«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ֆիլատելֆիոյ մասնաճիւղի կազմակերպած «Մեղրի» պարախումբի եւ «Ախթամար» երգչախումբի ամավերջի հանդէսը, մասնակցութեամբ հռչակաւոր դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանի, տեղի ունեցաւ Մայիս 19-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին «Համազգային»-ի Շրջանային Վարչութեան անդամներ, գաղութի հոգեւոր հայրեր, վարժարանի քոյրեր եւ մօտ 200 հանդիսականներ:
Հանդէսը սկսաւ Ամերիկեան եւ Հայկական քայլերգներով, կատարողութեամբ Համազգայինի «Ախթամար» երգչախումբի, խմբավարութեամբ Շրջանային Վարչութեան ատենադպրուհի Մարուշ Բանեան – Նայկանի, որուն յաջորդեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Լորիկ Պարոնեանի խօսքը:
Ան այս առթիւ, ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Համազգայինի մշակութային եւ կրթական առաքելութեան եւ աշխատանքներուն, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, եւ յատկապէս Արցախի տեղահանուած մանուկներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ Հայ աշակերտներու նիւթաբարոյական օժանդակութեան:
Յայտագիրը ճոխ էր եւ հմտօրէն կազմակերպուած, ելոյթները եղան իրարայաջորդ եւ ընթացան առանց յապաղումի: Մեղրի պարախումբը սկսաւ «Էջմիածին» պարով, որ կը ներկայացնէ հնամեայ պաշտամունքի արարողութիւն, ապա «Հայաստան» պարը: Յարութ Քէօսէեան ելոյթ ունեցաւ երեք ազգային երգերով: Ան խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով ներկաները մասնակից դարձուց ազատագրական երգերուն: Որմէ ետք յաջորդաբար հանդէս եկաւ «Մեղրի»-ն ապա «Ախթամար» երգչախումբը չորս երգերով: Յայտագրի առաջին բաժինը աւարտեցաւ «Մեղրի»-ի երեք պարերով: «Մամա» պարը նուիրուած բոլոր մայրերուն, «Փափուռ»-ի աւանդական գիւղական պարը, որ կը պատկերացնէ չար ոգիներու հալածանքը եւ քոչարի աւանդական պարը, որ կը ներկայացնէ երիտասարդ տղոց առնականութեան մուտքը:
Առանց ընդմիջումի սկսաւ յայտագրի երկրորդ բաժինը: Լորիկ Պարոնեան ներկայացուց օրուայ դաշնակահար, երաժիշտ եւ երգահան Սէրուժ Գրաճեանը: Ան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, դաշնամուրի ուսումը ստացած է Լիբանանահայ դաշնակահար-երգահան Պօղոս Ճելալեանէն, ապա փոխադրուելով Գանատա երաժշտական ուսումը աւարտած է Թորոնթոյի համալսարան, ստանալով Պսակաւոր Արուեստի Դաշնակահարի տիտղոսը: Ան շեշտեց, որ Սերուժի երաժշտական նուաճումները աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ կարելի պիտի չըլլայ թուել այսօր եւ նշեց, որ ան արժանացած է զանազան մետալներու եւ իր յաջողութիւնները ներկայիս կը շարունակուին ամէնուրեք: Ապա բեմ բարձրացաւ Սերուժ Գրաճեան բեմ, որպէսզի կատարէ համերգին մեկնարկը:
Դաշնակահարը այս առթիւ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց «Համազգային»-ին եւ ներկաներուն։ Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր զանազան գործեր՝ Ռախմանինոֆ, Ազնաւուր, Փիազոլա, Առնօ Պապաճանեան եւ անշուշտ վերջերս շատ հնչուող «Զարթիր Լաօ»-ն։ Համերգը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» երգով, որուն ընկերակցեցան ներկաները։
Հանդիսատեսները ոտքի երգեցին բոլորի սրտին խօսող այս երգը։ Պատկերը յուզիչ էր եւ ցոյց կուտար հայուն աննկուն նկարագիրը, թէ հայը կրնայ պահպանել իր ուրոյն մշակոյթն ու ինքնութիւնը, հակառակ դէմ յանդիման գտնուելուն օտար ափերու դժուարին պայմաններուն:
Ներկաներու բուռն ծափահարութիւնները շարունակուեցան բաւականին երկար եւ գնահատանքի արտայայտութիւնը բոլորի ժպտուն դէմքերուն վրայ, շօշափելի էր:
Լորիկ Պարոնեան իր փակման խօսքին մէջ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, իրենց առատաձեռն նիւթական օժանդակութեամ համար: Նմանապէս այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր հովիւներուն, քոյրերուն, Համազգայնականներուն եւ բարեկամներուն, որոնք միշտ իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն «Համազգային»-ի աշխատանքները: Ան բեմ հրաւիրեց երգիչը, պարուսոյցները, պարախումբի պատասխանատուն, երգչախումբի խմբավարը, դաշնակահարը եւ Սերուժ Գրաճեանը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որմէ ետք «Մեղրի»-ի պարմանուհիները գեղեգիկ ծաղկեփունջ նուիրեցին իւրաքանչիւրին: Հանդէսը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ: