Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

Հայաստանի Ազգային Ժողովին ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն կողմէ հրաւիրուած արտահերթ նիստին իշխանական Քաղաքացիական Պայմանագիր խմբակցութեան պատգամաւորները չներկայացան՝ մեծամասնութիւն չգոյացնելով, որովհետեւ միայն 34 պատգամաւոր արձանագրուած էր։

Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները նիստը հրաւիրած էին՝ «կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութիւն կազմելու» նախագիծը քննարկելու համար։Նիստին յաջողութեան համար կարիքը կար 54 պատգամաւորի։ Ասիկա կը նշանակէր, որ առանց իշխող խմբակցութեան, անկարելի էր նիստը գումարել։

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, որ Քաղաքացիական Պայմանագիր խմբակցութեան պատգամաւորները չներկայացան նիստին, որովհետեւ, ըստ իրեն,կառավարութիւնը օրինական է եւ անոր հրաժարականի քննարկման կարիք չկայ։Իսկ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ Ազգային Ժողովին մէջ սահմանադրական կարգի տապալման փորձ կատարեցին իշխանական խմբակցութեան պատգամաւորները՝ նիստին չներկայանալով։

*

Անդրադառնալով Բաղրամեան պողոտային վրայ արձանագրուած դէպքերուն, որոնց ընթացքին մեծ թիւով խաղաղ քաղաքացիներ վիրաւորուեցան, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը խստօրէն դատապարտեց ոստիկանութեան հակաօրինական գործողութիւնները, քաղաքական մեծամասնութեան՝ բռնաճնշումները արդարացնող զանոնք խթանող դիրքորոշումը։ Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ,որ առանց օրինական հիմքերու, յատուկ միջոցներու կիրառմամբ բիրտ եւ անհամաչափ ուժ գործադրուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ։

Պատահարներուն ամբողջական պատասխանատուն Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր խուլիկանական խմբակը համարելով՝ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը նկատել տուաւ,որ կատարուածը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ գործող իշխանութիւնը հանրային նուազագոյն օրինականութիւնը չունի։ «Միջազգային կազմակերպութիւններու լռութիւնը կարելի է դիտարկել իբրեւ Հայաստանի մէջ ամբողջատիրական վարչակարգի ամրապնդման, ժողովրդավարական հաստատութիւններու տարբաղադրման, քաղաքական ճնշումներու եւ ոստիկանական բռնութիւններու համար կանաչ լոյս։

Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Հայաստանի պետականութեան, հայրենիքի եւ արժանապատուութեան համաժողովրդական պայքարը անկասելի է, իսկ Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացին իրաւունք ունի իրացնելու իր սահմանադրական իրաւունքները։«Ներկայ տագնապին միակ լուծումը Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն է, խաղաղ միջոցներով անոր հեռացումը», նշուեցաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին յայտարարութեան մէջ։

*

Բաղրամեան – Տեմիրճեան  խաչմերուկին վրայ պատահած  դէպքերուն համար՝ իշխանութիւնները մեղադրեցին Բագրատ սրբազանը, թէ ան պետական պաշտօնեաներու դէմ մահափորձ կազմակերպած էր։

Այս անհեթեթ մեղադրանքին մէջ բաժին հանուեցաւ նաեւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսին, որ իբրեւ թէ օրհնած է Բագրատ սրբազանին ղեկավարած շարժումը։ Այս մեղադրանքը յայտարարեց Ազգային Ժողովին մէջ Քաղաքացիական Պայմանագիր խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան

Մինչ այդ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկու օր անընդմէջ աշխատանք տարաւ, որպէսզի ոստիկան ուժերուն անհամաչափ ուժի գործածութիւնը իբրեւ օրինական արարք ներկայացնէ։ Բախումներուն պահուն ան Ազգային Ժողովին ամպիոնէն կը յայտարարէր, որ ոստիկան ուժերը,որոնց նետած ձայնալուսային նռնակներէն աւելի քան հարիւր քաղաքացիներ վիրաւորուած էին, այդ քայլին դիմած են, որովհետեւ ցուցարարները շիշեր եւ քարեր նետած են ոստիկաններուն վրայ։ Ընդդիմադիր պատգամաւորներ Փաշինեանէն պահանջեցին փաստեր եւ ապացոյցներ, թէ իսկապէս այդպէս եղած է, որովհետեւ նկարահանումներուն մէջ նման դէպք գոյութիւն չունի։ Տեղին է նշել, որ լրագրող եւ հրապարակախօս Աբրահամ Գասպարեան վիրաւորներուն շարքին կը գտնուի։ Ան դաժան ծեծի ենթարկուեցաւ ոստիկաններու կողմէ, որոնք Գասպարեանի կողոսկրը ջարդեցին եւ գլուխը պատռեցին՝ զայն արիւնլուայ գետին փռելով։

*

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիք»-ի շարժման բողոքի հաւաքներուն մասնակցելու համար անձերու գումարներ խոստանալու անհիմն մեղադրանքներով կալանաւորուեցան դաշնակցականներ՝ Գերասիմ Վարդանեան եւ Վայոց Ձորի բնակիչներէն մին։ Այս տեղեկութիւնը հաստատեց Քննչական կոմիտէն։ Երկու ձերբակալեալները նախապէս ալ ձերբակալուած էին։

Գերասիմ Վարդանեան շինծու գործ համարեց իր դէմ արձակուած մեղադրանքը, որ հիմնուած է հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ձայնագրութեան վրայ, որուն մէջ Վարդանեան կը յանձնառարէ Սուրիկ անունով անձի մը 15 հազար դրամ տալ, որպէսզի ան բողոքի հաւաքներուն մասնակցի։ Նախապէս ալ աւելի քան տաս դաշնակցականներ ձերբակալուած էին։ Հ․Յ․Դ․-ի աղբիւրներ այս ձերբակալութիւնները եւ կալանաւորումները քաղաքական հետապնդում համարեցին։

*

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հաստատեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի հետ՝ յստակացնելու համար Երեւանի դիրքորոշումը՝ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան նկատմամբ։

Ռուս բանբերը նաեւ յայտարարեց, որ Մոսկուա կ՛ակնկալէ,որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակուին՝ գործընկերութեան եւ դաշնակցային հունով։ Ան ենթադրեց,որ Հայաստան շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու պահպանմամբ։

Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, որ մեղաւորը ան է, որ ձեւաւորած է փուչիկ դաշինք մը՝ ակնարկելով ՀԱՊԿ-ի։ Ան նաեւ նկատել տուած էր,որ կազմակերպութեան անդամները Ատրպէյճանի հետ ծրագրած էին Հայաստանի դէմ պատերազմը։

Տեղին է նշել,որ հայեւռուսական յարաբերութիւնները լարուեցան վերջին երկու տարիներուն, երբ Հայաստան Սեպտեմբերեան յարձակումներէն ետք դիմեց Ռուսիոյ եւ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան։Երեւան այդպէս ալ չստացաւ ակնկալուած օժանդակութիւնը։ Հակառակ Երեւանի հետեւողական պահանջներուն, կազմակերպութիւնը մինչեւ այսօր չէ դատապարտած դաշինքի անդամ Հայաստանի դէմ այդ յարձակումը եւ չէ արձանագրած,որ Ատրպէյճան հայկական ինքնիշխան տարածքներ գրաւած է։

*

Երեւանի մէջ կայացաւ Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան երկրորդ ամփոփիչ նիստը, որուն ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ մեծ ներուժ ունին՝ նպաստելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու համար։ Ան նաեւ շեշտեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ սահմաններու սահմանազատման հոլովոյթին՝ հիմնուած Ալմա – Աթայի 1991-ի հռչակագրին հիմքով տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ։

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխ նախարար Ճէյմս Օ՛պրայըն հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն։ «Եթէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուի, ապա Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Միջերկարականեան ծով տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնում կրնայ արձանագրուիլ», աւելցուց ան։

*

Հայաստանի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Միացեալ նահանգներու համար, յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի կառավարման եւ աղբիւրներու հարցերով տեղակալ Ռիչըրտ Վերմըն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին։

Ամերիկացի պաշտօնատարը ընդգծեց, որ երեւանեան քննարկումներու իբրեւ արդիւնք Ուաշինկթըն կը ցանկայ ունենալ ճանապարհային յստակ քարտէս մը, թէ ինչպէս կարելի է առաջընթաց արձանագրել առանցքային՝ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման, տնտեսութեան, առեւտուրի եւ հասարակութիւններու միջեւ հաղորդակցութեան մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ շարունակել  Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ համագործակցութիւնը, զայն բարձրացնելով նոր մակարդակներու։

*

Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ, հայեւթուրք բանակցութիւններու բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարեց, որ Երեւան ականատես չէ եղած Անգարայի կողմէ առնուած քայլերու, որոնց նպատակն է երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու դիմաց Հայասան- Թուրքիա ցամաքային սահմանը բանալ։

Հայ եւ թուրք բանագնացներ՝ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըճ յուլիս 2022-ին Վիեննայի մէջ պայմանաւորուեցան բանալու ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու դիմաց։ Հայկական կողմը թէեւ իր աւարտին հասցուց Մարգարայի ցամաքային անցակէտին շինարարական աշխատանքները, սակայն սահմանը կը շարունակէ փակ մնալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու դիմաց։

Յիշեցնելով,որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ վերջին հանդիպումը կայացած էր ընթացիկ տարուան փետրուարին, Ռուբինեան խոստովանեցաւ, որ շատոնց է, որ պաշտօնական հանդիպում չէ կազմակերպուած։ Քըլըճ՝ Ռուբինեանի հետ վերջին հանդիպումին նշած էր,որ Ռուբինեանի հետ իր յաջորդ հանդիպումը կրնայ Երեւանի մէջ կայանալ։ Ռուբինեան նկատել տուաւ, որ այս առաջարկը կրնայ քննարկման առարկայ դառնալ։

*

Հայաստանի բանակի սպայակոյտի պետ զօրավար Էդուարդ Ասրեան Գերմանիոյ մէջ կայացած՝ Եւրոպական ցամաքամասի զօրքերու հրամանատարներու համաժողովին ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Փիեռ Շիլլի հետ։  Քննարկման առարկայ դարձան համագործակցութեան զարկ տալու հեռանկարները, մասնաւորաբար՝ Փորձառութեան փոխանակման եւ անձնակազմի պատրաստութեան ծիրերուն մէջ։ Հաղորդուեցաւ,որ նախնական համաձայնութիւն գոյացած է՝ համագործակցութիւնը զարգացնելու իմաստով։

*

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ գործող հրէական միակ սինակոկը ենթարկուեցաւ խուլիկանութեան։ Հայաստանի ընդհանուր Ռապպի Կերշոն Մեյիր Պուրշթայն հաղորդեց, որ դէմքը ծածկած անձ մը կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերը յարձակում գործած է սինակոկին վրայ եւ քարով հարուածած ու կոտրած շէնքին պատուհաններէն մէկուն ապակին։ Տեսախցիկները արձանագրած են խուլիկանութեան դէպքը։ Ոստիկանութիւնը ստացած բողոքը փոխանցեց քննչական կոմիտէին։

*

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Գերմանիոյ մէջ արծարծեց Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան ենթարկելու հարցը։Ան նշեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յետտագնապեան շրջանին տիրող վիճակին մէջ կան խնդիրներ, որոնց մէջ գերակայ է Հայաստանի սահմանադրութիւնը, որուն մէջ պահուող տարածքային պահանջները խոչընդոտ են խաղաղութեան համաձայնագրին կնքման դէմ։

Տեղին է նշել,որ Պայրամով գերմանացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկեց նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք կլիմայական հարցերով խորհրդաժողովին կապակցաբար՝ Ատրպէյճան – Գերմանիա համագործակցութեան խնդիրները։

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button