Տասնեակ մը Հ․Յ․Դ․-ի անդամներ Ձերբակալուած

0 0
Read Time:1 Minute, 47 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Յ․Դ․ Տաւուշի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան յայտնեց, որ  շինծու քրէական գործերու ծիրին մէջ, բռնաճնշումներու նոր ալիք մը սկսած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ: Արդէն ձերբակալուած են Հ․Յ․Դ․-ի 13 անդամներ, որոնց կարգին 2 կիներ եւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեան: «Բռնաճնշումները կը շարունակուին նաեւ իրենց քաղաքացիական դիրքորոշումը արտայայտող հայ գործարարներու նկատմամբ: Այս ամէնը կը վկայէ մէկ բանի մասին. վարչակարգը միայն սեփական քաղաքացիներուն նկատմամբ աննախադէպ բռնաճնշումներ իրականացնելով կը կարողանայ պահել իշխանութիւնը», յայտնեց Դանիէլեան:

Գերասիմ Վարդանեանի շահերու պաշտպան փաստաբան Բենիկ Գալստեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Վարդանեանը երկուամիսով բանտարկելու որոշումը ապօրինի կը նկատեն:

Նշենք, որ Գերասիմ Վարդանեան կը մեղադրուի հաւաքի մասնակցողները նիւթապէս շահագրգռելու յանցանքով, սակայն, ըստ փաստաբանին, չկայ որեւէ փաստացի ապացոյց: Ըստ Գալստեանի, միայն կայ ձայնագրութիւն մը, որուն միջոցով կարելի չէ ապացուցել, որ ան հաւաքին մասնակցելու համար անձերու գումար տուած է:

Միւս կողմէն, Յունիս 18-ին Հ․Յ․Դ․ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան դէմ սկիզբ առած բռնաճնշումներու նիւթով, որուն մասնակցեցան Հ․Յ․Դ․-ի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը, փաստաբաններ Արսէն Բաբայեանն ու Վահէ Եփրիկեանը:

«Հերթական հակաօրինական ու անբարոյական արշաւը սկսուած է գործող իշխանութիւններուն կողմէ բոլոր կարելի եւ անկարելի լծակներով` ընդդէմ այն պայքարող մարդիկը եւ ուժերը, որոնք յստակ արտայայտած են իրենց դիրքորոշումը ի պաշտպանութիւն Հայաստանի, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքներու, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան», յայտնեց Արծուիկ Մինասեան:

Ան նշեց նաեւ, որ նիկոլական իշխանութիւնը մնայուն կերպով տարբեր ձեւերով կը յարձակի Հ․Յ․Դ․-ին վրայ, ընդ որում` տարբեր ժամանակաշրջաններու օգտագործելով տարբեր մեթոտներ, բայց ձեռագիրը նոյնն է` կեղծիքի, սուտի, քաղաքական հալածանքներու միջոցով, այսպէս կոչուած օրինականութեան շղարշի քողին տակ, փորձած է ներկայացնել մեղադրանքներ:

Փաստաբան Արսէն Բաբայեան` անդրադառնալով Հ․Յ․Դ․-ի դէմ սկիզբ առած բռնաճնշումներուն, դիտել տուաւ, որ կատարուած են զանգուածային ձերբակալութիւններ` ամբողջութեամբ ապօրինի ոճով: «Ի սկզբանէ պարզ էր, որ ձերբակալութիւնները եւ հետագային կալանքի տանելու միջնորդութիւնները պայմանաւորուած եղած են յստակ անձերու յստակօրէն կուսակցական ըլլալու հանգամանքով, կուսակցութեան մէջ անոնց գրաւած դիրքով, կապերով: Կար ցուցակ, ուր գրուած էին անուններ, կողքը` թէ ի՛նչ կարգավիճակ ունի Հ․Յ․Դ․ գրասենեակին մէջ, եւ ըստ ատոր ալ կ՛ընտրուէր ամենախիստ խափանման միջոցներ կիրարկելու հարցը», շեշտեց Բաբայեան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles