ԱՌՕՐԵԱՅԻ ԱՆՇՊԱՐ ՊԱՏԿԵՐ՝ ՎԱՍՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 30 Second

Յ. Պալեան 

                        Կը պատահի՞, որ առանց մենք մեզ խաբելու դիտենք եւ լսենք զիրար:

                        Մենք՝ երկիր եւ ժողովուրդ:   

            Հայաստան, ամէն օր,«Սրբազան»-ի առաջնորդած հաւաքներէն ետք, երեկոյեան, մարդիկ կը հաւաքուին Սուրբ Աննա եկեղեցիին բակը: Թաղեցիներ, երիտասարդներ, երէցներ, պարսկահայեր, սփիւռքահայեր, զոհուածներու մայրեր, մեծ մայրիկներ՝ իրենց թոռնիկներով: Ժողովուրդ: Բագրատ սրբազանը կը խօսի յաջորդ օրուան ընելիքի մասին: Կը զեկուցէ իր տեսակցութիւններու մասին: Քարէ նստարաններ կան: Ծանօթ եւ անծանօթ կը նստին կողք կողքի: Մանուկները կ’աղմկեն, կը վազվռտեն: Բակին մէջտեղ աղբիւր մըն ալ կայ:

            Առաջադրանք է հայրենի տարածքներու կորուստի կասեցումը, որուն համար իշխանափոխութիւն կը հետապնդուի, որպէսզի բանակցող փոխուի եւ ազգի շահ պաշտպանուի:

            Յունիսի օր մը, կէսօրէ ետք էր: աղանդաւորական կեդրոնի մը առջեւի փողոցով գացի մինչեւ Կոմիտաս պողոտայ, սովորութիւն է ըսել միայն «Կոմիտաս», մաքուր ելեկտրաքարշ հանրակառքը բարձրացայ, իջայ Օփերայի առջեւ, եւ քալելով հասայ եկեղեցի: Աղբիւրի պաղ ջուրով զովացայ, ապա մտայ եկեղեցի:

            Քիչ ետք, հոն զիս գտաւ Լեռ Կամսարի թոռնուհի Վանուհին:  Բերած էր իր խմբագրած եւ տպարանէն նոր ելած Լեռ Կամսարի գիրքէն երկու օրինակ, երկրորդը տալու համար ծանօթի մը: Մեղմաձայն: Զրուցեցինք:

            Մեր առջեւի նստարանի լուռ երիտասարդուհին, որ հաւանօրէն  կը հետեւէր մեր ըսածներուն, տեղը փոխեց եւ միացաւ մեզի: Կը խօսէինք երկրի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Օրիորդը պատմեց իր կացութիւնը: Եղած է բժշկական հանդիպումներու համակարգող, զինք աշխատանքէ հեռացուցած են իր «կարծիք»-ներուն համար: Բարեսիրական կազմակերպութիւն մը կ’ուզէ զինք Իտալիա տանիլ եւ աշխատանք տալ: Մտածեցի. մարդորսութիւն. ի՞նչ աշխատանքի համար:      Օրիորդը Կը խօսէր այնպէս, որ կարծէք լուծում մը կ’ակնալէր:

            Եկեղեցին խճողուեցաւ: Դուրս եկանք բակը: Նստարանի մը մօտեցայ: Տեղ տուին: Կողքիս նստած երիտասարդ կնոջ հետ խօսեցայ: Խօսեցանք վաղեմի ծանօթներու պէս:  Ղարաբաղի գաղթականներէն էր, եկած էր ամուսինին, աղջկան եւ իր մանչ Հայկին հետ: Ըսաւ, որ Բագրատ սրբազանի շարժման ամէնօրեայ հետեւող էր: Այր ու կին Արցախ տուն կառուցած էին, առանց մէկ օր անգամ վայելելու իրենց Տունը, գաղթական դարձած էին: Կը փորձե՞նք հասկնալ, զգալ  եւ ապրիլ քաղաքական  աղէտը: Ընտանիք մը, իր մանկահասակ զաւակներով, ինքզինք գտած էր փողոցը:

             Խօսեցանք Արցախի Գրողներու Միութեան նախագահ հանգուցեալ Վարդան Յակոբեանի մասին: Ըսաւ, որ ժամանակաւոր բնակարան մը ունէին: Ամուսինը գործ մը գտած էր, ինք  ամէն օր կը մասնակցէր   Սրբազանի հաւաքներուն: Մեր զրոյցը ընդհատեցինք, քանի որ Սրբազանը սկսաւ խօսիլ բազմութեան:

            Սրբազանը եւ ժողովուրդը գացին Մարդու Իրաւունքի Պաշտպանի շէնքին առջեւ: Սրբազանի առաջնոդութեամբ, ժողովուրդը գնաց Վարդենիս: Ոստիկականական ջոկատները, իրենց ստեղծած խճողումով եւ մեքենաներու խլացնող աղմուկով, կը խանգարէին հեռուէն եկած մտահոգ հայրենասէրներու ուխտի   նմանող հաւաքը: Պատկերները համացանցով հասանելի էին ամենուրեք:

             Կիրակի օր, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կրկին տեղի պիտի ունենայ համաժողովրդական հաւաք:

            Հայ զգալու համար պէտք է հետեւիլ, մասնակցիլ, հաղորդուիլ:

            Ասդին-անդին աճած նոր կամ չբաւարարուած  փառքի հետամուտ ֆէյսպուքեան աղմկարարներ, ինչո՞ւ չեն լսեր ամէն բան կորսնցուցած հայ մարդոց բողոքը եւ կը շարունակեն «տիրոջ ձայնը» կրկնել: Հին ձայնագիր մեքենաներու վրայ շնիկի պատկեր մը կար, շնիկ մը աչքերը յառած ձայնափողին, նկարին տտակ գրուած էր. his masters voice…Այդպիսիներ իրենց աղմուկը   կը համարեն հայրենասիրութիւն, իրատեսի քաղաքականութիւն, եթէ դեռ այդ, ինչպէս կ’ըսէին սովետի օրերուն, լակէի ծառայութիւն չէ, կը տառապին նախկիններէն չստացուած բարենիշէ կամ շքանշանէ  զրկուածի դառնութեամբ, որ ասդին-անդին կ’ուռի, Ֆրանսայի միջերկրականեան  ծովափէն մինչեւ Լիբանանի միջերկրականեան ծովափ եւ մինչեւ ԼՈՍ…

            Հայաստանի վերջին բեկորի ծուատման դէմ բողոքը, ըսել՝ պայքարը, կ’առաջնորդէ անձնդիր Սրբազանը, ան կը հանդիսանայ  յոյսի կրող: Ծուատւմ. այդ է որ տեղի կ’ունենայ այսօր, մենք այդ կը տեսնենք զբօսաշրջային ուղիներու վրայ չգտնուող, «Կիրանց», «Տաւուշ», «Վարդենիս… հայրենիք տարածքներու պատկերներով:          Հեռատեսիլը ծուատումներու  աշխարհագրութեան «լայվ» հանդէս է:

            Ծուատում, որ տեղի կ’ունենայ սահմանագծում-սահմանազատում անուան տակ: Մասնիկ առ մասնիկ հայրենիք կը կորսնցնենք, Ճամբաներ եւ դպրոց կը յայտնուին հնարուող սահմանին միւս կողմը:

            Դեռ չլսեցի, որ միւս կողմէ այս կողմ թիզ մը հող գայ: Ֆրանսացին կ’ըսէ marché de dupes, հասկնալ՝ տխմարներու առեւտուր:

            Կիրակի օր կրկին զանգուածային ցոյց տեղի պիտի ունենայ Հանրապետութեան հրապարակը: Կրկին, բանակի տարողութեամբ ոստիկանական ջոկատներ պիտի կանգնին հայրենիքի ոչ-ֆէյսպուքեան հազարաւորներու դիմաց, որոնք նախկիններ չեն ոչ ալ նոր-նախկինիացողներու սպասարկողներ, մարդիկ եւ կիներ, որոնք «շոփփինկ» ընելու համար պաշտօնական ճամբորդութիւններու հիւրեր չեն: Այդ մասին կը վկայէ անոնց արտաքինը, զանոնք պիտի չտեսնենք հեռատեսիլի պատուհանէն՝ հռչակաւոր «պրենտ»ներու արտասահմանէն գնուած շորեր հագած:

            Այս պատկերը չի թաքցներ այլ իրականութիւններ, որոնց բեմերն են բազմաթիւ հեռատեսիլի կայանները, որոնք օրնիբուն կը խօսին քրէական գործերու, դատերու, դիրքի չարաշահումներու, կողոպուտի մասին, նախկիններու եւ թաւշեաներու: Կ’ըսուին թերն ու դէմը: Յոգնակի: Եթէ կանխակալ կարծիք չունիք, չէք կրնար կարծիք կազմել, քանի որ կ’ըսուի ամէն բան եւ ամէն բանի հակառակը:

            Եթէ կ’ուզէք երկիրը հասկնալ, գացէ՛ք դէպի ժողովուրդը, տեսէ՛ք շէնքերու առջեւ կանգնած եւ ծխող երիտասարդները եւ երէցները, միացէ՛ք անոնց: Անոնք Սրբազանի հետեւորդ չեն, քանի որ յոռետես են, կ’ըսեն հիները եւ նորերը իրարու կը նմանին: Ֆրանսացի քաղաքական գործիչ մը կ’ըսէր bonnet blanc blanc bonnet, ճերմակ գլխարկ, գլխարկ ճերմակ: Այդ հայ մարդիկ   ոչինչի կը հաւատան, իրենց ապագան կը տեսնեն երկրէն դուրս, եւ ա՛յս՝ երկրին եւ ազգին սպառնացող ամենամեծ վտանգն է, ի յառաջագունէ ընդունուած պարտութիւն:

            Մարդիկ, մայթի ելեկտրական սարքերու վաճառատուները եւ փոխադրական ընկերութիւններու գրասենեակները կը մտնեն, կ’ելլեն, յաճախ մեծ ծրարներ եւ տուփեր շալկած: Դուրսը,  ուրիշներ, պզտիկ խումբերով կը սրճեն, ինչպէս կ’ըսեն: Չեմ համարձակիր անոնց հարցնել, թէ ցոյցերուն կը մասնակցի՞ն թէ ոչ:

            Շէնքի վերակացու տարեց Ս.-ը կ’ըսէ, որ երկրի խառնակութեան պատճառ  են «դաշնակ»-ները եւ «ղարաբաղցիները»: Սովետի ժանգը չէ անհետացած: Իսկ ղարաբաղցիները որպէս օտար դիտել հին սովորութիւն է: Ղարաբաղեան պայքարի թէժ օրերուն, Հայաստանի քաղաքական դէմքերէն  մին յայտարարած էր, որ «մինչեւ այսօր ղարաբաղցիները կրցած են թուրքերուն հետ ապրիլ, եւ նորէն կրնան ապրիլ»: Յիշե՛լ եւ մտածել, թէ ինչո՞ւ, ամբոխավարական պոռոտախօս այն յայտարարութենէն ետք, որ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ», այսօր կը հաշտուինք պարտութեան եւ անձնատուութեան հետ:

            Դեռ ոչ ոք ըսաւ թէ, «Սրբազանի եւ անոր հետեւողներու դէմ կանգնած «կարմիր պերէտաւոր» եւ այլ գլխարկներով եւ վահաններով զինուած  ոստիկաններու թիւը ի՞նչ է: Պատկերները ենթադրել կու տան, թէ անոնք հազարներ են… Ինչպէ՞ս չմտածեմ, որ եթէ անոնք  ճակատ գացած ըլլային, փոխանակ այս կամ այն իշխանաւորը պաշտպանելու, հինգ հազար երիտասարդներ, Եռաբլուրի  լռած բնակիչ չէին ըլլար:

            Եւ կը տխրիմ հետեւելով հեռատեսիլի ծանուցումներուն, որոնք կը խօսին «երազանքի ինքնաշարժ»-ներու մասին: Այսպէս ենք ներսը եւ դուրսը: Ափսո՜ս:

            «Սրբազան»-ը պիտի շարունակէ իր սգաստացման երթը, պիտի երթայ Գիւմրիէն եւ  Վարդենիսէն ետք, Վանաձոր, նախքան կիրակիի հանրահաւաքը:

            Այս բոլորը դիտել, միշտ մտածելով՝ որ ազգը իրաւունք ունի:

            Միթէ աւելի ծանր վիրաւորանք կրնայ ըլլալ հայու արժանապատուութեան, քան այն, որ թուրք քաղաքական պատասխանատուներ կը սպառնան ջոկատներ ղրկել, պաշտպանելու համար Հայաստանի իշխանութիւնը սեփական ժովողուրդին դէմ: Հետեւցնել բարոյականը…

            Ի՜նչ մեծհոգութիւն… այդ պիտի ընեն գործուած ցեղասպանութիւնը դարմանելո՞ւ համար, թէ՞ արգիլելու անոր յիշողութիւնը:

            Միամիտ պէտք չէ ըլլալ չտեսնելու եւ չհասկնալու համար, թէ հայուն ո՞ր իրաւունքը պիտի պաշտպանուի:

            Կամ ինչպէ՞ս կ’ամրագրուի հայուն շարունակուող հայրենազրկումը:

            Յետոյ ի՞նչ: Հարցում՝ կուշտ կոյրերուն եւ կամաւոր կոյրերուն, հոս, հեռուն, ովկիանոսներու   այս եւ այն կողմերու «համաշխարհային ազգ»ին: Պատասխանը ո՛չ տուրիզմ է եւ ո՛չ օդանաւ բարձրանալ եւ իջնել, ո՛չ Լոս, Փարիզ կամ Երեւան շոփփինկ ընել է, համակարգիչ եւ ֆէյսպուք յոգնեցնել:

            Այլ՝հայրենատիրութիւն, որ կը պահանջէ յանձնառութիւն եւ ներկայութիւն:

          Այսօր Հայաստանը խցուած եռացող կաթսայ է: Քաղաքական անիմաստ պերճանք պիսի ըլլայ անոր պայթումը, որ պիտի զուարաճացնէ մեր ժողովուրդի թաքուն եւ բացայայտ թշնամիները, եթէ մէկ հոգիի քիթ ալ արիւնի:

            Ի՞նչ պիտի ըլլանք եւ ընենք մենք: Այս ալ պատասխանի սպասող հարցում է:

՝           Երեւան երկնաքերեր կը բարձրանան: Եթէ հարցնէք, որո՞ւ համար, մին դժգոհութեամբ եւ գլուխը օրօրելով կ’ըսէ՝ «ղարաբաղցի»ներուն: Ուրիշ մը կ’ըսէ՝ «ազերիներուն եւ թուրքերուն: Ի վերջոյ այդ բազմաթիւ բնակարաններով շէնքերը դատարկ պիտի չմնան:

            Հեռատեսիլը ըսաւ որ վարչապետը Պաքու պիտի այցելէ: Ըսին ուրիշներ բաներ ալ, զորս չեմ ուզեր կրկնել: Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» յայտարարող Ազերին կը պահանջէ փոխել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը: Քայլ մըն ալ եւ ինք կը գրէ Հայաստանի համար նոր սահմանադրութիւն: Ի՞նչ կ’ըսեն «տիրոջ ձայնը կրկնողները:

            Ա՛յս Հայաստան է, մտապատկեր չէ: Տուրիստներու զբօսավայր հասցէներէն տարբեր՝ իրաւը: Այս չեն տեսներ իրենց համակարգիչներուն առջեւ նստած «չ»ամենագէտ»  ինքնակոչիկ տեսաբանները, իրենց վզին սուլիչ կախած հանգամանքի եւ գնահատանքի սովածները եւ «մանիպուլացուած»ները, անոնք ըլլան յանձնակատար, գործակատար կամ հեռանիստ հաճոյակատար:

            Այդ հոգեբանութեամբ տոչորող մը, օր մը, անկեղծութեան պահու մը, ըսած էր «Հիմա դրամ եւ ժամանակ ունիմ եւ աթոռ կ’ուզեմ»: Ամէն օր աճող հայատեսակ մը, զոր կը լսեն քաղաքական պատեհապաշտները եւ զանոնք կը շահագործեն: Այս՝ամէն տեղ ուր հայ կայ, բեմադրելով his master’s voice-ի սցենարները…

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles