Գրեց՝ ԳՈՒՐԳԷՆ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Յուլիս 10, 1942
Ներկայ Համաշխարհային Պատերազմն ալ լի է գաղափարի մը համար ինքնազոհ հերոսութեանց օրինակներով։ Այս հերոսներու շարքերուն մէջ կը տեսնենք ամէն հասակի եւ ցեղի պատկանողներ, շատերն յաճախ լոյսին եկած անծանօթ խորշերէ, մոռցուած անկիւններէ։ Ատոնք ամէնքն ալ յանուն հայրենիքի, ազատութեան կամ քաղաքական-ընկերային դաւանանքի մը զոհած են ու պատրաստ են զոհելու սեփականութեանց ամենէն թանկագինը՝ կեանքը։
Նախագահ Ռոզվելթ իր ճառերուն մէջ յաճախ անդրադարձաւ այս անձնազոհ հերոսներուն՝ հրապարակային գնահատանք ընելով անոնցմէ ոմանց հասցէին։ Ասոնց մէջ յիշատակելի է, որպէս շատերէն առաջինը, Քէփթըն Քէլի, որ ինքնակամ հերոսութեամբ մը զոհաբերեց իր երիտասարդ կեանքը ընկղմելով թշնամի մեծ զրահաւոր մը։
Բայց հերոսներ գտնելու համար անպատճառ պէտք չունինք պատերազմի դաշտերը երթալու։ Կան հերոսներ ճակատներէ հեռու քաղաքներու մէջ, հերոսներ աշխատանքի, հերոսներ նուիրումի, մխիթարութեան, քաջալերանքի։ Երիտասարդներ, որոնք կը թողուն իրենց գործը՝ բանակին միանալու համար. ծերունի հայր մը, որ կ՛ուզէ ընկերանալ զէնքի դիմող իր չորս զաւակներուն իր վերջին օրերը արժեցնելու նպատակով. դեռատի կիներ, որոնք կը լքեն ընտանեկան հանգիստը, որպէս հիւանդապահ բանակին ծառայելու համար. փոքրիկներ, որոնք իրենց խնայած սէնթերը կը յատկացնեն հայրենիքի պաշտպանութեան. անկար ծերունի մը, որ իր օրապահիկէն կը կտրէ՝ յանուն ազատութեան մղուած այս աննախընթաց կռուին իր օժանդակութիւնը բերած ըլլալու համար։
Հետեւեալ յուզիչ դէպքը պատմուած Մորիս Մեթերլինքէ՝ յատկանշական է այս տեսակէտով։
Պելճիքացի յայտնի գրողը կը գտնուէր Լիզպոն՝ Ֆրանսայի անկումէն յետոյ եւ կը սպասէր նաւի մը, որ զինք տանէր ազատութեան երկիրը՝ Ամերիկա։ Վերջապէս, կու գայ նաւը եւ կը լեցուի ամէն ազգի եւ գաղափարի փախստականներով։ Հրահանգ կու գայ թէ նաւը, իր տարողութենէն շատ աւելի բեռնաւորուած ըլլալով, պէտք է թեթեւցուի՝ հարիւրի չափ անձերու վերադարձումով դէպի ցամաք։ Մասնաւոր, ճերմակ, ինքնութեան տոմսեր կը տրուին անոնց, որոնք պիտի կրնային մնալ նաւին մէջ։ Այդ տոմսերը չունեցողները պարտաւոր էին վերադառնալ քաղաք՝ սպասելու համար ուրիշ նաւի մը, որ կրնար երբեք ալ չգալ։ Ասիկա տեսակ մը մահավճիռ պիտի ըլլար նաւէն հեռացողներուն համար։
«Այդ մահավճիռէն հատ մըն ալ,- կ՛ըսէ Մեթերլինք,- բաժին ինկած փոքր ընտանիքի մը, որ պատահմամբ կը գտնուէր մօտն այն տեղին, ուր կը կենայինք ես եւ կինս։ Կարծեմ թէ հոլանտացի էին անոնք՝ հայր, մայր, մանչ մը եւ աղջիկ մը՝ տասէն տասներկու տարեկան։ Երեւոյթով շատ յարգելի էին եւ իրենց հագուստները հրաշքով մը մնացեր էին կոկիկ եւ մաքուր։ Անոնց տեղ հարաւային եւրոպացի ընտանիք մը լաց ու կոծով պիտի լեցնէր հրապարակը։ Վասնզի յայտնի էր թէ հայրն էր, որ ստիպուած պիտի ըլլար վերադառնալ։ Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ անոնք իրենց ներքին տառապանքը արտայայտելով կարենային թեթեւնալ իրենց բեռէն։ Բայց անոնք կը ճնշէին իրենց զգացումը։ Չէին զիջաներ «տեսարան մը պարզել»։
Նայելով անոնց, երբեք պիտի չկրնայիր գիտնալ, թէ իրենց հօր հետ միասին անցուցած վերջին վայրկեաններն էին , որ կ՛ապրէին անոնք այդ պահուն։
«Նաւին կամրջակին վերի կողմէն պաշտօնեաներ կը յառաջանային դանդաղօրէն՝ իրենց առջեւ խռած բազմութիւնն անոնց, որոնց բաժին ինկած չէին սպիտակ տոմսերը։ Ամէն կողմ՝ աղմուկ, լաց եւ շփոթ էր։ Տեսայ, որ հոլանտացի հայրը բան մը կ՛ըսէր իր կնոջ եւ կը փայփայէր զաւակները։ Յաջորդ տեսածս այն եղաւ, որ մէկը ըմդմիջեց զինք։ Աննկարագրելի երեւոյթով մարդ մըն էր այս վերջինը, նիհար ու ալեխառն. մարդ մը, որուն մօտէն պիտի անցնէիր առանց երկրորդ ակնարկի մը։ Յայտնի էր թէ հայրը չէր հասկնար այդ մարդուն ըսածը։ Այն ատեն տեղի ունեցաւ արագ շարժում մը։ Տեսայ, որ հայրը կեցած էր զարմացած եւ կը նայէր իր ձեռքը դրուած ճերմակ տոմսակին, իսկ միւս մարդը կը հեռանար իրմէ։ Մարդը քովէս անցաւ եւ ես հարցուցի իրեն ֆրանսերէնով.- «Դո՞ւն տուիր տոմսակը անոր»։ Ուսերը վեր բարձրացուց եւ աւելցուց.- «Է՜հ, Ամերիկա երթամ՝ ի՞նչ պիտի ընեմ»։ Ու խառնուեցաւ նաւէն հեռացող բազմութեան։
«Նաւին մեկնելէն յետոյ, հարցուփորձ ըրի այդ մարդուն մասին, բայց ոչ ոք որոշ բան մը գիտէր իր մասին։ Մէկը այնպէս կը խորհէր, թէ աւստրիացի հակա-նացի մըն էր ան։ Եթէ այդպէս էր, ուրեմն մեծ զոհողութեամբ ան կրցած էր հասնիլ Լիզպոն, եւ նաւը շատ աւելի արժէք ունէր իրեն քան մեզմէ շատերուն համար։
«Այս պատերազմին մէջ, կ՛եզրակացնէ գրողը, Միացեալ Ազգերու շատ պատուանշաններ պիտի տան իրենց մեծապէս արժանի հերոսներուն։ Բայց այս պատերազմներու պատերազմին մէջ պէտք է հաստատել նաեւ նշանաբաշխութեան ուրիշ ձեւ մը՝ յաւերժացնելու համար այլ տեսակ գործեր, ինչպէս գործը այս մարդուն, որ պիտի յիշուի միշտ այժմ Ամերիկա գտնուող հոլանտացի փոքր ընտանիքէ մը»։
Ազգերու բարձրացման եւ անկման պատմութիւնը առաւելապէս պատմութիւնն է հոգեկան ուժերու մակընթացութեան եւ տեղատուութեան։ Աւետարանի բացատրութեամբ «կենդանարար հոգին» է այն, որ անտես, բայց աւելի քան իրական ներզօրութեամբ կ՛երակաւորէ անհատներու եւ ժողովուրդներու կեանքը՝ մատակարարելով անոր գոյութեան անհրաժեշտ աւիշը։
Քննենք եւ տեսնենք թէ ինչո՞ւ ինկան պատմութեան մեծ կայսրութիւնները՝ Ասորեստանէն մինչեւ Եգիպտոս եւ Բիւզանդիոն, թէ ինչո՞ւ այնպէս անփառունակ խորտակուեցաւ Ֆրանսան, ինչո՞ւ փոքր ազգեր, ինչպէս հայերս, ապրեցան դարերու փոթորիկներու ընդմէջէն։
Այն ատեն թերեւս պիտի համոզուինք, թէ որքա՜ն կարեւոր են հոգեկան ուժերը մեր անհատական եւ ազգային կեանքին համար, ու պիտի կրնանք որոշել մեր ապագայ ուղին նոր դարու մը նորաբաց արշալոյսին։