ընտանիքի մը օրինակը: Ընտիր ընտանիք մէկ օրէն միւսը չի կազմուիր, այլ տարիներու ընթացքին՝ տաք եւ պաղ օրեր դիմագրաւելով: Բայց միանգամայն փոխադարձ յարգանքի, սիրոյ եւ վստահութեան յարաբերութիւններ մշակելով:
Պարագան նոյնն է կեանքի այլեւայլ մարզերու մէջ արձանագրուած նուաճումներուն: Անոնք մէկ օրուան մէջ կամ կարճ ժամանակամիջոցի մը արգասիքները չեն:
Գեղեցիկ տաճարները տասնեակ տարիներու աշխատանքի արդիւնք են: Արուեստի եւ գեղարուեստի գլուխ գործոցները երկար տարիներու անխոնջ եւ համբերատար նուիրումի ստեղծագործութիւններ են:
Մարդոց նկարագիրն ալ ժամանակի եւ բազմաթիւ փորձառութիւններու արգասիքն է: Ինչպէս Հռովմը մէկ օրուան մէջ չի շինուեցաւ, նկարագիրն ալ մէկ օրուան, կամ կարճ ժամանակի մէջ կառուցուող բան մը չէ:
Այո՛, կեանքի կարեւորագոյն նուաճումները ժամանակի կը կարօտին:
Երկրորդ, Կեանքի կարեւորագոյն նուաճումները ոչ միայն ժամանակի կը կարօտին, այլ նաեւ անսահման համբերութեան:
Համբերութիւնը աստուածային առաքինութիւն մըն է, որ կը ծնի ու կը զօրանայ նեղութեանց, դժուարութիւններու եւ տառապանքի հնոցին մէջ: Համբերող անձը փորձութիւններու եւ դժբախտութիւններու դէմ քաջաբար կուրծք կու տայ եւ առանց յուսահատելու իր ցաւերն ու վիշտերը կը դիմագրաւէ:
Համբերութեան դասական օրինակը կը գտնենք Հին Ուխտի Յոբ Երանելիի կեանքին մէջ: Աստուած փորձեց Յոբը՝ իրմէ առնելով իր զաւակները, հարստութիւնը եւ նոյնիսկ իր առողջութիւնը, բայց ան համբերութեամբ տոկաց իր ծանր տառապանքին մէջ եւ աննկուն հաւատքով եւ համբերատար կեանքով կրցաւ յաղթականօրէն ապրիլ:
Համբերութիւն չունեցող մէկը երբեք չի կրնար իր նպատակին հասնիլ: Անհամբեր մարդը միշտ ենթակայ է դասալիք դառնալու: Իսկ դասալիք մարդը տոկուն նկարագրի տէր անհատ մը չէ եւ կեանքի պայքարի մէջ շուտով կ’ընկրկի: Յաղթական կեանք վարելու կարեւոր ազդակներէն մէկն է՝ համբերութեամբ ամէն տեսակ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու դիմադրել:
Ամերիկայի Նոթրը Տէյմ համալսարանի անուանի ֆութպոլի մարզիչ Ռաքնի սովոր էր իր մարզիկներուն ըսել. «Յաղթական մարդը դիւրաւ չի յուսահատիր. Իսկ դիւրաւ յուսահատող մարդը երբեք չի կրնար յաղթել»:
Կեանքը իր վերիվայրումները ունի: Պայծառ օրերուն կրնան յաջորդել դառն ու մռայլ օրեր: Երբեմն մեր կեանքին մէջ մուտք պիտի գործեն խոցող «աւազահատիկ»ներ, անակնկալ պատահարներ: Իմաստուն մարդիկ, ոստրէներու նման, իրենց կեանքի փորձառութիւններն ու փորձութիւնները դիմագրաւելով՝ կրնան անոնցմէ կերտել նկարագրի գեղեցիկ ադամանդները: Ահա այդ պատճառով է, որ Յակոբոս առաքեալի պատուէրը՝ իր օրերու եւ բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն հետեւեալն է.- «Երանելի է այն մարդը որ փորձութեան կը համբերէ. Վասն զի եթէ փորձուելով ընտիր գտնուի՝ կենաց պսակը պիտի առնէ, զոր Տէրը զինք սիրողներուն խոստացաւ» (3ակոբոս 1. 12):