Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ընդունեց Վրաստանի վարչապետ Հերակլ Կոպախիծէն, որ վարչապետութեան պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է Թուրքիա այցելեց։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ այլ պաշտօնատարներ։
Էրտողան Վրաստանի վարչապետին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները,ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միացեալ ճիգերը կարգաւորելու հարցը, առեւտրական-տնտեսական կապերը առաւել ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ՝ Հարաւային Կովկասի ընդհանուր իրավիճակը։
Թուրքիա եւ Վրաստան վերջին տարիներուն զարկ տուած են իրենց միջեւ գործակցութեան եւ կ՛ապրին յարաբերութիւններու ջերմացման ժամանակաշրջան մը։
*
Քրտամէտ Ժողովրդավարական – Դեմոկրատական կուսակցութեան շարք մը նախկին ղեկավարներ թրքական ատեանի մը կողմէ երկարատեւ բանտարկութեան վճիռներ ստացան՝ 2014-ի Հոկտեմբերին Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ անկարգութիւն հրահրելու յանցանքով։
Կուսակցութեան նախկին առաջնորդ Սելահէտտին Տեմիրթաշ քառասուն տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, իսկ փոխ նախագահ Ֆիտէն Եուքսեքտաղ՝ երեսուն, Մարտինի նախկին քաղաքապետ Ահմէտ Թուրք տաս տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցան։
Տեմիրթաշ 2016-էն ի վեր բանտարկուած է։ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը 2020ին բաւարարեց անոր դիմումը եւ թրքական իշխանութիւններէն պահանջեց զայն անյապաղ ազատ արձակել, Սակայն պաշտօնական Անգարա մինչեւ այսօր կ՛անտեսէ եւրոպական ատեանին որոշումը։
*
Թրքական բանակային ուժեր ձեռնարկեցին լայնածիր գործողութիւններու, որոնց ընթացքին ձերբակալեցին Իսլամական Հանրապետութեան 44 անդամներ, որոնք կը գտնուէին Թուրքիոյ տարածքին ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու կասկածներու տակ։
Թրքական ուժերուն գործողութիւնները կատարուեցան Ուրֆայի եւ Քոնիայի մէջ։
Տեղին է նշել,որ Թուրքիա նուազագոյնը տասը անգամ թիրախը դարձած է ՏԱԷՇի զինեալներուն կողմէ կատարուած անձնասպանական գործողութիւններու, որոնց զոհ գացած են աւելի քան երեք հարիւր անձեր եւ վիրաւորուած հարիւրաւորներ։Թրքական իշխանութիւններ, որոնք կը ջանան ցոյց տալ, թէ երկիրը ՏԱԷՇի անդամներուն ներկայութիւնը չի հանդուրժեր, Արցախեան երկրորդ պատերազմին հաւաքագրեցին ՏԱԷՇի անդամներ եւ զանոնք առաքեցին Ատրպէյճան,որպէսզի պատերազմին ատրպէյճանական բանակին կողքին՝ հայկական ուժերուն դէմ։ Վարձկանները պատերազմեցան առաջին գիծերու վրայ եւ տուին մեծ թիւով զոհեր ու վիրաւորներ։
*
Թուրքիա եւ Թիւրքմենիստան կնքեցին համաձայնագիր մը, որուն համաձայն թիւրքմէնական բնական կազը Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի վրայով պիտի հասնի Թուրքիա, ուրկէ Եւրոպա պիտի փոխադրուի։ Համաձայնագրի ստորագրութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարար Միքայիլ Ժապպարով։
Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար շեշտեց,որ մինչեւ 2030 Ատրպէյճանի վրայով Թուրքիա փոխադրուող բնական կազի քանակը պիտի կրկնապատկուի։ Թուրք նախարարը նաեւ խօսեցաւ Թուրքիայէն Նախիջեւան երկարող կազատարին մասին եւ յայտարարեց, որ յառաջիկայ ձմեռ Նախիջեւան Թուրքիոյ վրայով բնական կազ պիտի ստանայ։ Տեղին է նշել,որ Թուրքիոյ վրայով Նախիջեւանի բնական կազ հայթայթելու մասին յուշագիրը չորս տարի առաջ կնքուած էր Թուրքիոյ այդ օրերու ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզի եւ Ատրպէյճանի ուժանիւթի նախարար Փարվիզ Շահպազովի կողմէ։
*
Հակառակ առկայ տարակարծութիւններուն եւ որոշ հարցերու շուրջ անհասկացողութիւններու, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան եւ Յունաստանի վարչապետ Միցոթաքիս ջանացին թուրքեւյունական յարաբերութիւնները բարելաւել, ըստ իրենց, շինիչ խօսակցութիւններու եւ քննարկումներու ճամբով։
Էրտողան նկատել տուաւ,որ հակառակ տարակարծութիւններու, Անգարա – Աթէնք խօսակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը շեշտուած է Յունաստանի վարչապետին հետ կայացած խօսակցութիւններուն ընթացքին։ Իսկ Միցոթաքիս յոյս յայտնեց, որ թուրքեւյունական յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը առաւել կը բարելաւուի ապագային։ Արծարծուած հարցերուն շարքին եղաւ առեւտրատնտեսական կապերը ։Էրտողան յոյս յայտնեց,որ անցեալ տարուան 6 միլիառ տոլարի հասնող առեւտրական գործակցութիւնը յառաջիկայ տարի կարելի կ՛ըլլայ 10 միլիառի բարձրացնել։
Տեղին է նշել, որ Յունաստանի վարչապետը անցեալ շաբաթ խոր դժգոհութիւն յայտնած էր, թէ թուրքերը Պոլսոյ մէջ գտնուող բիւզանդական եկեղեցի մը մզկիթի վերածած էին։ Բացման արարողութեան էրտողան տեսակապով իր պատգամը փոխանցած էր։ Միցոթաքիս որոշած էր այս հարցը քննարկել Թուրքիոյ նախագահին հետ։ Սակայն մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին ոչինչ հաղորդուեցաւ բիւզանդական եկեղեցւոյ հարցին մասին։
Հաղորդուեցաւ,որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը համապարփակ քննարկումներու առարկայ դարձած է Էրտողան – Միցոթաքիս խօսակցութիւններուն ընթացքին։
*
Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ թուրք ոստիկաններու եւ աւազակախումբերու միջեւ կապերու յայտնաբերումը մեծ գայթակղութեան մը վերածուեցաւ։ Մինչեւ օրս ութ ոստիկաններ ձերբակալուած են եւ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն ձերբակալեալներուն թիւը բարձրանայ։
Ձերբակալուած ոստիկաններուն երեքը բարձրաստիճան զինուորականներ են, որոնց կապերը՝ աւազակախումբերու հետ ուղղակի ցնցած է անգարացիները։ Մինչեւ հիմա կատարուած հետաքննութիւնները ցոյց տուած են,որ անոնք սերտ կապեր ունին հանրածանօթ աւազակապետ Այհան Պորա Քափլանի հետ։ Քափլան կը ղեկավարէ աւազակախումբերու հսկայ ցանց մը։
Խերտար Չելիք, որ «գաղտնի ականատես» մըն է, ոստիկանութեան փոխանցած է, որ աւազակախումբին հետ գործակցող ոստիկանական տարբեր բաժանմունքի պետեր յեղաշրջում մը կը պատրաստէին՝ տապալելու համար Էրտողանի վարչակարգը։ Խնդրէն լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, Անգարայի ոստիկանապետ Էնկին Տինչ կրնայ պաշտօնազրկուիլ։ Տեղին է նշել,որ Տինչ 2007-ին իբրեւ կասկածելի հարցաքննուած էր՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցաբար։
*
Թուրքիոյ հաղորդակցութեան պետական վարչութիւնը հաստատեց,որ մարզին մէջ գործող մասնագէտներէ բաղկացած խումբ մը կը ջանայ ստեղծել համակարգչային յատուկ ծրագիր մը, որուն նպատակն է յայտնաբերել եւ զատորոշել կեղծ վիտէօ երիզները եւ ապատեղեկատուութիւն տարածող տեսերիզները, որոնք թրքական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ կը գործածուին եւ տարածում կը գտնեն, ապատեղեկատուութիւն տարածելով։
Ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի կեդրոնի վարիչ Իտրիս Քարտաշ նշեց,որ մասնագէտները 24 ժամուան դրութեամբ կը գործեն այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու համար։ Ան ըսաւ,որ երբ ծրագիրը պատրաստ ըլլայ, անիկա պիտի առաջարկուի թրքական եւ միջազգային կողմերու, որպէսզի գործածեն եւ յաջողին ապատեղեկատուութեան դէմ պայքար շղթայազերծել։Քարտաշի համաձայն, ապատեղեկատուութիւն տարածող տեսերիզներու մէջ կը գործածուին սինթեթիք պատկերներ, որոնք կրնան յայտնաբերուիլ համակարգչային այս ծրագրին գործածութեամբ։
*
Թրքական «Միլքապ» ընկերութիւնը լծուած է աշխատանքի, որպէսզի արտադրէ յատուկ լարեր ,որոնք պիտի գործածուին զինուորական նպատակներու համար։
«Միլքապ»-ի ընդհանուր տնօրէն Եաւուզ Էքինճի յայտնեց, որ ընկերութեան արտադրելիք տոկուն լարերը պիտի գործածուին հրթիռներու համակարգներու, ռատարներու, եւ զինուորական այլ սարքերու բանեցման համար։ Նոր լարերը տոկուն են եւ կրնան գործածուիլ օդի աննպաստ պայմաններու մէջ։ Անոնք կը դիմանան հրդեհի, ձիւնի, տեղատարափ անձրեւի եւ չեն բճանար։ Թուրքերը կը մտածեն իրենց արտադրելիք այս լարերը նաեւ միջազգային շուկայ իջեցնել։
*
Թուրքիոյ մէջ ժողովրդագրական տագնապ մը սկսած է յայտնուիլ, որովհետեւ նորագոյն ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան,որ զոյգեր սկսած են առաւելագոյնը երկու զաւակ ունենալ։ Բազմանդամ ընտանիքներու սովորութիւնը սկսած է անհետանալ՝ տնտեսական ոչ բարօր վիճակին պատճառով, ինչ որ ծնողները կը մղէ միայն երկու զաւակ ունենալու, որպէսզի կարենան զերծ մնալ տնտեսական խնդիրներէ եւ հարցերէ, իրենց զաւակներուն սնունդին, բժշկական խնամքին, կրթութեան եւ այլ բազմապիսի ծախսերու հոգալու համար։
Թուրքիոյ վիճակագրութեան հիմնարկին կատարած ուսումնասիրութիւնը նաեւ ցոյց տուած է, որ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին նշանակելիօրէն աւելցած է առանձին ապրողներու թիւը։ Այս երեւոյթն ալ կը բացատրուի տնտեսական խոր տագնապով, որ մարդիկը կը մղէ ամուրի մնալու՝ բազմապիսի ծախսերէ եւ անոնց պատճառելիք հոգեբանական ճնշումներէն զերծ մնալու համար։
Ինչ կը վերաբերի ծնելիութեան, ապա երեւան եկած է, որ անիկա արձանագրած է ամէնէն ցած ցուցանիշը՝ վերջին 65 տարիներու ցուցանիշներուն հետ բաղդատաբար։