ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 27 Second

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մոհամէտ Մոխպերի հետ քննարկեց հայեւիրանեան յարաբերութիւնները։Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ,որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները նոյն ձեւով պիտի շարունակուին։
Փաշինեան, որ Իրան ժամանած էր, մասնակցելու համար նախկին նախագահին եւ միւս մահացածներուն յուղարկաւորութեան, նաեւ ընդունուեցաւ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի կողմէ։ Ըստ հայկական լաւատեղեակ աղբիւրներու, Փաշինեան եւ Խամէնէի վստահեցուցած են, թէ հայեւիրանեան սերտ յարաբերութիւնները նոյն ձեւով պիտի շարունակուին։

*

Հայ- թրքական սահմանի Մարգարայի անցակէտի ամբողջական նորոգման աշխատանքները իրենց աւարտին հասած են, հաղորդեց Պետական եկամուտներու կոմիտէն՝ աւելցնելով, որ աշխատանքները վեց ամիս տեւած են։Կառուցուած են սպասարկումներու սրահ, քննութիւններու բաժին, բեռներու եւ ձեւակերպման համար յատուկ տաղաւարներ եւ պահեստարան, ինքնաշարժներու կայարան, ընդարձակ հրապարակ եւ միջազգային չափանիշերուն համապատասխան այլ կառոյցներ։
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս այցելեց Մարգարայի սահմանային կէտ, ուր իր գոհունակութիւնը յայտնեց կատարուած վերանորոգման աշխատանքներուն համար։
Տեղին է նշել, որ հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման բանագնացներ՝ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըճ երկու տարի առաջ համաձայնեցան բանալու ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն դիմաց։Սակայն հակառակ անոր որ Մարգարայի անցակէտը հիմնովին վերանորոգուած է, սահմանը տակաւին կը մնայ փակ։

*
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հետախուզական վարչութեան պետի տեղակալ Տէյվիտ Քոհէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Միայն հաղորդուեցաւ,որ քննարկման առարկայ դարձած են Հայաստան- Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները եւ միջազգային խնդիրներ։ Քոհէն նաեւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Քննարկման առարկայ դարձան Հարաւային Կովկասի ապահովական ընդհանուր իրավիճակին առնչուող հարցեր եւ խնդիրներ։Տեղին է նշել,որ երկու տարի առաջ Հայաստան այցելած էր Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հետախուզական վարչութեան պետ Ուիլիըմ Պըրնզ, իսկ նոյն տարին Հայաստան այցելած էր նաեւ Անգլիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետ Ռիչըրտ Մուր։
Միւս կողմէ, Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Սարգիս Խանտանեան ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար փոխ տեղակալ Պրենտըն Եոտըրը,որուն հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Հայաստան- Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն առաւել զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։Քննարկման առարկայ դարձան նաեւ դատաիրաւական համակարգին առնչուած հարցեր։

*

Հայաստանի բանակին սպայակոյտի անդամ սպաներ մասնակցեցան ՆԱԹՕ-ի «REGEX 2024» շտապային ռազմափորձերուն,որոնք տեղի ունեցան Մոլտովայի մէջ։ Չորս օր տեւած ռազմափորձերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Զինակցութեան գործընկեր երեսուն երկիրներու բանակներու սպայակոյտերու անդամ սպաներ։Տեղին է նշել,որ Ատրպէյճան եւս մասնակցեցաւ չորսօրեայ ռազմափորձերուն։
«REGEX 2024» շտապային ռազմափորձերը կը բաղկանան երեք մասերէ, որոնց վերջինը ընթացք առաւ 20 Մայիսին։Հայաստանի բանակին սպայակոյտի անդամ սպաներ երեք բաժիններուն ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին։

*
Մեծամօրի կորիզային կայանը 12 տարի եւս պիտի գործէ եւ աշխատանքէ պիտի դադրի։Այս ժամանակաշրջանը երկարաձգուած ժամկէտն է, որմէ ետք կայանը պէտք է իր դռները փակէ վերջնականապէս։Իսկ կորիզային նոր կայանի մը կառուցումը առնուազն 10 տարուան կը կարօտի։
Հայաստանի մէջ տակաւին կը շարունակուին քննարկումները, թէ որ երկրի առաջարկած արհեստագիտութեամբ եւ ինչ հզօրութեամբ պէտք է կառուցել կորիզային նոր կայանը։ Նման առաջարկներ ներկայացուցած են Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Հարաւային Քորէա, որոնց հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Այս քննարկումները իրենց աւարտին հասցնելու համար ստեղծուած է միջնախարարական աշխատանքային խումբ մը, որ կը շարունակէ գործել։
Մասնագիտական քննարկումներուն մասնակցող կորիզային հարցերով փորձագէտ Սուրէն Բզնունիի համաձայն, աշխատանքային խումբը կը դիտարկէ մատակարարներու կողմէ ներկայացուած թեքնիք եւ ելեւմտական առաջարկները, որպէսզի ի վերջոյ յաջողի գնահատել զանոնք՝ եզրակացութեան մը յանգելու համար։ Բզնունի նշեց, որ ներկայիս կատարուած են շարք մը հարցադրումներ, որոնց պատասխանները պէտք է տրուին մատակարարներուն կողմէ։Կը նախատեսուի, որ աշնան Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Հարաւային Քորէայէն ստանան իրենց ուղղած հարցումներուն պատասխանները։

*
Հայաստանցի փաստաբանները կատարեցին գործադուլ մը, բողոքելու համար հարկային օրէնսգիրքը փոխելու միտող կառավարութեան Ազգային Ժողովին ներկայացուցած նախագիծին դէմ, ըստ որուն, փաստաբաններուն վճարած տուրքը պիտի աւելնայ շուրջ 15 առ հարիւրով։Փաստաբանները տուրք կը վճարեն պարզեցուած հարկով՝ 5 առ հարիւրի հարկ վճարելով պետական պիւտճէին։ Կառավարութիւնը կը ջանայ պարզեցուած հարկի դրութիւնը ջնջել եւ փոխարէնը 20 առ հարիւրի տուրք գանձել պետական պիւտճէին համար։Այս հարկին կ՛աւելնայ շահի 18 առ հարիւրի տուրքը։ Փաստաբանները դժգոհ են եւ կը բողոքեն այս նախագիծին դէմ, թէ անոր վաւերացման պարագային պիտի չկարենան անվճար ծառայութիւններ մատուցել, որովհետեւ անվճար ծառայութիւններուն համար ալ տուրք պիտի վճարեն։

*

Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը պահանջեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները անմիջապէս ազատ արձակեն բոլոր հայ պատերազմական գերիները եւ ամբողջական տեղեկութիւններ տրամադրէ անհետ կորսուածներու մասին, յայտարարեց խորհրդարանի նախագահ Քլոտ Վիզլեր։Ան յոյս յատնեց, որ հայեւատրպէյճանական խաղաղութեան բանակցութիւնները յաջողութեամբ կը պսակուին։
Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին նախագահը սակայն շեշտեց, որ երկարատեւ խաղաղութեան համար կենսական է յարմար միջավայրի ստեղծումը։ Այս նպատակին համար ալ կարեւոր է ազատ արձակել պատերազմական գերիները, աւելցուց ան։
Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին այս կոչը բուռն դատապարտանքի արժանացաւ Ատրպէյճանի խորհրդարանին կողմէ, ուր նշուեցաւ, որ միջամտութիւններուն փորձերուն նպատակն է խաթարել խաղաղութեան հոլովոյթին ձեռքբերումները։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles