Հ.Օ.Մ.-Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 8-ՐԴ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 40 Second

Հայ Օգնութեան Միութեան ութերորդ միջազգային նաւապտոյտը մեծ յաջողութեամբ աւարտեցաւ եւ բոլոր մասնակիցները գոհ եւ լիցքաւորուած Հ.Օ.Մ.-ի առաքելութեան եւ աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններով՝ վերադարձան իրենց բնակած երկիրները։

17-էն 29 Ապրիլ տեւողութիւն ունեցող պտոյտին, իրենց մասնակցութիւնը բերին 230 Հ.Օ.Մ.-ի անդամներ եւ համակիրներ, որոնք եկած էին տարբեր երկիրներէ։ Նաւապտոյտը կ՛ընդգրկէր երեք օր Արժանթին եւ երկու օր Պրազիլի մէջ ցամաքային պտոյտներ, որոնց ընթացքին մասնակիցները ապրեցան հաճելի պահեր։ Պուէնոս Այրէսի մէջ մատուցուեցաւ յատուկ սուրբ պատարագ՝ նաւապտոյտին մասնակիցներուն ներկայութեամբ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Հ.Օ.Մ.-ի Արժանթինի ընկերուհիները ճաշկերոյթ մը կազմակերպեցին տեղւոյն հայկական ակումբին մէջ։ Այս առիթով ներկաները մեծ խանդավառութեամբ լսեցին երգիչ էլի Պէրպէրեանը, որ իր նուագախումբին նուագակցութեամբ անմոռանալի պահեր ստեղծեց ներկաներուն համար։

   20 Ապրիլին մասնակիցները բարձրացան նաւ, որ եօթնօրեայ պտոյտին ընթացքին կանգ առաւ Ուրուկուայի Մոնթէվիտէօ մայրաքաղաքը, ուր Հ.Օ.Մ.-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ընկերուհիները կազմակերպեցին տեսարժան վայրերու պտոյտ մը, որուն ծիրին մէջ այցելութիւն մը տրուեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին։ Ապա ընկերուհիները կազմակերպեցին ջերմ ընդունելութիւն մը։

Պէտք է նշել, որ երգիչ Էլի Պէրպէրեան, որ իր նուագախումբով մասնակցեցաւ նաւապտոյտին եւ նաւուն մէջ խրախճանքներու ընթացքին մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։ Յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է շեշտել 24 Ապրիլի երեկոյեան կազմակերպուած հայրենասիրական եւ ազգային երգերու երեկոն, որուն ընթացքին նաւապտոյտին մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը։

    23 Ապրիլը եղաւ իւրայատուկ օր մը նաւապտոյտին մասնակիցներուն համար, որովհետեւ մեծ յաջողութեամբ կատարուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի օրը, որուն ընթացքին «Փաուըր Փոյնթ»-ով ներկայացուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան անցնող երկու տարիներու աշխատանքը։ Ներկայացման յաջորդեց գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը։ Յաջորդ օրը նաւապտոյտին մասնակիցները յաջորդաբար այցելեցին Պրազիլի Պազիոս, Իլ Հապէլա, Սանթոս եւ Ռիօ Տը Ժանէյրօ քաղաքները՝ վայելելով տեսարժան վայրերը։

    Հ.Օ.Մ.-ի 2024-ի միջազգային նաւապտոյտը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց։ Մասնակիցները հաճելին օգտակարին միացնելով ամբողջացուցին ծրագիրը եւ իրարմէ բաժնուեցան՝ դարձեալ հանդիպելու խոստումներով։ Այս նաւապտոյտին յաջողութեան մեծապէս նպաստեց նաւապտոյտի յանձնախումբին ժրաջան աշխատանքը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողութեամբ պսակել ծրագիրը։

Հ.Օ.Մ.-ի Նաւապտոյտը Միութեանս դրամահաւաքի կարեւորագոյն աղբիւրներէն մէկն է, որուն հասոյթով կարելի կ’ըլլայ շարունակել մեր մարդասիրական առաքելութիւնն ու իրականացնել կրթական, առողջապահական եւ խնամատարական ծրագիրները:

Հայ Օգնութեան Միութիւն

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles