Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ ԺԲ. Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան». Թուրքիոյ Վարչապետ Տամատ Ֆերիտ Փաշա Փարիզի Խորհրդաժողովին Կը Խոստովանի Հայերու Դէմ Իր Կառավարութեան Կատարած Ոճիրները

2 0
Read Time:7 Minute, 6 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

23 Սեպտեմբեր 2024

Շար 12/13

haroutchekijian.wordpress.com

Հարպորտի տեղեկագիրին մէջ Թուրքիոյ յանցագործութեան եւ անմարդկային վայրենի վարքագիծին կարեւորագոյն փաստերէն մէկը, որ անտեսած են նախորդիւ նշուած պատմութիւնը կեղծողներ Հուլուսի Աքարը եւ Ռոզան Հորսուիլը, նաեւ` «Ամերիկայի ձայն»-ը, որ կը հակադարձէր Հուլուսի Աքարի ժխտողական յօդուածին՝ Օսմանեան կայսրութեան վարչապետ, Սեւրի դաշնագրին Թուրքիոյ ներկայացուցիչ  Տամատ Ֆերիտ փաշային վկայութիւնն է իրենց` թուրքերուն մասին: Փարիզի խորհրդաժողովին առջեւ խոստովանելէ ետք հայերուն ջարդերը, խորհրդաժողովը հետեւեալ հաստատումը կատարեց Թուրքիոյ այս վարքագիծին մասին՝ նկար 2, որ շրջանակի մէջ պէտք է առնուի եւ ցուցադրուի ամէն տեղ` Ամերիկայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ եւ մանաւա՛նդ Հայաստանի եւ այլ կառավարութիւններու գրասենեակներուն մէջ:

Հարպորտ կը շարունակէ (էջ 11). «…«Թրքական կայսրութեան դատը պատշաճ կերպով ներկայացուած է 17 յունիսին (1919*) Փարիզի մէջ կայացած Խաղաղութեան խորհրդաժողովին, Թուրքիոյ ներկայացուցիչ` մեծ վեզիր (վարչապետ*) Տամատ Ֆերիտ փաշայի կողմէ, ուր ան ԸՆԴՈՒՆԵՑ քննարկուող (հայկական*) դժբախտ շրջանին մէջ թրքական կառավարութեան գործադրած յանցանքները. «Ոճիրները այնպիսին էին, որ մարդկութեան խիղճը սարսափէն յաւիտեանս պիտի սարսռայ», եւ որ` «Փոքր Ասիան այսօր ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` աւերակներու հսկայական կոյտ մը» կ՚ըսէ ան: Ասոնք Թուրքիոյ վարչապետին իսկ խոստովանութիւններն են, նկար 1:

Հարպորտի տեղեկագիրին եզրակացութեան 11-րդ էջին մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Տամատ Ֆերիտ փաշան կը խոստովանի թուրք կառավարութեան ոճիրները, որոնք այնպիսին էին, որ` «Մարդկութեան խիղճը սարսափէն յաւիտեանս պիտի սարսռայ», կ՛ըսէ ան:

 

«Խաղաղութեան խորհրդաժողովին տասը հոգիէ բաղկացած խորհուրդին պատասխանը հետեւեալն էր (Թուրքիոյ*) վարչապետին աղերսանքին, որ կը փափաքէր որ իրենց կայսրութիւնը շարունակէ մնալ ինչպէս որ է, եւ թէ` այն հաւանականութիւնը , որ այդ կառավարութիւնը, իբր թէ պիտի կարենայ ներքին բարեփոխումներ իրականացնել, որոնք կը գոհացնեն ժամանակակից պահանջները, եւ որ` հատուցումներ պիտի կատարէ անցեալի յանցանքներուն եւ ոճիրներուն համար, լաւ կշռադատուած է հետեւեալ բառերով, նկար 2։

Փարիզի խորհրդաժողովին անդամ 10 պետութիւններուն մերժող պատասխանը Թուրքիոյ վարչապետին աղերսանքին, այն պատճառով, որ, ուր որ թուրքը տիրապետած է, միա՛յն քանդած է, իսկ անկէ ազատագրուողները բարգաւաճած են:

 

«…Սակայն այս բոլոր փոփոխութիւններուն մէջ յայտնաբերուած չէ որեւէ պարագայ` ո՛չ Եւրոպայի մէջ, ո՛չ Ասիոյ կամ Ափրիկէի, ուր որեւէ երկրի մէջ թրքական տիրապետութեան հաստատումին չյաջորդեն այդ երկրին բարգաւաճման անկումը: Չկայ նաեւ որեւէ պարագայ, ուր թրքական տիրապետութենէն դուրս գալէն ետք տեղի չունենայ տնտեսական բարգաւաճում եւ մշակութային վերելք: Ո՛չ Եւրոպայի մէջ քրիստոնեաներու, ո՛չ ալ Սուրիոյ (միշտ նկատի ունենալ, որ Լիբանանը Սուրիոյ մասն էր), Արաբիոյ կամ Ափրիկէի իսլամներուն մէջ թուրքը երբե՛ք ուրիշ բան չէ ըրած, քան քանդած է, ուր որ յաղթած է: Ան երբե՛ք ցոյց չէ տուած, որ ի վիճակի է խաղաղ պայմաններու մէջ զարգացնել այն, ինչ որ ձեռք բերած է պատերազմի մէջ, այս բնագաւառին մէջ չեն անոր տաղանդները»:

          Ահա` պատերազմը յաղթած Անթանթին եզրակացութիւնը եւ թուրքիոյ քանդիչ ու դաժան, անքաղաքակիրթ վարքագիծին մասին անոր բնորոշումը: Այս բոլորը Փարիզի խորհրդաժողովին մէջ, եւ Անթանթին բոլոր ներկայացուցիչներուն առջեւ խոստովանելով հանդերձ, ու լաւ գիտնալով հետեւանքները, վերջաւորութեան՝ չորս տարի ետք, 1923-ին Անգլիան եւ պոլշեւիկ դարձած Ռուսիան ուղղակիօրէն, եւ անուղղակիօրէն Ֆրանսան եւ Ամերիկան, ոտնակոխելով հայութեան իրաւունքները՝ գոհացում տուին պարտուած Թուրքիոյ, վերականգնելու համար պետութիւն մը, որ շարունակեց հայերը ոչնչացնելու իրենց նպատակ-ծրագիրը՝ մինչեւ մեր այս օրերը՝ Արցախի բռնագրաւումը եւ ցեղասպանութիւնը:

Անգլիոյ 1916-էն 1922 վարչապետը՝ Տէյվիտ Լլոյտ Ճորճ 1863-1945, որ Անգլիոյ ներկայացուցիչն էր Սեւրի դաշնագիրի Փարիզի խորհրդաժողովին, իր կարգին կը խոստովանի Միացեալ Թագաւորութեան պատասխանատւութիւնը՝ հայերուն հանդէպ թրքական ջարդերուն, կոտորածներուն եւ վայրագութեան: Իր երկու հատոր, 964 էջ. «Յուշեր խաղաղութեան խորհրդաժողովէն» խորագիրով յուշերուն մէջ, գլուխ 15՝ «Թուրքիոյ հետ դաշնագիրը – Փոքր Ասիա, Հայաստան եւ եւրոպական Թուրքիա», էջ 811-ին մէջ կը գրէ.

«…Հայաստանը զոհեցինք մեր ստեղծած յաղթանակի զոհասեղանի վրայ: Ռուսերը ստիպուեցան ետ քաշուիլ (պոլշեւիկ յեղափոխութեան պատճառով*), թշուառ հայերը կրկին անգամ դրուեցան իրենց հին իշխանաւորներուն ոտքին տակ, այն խոստումին դիմաց, որ «բարեփոխումներ եւ բարելաւումներ պիտի մտցուէին հայերու բնակած վայրերուն մէջ»:

Ամերիկեան «Փաք» քաղաքական շաբաթաթերթ-երգիծաթերթին 16 Յունուար 1895-ի կողքի ծաղրանկարը, որ ճշգրիտ կերպով կը բնութագրէ Անգլիա-Թուրքիա-Հայաստան մի՛այն նիւթական շահերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւնը՝ քաղաքականութիւնը (հայերէն գրութիւնները իմ կողմէս աւելցուած)
Անգլիոյ վարչապետ Լլոյտ Ճորճ կը Խոստովանի՝ իր երկրին կողմէ հայերը կրկին թուրքին եաթաղանին յանձնելուն եւ պատճառ դառնալով հայերու դէմ թրքական կրկնուող կոտորածներուն՝ ջարդերուն եւ ողջակիզումին, իր յուշերուն մէջ, էջ 811 (1)

 

«…Բոլորս գիտենք, թէ ինչպէ՛ս խախտեցան այդ (բարեկարգումի*) խոստումները քառասուն տարի շարունակ՝ հակառակ այն երկրին (Մեծն Բրիտանիոյ*) բազմիցս բողոքներուն, որ առաջին պատասխանատուն էր Հայաստանը թրքական տիրապետութեան տակ վերադարձնելուն: Բրիտանական կառավարութեան գործողութիւնները անխուսափելիօրէն հանգեցուցին 1895-97 եւ 1909 տարիներու հայերուն սարսափելի կոտորածներուն եւ ամենավատը՝ 1915-ի ողջակիզումներուն holocausts: Այս վայրագութիւններով, հայ բնակչութեան թիւը նուազեցաւ աւելի քան մէկ միլիոնով»:

          Այս կը յաջորդէր «Հայկական Հարց»-ին պատմական ակնարկին, ուր Ճորճ կ՚ըսէ. «…Ռուսիան ամենէն յարմար ընտրութիւնը պիտի ըլլար Հայաստանի եւ նեղուցներուն (Պոսֆոր եւ Տարտանել*) հոգատարութիւնը mandate ստանձնելու: Մինչեւ (պոլշեւիկ*) յեղափոխութիւնը իր կրօնական համակրանքը մղած էր զայն պաշտպանելու Թուրքիոյ քրիստոնեայ համայնքները: Իր զինուորական միջամտութեան պատճառով էր, որ Պալքանններու քրիստոնէութիւնը եւ Հայաստանի հովիտներուն քրիստոնեաները ազատագրուեցան: Մեր չարաշուք միջամտութիւնը եթէ չըլլար, Հայերուն մեծամասնութիւնը 1878-ի Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրով, ռուսիոյ դրօշին պաշտպանութեան տակ պիտի ըլլային:

            «Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը կը պայմանաւորէր, որ ռուսական ուժերը մնային հայկական (վեց*) նահանգներուն մէջ, մինչեւ որ Թուրքիոյ կողմէ գոհացուցիչ բարեկարգումներ կատարուէին: Պերլինի դաշնագիրով (1878), որ ամբողջովին մեր (Անգլիոյ*) սպառնալիք-ճնշումին հետեւանքով տեղի ունեցաւ (Ռուսիոյ դէմ, գործակցաբար Թուրքիոյ հետ*), որուն համար ալ հպարտացանք եւ «Պատիւով խաղաղութիւն» յորջորջեցինք զայն, եւ հայերը փրկող պայմանները ջնջեցինք» կը գրէ Լլոյտ Ճորճ:

Չորս մեծերը, ձախէն՝ Լլոյտ Ճորճ ՝ Անգլիա, Վիթթօրիօ Օրլանտօ՝ Իտալիա, Ճորճ Քլեմանսօ՝ Ֆրանսա եւ Վուտրօ Ուիլսըն՝ Ամերիկա

 

Սեւրի դաշնագիրին Թուրքիոյ ներկայացուցիչները. ձախէն՝ Ռիզա Թուֆիք, Տամադ Ֆերիտ փաշա՝ վարչապետ, Մեհմետ Հատի փաշա՝ կրթութեան նախարար եւ Ռեշատ Խալիս՝ Զուիցերիոյ մէջ դեսպան

            Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ Պերլինի վեհաժողովին Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետն էր (1874-1880) Պենժամին Տիզրայէլին, որ հայերուն «ոտքի հանելէն ետք», Անգլիոյ տուած քաջալերական եւ զօրակցութեան խոստումներէն ետք, ճգնաժամի պահուն իր հայադաւ, լկտի խօսքը արտասանեց, թէ՝ «Մեր մարտանաւերը Արարատ լեռ չեն կրնար բարձրանալ»: Արդէն Լլոյտ Ճորճ խոստովանեցաւ այս բոլորը:

            Կ՚արժէ նշել, որ Հարպորտ իր տեղեկագիրին յատկապէս էջ 4-էն 20 հմուտ կերպով կ՚ամփոփէ հայոց պատմութիւնը, եւ կը վերլուծէ հայերուն դէմ կատարուած դաւադրութիւնները՝ թուրքը մի՛շտ պատրաստ է ջարդելու եւ թալանելու, իսկ Անգլիան թուրքին հետ Ռուսիոյ դէմ դաւադրելով, մանաւա՛նդ 1744-էն ետք, պատճառ դարձաւ անպաշտպան մնացած հայերուն շարք մը կոտորածներուն եւ ապա՝ ցեղասպանութեան:

            Անգլիոյ բացասական դերին մասին նաեւ կը վկայէ Ֆիլիփ Մարշալ Պրաուն (1875-1966), «Հայաստանի հովանաւորութիւնը» յօդուածին մէջ, որ լոյս տեսած է 3 յուլիս 1920-ին, Ամերիկեան միջազգային օրէնսդրութեան ընկերակցութեան` հեղինակաւոր «Ամերիկեան միջազգային օրէնսդրութեան հանդէս»-ի հատոր 14, համար 3-ի 396-399 էջերուն մէջ (2): Հեղինակը 1901-1903 թուականներուն պաշտօնավարած է Կոստանդնուպոլսոյ ամերիկեան դեսպանատան մէջ` իբրեւ երկրորդ քարտուղար, ապա` 1907-1908 առաջին քարտուղար (3): Պրաուն կը գրէ.

«Պատմական անկեղծութիւնը կը պահանջէ, որ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել այն փաստին, որ 1880-ի Պերլինի դաշնագիրով Մեծն Բրիտանիա հայերու պաշտպանութեան դերը ստանձնեց եւ գրաւեց Կիպրոսը` իբրեւ երաշխիք Բարձրագոյն Դրան կողմէ Հայաստանին բարեկարգումներ իրականացնելու: Սուլթան Ապտուլ Համիտ շուտով հասկցաւ, որ հայերը կը սխալէին, հաւատալով որ կրնային ապաւինիլ Մեծն Բրիտանիոյ հերոսական պաշտպանութեան, ընկերային եւ քաղաքական բարեկարգում ապահովելու իրենց ձգտումներուն մէջ:

«1880-էն առաջ, դաժան ըլլալով հանդերձ, Օսմանեան կայսրութեան (ոչ թուրք)  հպատակներուն կոպիտ կառավարումը, հայերը կ՛ապրէին համեմատաբար հանդարտ, առանց թուրքերուն կողմէ գործադրուած ծանրակշիռ տառապանքին: Երկու ցեղերուն միջեւ դառնութիւնը, եւ թուրքերու կողմէ սարսափելի ջարդերը, որոնք տեղի ունեցան 1895-ին եւ 1896-ին, եւ որոնք նախընթացն էին հետագային հայերը ոչնչացնելու Երիտասարդ թուրքերու ընդհանուր քաղաքականութեան, պէտք է վերագրել Մեծն Բրիտանիոյ` հայերուն հանդէպ ամուլ ու անօգուտ բարեկամութեան:

            «Երբ մտածենք Մեծն Բրիտանիոյ Ա. Աշխարհամարտին կրած հսկայական զոհողութիւններուն մասին, կը փորձուինք արդարացնել Հայաստանը պաշտպանելու անոր դժկամութիւնը: Սակայն, միւս կողմէ, պէտք է մատնանշել այն փաստը, որ Մեծն Բրիտանիան պատրաստակամ է ստանձնելու ծանր բեռը Պաղեստինի, Միջագետքի, Պարսկաստանի եւ այլուր, ուր նիւթական առաւելութիւնները խոստմնալից են: Ըստ երեւոյթին, եւրոպական ուժերուն գլխաւոր շահագրգռութիւնը կը կայանար ոչ թէ Մերձաւոր Արեւելքի ճնշուած ու հարստահարեալ ժողովուրդի բարօրութեան մէջ, այլ` եսամոլութեամբ տիրանալու նիւթապաշտական շահերու» քարիւղ եւ այլն, կ՚եզրակացնէ Պրաուն:

            Մինչեւ մեր այս օրերը ոչի՛նչ փոխուած է, եւ պատմութենէն ոչի՛նչ սորված ենք, յատկապէս վերանկախութենէն ետք: Հայաստանը, Արցախն ու հայութիւնը զոհերն են նոյն Անգլիա-Թուրքիա-Ատրպէյճան եռեակին, որոնց վրայ աւելցաւ Ամերիկան եւ Իսրայէլը, ընդդէմ՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի յստակ դարձած դաւադրութեան, որ մեծ թափով կը շարունակուի 2018-էն ի վեր, Հայաստանի իշխանութիւնը բռնագրաւած այժմու դաւաճան վարչախումբին հակահայ, հայրենակործան, յամառ ու բացայայտ օժանդակութեամբ:

 

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:

  1. Memoirs Of The Peace Conference, David Lloyd George, Vol. 2, New Haven
    Yale University Press 1939, 964 pages, pp 811-812:
  2. 2. American Society of International Law, «American Journal of International Law» Vol. 14 No. 3 (July, 1920) pp. 396-399. “The Mandate Over Armenia” by Philip Marshall Brown http://www.jstor.org/stable/2187661?seq=4#page_scan_tab_contents
  3. 3. https://en.wikipedia.org/wiki/Philip_Marshall_Brown

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles