Մ.Թ.
Մարտ 24, 1994
Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի մերօրեայ գլխաւոր հարցերէն մէկը՝ կրօնամոլական շարժումի ծաւալումը, պատճառ դարձած է ընկերային-կազմակերպական մարզերու լուրջ տագնապանքին եւ ցնցումներուն։ Փետրուար ամսու իրենց թիւերով՝ «Ճումհուրիէթ» եւ «Հուրիէթ» օրաթերթերը ¥ապահովաբար նաեւ ուրիշներ¤ գրեթէ ամէնօրեայ արծարծումի նիւթ կը դարձնեն երկրի գրեթէ բոլոր գօտիներուն մէջ կրօնամոլական հոսանքներու հակահանրապետական գործունէութեանց բացասական անդրադարձը՝ ժողովրդային, կազմակերպական, ընկերային եւ քաղաքական մարզերու մէջ։ Միջկուսակցական փոխադարձ անհանդուրժողութեանց ծաւալումը, խորհրդարանական ժողովներու մէջ ընթացիկ դարձած տարամերժութիւններ, եւ յատկապէս Մամուլի կողմէ արծարծուող մտահոգիչ իրադարձութիւններ հիմ կու տան հաստատելու որ երկիրը, իր աշխարհագրային ուրոյն գօտիներով, կը պարզէ տարամերժութիւններու եւ ճակատումի պատճառ դարձող անիշխանական վիճակ մը։
Նոր չէ, անշուշտ, «աջ»-ին ու «ձախ»-ին փոխադարձ այլամերժութիւնը։
Ցաւին արմատը պէտք է փնտռել «սուլթանական» եւ «հանրապետական» մտածողութեան միջեւ 1920-ական տարիներէն ի վեր գոյութիւն ունեցող սուր տարամերժութեան։ Թուրքիոյ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ կրօնամոլ, անուս զանգուածներէ, իսկ լուսամիտ փոքրամասնութիւնը՝ վաթսուն տարիէ ի վեր ու մինչեւ այսօր՝ ո՛չ միայն անհրաժեշտ կառոյցները չէ ստեղծած ժողովրդապետական կեանքի անհրաժեշտ կառոյցները չէ ստեղծած ժողովրդապետական կեանքի զարգացման համար, այլեւ շարունակած է դաստիարակչական նոյնիսկ տարրական շարժումները ստորադասել՝ երկրի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան գօտիներուն մէջ։ Քրտական շարժումը ներկայի իր պայքարը չէր հասցներ այսպէ՜ս կոչուած «ահաբեկչական» համեմատութեան, եթէ առարկայացած ըլլային 1950-1960ական տարիներու բարեկարգչական ծրագիրները եւ քիւրտ ժողովուրդը հնարաւորութիւնը ունեցած ըլլար մարդկային իր իրաւունքներուն տէր դառնալու։ Կրօնական շարժումը չէր յանգեր հակահանրապետական քայլերու՝ եթէ այսպէ՜ս կոչուած հանրապետական յաջորդական իշխանութիւնները յարգէին անոնց լեզուական, ուսումնական, կառուցային եւ ազգային իրաւունքները։ Հանրապետական եւ ժողովրդապետական կարգուսարքը խորթ չէր թուեր ամենէն կրօնասէր թուրքին անգամ՝ եթէ իրերայաջորդ «քեմալական» սերունդները անտէր եւ արհամարհելի նկատած չըլլային հեռաբնակ թուրք զանգուածներու ուսումնա-կրթական եւ բնականոն ապրուստի պահանջները։
Այսօր բացորոշ կը դառնայ պատեհապաշտական հոսանքներու, խմբաւորումներու եւ կազմակերպութեանց ծրագրումներուն բացասական հետեւութիւնը։ Անհատի ազատութեան եւ ժողովրդային լայն զանգուածներու իրաւունքներուն ու ձգտումներուն հանդէպ իրենց անտարբերութեամբ ¥չըսելու համար անտեսումով¤ յայտնի իրերայաջորդ կառավարութիւններ ¥բոլո՜րն ալ պատեհապաշտական իրենց դերակատարութեամբ՝ «Հանրապետական Թուրքիոյ» ընկերային-քաղաքական կառոյցին մէջ¤ 1920-1990 եօթանասնամեայ շրջանին չուզեցին եւ չկրցան Թուրքիան եւ թուրք ժողովուրդը փրկել կրօնամոլութեան բացասական անդրադարձներէն։ Քիւրտերը առանձին չեն իրենց արդար ըմբոստացումին եւ ազատագրական պայքարին մէջ։ Թուրքիոյ մտաւորական եւ մշակութային, քաղաքական եւ պետական շրջաններուն համար բացորոշ է եկող ու մեկնող կառավարական-վարչական եւ պետական-ընկերային կազմակերպութեանց գիտակցական անտեսումը՝ հանդէպ ժողովրդային լայն խաւերու, անոնց հայրենակցական իրաւունքներուն, այլեւ ու մանաւանդ՝ հարթելի հարցերու, իրաւունքներու եւ արդար դատերու, որոնք կ՛առընչուին ժողովրդային ուրոյն դասերու եւ հոսանքներու, կը կարօտին պետական հովանաւորութեան, դաստիարակչական լուրջ նախաձեռնութիւններու։
Պոլսոյ «Ճումհուրիէթ» օրաթերթը իր Փետրուար 26 եւ 27-ի յաջորդական թիւերով կը կեդրոնանայ երկու առաջնահերթ հարցերու վրայ, զսպել «շերիաթական» (կրօնապետական-կրօնամոլական-յետադիմական) շարժումը՝ որուն թեւ ու թիկունք կը դառնան արտաքին հոսանքներ եւ ուժեր, պետութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։ Ներքին ճակատի վրայ՝ հետամուտ ըլլալ «Րեֆահ» կուսակցութեան հանրապետական եւ հակապետական գործունէութեանց, խորացնել քննարկումը այն կապերուն՝ զորս հաստատած է ան հարաւ-արեւելեան իսլամական կազմակերպութիւններու հետ, անոնց նիւթական աջակցութիւններով ծաւալելու համար կրօնամոլութիւնը Թուրքիոյ մէջ։ Խոր քննարկումի ենթարկել «Րեֆահ»-ի ներքին թէ արտաքին աղերսները եւ համապատասխան քայլերու դիմել։
«Ճումհուրիէթ» իր անունին տէրն է։ Կառչած կը մնայ Աթաթիւրքեան աւանդին եւ Փետրուար 27-ի իր թիւով կ՛ընդգծէ հրամայական կարեւորութիւնը «խափանելու հակաժողովրդավարական հոսանքներու յետադիմական շարժումը»։ Շուտով ականջալուր պիտի ըլլանք հրապարակային ցոյցերու, ինչպէս կը հաղորդէ «Ճումհուրիէթ» . «ԱՄԲՈՂՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՈՏՔԻ՛ Է, ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ՀԱՄԱՐ»։
Վարչապետ Թանսու Չիլլէր կոչ ուղղած է ժողովուրդին «տէր կանգնելու ժողովրդապետական կառոյցին եւ վստահ ըլլալ, որ Աթաթիւրքի հանդէպ ապերախտ եւ դաւադիր տարրերու մասին Թուրքիոյ խորհրդարանը իր որոշումը պիտի տայ»։
Կը հետեւինք Թուրքիոյ մերօրեայ տագնապին եւ իրադարձութեանց։
Read Time:2 Minute, 40 Second