ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 37 Second

    Հայաստան ստացած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի առաջարկներու տասներորդ փաթէթը, որ ներկայիս կը քննարկուի Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ։ Այս լուրը հաղորդեց Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ դժուարացաւ ըսելու, թէ կողմերը արդեօք մօտեցա՞ծ են խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման թէ ոչ։Ան շեշտեց, որ այնքան ատեն որ ամէն ինչ համաձայնեցուած չէ, ապա ոչինչ համաձայնեցուած է։

    Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման նախապայման դրած է Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, հակառակ անոր որ իր սահմանադրութեան մէջ եւս յղումներ կան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու, որոնք ըստ 1918ի դրութեան, իբրեւ թէ Ատրպէյճանի կը պատկանին։ Սակայն հայկական կողմը պայման չի դներ Ատրպէյճանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։Ասիկա կ՛ենթադրէ, որ Երեւան ճնշումներու ենթակայ է եւ միակողմանի տրամադրութիւններ գոյութիւն ունին Ատրպէյճանի կողմէ, որ իր պայմանները կը պարտադրէ։

    Ատրպէյճան նաեւ անպատասխան ձգած է մէկ ամսուան ընթացքին խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Երեւանի առաջարկը։Անիկա նաեւ չէ պատասխանած Հայաստանի իշխանութիւններուն առաջարկին, որ կը վերաբերի զինադուլի խախտման հետաքննութեան միացեալ մեքանիզմի մը ստեղծման,որ պիտի լուծէ զինեալ դէպքերու մասին կեղծ լուրերու տարածման խնդիրը։

    Խօսելով Արցախի մասին, Գրիգորեան շեշտեց,որ Ռուսիա Արցախը Ատրպէյճանի յանձնեց, որովհետեւ առանց Ռուսիոյ հաւանութեան, պատերազմ չէր ըլլար։Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ հակադարձեց Գրիգորեանի եւ յայտարարեց, որ Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդին ընդհանուր քարտուղարին յայտարարութիւնները Հայաստանի նախորդ եւ ներկայ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մեղքը քողարկելու եւ զայն ուրիշներու բարդելու նպատակը ունի։

  *

     Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Հաքան Ֆիտան, հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ շարունակական երկխօսութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ՝ շրջանային զարգացումները։Անոնք անդրադարձան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն կարգաւորման հոլովոյթին եւ ձեռք ձգուած համաձայնութիւններուն կատարման հեռանկարներուն։

   Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացները 2022ին համաձայնեցան բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անցագիր ունեցող անհատներու դիմաց։Սակայն մինչեւ այսօր այդ համաձայնութիւնը գործադրուած չէ։

    Տեղին է նշել,որ շուրջ երեք տասնամեակ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող Երեւանն ու Անգարան առանց նախապայմաններու յարաբերութիւնները կարգաւորելու յայտարարութիւններ կատարեցին Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք։

    Միւս կողմէ, Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը հաստատեց, որ Հայաստան պատրաստ է ամբողջութեամբ բարելաւելու յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ՝դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելով եւ սահմանը բանալով։Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Միրզոյեան նշեց, որ ժամանակը հասած է,որպէսզի գործադրուին այն համաձայնութիւնները, որոնք ձեռքբերուած են բանագնացներուն միջեւ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին։

*

     Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայըն Պաքուի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգի յառաջ մղման եւ այս հոլովոյթին աջակցելու իրենց պատրաստակամութեան։

    Արտաքին գործոց նախարար Անթընի Պլինքընի օգնականը նշեց Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը,նաեւ ընդգծելով ռազմավարական երկկողմանի յարաբերութիւններուն հետագայ զարգացումը։Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հարաւային կովկասեան համագործակցութեան, Միջին միջանցքին եւ այլ նիւթերու կապուած խնդիրներ եւ հարցեր։

    Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի բանակին զինման խնդրին, լրագրողներուն հետ զրոյցի պահուն, Օ՛Պրայըն հաստատեց,որ իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի զինուելու։Ան նաեւ շեշտեց, որ կարեւոր է գերեվարուած հայերու ազատ արձակումը եւ դրական գնահատեց սահմանազատման հոլովոյթը։

*

    Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաւաստի աղբիւրներ հաստատեցին,որ  Միացեալ Նահանգներու վարչակարգը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի, հրաւէր ուղղած է՝ մասնակցելու համար ՆԱԹՕ-ի եւ միւս գործընկերներու հետ միասին Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք զինակցութեան վեհաժողովի գործընկերային նախաձեռնութիւններուն։

    Միրզոյեան եւ Պայրամով Ուաշինկթընի մէջ հնարաւորութիւն պիտի ունենան քննարկելու հարաւային կովկասեան համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրին կապուած հարցեր։

    Ըստ Թուրան լրատու գործակալութեան, ամերիկացի պաշտօնատարներ կը հաւատան, որ երկու շաբաթ ետք Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ կայանալիք վեհաժողովը լաւ առիթ մըն է, որպէսզի հայեւատրպէյճանական երկխօսութեան հանդիպումներ կայանան՝ վեհաժողովին քուլիսներուն մէջ։

*

   Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սուպհանի շեշտեց,որ Իրան կը յարգէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը եւ դէմ է աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան։Ան կ՛ակնարկէր Հայաստանի հետ սահմանին,որուն կապակցաբար Ատրպէյճան որոշ նկրտումներ ունի։

    Իրանցի դեսպանը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ այս սկզբունքային քաղաքականութիւնը երբեք փոփոխութեան պիտի չենթարկուի, անկախ անկէ, որ Իրանի եւ Հայաստանի մէջ ինչպիսի կառավարութիւններ իշխանութեան կը հասնին։«Մեզի համար Հայաստանը շատ կարեւոր երկիր է։Հայաստանի եւ Իրանի ապահովութիւնը իրարու շաղկապուած է», յայտարարեց դեսպան Մեհտի Սուպհանի։

*

     Երեւանի մէջ կայացաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցներու ընդլայնուած կազմերով սեմինար- խորհրդաժողով մը, որ նուիրուած էր Արցախի կապուած ներկայ իրողութիւններուն։

    Խորհրդաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկան Լեռնիկ Յովհաննիսեանը՝ «Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Ատրպէյճանի կողմէ, 44 օրեայ պատերազմէն եւ 19 Սեպտեմբեր 2023-էն ետք» թեմայով, Լենա Խաչատրեանը, որ ներկայացուց «Արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը», խորագրով նիւթը եւ Տաթեւիկ Աղաջանեան, որ խօսեցաւ «Արցախցիներու բնակարանային ապահովման հոլովոյթին եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ» նիւթին մասին։

   Խորհրդաժողովին մասնակիցները հարցումներ ուղղեցին զեկուցաբերներուն, ինչպէս նաեւ կատարեցին առաջարկներ եւ դիտողութիւններ։

 *

    Ռուսիոյ փոխ վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուկ շեշտեց,որ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնն ու Եւրոպական Միութիւնը անհամատեղելի են եւ թէ արտատարածաշրջանային խաղացողներու Հայաստան մուտքը պիտի ունենայ իր հետեւանքները։

    «Անշուշտ անհնար է եւ սխալ կ՛ըլլայ աչք փակել ու չտեսնել ձեւացնել այն փաստը, թէ Հայաստանի քաղաքական արեւելումը աւելի ու աւելի կը թեքուի դէպի Արեւմուտք», ըսաւ Ռուսիոյ փոխ վարչապետը՝ հաւաստիացնելով,որ Ռուսիա շահագրգռուած է կայուն Հայաստանով, առեւտրական լաւ կապերով եւ եղբայրական լաւ յարաբերութիւններով։

     Տեղին է նշել,որ պաշտօնական Երեւան վերջերս յայտարարած էր, որ հայերը իսկապէս ունին եւրոպական ձգտումներ։Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համաձայն, Հայաստան պատրաստ է մօտ գտնուելու Եւրոպական Միութեան, այնքան որքան կարելի է։Մարտին Եւրոպական Խորհրդարանը ընդունեց Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կապերու մասին յատուկ բանաձեւը, որուն մէջ կոչ կը կատարուի Եւրոպական Յանձնաժողովին եւ Խորհուրդին՝ աջակցելու Երեւանի, Պրիւքսէլի հետ համագործակցութեան ընդլայնման հարցին մէջ։

*

   Թուրքիոյ արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող Տիարպեքիր նահանգի Սուրի շրջանի Ալի Փաշա թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Սարգիս պատմական եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքները ընթացք առին՝ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց Սահակ Բ.Մաշալեանի աղօթքով։

    508 տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական եկեղեցւոյ վերականգման համար՝ Թուրքիոյ իշխանութիւնները տրամադրած են միայն  5 միլիոն թրքական լիրա։Եկեղեցւոյ հիմնական նորոգութեան համար տակաւին կարիքը կայ երկու միլիոն տոլարի, որ պիտի գոյանայ հայորդիներու նուիրատուութիւններով։

    Սուրբ Սարգիս եկեղեցին Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն իբրեւ արհեստագործական դպրոց գործածուած է։Իսկ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, եկեղեցւոյ շէնքը լքեալ վիճակ մը ունեցած է։Անիկա այժմ աւերուած վիճակի մէջ կը գտնուի։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles