Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը հրապարակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի յառաջիկայ Հոկտեմբերին Արեւելեան Թեմ կատարելիք հովուապետական այցելութեան երկրորդ մասի ժամանակացոյցը։ «Կը պատրաստուինք շուտով բարի գալուստ մաղթելու Վեհափառ Հայրապետին, որուն ներկայութիւնը միշտ վերաշխուժացման առիթ մը կը հանդիսանայ եւ նոր ուղղութիւն կը յառաջացնէ մեր ծառայութեան մէջ», յայտնեց Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովէն ետք, Արեւելեան Թեմի 2023-2024 տարեշրջանի օրակարգին յաջորդ կարեւոր իրադարձութիւնը Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնն է Նիւ Ինկլընտի եւ Միջին Ամերիկայի ծուխերուն։ Այս տարուան այցելութիւնը պիտի սկսի Փրովիտընսէն (Ռոտ Այլընտ), Հոկտեմբեր 4-ին, եւ իր աւարտին պիտի հասնի Հոկտեմբեր 23-ին, Տիթրոյթի մէջ։