Ոսկեպարի Յուշարձանները

1 0
Read Time:4 Minute, 21 Second

Վերջին շաբաթներու կիզակէտն է սահմանամերձ Տաւուշի մարզը, որ իր կարգին վտանգի տակ կը գտնուի։ Գիւղեր կրնան յանձնուիլ Ատրպէյճանին, ներկայ Հ․Հ․ ղեկավարութեան կողմէ։

Արցախի նման, այս շրջանն ալ հարուստ է հայրենի ժառանգութեամբ։

Ոսկեպար գիւղը կը գտնուի Տաւուշի մարզի Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղիի ձախ եզրին` ծովի մակերեսէն 740-920 մեթր բարձրութեան վրայ: Անուան մասին վկայութիւններ չկան եւ կարելի է միայն ենթադրել, որ ան ունի հազարամեակներու վաղեմի պատմութիւն: Հայաստանի մէջ ոսկի արմատով կան նաեւ այլ գիւղեր` Ոսկեբակ (Վան-տոսպ գաւառ), Ոսկեվազ եւ Ոսկեւատ` (Արագածոտնի մարզ) եւ Ոսկեւան, որ նոյնպէս կը գտնուի Տաւուշի մէջ` Ոսկեպարէն ոչ հեռու:

Գիւղին հիւսիսը կը գտնուի Բաղանիսը, հարաւ` Աճարկուտը, իսկ հարաւ-արեւելքը` Կիրանց գիւղը:

Ոսկեպարէն տեսարան մը, դէպի Ջողազի կիրճ և Գաւազան լեռ

Խորհրդային շրջանին Վերին Ոսկեպարը կը գտնուէր Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Ոսկեպար գիւղի հարեւանութեամբ: Խորհրդային տարիներուն ազերիներով բնակեցուած գիւղը այժմ դատարկուած է, բայց տարածքը կարեւոր նշանակութիւն ունի հայաբնակ Ոսկեպարի համար:

Ոսկեպարով է որ կ՛անցնի Մ 16 միջպետական նշանակութեան միջազգային ճանապարհը, որ համայնքը կը կապէ Նոյեմբերեանին, ապա կը շարունակուի դէպի Վրաստանի սահման: Ճանապարհի մէկ կողմը հայկական Ոսկեպարն է, իսկ  միւս կողմը սահմանային տարածքներն են։

Շրջանը ունի դարերու պատմութիւն եւ հարուստ է պատմամշակութային յուշարձաններով: Բնութիւնը գեղեցիկ է, կազմուած է մեծաւ մասամբ անտառապատ լեռներէ, իսկ մօտակայքը կը  հոսի համանուն գետը:

Իջևան-Նոյեմբերեան ճանապարհը՝ Ոսկեպարի մօտ

Գիւղի արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերուն կը գտնուին Վերին Ոսկեպարն ու Ներքին Ոսկեպար նախկին բնակավայրերը, որոնց տարածքը պատմամշակութային առումով անմիջականօրէն կապուած է Ոսկեպար գիւղի հետ:

Ոսկեպարի յայտնի պատմական յուշարձաններէն են Բերդավանքը, Սուրբ Աստուածածին տաճարը, Բերդ-աշտարակը, Ջուխտակ Եղցի վանքը եւ Ոսկեպարի հին կամուրջը:

Ստորեւ, հետաքրքրական տեղեկութիւններ քաղուած Սամուէլ  Կարապետեանի «Ոսկեպարի պատմական յուշարձանները» գիրքէն:

Բերդավանք

Բերդավանքը հայ քաղկեդոնական վանական համալիր մըն է, հիմնուած է 13-րդ դարաշրջանին: Ան շարունակ եղած է հոգեւոր նշանակալի կեդրոն: Կը գտնուի Ոսկեպար գիւղէն 6 քլմ․ արեւմուտք` համանուն գետի ձախակողմեան հատուածին մօտ, ծովի մակերեսէն 1054 ․մ բարձրութեան վրայ:

Վանական համալիրը կազմուած է կեդրոնագմբէթ եկեղեցիէ մը, իսկ ամբողջ տարածքը պաշտպանուած է բազմանկիւն պարիսպի պատերով:

Սուրբ Աստուածածին Տաճար

Ոսկեպարի այս ճարտարապետական բացառիկ արժէքներով եւ յօրինուածքով տաճարը կը գտնուի Ոսկեպար գիւղէն 400 մեթր հիւսիս-արեւելք: Կառուցուած է աւազակիրով եւ սրբատաշ քարերով: Տաճարը առանձնայատկութիւն մը  ունի, որ կը բնորոշէ եօրերորդ դարաշրջանի  շարք մը յուշարձաններուն: Աղօթասրահը քառակուսի է, ուր երկրի չորս կողմերու ուղղութիւններով կիսաշրջան խորաններ կան։

Վեղարն ու բոլոր լանջերը պատուած են կիսագլանաձեւ աւարտուող ծածկասալերով: Եօրերորդ դարաշրջանի բնորոշ տաճարներու նման, այստեղ ալ նոյնպէս բեմը ցած է: Աւագ խորանի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածները իւրայատուկ են: Մուտքերը բացուած են հարաւային եւ արեւմտեան ճակատներէն: Լուսաւորութիւնը կ՛ապահովուուի երեք ճակատներէն։ Իսկ ից եւ արեւելեան ուղղութեամբ բացուած լուսամուտները ունին մէկական աւանդատուն:

Արտաքին յարդարանքին մէջ յիշատակելի են լուսամուտներու քանդակազարդ պսակները եւ շքամուտքերը, ուր ներկայ են  ձուկի պատկերներ:

Տաճարի մասին առաջին գրաւոր վկայութիւնները կատարած է բանահաւաք Ս. Քամալեանը: Իսկ աւելի ուշ կառոյցի ճարտարապետական եւ յօրինուածքային առանձնայատկութիւնները ուսումնասիրած են  պատմաբան Ս. Տէր-Աւետիսեանը, հնագէտ Եաքոպսոնը, ճարտարապետ Գ. Շախկեանը, իտալացի արուեստաբան եւ ճարտարապետ Փիեթրօ Կունէոն եւ այլք:

Բերդ-Աշտարակ

Միջնադարեան պաշտպանական նշանակութեան Բերդ-աշտարակը կը գտնուի էՈսկեպար գիւղէն  5 քլմ․ դէպի արեւմուտք` համանուն գետի ձախ կողմէ, ծովի մակերեսէն 802 մեթր բարձրութեան վրայ: Այն բնակելի շինութիւն է, որ ունի քառակուսի յատակագիծ:

Քառայարկ է, որոնցմէ մին նկուղային է, միւս երեքը` բարձր: Կառուցուած է կրաշաղախով համակցուած անմշակ քարէ եւ  թրծուած աղիւսէ: Ինչպէս կարելի է նկատել Բերդավանքի նման, այստեղ ալ նոյնպէս պատուած աղիւսները ջրաներկով պատուած են: Աշտարակ ունի զոյգ մուտքեր` մէկը հիւսիսային կողմէն, միւսը` հարաւային:

Ոսկեպարի Բերդ-աշտարակը 13-րդ դարաշրջանին շինուած է եւ կ՛ըսուի, թէ ան եղած է հայ քաղկեդոնական դաւանանքի պատկանող հայ իշխանի մը: Յուշարձանի առաջին գրաւոր յիշատակութեան հեղինակը Մակար եպիսկոպոսն է:

Ջուխտակ Եղցի վանք

Այսինքն զոյգ եկեղեցիներ, սակայն ժողովրդական անուանը հակառակ, այս վանքը կը  ներկայացնէ չորս պատմամշակութային կառոյց` երեք եկեղեցի եւ մէկ մատուռ: Բոլոր կառոյցները դասաւորուած են փոքր հեռաւորութիւններու վրայ, հիւսիս-հարաւ ուղղութեամբ:

Եկեղեցիներէն ամենամեծը կիսաւէր է, իսկ միւս երկուքն ու մատուռը` մինչեւ օրս կանգուն: Կառուցողական առանձնայատկութիւններն  ու ճարտարապետական պատրաստութիւնները երեք եկեղցիներու պարագային ալ  նոյնն են: Եկեղեցիները կառուցուած են հիմնականում անմշակ, տեղ-տեղ կոփածոյ քարով եւ կրաշաղախով:

Մուտքը միակն է, որ կը գտնուի արեւմտեան կողմ, ուր կը լուսաւորուին երկու խորանները։

Իրենց յարդարանքով աչքի կ՛իյնան եկեղեցւոյ արեւմտեան ճակատի որմի մէջ ամրացուած երեք գեղաքանդակ խաչքարերը: Եկեղեցին ճարտարապետական առումով չարժանանար իւրայատուկ ուշադրութեան, սակայն  իւրայատուկ է իր ժառանգութեամբ։

Համալիրի երկրորդ եկեղեցին կը գտնուի առաջինէն 4-5 մեթր դէպի հարաւ: Ան յիշատակելի է իր լուսամուտներու եզրերով ձգուող գեղաքանդակներով, ինչպէս նաեւ արձանագիր խաչքարերով:

Երրորդ եւ ամենէն աւելի ընդարձակ եկեղեցին կը գտնուի նախորդէն  երեք մեթր  հեռաւորութեան վրայ` դէպի հարաւ: Ի տարբերութիւն միւս եկեղեցիներուն, տանիքը ամբողջովին փուլ եկած է: Միակ բացուած մուտքը արեւմտեան  կողմէն է, որուն կից կը գտնուի ուղղանկիւն յատակագծով աւանդատունը:

Համալիրի վերջին կառոյցը թաղապատ ուղղանկիւն յատակագծով փոքրիկ մատուռն է: Ան  մեկուսացած կը թուի ըլլալ միւս երեք եկեղեցիներէն եւ գտնւում անոնցմէ քսան մեթր դէպի հարաւ: Ի տարբերութիւն եկեղեցիներու, այս մատուռը ունի գեղաքանդակ խաչքար: Ստորին հատուածին մէջ կը գտնուին արձանագրութիւններ, որոնք կը պարունակեն կարեւոր պատմական տեղեկութիւններ:

Ոսկեպարի հին կամուրջ

Հին կամուրջը կը գտնուի Ոսկեպար գիւղի համանուն գետի` ծովի մակերեսէն 822 մեթր բարձրութեան վրայ: Իր կառուցողական առանձնայատկութիւններէն է քարերու շարուածը, որ կու գայ 13-րդ դարաշրջանէն:

Կամուրջը ունի 6.40 մեթր բարձրութիւն, 3 մեթր  լայնք, իսկ երկայնքը՝ 7.70մեթր: Հաշուի առնելով կամուրջի լայնութիւնը, ըստ երեւոյթին, ան նախատեսուած չէ եղած  սայլերու կամ կառքերու փոխադրութեան համար: Չունենալով եզրապատեր, ան առաւել յատկացուած է հետիոտներուն եւ հեծեալներուն: Կամուրջը կառուցուած է տեղական անմշակ քարով եւ կրաշաղախով եւ ունի  փռուած, անկանոն կամարի տեսք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles