«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՅԻՍ 28»-Ը ՏԽՐԵՑՈՒՑ

0 0
Read Time:5 Minute, 24 Second

Յ. Պալեան 

«Մենք պարտաւոր ենք աշխարհը պարկեշտ դարձնել, մեր զաւակներուն կարենալ ըսելէ առաջ, որ պարկեշտութիւնը լաւագոյն քաղաքականութիւնն է»:

Ճորճ Պեռնար Շօ 1856-1950,Նոպէլեան դափնեկիր, թատերագիր, եւ արուեստի քննադատ

 

            Հայաստան եւ մօտ ու հեռու երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ ուր  գտնուած եմ, ուր հայեր կան, ներկայ եղած եմ հանդիսութիններու, տեսած եմ բազմութիւն, ժողովուրդ, հայրենահանուածներ եւ անոնց յետնորդները:            

            Սովորաբար ըսուած է «տօնակատարութիւն»: Յաճախ սրահները յորդած են: Կը յիշեմ, որ հեռաւոր Սիտնիի մէջ, մեծ սրահի կողքին, ուրիշ սրահի մը մէջ հաստատուած էին լսատեսողական սարքեր, որպէսզի մարդիկ հետեւէին:

            Փոքրաթիւ համայնքներու բոլոր անդամները, մեծով պզտիկով, ժողովուրդ, տարբեր բնակավայրերէ կու գային, այդ առիթով վարձուած «օթոքար»-ներով: Կու գային ուխտաւորի պէս, իրենց զաւակներով, լսելու հեռու կամ մօտիկ քաղաքէն հրաւիրուած բանախօսը: Յիշոշութեան հանդէս եւ հաւատարմութեան ծափեր:

            Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, յաճախ ներկայ եղած եմ պետական շուքով Սարդարապատի յուշահամալիրի տարածքին կատարուած Անկախութեան Տօնի հանդիսութիւն-տօնակատարութեան, որուն ներկայ կ’ըլլային պետական անձնաւորութիւններ, ժողովուրդ եւ անոնց  միացած՝ սփիւռքահայեր: Այդ Հազարաւորներուն մէջ ինքզինքս զգացած եմ ազատ տէր եւ ծառայ: «Համազգային» եզրը  կ’իմաստաւորուէր իրարու անծանօթ բայց հարազատ մարդոց բազմութեամբ:

            Այս տարի, Երեւան էի կրկին: Մայիս 28 էր:

            Արդէն յագեցած օրերէ ի վեր տեւող համաժողովրդական ցոյցերու պատկերներով եւ լուրերով, ամէն օր քիչ մը աւելի Հայաստանի բեկոր  Հանրապետութեան       սահմաններուն սպառնացող քաղաքական համարուած նենգ խաղերու լուրերով եւ մեկնաբանութիւններով, առաւօտ կանուխ նստեցայ հեռատեսելի պատուհանին առջեւ:

            Ցոյցի պատկերներ: Թեր ու դէմ խօսողներու անվերջանալի տողանցք:

            Տխուր առօրեայ, եթէ «տուրիստ»ի շապիկ հագած փողոց չէք ինկած:

            27 Մայիսին, Բագրատ Սրբազանի կոչին ընդառաջելով, մեծ թիւով հայեր Սարդարապատ գացին, հոն դիմաւորելու համար Յաղթանակի օրը՝ Մայիս 28ին: Բազմութիւնը, Սրբազանի աղօթքէն եւ խօսքէն ետք, երբ մարդիկ վերադարձած էին, տարածքը դատարկուած էր, պետական աւագանին, վարչապետ, հանրապետութեան նախագահ, Ազգային Ժողովի նախագահ, ժամանեցին, Յուշահամալիրի   ամայացած տարածքը, ոստիկանական եւ զինուորական ջոկատներու ընկերակցութեամբ: Ժողովուրդ չկար: Հրապարակը ամայի էր եւ լուռ: Այդ մթնոլորտին մէջ, այն տապաւորութիւնը կը զգացուէր, որ տեղի պիտի ունենար ռազմափորձ կամ զօրահանդէս:

            Վարչապետը իր քաղաքական-տեսաբանական ճառը կարդաց, զինուորներ եւ ոստիկանական ջոկատներ, արձանի պէս կանգնած լսեցին: Այդքա՛ն:

            Տեսարանը այնպէս էր, որ կարծէք վարչապետը  կը խօսէր սրահի մը մէջ կողք կողքի շարուած գոյնզգոյն արձանիկներու  առջեւ:

            Առանց ժողովուրդի տօնակատարութիւն:

            Տեսարանը փոխուեցաւ  եւ հեռատեսիլէն ականատես եղայ ազգային-քաղաքական աննախընթաց եւ մեզ ստորնացնող գայթակղութեան մը:

            Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, միաբաններու ընկերակցութեամբ, եկած էր Սարդարապատ, ինչպէս աւանդութիւն եւ կարգ էր: Ոստիկանական ջոկատները փակեցին ճանապարհը, որպէսզի Վեհափառը չմօտենայ յուշակոթողին:

            Աներեւակայելի եւ ցնցող պատկեր էր:

            Կաթողիկոս եւ միաբաններ ոստիկանական  ջոկատներու դիմաց:

            Յետոյ բացատրուեցաւ,  որ Կաթողիկոսը հրաւէր չունէր, անոր ներկայութիւնը արարողակարգային չէր: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել: Պիտի գտնուի՞ն կացութիւնը արդարացնող ապազգայնացածներ,  հեռակայ կարգով ասդին-անդին գործող եւ սպասարկող անտարազ ոստիկանական-հաւատաքննական ջոկատներ:

            Ի՞նչ  ալ ըլլան մեր տեսակէտները, քաղաքական դիրքերը, կրնա՞նք  չափսոսալ, չտխրիլ, չընդվիլ, ի տես տասնըեօթը դարերու փոթորիկներէն անցած, միշտ ժողովուրդին  հետ մնացած, ազգային ժառանգութիւն եւ ազգին ինքութեան կազմութեան դերակատար եղած Եկեղեցիին եւ անոր Պետին դէմ եղած այս անարգանքին ի տես,   որ բիրտ նախայարձակում էր, ակրեսիա,  հայրենի պետութեան կողմէ,  Մայիս 28ի օրը,  նոյնինքն պետութեան ստեղծման վէմը հանդիսացող    եւ խորհրդանշող օրը եւ վայրը, միացումով իրականացած յաղթանակի  եւ այդ իրադարձութիւնը յիշեցնող կոթողին աջեւ: Պիտի գտնուի՞ մէկ հայ, որ ծափահարէ  ոստիկանական ջոկատներու հերոսութիւնը «Ամենայն Հայոց»-ին դէմ:

            Հայաստան, տարբեր առիթներով, յաճախ խօսուեցաւ «կարմիր գիծ»-ի մասին:   Այս ի՞նչ կարմիր գիծ էր, զոր հատեցինք Յաղթանակի Օրը…

            Հայաշխարհը, Հայաստան եւ սփիւռք (ներ), ներքին պատնէշները քանդելով եւ հին ու նոր սէրերու ընդարմացումէն դուրս գալով, չալեկոծուեցաւ: Ի՞նչ հետեւցնել:

             Տապարի հարուած ստացածի պէս մնացի տեղս: Չէի տեսներ իրարու յաջորդող պատկերները:

            Հայաստանեայց եկեղեցին ոչ աղանադաւորական շարժում է ոչ ալ ամբոխահաճական-պոպուլիստական քաղաքական չարաշահում : Հայաստանեայց  եկեղեցին իր ազգային հեղինակութեան տիրացած է Նարեկացիով, Մեսրոպ Մաշտոցով, Մեծն Ներսէսով, Աւարայրի դաշտին վրայ բանակի առջեւէն քալող Ղեւոնդ Երէցով: Նաեւ, եթէ «պոպուլիստական» ընդարմացումէն դուրս գանք, Գարեգին եպիսկոպոս Յովսփեանցով, (հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս), որ Մայիսեան կռիւներու ընթացքին ռազմակատի զինուորներու կողքին էր: Ինչպէ՞ս չյիշել, նոյն ճակատագրական կռիւներու օրերուն Գէորգ Ե կաթողիկոսի հայրենատիրական արիութիւնը, երբ թրքական թնդանօթները Էջմիածինի դռներուն էին, եւ իրեն առաջարկուած է, ապահովութեան համար հեռանալ, ան մերժած է: Եթէ «պոպուլիստ»ները քիչ մը պատմութիւն գիտնային, պիտի յիշէին զէնք պահող Առաքելոց վանքի յեղափոխական վանահայրը, նաեւՊոլսոյ  քաջ եւ սկզբունքային  Շնորհք պատրիարքը, որ Թուրքիոյ նախագահին հետ երբ տեսկացութեան կ’երթար, հայերէն կը խօսէր եւ թարգմանել կու տար, իսկ իր մայրենի լեզուն թրքերէն էր:

            Հայ եկեղեցիին դէմ ամէն բնոյթի «ակրեսիա», ազգի նուատացում է:

            Հիմա կը մտածեմ, թէ Ազգը ո՞ւր կրնայ պատուոյ դատ բանալ, որո՞ւ դէմ, ի՞նչպիսի եւ ի՞նչ հատուցում պահանջելու համար համազգային այս աննախընթաց եւ նմանը չունեցող պատմական անարգանքին դէմ:

            Ինչպիսի՞ պատիժ պահանջել: Որո՞ւ դէմ: Այդ չարագործութեան գործիք եւ ազգային բարոյականը զանց առած ջոկատներն ալ «մերոնք» են կամ պէտք  է ըլլային, չեմ ուզեր մտածել որ  «ենիչէրի» էին: Անոնք սոսկ կամակատար եւ կամազուրկ գործիք էին: Ինչպէ՞ս ճշդել իրաւ պատասխանատուութիւնները: Այդ պէտք է ընէ իր ինքնութեան իրաւ տէր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ: Լռել եւ արդարացման ճապկումներ ընել մեղսակցութիւն են:  Ա՛յս անվարան պէտք է բարձրաձայնել, առանց բաւարարուելու քաւութեան նոխազներ նշաւակելու եւ «mea culpa»ի զաւեշտներով:

            Թշնամին կ’ուզէ մեզ իրաւազրկել: Այդ  դարաւոր վարքը գիտենք:

            Հայոց Կաթողիկոսին դէմ ոստիկանական ջոկատ կանգնեցնել իւրայիններով, ազգ, ինքնութիւն, պատմութիւն եւ զանոնք պահած, պահող եւ ապրեցնող արժէքներ ոտնատակ ընել, աններելի մեղանչում է: Այս ալ պիտի տեսնէինք՝ հանդիսատեսի կարգավիճակով: Բայց պիտի մոռնա՞նք : Դէպքը ի միջի այլոց ձախաւերուութի՞ւն մը պիտի համարենք, թէ՞ պատմական ըլլալու կոչուած կոպիտ եւ աններելի սխալ:

            Այսքա՜ն տկարացած եւ ստրկացած ե՞նք, որ մենք դէմ կ’երթանք մեր հոգեբարոյական արժէքներուն, կ’ըլլանք հեղինակ մեր աղէտներուն:

            Կը յուսամ, որ ներսը եւ դուրսը, սոփեստ ստրուկներ, ճապկումներով թուղթ պիտի չմրոտեն անարդարանալին արդարացնելու համար, եւ քար մըն ալ պիտի չաւելցնեն մեր արդէն բազմագոյն նուաստացումներուն վրայ:

            Ի՞նչպիսի բարեկեցիկ հայրենիք պիտի ունենանք նուաստացումները ծալելով եւ անոնց վրայ  նստելով:

            Ի՞նչպիսի ազգ պիտի ըլլանք:

            Այսօ՛ր լռել մեղսակցութիւն է ջոկատներու  գլխագիր վիրաւորանքին եւ այդպէս բաներ գործողներուն:

            Շարունակել լռել ո՛չ հոգեմտաւոր վերականգնում  է ո՛չ ազգային քաղաքականութիւն:

                        Ե՞րբ իր անուան արժանի ոչ-ֆէյսպուքեան ղեկավարութիւն մը մեզ պիտի համախմբէ հիմնական եւ հիմնարար ազգային         եւ հոգեբարոյական արժէքներու եւ նպատակներու շուրջ, որպէսզի ըլլանք շարունակութիւն եղող եւ հայրենատէր ազգ, ունենանք այդ ըլլալու հաւաքական կամք:

            Վերստին ընթերցել Պեռնար Շոյի իմաստութիւնը, ունենալ իրաւ պարկեշտութիւն՝  մտածելով գալիք սերունդներու մասին:

            Եթէ սաւանը ամէն կողմէ եւ բազմաթիւ ձեռքերով քաշենք  տարբեր ուղղութիւններով, անոր ո՛չ ոք տէր կ’ըլլայ, ան կը պատռուի եւ կը դառնայ քուրջ: Այդպէս եթէ ընենք, մեր եսերով եւ պառակտումներով, ազգ եւ հայրենիք կը դարձնենք պատմութեան գիրքերու յիշողութիւն: Թերեւս ո՛չ իսկ այդքան:

            Հայոց կաթողիկոսին դէմ ոստիկանական ջոկատ կանգնեցնելու  ապազգայնացման ընթացքը ըստ արժանւոյն այսօր պէտք է գնահատել, վաղը ուշ կ’ըլլայ:

            Եթէ այդ պատկերը մեր զաւակները եւ թոռները տեսնեն, ի՞նչ պիտի մտածեն մեր ազգի առաջնորդներուն եւ մեր մասին:

            Ի՞նչ պիտի ըսէ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ:

            Ի՞նչ պիտի ըսենք մենք,եթէ իրապէս կը դաւանինք որ հայ ենք:

            Չսպասել պատմութեան դատաստանը:

            Այդ ընել այսօ՛ր, յիշելով եւ յիշեցնելով , որ վաղը միշտ ուշ է:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
50 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
50 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles