ՓՐՈՎԻՏԵՆՍԻ «ՄՈՒՐԱՏ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 28 Second

Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մուրատ Ազգային Վարժարանի 2023-2024 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 19-ին, «Արամեան» սրահին մէջ։ Հիւրերու շարքին էին Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Տէր Գաբրիէլ Նազարեանը եւ Երէցկին Տէպրան, Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամները, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, բարերարներ Տոքթ Արա եւ Տիկին Պէթի Սատանեանցներ։

Այս տարեշրջանի  հանդէսը նուիրուած էր վարժարանի 90-ամեակին եւ ընդհանրապէս հայոց լեզուին, տառերուն եւ հայ դպրոցին։ Մարտիրոս Գարազեանին կողմէ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, աշակերտները երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վարժարանի քայլերգները, որմէ ետք  Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան կատարեց բացման աղօթքը։

Տնօրէնութեան կողմէ բարի գալուստի մաղթանքը փոխանցեց համա-տնօրէնուհի՝ Լալա Աթթարեան։ Անդրադառնալով Վարժարանի 90-ամեակին, Աթթարեան նշեց, թէ այս տարուան հանդէսը իւրայատուկ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ ան կը խորհրդանշէ իննը տասնամեակներու նուիրում, յաջողութիւն եւ շարունակականութիւն։ Սերունդներ դաստիարակած, Փրիվիտենսի մէջ հայ լեզուն ու պատմութիւնը պահած եւ գործօն անդամներ կազմաւորած այս հաստատութիւնը մեր գաղութին հպարտութիւնն է։

Աթթարեան իր շնորհակալական խօսքերը փոխանցեց ծնողներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, ծնողական միութեան եւ բոլո՛ր անոնց, որոնք կը սատարեն հայ դպրոցին եւ անոր վերելքին։

Ռաֆֆի Ռշտունիի գլխաւորութեամբ, աշակերտները ներկայացուցին խմբերգեր։ Երէց աշակերտներուն կողմէ հայ լեզուին եւ դպրոցին նուիրուած խմբային եւ անհատ բանաստեղծութիւններու գեղեցիկ շարան մը ներկայացուեցաւ։  Նայիրի Քորիվօ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ «Կիլիկիա» երգի ներկայացմամբ հանդիսատէսին ուշադրութիւնը գրաւեց։ Ներկայացման աւարտին,  երգեցողութեամբ աշակերտութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի եւ Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն։

Համա-տնօրէնուհի Ճիւն Մանկասարեան խօսք առնելով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ուսուցչական կազմին իրենց անձնուրաց  նուիրումին համար, որմէ ետք ան բեմ հրաւիրեց Անժէլ Գոզինեանը, որ 30 տարիներ ազգանուէր իր ծառայութենէն ետք այս տարի հանգստեան կը կոչուի։  «Այսօր, կը փափաքինք այս առիթէն օգտուիլ եւ սրտանց մեր շնորհակալութիւնը յայտնել եւ պատուել յատկապէս մէկ ուսուցչուհիի, որ 30 տարիներ շարունակ, մեծ նուիրումով սերունդներ դաստիարակած է», նշեց Մանկասարեան։

Գոզինեան արժանացաւ յատուկ գնահատանքի Ուսումնական Խորհուրդին կողմէ։  Շնորհաւորական խօսքեր փոխանցեցին ատենապետ՝ Յակոբ Խաչատուրեան եւ Տէր Գաբրիէլ Նազարեան։

Մուրատ Ազգային Վարժարանի Խնամակալ Մարմնի ատենապետ՝ Պարոն Յակոբ Խաչատուրեան փոխանցեց օրուան պատգամը։ ԱՆ անդրադարձաւ Արամ Ա Վեհափառ Հօր կողմէ հրչակուած «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի»-ի կարեւորութեանը։ «Եկէք միասնաբար աշխատինք՝ Եկեղեցի, կազմակերպութիւններ, դպրոց և ծնողներ, խտացնելու և աւելի լաւ կազմակերպելու մեր շարքերը՝ ի նպաստ Հայ Ազգին ու Հայրենիքին», նշեց ան։ Ապա, գնտահատական խօսքեր փոխանցեց տնօրէնութեան, ուսւուցչական կազմին, ծնողներուն եւ բոլոր անհատներուն, որոնց «շարունակական քաջալերութեամբ և մասնակցութեամբ է որ պիտի կարողանանք այս դպրոցի դոռները յաւիտեանս բաց պահել»։

Ապա, Վարժարանիս շրջանաւարտ սանուհիներ եւ ներկայ ուսուցչուհիներ՝ Օրդ Արփի Տօնոյեան եւ Օրդ Նորա Դարբինեան արժանացան «Մակի  Նալպանտեան» Կրթաթոշակին՝ Տոքթ Արա եւ Պէթի Սատանեանցներուն կողմէ։ “Այս ֆոնտը յատուկ 2-4 տարուան համալսարանական ծրագրի մասնակցող համալսարանականներու համար է։ Սոյն բարերարներուն կողմէ հիմնուած «Արաքի Արզումանեան եւ Անահիտ Քիպարեան» եւ «Մակի Նալպանտեան» կրթաթոշակի ֆոնտերը 14 տարիներէ ի վեր կը պարգեւուին ներկայ եւ շրջանաւարտ սաներու։

Այս տարի մանկապարտէզի 4 աշակերտները՝ Տոնովըն Յակոբեան, Նաթալի Քէչէճեան, Ռէյլ Հօլ եւ Կրէկըրի Լորա ստացան մանկապարտէզի վկայակագրեր։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէր Հօր եզրափակիչ քաջալերական եւ երախտագիտական խօսքով եւ փակման աղօթքով։

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր նուիրատուներուն իրենց նիւթական աջակցութեան համար, Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Հ.Օ.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի վարչութեան եւ Փրովիտենսի Արաքս եւ Անի մասնաճիւղերուն, «Արարատ»Կամզակերպութեան,  Պարոն Էտուըրտ Նասրին լուսանկարներուն համար եւ Ծնողական Միութեան անդամներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելու դպրոցական տարեշրջանին ընթացքին։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles