«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ԵՒ ՆՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ

0 0
Read Time:4 Minute, 18 Second

Գրեց՝ ԴԷՏ

Ապրիլ 13, 1966

 

Անառարկելի է թէ զինուորական պետութիւն է Թուրքիան։ Անոր այս բնոյթը կու գայ դարերէն եւ դեռ կը մնայ։ Իր այդ «ազգային գիծը» շեշտուած է երկրին աշխարհագրական դիրքին իբրեւ հետեւանք։

Այդ է պատճառը, անշուշտ, որ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու այն զինակիցն է, որ համեմատաբար ամենէն ուժեղ գործուն բանակը ունի։ Այս իրողութիւնը, իր կարգին, անոր մէջ շեշտած է յաւակնութիւն մը, զոր ան կ’օգտագործէ մասնաւորապէս Ատլանտեան Ուխտի կազմութենէն եւ Միացեալ Նահանգներու հետ իր կնքած երկկողմանի համաձայնութիւններէն ետք։

Վերջին տարիներուն, Թուրքիոյ գանգատներն ու պահանջները Միացեալ Նահանգներէն հետզհետէ աճեցան։ Մինչեւ որոշ ատեն մը իշխանութիւնն էր պահանջներ ու գանգատներ բանաձեւողը։ Այժմ անոնք կու գան կուսակցութիւններէն, մամուլէն, նոյնիսկ խորհրդարանէն ու ծերակոյտէն։

Այդ դժգոհանքները աւելի շեշտուեցան Կիպրոսի հարցին առիթով։ Նախ՝ նախագահ Ճանսընի ազդարարութիւնը Ինէօնիւի – երբ ան վարչապետ էր – զէնքի չդիմելու, եւ՝ երկրորդ, Մ.Ա.Կ.-ի մէջ Թուրքիոյ կրած պարտութիւնը, Թուրքիոյ բոլոր խաւերէն ներս ստեղծեցին յուսախաբութիւն եւ վրդովում։ Եւ գրեթէ համաթրքական պահանջ մը դարձեալ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ երկկողմանի համաձայնութեան վերաքննութիւնը։

Իլհամ Ելճուք, քաղաքական հարցերու մեկնաբան մը, «Ճումհուրիէթ»-ի մէջ կը գրէր՝ քննելով բոլոր այն ձախորդութիւնները, որոնց ենթարկուեցաւ Թուրքիա, – «…Այն հողերը, զորս մենք տրամադրած ենք ամերիկացիներուն՝ գործածելու, որպէս զինուորական խարիսխներ, դուրս կը մնան թուրք պետութեան հակակշռէն։ Թուրք պետութիւնը այդ հողերէն ոչ մէկ օգուտ կը ստանայ։ Ասկէ զատ՝ ամերիկացի զինուորականներ զանազան տեսակի ապօրինի ընթացքի մէջ կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ, եւ թուրք իշխանութիւնը չի կրնար դատապարտել զանոնք, որովհետեւ ըստ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող համաձայնութիւններուն, թրքական դատարանները իրաւունք չունին դատելու յանցապարտ ամերիկացի զինուորական մը, բան մը, որուն կարելի չէ հանդիպիլ դաշնակից որեւէ երկրի մէջ։ … Ատնան Մենտերէսի շրջանին թուրք-ամերիկեան համաձայնութիւնները կ’արդարացուէին Միացեալ Նահանգներու ընծայուած նիւթական օժանդակութեամբ։ Բայց եթէ Թուրքիա ստանար վարձքը՝ ամերիկացիներուն տրամադրած 35 միլիոն քռկս. մեդր հողերուն, ձեռք պիտի ձգէր շատ աւելի մեծ գումար մը, քան տրուած ամենամեծ օժանդակութիւնը»։

Իլհամ Ելճուք կը շօշափէ գերիշխանութեան խնդիրը, որ իր խորքին մէջ, շատ հեռու չէ Տը Կոլի պահանջէն։ Բայց իր յօդուածին երկրորդ մասը, ուր օժանդակութեան քանակը կը մատնանշուի, կը մատնէ դժգոհանքներու միտ-բանին։

Խնդրին աւելի բնորոշիչ կերպով կը մօտենան ուրիշ թերթեր։ Այսպէս՝ Նազիմ Թերալի «Վաթան»-ի մէջ կը գրէ թէ «թուրք գիւղերուն մէջ անգամ կը խօսուի երկու երկիրներու միջեւ կնքուած համաձայնութիւններու վերաքննութեան մասին»։

Պարզ է, թէ «գիւղերու մէջ» այդ խօսակցութիւնները արդիւնք են քարոզչութիւններու։

Այսպէս կամ այնպէս՝ Թուրքիոյ մէջ ընդհանրացած է դժգոհանքը եւ անկէ ծնող պահանջը՝ վերաքննելու գոյութիւն ունեցող համաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մասնակցութեան պայմանները Ատլանտեան Ուխտին։

Այս պահանջները միեւնոյն ձեւով չեն դրուիր քաղաքական հոսանքներուն կողմէ։ Ձախ տարրը առիթը կ’օգտագործէ դժգոհանքը խորացնելու եւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները հնար չափով լարելու, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու հանդէպ հանրային աննպաստ տրամադրութիւն մը ստեղծելու համար։ Ազգայնական հոսանքները, միշտ մնալով հանդերձ Միացեալ Նահանգներու հետ զինակցական կապը պահելու տեսակէտին վրայ, երկրի սահմաններէն ներս գերիշխանութեան, Ատլանտեան Ուխտէն ներս դիրքի արժեւորութեան, իսկ միջազգային քաղաքական մարզին մէջ իրենց պահանջներուն համար Ուաշինկթընի անվերապահ աջակցութեան պահանջները ունի։ Դեռ վերջերս «Հալք»-ին պատկանող երեսփոխաններ խորհրդարանին մէջ կը պոռային թէ Թուրքիա պէտք չէ գործիք դառնայ Միացեալ Նահանգներուն եւ պէտք է ունենայ իր անկախ քաղաքականութիւնը։ Անշուշտ անոնց այս պահանջին մէջ դեր ունէր իրենց ընդդիմադիր ատալէթեան իշխանութիւնը մեղադրելու միտումը։ Ինչպէս նաեւ՝ իրենց իշխանութեան շրջանին Ճանսընի ազդարարութենէն, եւ Կիպրոսի հարցին մէջ Թուրքիոյ կրած պարտութենէն ծնած դառնութիւնը։

Բայց կայ նաեւ ընդհանրապէս անկախ քաղաքականութիւն մը ունենալու տեսակէտը։

Նոյն այդ տեսակէտը ունի նաեւ օրուան իշխանութիւնը կամ «Ատալէթ» կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, որ համեմատաբար ամենէն շատ հակում ունեցողն է դէպի Միացեալ Նահանգներ։

Անգլիական թերթի մը համաձայն՝ Թուրքիոյ արտաքին նախարար Չաղլայանկիլ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն յայտարարած է թէ «Թուրք կառավարութիւնը մտադրած է վերաքննել եւ բարեփոխութեան ենթարկել Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ունեցած զինուորական խարիսխներու եւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող ամերիկացի զինուորականներուն տրուած առանձնաշնորհներուն վերաբերեալ համաձայնութիւնները»։

Այդ համաձայնութիւնները 1950-ին կայացած էին Ատնան Մենտերէսի օրով։

Այսինքն՝ այն շրջանին, երբ «պաղ պատերազմ»-ը իր լրումին էր հասած, Բ. Աշխարհամարտէն յաղթական դուրս եկած Խորհրդային Միութիւնը պահանջներ էր բանաձեւած Նեղուցներու մասին, խորհրդային արշաւանքի մը եւ գաղափարական թափանցումի վտանգները աւելի շօշափելի էին, եւ Թուրքիա որոշապէս հակած էր դէպի Արեւմուտք։

Անցնող տասնեւհինգ տարիները շատ բան փոխեցին։ Այժմ «պաղ պատերազմ» գոյութիւն չունի՝ եթէ զանց առնենք Վիէթնամի պատճառով Ամերիկայի եւ Խ. Միութեան միջեւ փչող պաղ հովը։ Խորհրդային արշաւանքի մը վտանգը խօսակցութեան իսկ նիւթ չէ եւ չի կրնար ըլլալ։ Մոսկուա միշտ կը փորձէ հաւաստիքներ տալ բարի դրացնութեան, եւ, գոնէ այժմու պայմաններուն մէջ, կը ջանայ խաղաղ գոյակցութիւն մը ապահովել Թուրքիոյ հետ,- թէ քաղաքական ի՞նչ նպատակներով, ուրիշ խնդիր է։ Ատլանտեան Ուխտի գոյութիւնը հետզհետէ կը կորսնցնէ իր ստիպողականութիւնը։ Արեւմտեան Գերմանիոյ նման Թուրքիա եւս զերծ չէ այն մտահոգութենէն թէ Վիէթնամի խնդրին. կարգադրութենէն ետք – երբ մանաւանդ Խ. Միութիւն եւ Չինաստան վէճը դուրս գալով գաղափարական տարակարծութիւններու սահմանէն, այժմ ստացած է երկու պետութիւններու միջեւ հին ու նոր հաշիւներու կարգադրման բնոյթը – Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն կրնան ներքին համաձայնութեան մը գալ՝ ինչպէս Արեւմտեան Գերմանիոյ, նոյնպէս եւ Թուրքիոյ ի վնաս…։

Եւ, վերջապէս, Ուաշինկթընը վարժեցուցած է իր «աղքատ ազգականը» միշտ պահանջկոտ ըլլալու՝ միշտ վճարուած ըլլալով անոր։

Առ այժմ ստոյգ չէ թէ ի՛նչ փոփոխութիւններու կ’ենթարկուին համաձայնութիւնները։

Զինուորականներու տրուած «առանձնաշնորհները» կարող են ջնջուիլ,- քաղաքական որեւէ արժէք չունին անոնք։ Անհաւանական չէ նաեւ որ Ուաշինկթըն ինք եւս խստապահանջ չըլլայ Թուրքիոյ մէջ իր ունեցած խարիսխներու մասին, որոնք, հիւլէական զէնքերու եւ միջ-աշխարհամասեան հրթիռներու պատճառով, կորսնցուցած են իրենց արժէքը։

Բայց ճիշդ այդ պատճառով ալ՝ Միացեալ Նահանգներուն համար Թուրքիա եւս կորսնցուցած է բան մը այն արժէքէն, զոր ան ունէր, 1950-ին, ռազմագիտական տեսակէտէ։

Այս կորուստը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը թէ նոյնիսկ այժմու պայմաններուն մէջ Թուրքիա պէտք ունի Միացեալ Նահանգներու նման ուժեղ յենարանի մը, չեն կրնար աննկատ թողուիլ Անգարայի կողմէ՝ նոր բանակցութիւններու ընթացքին։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles