ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

0 0
Read Time:4 Minute, 1 Second

    Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարեց,որ պատճառ մը գոյութիւն չունի՝ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները չբարելաւելու համար։Ան նաեւ ըսաւ, որ Թուրքիա նպատակ չունի միջամուխ դառնալու Սուրիոյ ներքին հարցերուն եւ խնդիրներուն։

    Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նախագահական կայքէջին վրայ գրած էր, թէ Սուրիա պատրաստ է բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը միտին բարելաւել Սուրիա- Թուրքիա յարաբերութիւնները։Ան սակայն պնդած էր,որ այս բարելաւումը պէտք է իրականանայ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանմամբ եւ երկրին գերիշխանութեան յարգմամբ։Ան նաեւ նման պատգամ մը փոխանցած էր Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ մօտ Ռուսիոյ բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթիեւի միջոցով։

*

     Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան ղեկավար Օզկիւր Էօզէլ յայտարարեց, որ ժողովրդային մեծ հաւաք մը պիտի կազմակերպեն՝ բողոքելու համար իշխանութիւններուն դէմ,որոնք կ՛անտեսեն նուազագոյն ամսականները բարձրացնելու եւ հարկային աւելի արդար համակարգ մը ստեղծելու ժողովուրդին կոչերը։

   Էօզէլ նշեց,որ տնտեսական սուր տագնապին նկատմամբ իշխանութիւններուն վարած տնտեսական քաղաքականութիւնը յոյսեր չի ներշնչեր մասնաւորաբար աշխատաւոր դասակարգին համար, որ կը տուայտի ելեւմտական եւ տնտեսական ծանր վիճակին մէջ։Հաւաքը պիտի կատարուի Քոճայլի նահանգի Կեպսէ շրջանին մէջ,որ նշանաւոր է իր աշխատաւոր բնակչութեամբ։

  Թուրքիոյ մէջ անուղղակի տուրքերու համակարգը այնպէս է, որ աշխատաւորը եւ գործատէրը նոյն չափի հարկ կը վճարեն։Ընդդիմադիր կուսակցութիւնը կը պահանջէ, որ այս համակարգը փոփոխութեան ենթարկուի եւ հարուստները տուրք վճարեն՝ ըստ իրենց շահած գումարներուն։

*

     Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Ներկայացուցչութեան պետ գերմանացի դիւանագէտ Նիքոլաոս Մեյէր- Լանտրութ, որ իր առաքելութիւնը աւարտած է եւ շուտով Պրիւքսէլ պիտի վերադառնայ,փորձեց դրական մօտեցում ցուցաբերել Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան փշոտ թղթածրարին՝ յայտարարելով,որ բազմաթիւ մարզերու մէջ գործակցութիւն ստեղծուած է։Ան սակայն ընդունեց, որ Թուրքիա- Եւրոպական Միութիւն բազմակողմանի յարաբերութիւնները բաւական խրթին վիճակ մը ունին։

    Գերմանացի դիւանագէտը նշեց,որ իր համոզմամբ, անցեալ չորս տարիներուն ընթացքին որոշ յառաջխաղացք արձանագրուած է՝ Թուրքիա- Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ, ուր անդամակցութեան խնդիրը սեպ մը կը համարուի։«Թուրքիա միացած է եւրոպական ինը տարբեր ծրագրերու եւ ասիկա ինքնին իրագործում մըն է», աելցուց ան։

    Թուրքիա աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր անդամակցութեան թեկնածու է։Բանակցութիւնները կանգ առին 2016ին։Ըստ Թուրքիոյ, Եւրոպական Միութիւն անդամակցութեան խնդիրը քաղաքականացուցած է։Եւրոպացիք կը մերժեն այս մեղադրանքը եւ կը պնդեն,որ խտրականութեան քաղաքականութիւն չեն վարեր թուրքերուն նկատմամբ։

*

     Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն Կեդրոնական Ասիոյ հինգ թրքախօս հանրապետութիւններուն հետ ռազմավարական կապերը առաւել ամրապնդելու քաղաքականութիւնը, որուն ծիրին մէջ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր այցելեց Թիւրքմենիստան եւ Ուզպեքիստան, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նախագահներ՝ Սերտար Պարտիմուհամմէտովի եւ Շեվքէթ Միրզիեոեւի հետ։Խորհրդակցութիւններուն առանցքը կազմեցին զինուորական, տնտեսական եւ քաղաքական մարզերուն մէջ ամբողջական գործակցութեան հեռանկարները։Կիւլէր վերահաստատեց Թուրքիոյ յանձնառութիւնը՝ Կեդրոնական Ասիոյ  հինգ թրքախօս հանրապետութիւններուն հետ կապերը առաւել ամրացնելու քաղաքական որոշումը։

*

   Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ՆԱԹՕ-ի դաշնակից պետութիւններէն պահանջեց ճիշդ քայլեր առնել՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ։Ան նաեւ կենսական համարեց,որ արեւմտեան զինակցութեան անդամ պետութիւնները զօրակցութիւն յայտնեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարող զինակցութեան անդամ պետութիւններուն։Ան յայտնապէս կ՛ակնարկէր Միացեալ Նահանգներու, որոնք մարտավարական գործակցութիւն ունին Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ գտնուող քիւրտերուն հետ, որոնց կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ կողմէ կը համարուի ահաբեկչական միութիւն մը,որ սերտ կապեր ունի Թուրքիոյ եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն համարուող Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան հետ։

*

      Թուրքիա տիեզերային գիտութիւններու եւ իրագործումներու մարզին մէջ նոր քայլեր պիտի առնէ՝ ծիր արձակելով Թուրքսաթ 6 Էյ հաղորդակցութիւններու արբանեակը, յայտարարեց փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու։

    Թուրք նախարարը նշեց, որ Թուրքիա նախապէս արբանեակներ կը գնէր, սակայն ներկայիս անիկա կը գտնուի արբանեակ արտադրող երկիրներու շարքին։Թուրքիա ներկայիս ծիրին վրայ ունի 5  արբանեակներ,որոնց բոլորն ալ թրքական արտադրութիւններ են։

   Թուրքսաթ 6 Էյ հաղորդակցութիւններու արբանեակը ծիր պիտի արձակուի յուլիսի երկրորդ շաբաթը, Ֆլորիտայի Քէյփ Քանավերալ կեդրոնէն։Արբանեակը թրքական հաղորդակցութիւններու միջոցներու ծիրը պիտի ընդարձակէ դէպի Հնդկաստան, Թայլէնտ, Մալիզիա եւ Ինտոնեզիա։

*

     Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքին՝ Պոլսոյ մէջ բնակելի շէնքերուն 50 հազարը փլելու անմիջական վտանգին տակ կը գտնուի, որովհետեւ շինութեան եւ կառուցման չափանիշերը չեն յարգուած, ինչպէս նաեւ շէնքին կառուցումէն ետք, առանց արտօնագրերու յարկեր աւելցուած են շէնքին համար, որուն կարողականութիւնը օրինակի համար 3 յարկ է, սակայն շէնքին վրայ չորս յարկ ալ աւելցուած է, առանց նկատի ունենալու սիւներուն վիճակը։Վերջին շրջանին Պոլսոյ երկու տարբեր թաղերու մէջ երկու շէնքեր փուլ եկան՝ բնակելի շէնքերու վիճակը ընդհանուր ուշադրութեան առարկայ դարձնելով։Փրէօֆեսօր Ալի Քոչաք յայտարարեց,որ երկրաշարժի մը պարագային մեծ թիւով բնակելի շէնքեր փուլ պիտի գան։Անոնք նաեւ կրնան խաղաղ պայմաններու մէջ եւս փուլ գալ, որովհետեւ շատ տկար հիմեր եւ սիւներ ունին։Նման շէնքերուն թիւը 50 հազարէ աւելի է։

*

     Ըստ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ  զբօսաշրջութեան նախարարութեան տուեալներուն, ընթացիկ տարուան առաջին 5 ամիսներուն, աւելի քան 15 միլիոն զբօսաշրջիկներ այցելած են Թուրքիա։Այս թիւը 12 առ հարիւրով աւելի է անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին Թուրքիա այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւէն։

    Միայն մայիս ամսուն ընթացքին աւելի քան 5.13 միլիոն զբօսաշրջիկներ Թուրքիա այցելած են։Գերմանացիները առաջին դիրքի վրայ կը գտնուին։Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերու վրայ կը գտնուին յաջորդաբար ռուսերը եւ անգլիացիները։

    Տուեալ ժամանակաշրջանին 1.17 միլիոն իրանցիներ այցելած են Թուրքիա, ինչ որ 47 առ հարիւրի աճ մըն է, բաղդատած անցեալ տարուան տուեալներուն։Իսկ Թուրքիա այցելած չիներուն թիւը եղած է 150 հազար, ինչ որ դարձեալ 125 առ հարիւր աւելի է՝ բաղդատած անցեալ տարուան տուեալներուն։

    Պոլիսը ամէնէն շատ զբօսաշրջիկ ընդունած քաղաքն է։Երկրորդ դիրքի վրայ կը գտնուի Անթալիան, որ Միջերկրականեան ծովուն ափին կը գտնուի։

    Ընթացիկ տարուան առաջին հինգ ամիսներուն Թուրքիա այցելած բոլոր զբօսաշրջիկները 8.75 միլիառ տոլար ծախսած են երկրին մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles