Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 24 Second

Երեքշաբթի, Յունիս 11-ին, «Կրօնի դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ Վատիկանի Արեւելեան Համալսարանին մէջ:

Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր յիշեալ համալսարանի, Կրեկորեան համալսարանի եւ Լիբանանի դեսպանատան միացեալ նախաձեռնութեամբ:

Նորին Սրբութիւնը նախ պարզեց հին դարերէն սկսեալ կրօնի առանցքային դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ: Յիշելէ ետք, թէ պատմութեան ընթացքին կրօնի դերը հոլովոյթի ենթարկուած է աշխարհաքաղաքական պայմաններու փոփոխութեան զուգահեռ, ընդգծեց միաստուածեան կրօններու (հրէութիւն, քրիստոնէութիւն, իսլամութիւն) ունեցած կեդրոնական դերը յատկապէս Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի՝ քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը կեդրոնացուց Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն ծիրէն ներս կրօնի ունեցած իւրայատուկ դերին վրայ՝ իր դրական ու բացասական երեսներով ու հետեւանքներով:

Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց կրօնին իւրայատուկ դերը: Իր խօսքի աւարտին, անդրադառնալով Միջին Արեւելքին պարզած ներկայ փոթորկալից կացութեան, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ կրօնը Միջին Արեւելքի ընկերութեան պատմութեան ու ներկայ կեանքին մէջ իր ունեցած գործօն ներկայութեամբ եզակի դերակատարութեամբ կրնայ կարեւոր նպաստ բերել հարցերու լուծման, խաղաղ գոյակցութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ վստահութեան ծաւալման՝ պատմական տուեալներէն ու արդարութեան սկզբունքներէն մեկնած: Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց, որ երեք կրօններու բարձրագոյն ներկայացուցիչները հանդիպին Երուսաղէմի մէջ, ուր պատմականօրէն ամրագրուած է անոնց ներկայութիւնը, եւ խաղաղութեան կոչ ուղղեն:

Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութենէն առաջ յաջորդաբար խօսք առին հալասարանի տնօրէնը, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանը եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Քարտինալ Քոխը։ Անոնք անդրադառնալէ ետք Հայրապետին կենսագրական գիծերուն՝ շեշտեցին, թէ ան միջազգային դէմք է՝ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական աշխարհէն ներս իր ունեցած տարիներու փորձառութեամբ, հեղինակած գիրքերով եւ միջազգային համագումարներու մասնակցութեամբ։

Դասախօսութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը, այլ առաքելութեամբ մը Հռոմ ժամանած Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, համալսարաններու դասախօսներ, դեսպաններ եւ Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ:

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles