ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶ, ԵՒՐՈՊԱ, ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԻԱ

0 0
Read Time:2 Minute, 46 Second

Ա․Ա․

Եւրոպական Միութիւն – Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ հիմնական առանցք մըն է բնական կազի գործարքը, որ ըստ եւրոպացիներուն, եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու առիթ պիտի ընծայէ, որպէսզի ռուսական բնական կազէն իրենց կախեալ ըլլալը նուազեցնեն, կամ ամբողջութեամբ ջնջեն, փոխարէնը ատրպէյճանական բնական կազ ստանալով։ Եւրոպական այս ծրագիրը բնականաբար ունի իր տնտեսական եւ ռազմավարական – քաղաքական շեշտադրումները, որոնց մէջ ամէնէն հիմնականը եւրոպացիներուն ճիգն է՝ Ռուսիայէն զրկելու իր կարեւոր մուտքէն, որ կը ստանայ իր բնական կազի վաճառքէն։

Եւրոպական Միութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ բնական կազի գործարքին մասին արդէն իսկ գրած են միջազգային օրկաններ, որոնք շեշտը դրած են Ատրպէյճանի կողմէ չբացայայտուած այն տեղեկութիւններուն վրայ, թէ Ատրպէյճան իսկապէս կրնա՞յ եւրոպական մէկէ աւելի երկիրներու բնական կազի տարեկան պահանջը ապահովել, որպէսզի անոնք վերջնականապէս ձերբազատին ռուսական բնական կազէն՝ Ռուսիայէն առաւել պատժելով։ Ատրպէյճան կը հրաժարի կամ կը խուսափի այս իմաստով յստակ տեղեկութիւններ փոխանցելէ, մինչ կը ջանայ եւրոպացիներուն համար դառնալ կարեւոր խաղաթուղթի մը՝ բնական կազի իր պաշարներով։

Եւրոպացիներուն ցանկութեան մէկ կարեւոր արտայայտիչը եղաւ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Լայէնի երկու տարի առաջ Պաքու կատարած այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու հետ իր քննարկումներուն ընթացքին գլխաւորաբար կեդրոնացաւ ատրպէյճանական բնական կազ ստանալու եւրոպական առաջարկին վրայ։ Այս իմաստով Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւ բաւական նշանակալից յայտարարութիւն մը կատարեց՝ յայտնելով,որ Ատրպէյճան լրջօրէն կը վերաբերի եւրոպական առաջարկին եւ պատրաստ է բնական կազի մարզին մէջ ամբողջական գործակցութեան մը, որ կրնայ հաստատուիլ Ռուսիա – Ուքրանիա բնական կազի շահարկման եւ փոխադրութեան մասին համաձայնագրին աւարտով։ Պէտք է նշել,որ հակառակ պատերազմին՝ կանոնաւոր կերպով կը բանի Ռուսիայէն Ուքրայինա եւ հոնկէ ալ եւրոպական երկիրներ երկարող կազատարը, որուն մասին ռուսեւուքրանական համաձայնագիրը պիտի աւարտի այս տարեվերջին։ Թէ՛ Քիեւ, թէ՛ Պրիւքսէլ յստակացուցած են, թէ բնաւ մտադրութիւն եւ ծրագիր չունին՝ վերանորոգելու համաձայնագիրը, որուն աւարտը լաւ առիթ մըն է եւրոպացիներուն համար, որպէսզի Ռուսիան զրկեն կարեւոր հասոյթի աղբիւրէ մը։

Բնականաբար այս բոլորին մէջ մեզ շահագրգռողը Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններն են,որոնք ճիշդ է, որ ներկայիս մեղրալուսին մը կ՛ապրին, սակայն երկու խնդիրներ կը բացայայտեն այն ծածուկ լարուածութիւնը, զոր կրնայ ծագիլ՝ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։Առաջինը կը վերաբերի բնական կազի եւրոպական երկիրներ փոխադրութեան, ուր Ռուսիա եւ Ատրպէյճան կը ներկայանան իբրեւ մրցակիցներ։Եւրոպացիք կը նախընտրեն Ատրպէյճանը, որ պատրաստ է գործակցելու Եւրոպական Միութեան հետ։ Այս գործակցութիւնը, որուն պատճառով Ռուսիա պիտի զրկուի իր բնական կազի կարեւոր շուկայէն, կրնայ լարուածութիւն եւ յարաբերութիւններու վատթարացում պատճառել՝ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ, որ նաեւ դժգոհ է, որ ռուսերը ունին մտադրութիւն՝ գրաւեալ Ստեփանակերտի մէջ հիւպատոսարան մը բանալու վերաբերեալ։Այս հիւպատոսարանին գործունէութիւնը հարցականի տակ առնելով, ատրպէյճանական քաղաքական- հասարակական շրջանակներ զարմանք կը յայտնեն, թէ ռուսերը ինչու կ՛ուզեն բանալ հիւպատոսարան Ստեփանակերտի մէջ, ուր ռուսեր չեն ապրիր։Անոնք ռուսական այս ծրագրին ետին կը ջանան տեսնել թաքուն միտումներ՝ ռուսական ներկայութեան, որ պիտի հաւասարակշռէ թրքական ներկայութիւնը։ Տեղին է նշել,որ  Անգարայի իշխանութիւնները յստակօրէն յայտարարած են իրենց միտումը՝ գրաւեալ Շուշիի մէջ թրքական հիւպատոսարան մը բանալու վերաբերեալ։

Ռուսեւատրպէյճանական յարաբերութիւններու լարուածութեան այս երկու տուեալները քաղաքական որոշ իրավիճակ պիտի ստեղծեն Հարաւային Կովկասի մէջ,ուր ռուսական, թրքական, իրանեան, ամերիկեան եւ եւրոպական շահերու եւ ախորժակներու բուռն բախումներու ենթահողին վրայ, կրնայ աշխարհաքաղաքական նոր կացութիւն մը ստեղծուիլ։ Ասկէ առաջնորդուելով՝ ռուսեւատրպէյճանական յարաբերութիւններու ապագան կը թուի ապրիլ վաթտարացման հանգրուան մը, որմէ օգուտ քաղողը կրնայ ըլլալ Հայաստանը,իր հարաւային կովկասեան քաղաքականութեան մէջ ըլլալով աւելի զգօն եւ հեռատես, որպէսզի շրջանցէ եւ արգելակէ թրքական առաւելներու կուտակումը։ Ասիկա հայկական դիւանագիտութեան պարտաւորութիւնն է, որպէսզի բարօր Հայաստանի պետութեան սահմանները աւելի ապահով ըլլան եւ Հայաստան զերծ մնայ թրքական վտանգներէն, որոնք Դամոկլեան սուրի մը նման կախուած են մեր հայրենիքին վերեւ։Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ հիմնական դրոյթները կապուած պէտք է ըլլան թրքական վտանգը դիւանագիտօրէն չէզոքացնելու ճիգերուն։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles