ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 31 Second

 

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Յուլիսին Շուշի պիտի այցելէ։ Ըստ Անատոլու լրատուուական գործակալութեան, Էրտողանի Շուշի այցելութեան նպատակն է ամրապնդել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները։ Տեղին է նշել,որ Էրտողան Շուշիի մէջ 6 Յուլիսին պիտի մասնակցի թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովին։

Թուրքիոյ նախագահը նախապէս յայտարարած էր Շուշիի մէջ թրքական հիւպատոսութիւն բանալու մտադրութեան մասին։ Սակայն յստակ չէ, թէ Էրտողանի այցելութեան ընթացքին թրքական հիւպատոսարանի մը բացումը պիտի կատարուի՞ թէ ոչ։

Էրտողան առաջին անգամ Շուշի այցելած էր 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք։ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները Շուշիի մէջ կնքեցին Շուշիի Հռչակագիրը, որ կը հաստատէր  երկու երկիրներուն ռազմավարական յարաբերութիւնները։

*

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձրագոյն մակարդակի վրայ եւ կ՛ապրին աննախընթաց վերելք մը, յայտարարեց Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէֆ Ֆլէյք, պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։Ան այս իրավիճակին հիմնական պատճառներէն մին համարեց Թուրքիոյ միջնորդի դերակատարութիւնը՝ ռուսեւուքրանական պատերազմին մէջ։

Ամերիկացի դեսպանը բացայայտեց,որ ամերիկեան վարչակարգը Թուրքիոյ նախագահը Միացեալ Նահանգներ հրաւիրած է, եւ թէ պիտի կայանայ Պայտըն- Էրտողան վեհաժողովը, եթէ երկու նախագահներուն ժամանակացոյցերը յարմարութիւն ունենան։«Այս հանդիպումը նոյնիսկ կրնայ կատարուիլ ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովին ընթացքին, որ պիտի կայանայ Ուաշինկթընի մէջ, Յուլիսին», ըսաւ ան։

*

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նիժնի Նովկորոտի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, որուն հետ քննարկեց Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։Լաւրով եւ Ֆիտան անդրադարձան նաեւ միջազգային իրադարձութիւններուն եւ հիմնական խնդիրներուն, որոնց շարքին եղան Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը եւ Կազայի պատերազմին հետեւանքները։ Քննարկման առարկայ դարձան նաեւ Ռուսիա – Թուրքիա ընդհանուր յարաբերութիւնները եւ Ուքրայինայի պատերազմին պատճառով ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակը։

Ֆիտան նաեւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Քննարկման առարկայ դարձան Կազայի եւ Սուրիոյ իրավիճակները, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մը կնքման հեռանկարները եւ պայմանագրին կապուած հարցերը, հաղորդեցին ռուսական եւ թրքական լաւատեղեակ աղբիւրներ։ Տեղին է նշել,որ Ֆիտան նաեւ ընդունուեցաւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ, որ հազուագիւտօրէն երկրի մը արտաքին գործոց նախարարին հետ տեսակցութիւն կ՛ունենայ։ Թրքական կառավարական աղբիւրներ մեծ կարեւորութեամբ անդրադարձան Փութին – Ֆիտան տեսակցութեան, զայն նկարագրելով իբրեւ թուրքեւռուսական ամբողջական համակարգման դրսեւորում մը։

*

Թուրքիոյ ռազմական արտադրութիւններու հսկան՝ «Ասելսան» ընկերութիւնը հաղորդեց,որ Ասիայէն եւ Միջին Արեւելքէն յաճախորդներու աւելի քան 79 միլիոն տոլարի զէնք վաճառած է։ Համաձայնագիրները կը պարունակեն պաշտպանական համակարգեր, սուզանաւներու յատուկ ձայնային համակարգեր, ռատարներ, ինչպէս նաեւ այլ տեսակի զէնք եւ զինամթերք։ Թրքական ընկերութիւնը մերժեց հրապարակել թրքական զէնք գնող երկիրներուն անունները։

«Ասելսան» ընկերութիւնը հիմնադրուած է 1975-ին, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Անիկա ժամանակի ընթացքին վերածուած է Թուրքիոյ ամէնէն մեծ զէնքի ու զինամթերքի արտադրութեան հիմնարկին։ «Ասելսան» կը գտնուի համաշխարհային զէնքի եւ զինամթերքի արտադրութեան առաջին հարիւր ընկերութիւններու շարքին։

*

Թուրքիոյ տարածքին գործող օդակայանները այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն 82 միլիոն ուղեւոր ընդունած են, հաղորդեց երկրին փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու,որ նաեւ շեշտեց, որ ուղեւորներուն ընդհանուր թիւը բաղդատած անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ, 12 առ հարիւրի աճ մը արձանագրած է։

37 միլիոն ուղեւորներ ներքին թռիչքներով ճամբորդած են, իսկ 44.9 միլիոն ուղեւորներ Թուրքիոյ օդակայաններէն ճամբորդած են այլ երկիրներ։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ թրքական օդակայաններէն ապրանքներու փոխադրութիւնը եղած է 1.7 միլիոն թոն։ Միայն Պոլսոյ օդակայանը ընդունած է 31 միլիոն ուղեւորներ եւ 207,800 օդանաւեր։ Երկրորդ դիրքի վրայ կը գտնուի Սապիհա Կէօքչէն օդակայանը, որ ընդունած է 1,2 միլիոն ուղեւորներ։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles