ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
ԱՄՆ-ի, եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւնը կը խօսի ամէն ինչի մասին, բացի Հայաստանի համար կենսական եւ անմիջական նշանակութիւն ունեցող անվտանգութեան սպառնալիքներէն։ Կը խոստանայ ամէն բան, բացի թուրքեւատրպէյճանական ոսոխին դէմ ապահովութեան շօշափելի երաշխիքներէ։ Ան բացարձակապէս կ՚անգիտանայ գոյութենական այն սուր ճգնաժամը, որուն դէմ յանդիման կը գտնուի մեր երկիրը այսօր։
Այս պայմաններուն մէջ, բացառիկ ուշիմութեան կարիք չունի թշնամին հասկնալու համար, որ Հայաստանի նոր «հովանաւոր»ները երբեք հետաքրքրուած չեն իր ձեռքերը «կապելով»։ Անոնք երբեք հետաքրքրուած չեն Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրներու լուծման մէջ դերակատար ըլլալով։
Պրիւքսէլի յայտարարութեամբ, Արեւմուտքի տէրերը յստակօրէն կը լուան իրենց ձեռքերը եւ անգամ մը եւս Հայաստանը կը լքեն իր ճակատագրին։ Աւելի՛ն։ Անոնք գործնականօրէն կ՚անցնին թշնամիին կողմը ռազմական հողի վրայ նժարը թեքելով ի նպաստ թուրքեւատրպէյճանական բեւեռին։ Պարզ է, որ անոնք իրենց գրաւը դրած են Կովկասի մէջ Թուրքիոյ եւ ատրպէյճանի միջոցով Մոսկուան եւ Իրանը հակակշռելու սին յոյսերուն վրայ։ Մինչ այդ՝ կրկին ծախուողը հայ պետականութեան կենսական շահերն են տնտեսական եւ մարդասիրական օգնութեան թափանցիկ շղարշներուն ետին։
Անմիջական հետեւանքը այս մնջախաղին՝ ատրպէյճանական ուժերու վերջին ոտնձգութիւններն են։ Կարդա՛լ Հ․Հ․ ԱրտԳործՆախարարութեան ստորեւ տեղադրուած յայտարարութիւնը։ Նախարարութիւնը կը փութայ ինքզինք շնորհաւորել Բաքուի կողմէ ռազմական գործողութիւններու կասեցման համար։ Աւելի զգօն վերաբերմունքը պիտի պահանջէր ակնկալել աւելի մեծ վտանգը, որ դեռ մեր առջեւն է եւ պատրաստուիլ աւելի ծաւալուն մարտահրաւէրներու։
Կը տեղեկացնեն, թէ այսօր Ֆրանսայի դեսպանը Երեւանի մէջ խօսած է Հ․Հ․ անվտանգութեան զօրավիգ կանգնելու Ֆրանսայի դիտաւորութեան մասին։ Ի՞նչ պէտք է հասկնալ այս ջերմ հաւաստիքներէն…որոնք երբեք յստակ մարմնաւորում չեն ստացած մինչեւ օրս։ Պէտք է անշուշտ հետապնդել դիւանագիտական այս ելոյթները հաստատելու համար անոնց իրական կշիռը, բայց նաեւ պէտք է անպայման կազմակերպել իրական զուգահեռը եւ պատրաստուիլ իրական կռուի։
Փաստը այն է, որ ահաւասիկ կրկին, այս ուշ ժամուն, Հ․Հ․ իշխանութիւնները կը շարունակեն ապաւինիլ «խաղաղութեան օրակարգ»-ին միաժամանակ ընդունելով, որ թշնամին բացարձակապէս հետաքրքրուած չէ նման փաթեթներով։ Մերկ իրականութիւնը այն է, որ մենք չունինք ոչ Մոսկուայի եւ ոչ Արեւմուտքի յստակ զօրակցութիւնը եւ երկիրը կը գտնուի քաղաքականապէս սնանկ իշխանութեան մը ձեռքին։ Հետեւաբար պայման է, որ առաջին հերթին Փաշինեանական համակարգը դադրի մեր երկրին ճակատագիրը տնօրինելէ։ ԴԱԴՐԵՑՈՒԻ՛։
Պրիւքսէլի Յայտարարութիւնը իր մեծ խոստումներուն ետին բացայայտեց Հ․Հ․ քաղաքականութեան էական բացը։ Ներկայի տուեալներով, Հայաստանի դէպի Արեւմուտք շրջադարձը շատ հեռու է թուրքեւատրպէյճանական մեծ սպառնալիքը չէզոքացնել կարենալէ։ Ընդհակառակն ան նոր աշխուժութիւն հաղորդած է թշնամիի յարձակապաշտ ռազմավարութեան։ Թուրքեւատրպէյճանական բեւեռը կը շարունակէ տիրապետել տարածաշրջանի խաղասեղանին թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ՛ Արեւմուտքի հետ յարաբերոււթիւններու խաղաքարտերը իր հակակշռին տակ պահելով։ Փոխանակ մեր անվտանգութեան կացութիւնը բարելաւելու, Պրիւքսէլի բանակցութիւններով մենք բացէ ի բաց վատթարացուցած ենք մեր կացութիւնը։ Մինչեւ ե՞րբ՝ այս ամէնօրեայ գահավէժը։