Ճշմարտութիւնը Պիտի Յաղթանակէ

1 0
Read Time:2 Minute, 4 Second

 

 

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը կ՛ընթանայ տրամաբանական ընթացքով: Տաւուշի մարզին մէջ ընթացող սահմանազատման աշխատանքները միւս կողմէ կը շարունակուին: Սահմանազատումը բնականաբար սահմանակից երկիրներու համար անհրաժեշտ է, ցանկալի ու ողջունելի: Ինչ որ ցանկալի ու ողջունելի չէ, որդեգրուած գործընթացին խոցելի եղանակն է: Սահմանազատումը տեղի կ՛ունենայ մասնակի եղանակով ու կը սկսի Հայաստանի լաւագոյն ձեւով պաշտպանուած վայրէն: Չկայ երաշխիք, որ ընթացքը պիտի շարունակուի այն հատուածներուն մէջ, ուր Ատրպէյճան տարածքներ գրաւած է Հայաստանէն ու դիրքեր հաստատած: Ատրպէյճանի նախագահին յոխորտանքը արդարացի հարցականներ կը ստեղծէ. Իլհամ Ալիեւ կը յայտարարէ, որ սահմանազատումը կը կատարուի Ատրպէյճանի ճշդած պայմաններով: Այդ պայմանները կը բացառեն Ատրպէյճանի կողմէն որեւէ զիջում: Յաղթական Ատրպէյճանը իր պայմանները կը պարտադրէ Հայաստանին: Հայաստան կ՛ենթարկուի յանուն խաղաղութեան եւ իր կատարած զիջումներուն համար արդարացումներ կը փնտռէ: Օրինակ, երբ սահմանազատման եղանակը կը քննադատուի, իշխանութիւնները կը հակադարձեն ըսելով, որ քննադատողները ապահով սահման չեն ուզեր եւ պատերազմի հրձիգներ են:

Տաւուշէն սկսելով, Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի շարժումը տարածուեցաւ ամբողջ Հայաստանի մէջ, ու յատկապէս մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Շարժումը թէեւ իշխանափոխութիւն կ՛ուզէ, սակայն իսկական որոնածը իշխանութեան տեսակին, որակին փոփոխութիւնն է: Ներկայ իշխանութիւնները յաջողեցան պառակտել ժողովուրդը: Քաղաքական կարեւորագոյն հարցերու քննարկումը կը շեղի ու կը վերածուի անուանարկումներու արշաւի: Քաղաքական դաշտը ականուած է իշխանութիւններու անզիջողութեան պատճառով: Բանաւոր ու լուրջ քննարկումներու սակաւութիւնը կը մղէ ժողովուրդի մտածող ու գիտակից տարրերուն անտարբերութեան:

Անտարբերութեան շղթան անհրաժեշտ էր կոտրել: Քաղաքացին վերստին բերել իր հայրենիքի ներկային ու ապագային առնչուած հարցերու գիտակցութեան, անոնց լուծման համար մասնակցութեան:

Գիտակցութեան զարթնումի աշխատանքն է, որ կը կատարէ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը, Բագրատ սրբազանի համբերատար առաջնորդութեամբ: Անցեալ շաբաթէն սկսեալ, սրբազանը հանդիպումներ կ՛ունենայ հասարակութիւնը բաղկացնող բոլոր շրջանակներուն հետ: Կուսակցութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, մտաւորականութիւն, արուեստագէտներ, տնտեսագէտներ եւ տնտեսվարողներ, քաղաքագէտներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ. մէկ խօսքով` հասարակութեան գրեթէ բոլոր խաւերը ներկայացնող անձնաւորութիւններ: Կը լսէ ու կը բացատրէ: Քաղաքացիները կրնան տարբեր գաղափարաբանութիւններ դաւանիլ, տարբեր եւ նոյնիսկ հակասական դիրքորոշումներ ունենալ: Բազմակարծութիւնը ժողովրդավարութեան կարեւորագոյն ստորոգելիներէն մէկն է: Սակայն հաւաքականութիւն մը, որ իր հայրենիքին ապագային պատկերացում չունի, որ զուրկ է հաւաքական ձգտումէ, կը դադրի ազգ ըլլալէ: Կը թուէր, որ հայ մարդը ազգային ձգտում չունի ու պատրաստ է ընդունելու ամէն զիջում, պարտութիւն եւ անպատուութիւն: Վերջին օրերու դէպքերը ցոյց կու տան, որ առհաւական ձգտումները չէին կորած, անթեղուած էին միայն: Անթեղուած կրակը համբերութեամբ կը բոցավառի կրկին:

Կրակը պէտք է արծարծ պահել: Միասնական ժողովուրդ վերստեղծելու առաջադրանքը այնքան էական է, որ ժամանակի սահմանափակում ու անհարկի պայմաններ պէտք չէ ըլլան: Իշխանափոխութիւն պիտի ըլլայ ոչ թէ մարդ մը այլ մարդով փոխարինելու համար, այլ Հայաստանի ու հայ ազգի շահերուն վրայ հիմնուած, սուտն ու սադրանքը մերժող, ճշմարտութիւնը դաւանող իշխանութեան մը համար:

Լաւատես պէտք է ըլլալ. իր ճշմարտացիութեան հաւատացողը կը գործէ ճշմարտութեան յաղթանակին համար: Յաղթանակը անպայման պիտի գայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles