«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՆՑՈՒԴԱՐՁԵՐ

0 0
Read Time:4 Minute, 0 Second

Խմբագրական

Հոկտեմբեր 26, 1940

Քանի մը օր առաջ, ինչպէս յայտնի է հեռագիրներէն, Անգլիոյ վարչապետ Չըրչիլ ռատիոյի վրայ սրտառուչ կոչ մը ըրաւ Ֆրանսական ժողովուրդին։ Չըրչիլ կը խնդրէր վերջինէս վստահիլ Անգլիոյ անսասան բարեկամութեան, կը վստահեցնէր զայն, թէ Անգլիա ամէն հիմ ունի լաւատես ըլլալու Գերմանիոյ դէմ մղած իր պատերազմի ելքի վերաբերմամբ, թէ միայն Անգլիոյ յաղթանակի շնորհիւ Ֆրանսա այժմ կրնայ վերականգնել իր անցեալ մեծութիւնը եւ թէ Անգլիա այժմ ոչինչ կը պահանջէ Ֆրանսայէն, աչք չունի երբեք անոր նաւատորմի, օդային տորմիղի կամ գաղութներէ ոեւէ մէկուն վրայ. մինչդեռ նացիական Գերմանիա Ֆաշական Իտալիոյ հետ կը ձգտի ոչնչացնել Ֆրանսան ոչ միայն իբր մեծ պետութիւն, այլեւ իբր ազգ։ Ի վերջոյ, Չըրչիլ կը խնդրէր Ֆրանսական ժողովուրդէն գէթ արգելք չըլլալ Անգլիոյ յաղթանակին, որովհետեւ այդ յաղթանակը պիտի փրկէ ոչ միայն Անգլիոյ, այլեւ Ֆրանսայի գոյութիւնը։

Հետաքրքրական է, որ այս կոչէն հազիւ քանի մը ժամ անց, յայտնի դարձաւ, թէ Փարիզի մէջ Հիթլեր եւ Ֆոն Րիպենթրոփ տեսակցութիւն մը ունեցած են Ֆրանսայի ներկայ փոխ-վարչապետ Լաւալին հետ։ Հետաքրքրական էր մանաւանդ այն, որ իսկոյն յամառ զրոյցներ տարածուեցան այն իմաստով, թէ Հիթլեր հաշտութեան նպաստաւոր պայմաններ կ’առաջարկէ Ֆրանսայի, եթէ վերջինս դառնայ Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ զինակիցը Անգլիոյ դէմ։ Աւելին. իբր թէ Հիթլեր կը խոստանայ Ֆրանսայի որոշ բաժին մը այն աւարէն, զոր Գերմանիա եւ Իտալիա պիտի ստանան Անգլիոյ ջախջախման պարագային, եթէ Ֆրանսա իր նաւատորմը, իր օդային տորմիղը եւ նաւային ու օդային կայանները տրամադրէ Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ։

Ոեւէ հնարաւորութիւն չկայ այժմ ստուգելու այս զգայացունց զրոյցներուն ճշդութիւնը։ Սակայն, ուշագրաւ է՝ որ ֆրանսական կառավարութիւնը իր արտաքին գործոց նախարարին միջոցով փութաց վստահացնել, թէ Ֆրանսա երբեք մտադիր չէ Անգլիոյ դէմ զէնք բարձրացնելու կամ իր նաւատորմն ու իր օդանաւերը յանձնելու Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ։

Թերեւս Ֆրանսա չուզէ ուղղակի մասնակցիլ պատերազմին Անգլիոյ դէմ։ Բայց ոեւէ երաշխիք չկայ, որ ան չպիտի համաձայնի անուղղակի կերպով օգնել Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ, օրինակ, անոնց տրամադրել իր նաւային եւ օդային կայանները Միջերկրականի մէջ եւ մինչեւ իսկ Ատլանտեան ովկիանոսին վրայ, եթէ միայն Հիթլեր եւ Մուսոլինի իրապէս հրապուրիչ հաշտութեան պայմաններ առաջարկեն անոր։

Բաւականին արժանահաւատ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, Ֆրանսական ներկայ կառավարութեան մէջ կայ տարր մը “Լաւալ եւ ուրիշներ”, որ տրամադիր է ուղղակի կերպով գործակցելու Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ, եթէ այդ կերպով կարենայ ապահովել Ֆրանսայի համար հաշտութեան աւելի նպաստաւոր պայմաններ։ Սակայն, կ’ըսուի թէ, Փեթէն ինքը, ինչպէս եւ Ֆրանսական բանակի ներկայացուցիչները հակառակ են Անգլիոյ դէմ զէնք բարձրացնելուն կամ Անգլիոյ պարտութեան աքթիւ կերպով նպաստելուն։

Ըստ երեւոյթին, Չըրչիլի կոչը արդիւնք էր այն բանին, որ ան գիտէր Հիթլերի ծրագիրներու մասին եւ կ’ուզէր իր կոչով վիժեցնել զանոնք եւ զօրացնել Գերմանիոյ հետ զինակցութեան հակառակորդներու դիրքը Ֆրանսական կառավարութեան մէջ։ Այն պարագան, որ Չըրչիլ չյիշեց իր կոչին մէջ «ըմբոստ» զօր. Տը Կոլի անունը, ցոյց կու տար, որ Անգլիոյ վարչապետը պատրաստ է այդ մասին իրաւախոհութլան մը գալ Լաւալի հակառակորդ, բայց Փեթէնի պէս մտածող Ֆրանսական առաջնորդներուն հետ։

Մեծապէս նշանակալից եւ միեւնոյն ատեն ոչ նուազ խորհրդաւոր էր Հիթլերի անակնկալ տեսակցութիւնը Սպանիոյ դիկտատոր զօր. Ֆրանքոյի հետ Սպանիոյ սահմանին վրայ,- տեսակցութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Լաւալի հետ ունեցած հանդիպումէն յետոյ։

Յայտնի է, որ ժամանակէ մը ի վեր Հիթլեր եւ Մուսոլին կ’աշխատին համոզել զօր. Ֆրանքօն զէնք բարձրացնելու Անգլիոյ դէմ կամ գէթ թոյլ տալու Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ Սպանիոյ վրայով արշաւանք մը կազմակերպել Ճիպրալթարի դէմ։ Սակայն, զօր. Ֆրանքօ շատ ալ տրամադիր չ’երեւիր այդքան առաջ երթալու, որովհետեւ կը վախնայ ծովային պաշարումէն Անգլիոյ նաւատորմի կողմէն այն պարզ պատճառով, որ այդպիսի պաշարում մը սովամահութեան պիտի ենթարկէ արդէն իսկ կիսաքաղց ու կիսաւեր Սպանիան եւ թերեւս երկրորդ քաղաքացիական պատերազմի մը առիթը ստեղծէ։

Զօր. Ֆրանքօ, սակայն, վերջերս մեծ զիջում մը ըրաւ Գերմանիոյ՝ գերմանասէր Սունիէրը նշանակելով Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար։ Սունիէրը յայտնի է իբր մոլեռանդ կողմնակից Սպանիոյ միջամտութեան ներկայ պատերազմին։ Ու թերեւս Հիթլեր փորձ մը կ’ընէ այժմ վերացնելու զօր. Ֆրանքոյի անձնական վարանումները եւ վճռականապէս լծելու զայն իր կառքին։

Այս տեսակէտէն հետաքրքրական է, որ Հիթլեր իրեն հետ տարած է եղեր իր լաւագոյն զօրավարները, որոնք հաւանաբար պաշտօն ունէին համոզելու զօր. Ֆրանքօն զինուորական տեսակէտով։

Ակներեւ է, որ Հիթլեր կը պատրաստուի արշաւելու Ճիպրալթարի դէմ եւ, Սպանիոյ վարանումները կոտրելու համար, կ’աշխատի Ֆրանսան ալ լծել իր կառքին։ Այդ պարագային կարելի պիտի ըլլայ դիւրացնել ոչ միայն Ճիպրալթարի, այլեւ Սուէզի Ջրանցքի նուաճումը, քանի որ, եթէ Հիթլեր եւ Մուսոլինի կարենան օգտուիլ Ֆրանսական եւ սպանական նաւային ու օդային կայաններէն ամբողջ Միջերերականի մէջ, Անգլիա հաւանաբար չպիտի կարենայ պաշտպանել ոչ Եգիպտոսը, ոչ Պաղեստինը եւ ոչ ալ Սուէզի Ջրանցքը։

Ուշագրաւ է, որ Լաւալ, Հիթլերի հետ ունեցած տեսակցութենէն յետոյ, անմիջապէս մեկներ է Վիշի, խորհրդակցեր է մարջախտ Փեթէնի հետ եւ անոր հետ միասին գացեր է Փարիզ, ուր տեղի ունեցած է Փեթէնի եւ Հիթլերի հանդիպումը։

Կը թուի, սակայն, թէ որքան ալ Լաւալ ու անոր յարողներ ուզեն այժմ Ֆրանսայի բախտը ճակատագրօրէն կապել նացիական Գերմանիոյ եւ Ֆաշական Իտալիոյ հետ, Ֆրանսական ժողովուրդի, բանակի եւ մտաւորականութեան ճնշող մեծամասնութիւնը հակառակ է այդպիսի քաղաքականութեան մը։ Եւ եթէ Հիթլերի ճնշման տակ Ֆրանսական կառավարութիւնը նման դիմադարձութիւն մը ընէ եւ անցնի Գերմանիոյ կողմը, այն ատեն Ֆրանսական ժողովուրդը հազիւ թէ պիտի համակերպի դիւրութեամբ եւ հաւանաբար ըմբոստութեան ճամբան պիտի բռնէ, ինչպէս որ բռնեց զօր. Տը Կոլը։ Այն ատեն զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ Ֆրանսական բոլոր գաղութներն ալ միանան զօր. Տը Կոլին։

Ամէն պարագայի տակ առաջիկայ շաբաթներու եւ նոյնիսկ օրերու ընթացքին պէտք է սպասել շատ կարեւոր քաղաքական եւ ռազմական իրադարձութիւններու։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles